Արմաշի ուխտագնացութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. - ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՍԵՆԵԱԿԸ


       Արմաշի մէջ, Խաչի ուխտագնացութեան ժամանակ, տիպարներու, տարազներու, լեզուի, զգացումներու արտայայտութեան ամէնէն ճշգրիտ հանդիսարանը ո՛չ եկեղեցիին մէջ է, ո՛չ դուրսի ընդարձակ պարտէզին մէջ ուր բազմութիւնը կը պտըտի յարաժամ, ո՛չ վանական շէնքերուն մէջ ուր ուխտաւորները կը պատսպարուին, ո՛չ վանքին դուրսի լայնատարած հրապարակին վրայ ուր սրճարաններուն եւ խանութներուն մէջտեղ կը վխտայ ամբոխը, ո՛չ, այլ Վանահօր սենեկին մէջ։ Քալէիտոսքոբ մըն է այդ սենեակն ուսկից կու գան կ’անցնին բոլոր բարեպաշտները, խորհրդանոց ուր կը յայտնուին բոլոր թաքուն ցաւերը, խուլ ըղձանքները, հաւատքի սլացումները, հոգեկան գերագոյն խանդաղատանքներն ու բոլոր ողորմ ու պզտիկ եսամոլութիւնները. տեսակ մը փողերանոց-սրբարան, ուր հաւատքն ու դրամը իրար կը խառնուին տարօրէն սերտութեամբ։
       Այդ սենեկին մէջ բազմած է Փոխ-Վանահայր Տ. Օրմանեան Սրբազան։ Հոն է որ, առտուան պատարագէն յետոյ, բարեպաշտները կուգան վճարելու իրենց դարպասը, իրենց մանուկները ծախելու Աստուածածնին, հոն կուգան բերելու իրենց զանազան նուէրները։
       Տ. Օրմանեան Սրբազանի թոյլտուութեամբը երկար ժամեր անցուցի այդ սենեկին մէջ, որ ուսումնասիրութեան եւ հոգեբանութեան կատարեալ դիտարան մը եղաւ ինծի համար։
       Յաղթ ու կորովի գիւղացիներ ներս կը մտնեն ու, յարգանօք համբուրելով Սրբազանին ձեռքը, կը նստին բազմոցներուն կամ աթոռներուն վրայ։ Յետոյ իրենցմէ մին ոտք կ’ելլէ եւ կուգայ կամացուկ մը Սրբազանին սեղանին վրայ դնել իր դարպասը, մէկ մէճիտէն մինչեւ մէկ ոսկի եւ աւելի ալ։ Սրբազանը կը գրէ ընկալագիրը եւ կը յանձնէ նուիրատուին։ Յետոյ ետին կը դառնայ, վարագոյր մը մէկդի կ’առնէ կիսովին, թուղթ մը կը քաշէ եւ կու տայ նուիրատուին։ Այդ թուղթերը՝ հինէն մնացած նուիրատոմսեր են, որոց վերեւ հրաշագործ Աստուածածնին պատկերը փորագրուած է եւ տակը գրուած է “Վճարեց 100 դահեկան վասն վերաշինութեան եկեղեցիին, եւ այլն”։ Հին հանգանակութեան մը աւելորդ մնացած այդ թուղթերը՝ հիմա կը գործածուին իբր յիշատակ մը Արմաշի, եւ տենելու է թէ բարեպաշտներն ի՜նչ խանդակաթ սրտեռանդութեամբ կը տանին իրենց հետ այդ թուղթերը։ Այնքան ճշմարիտ է որ դիտաւորութիւնն է ամէն բանի մէջ որ գործի մը էական հիմը կը կազմէ։
       Կիներ ներս կը մտնեն, Իզմիտի գիւղերուն յատկանշական տարազովը, մետաքսէ կարճ վերարկու, գունաւոր ուռուցիկ շալվար, գլուխնին ոսկեթել եազմայով մը ուսկից մազը կը կախուի՝ մէկ հիւսքով՝ մինչեւ մէջքը։ Երկիւղածութեամբ կը մտնեն ներս, Սրբազանին կը մօտենան եւ աջն համբուրելէ յետոյ, իրենցմէ մին մեղմով գետինը կը դնէ պզտիկ կապոց մը։ Նուշ բերեր են Սրբազանին, կամ անձեռոցներ զորս իրենք մաներ են, կամ գուլպայներ զորս իրենք հիւսեր են ձմրան գիշերներուն տքնութեանց մէջ։
       Երկու խեղճ կիներ ներս կը մտնեն, մէկ մէկ պզտիկ լաճի ձեռքէն բռնած։
       Ռոտոսթոյէն են։ Աւելի համարձակը խօսք կ’առնէ.
       - Ա՜խ, Սրբազան, Աստուածածնի պիտի ծախենք, կ’ըսէ արտասուագին ձայնով մը։ Անառակ են, դպրոց չեն երթար, չեն կարդար, կը փախին ծովեզերքը կ’երթան միշտ։
       Պզտիկը, կրակոտ չարաճճի աչքերով, այս “Աստուածածնին պիտի ծախենք” խօսքին վրայ կը սարսափի, ինքզինքը կ’ազատէ մօրը ձեռքէն եւ կը վազէ դէպի դուռը, երբ կը բռնեն կը բերեն զինքը։ Սրբազանին հայրական յորդորներուն տակ տղան կը հանդարտի ու հիմա իր աչքերը խոհուն ու մտածկոտ արտայայտութիւն մը ունին։
       Կին մը ներս կը մտնէ դողդղալով.
       - Ա՜խ, Սրբազան, րիճա մը ունիմ։ Ճամբան տիւլպիւն մը խայիպ ըրի. բան մը չէր, ոսկիի մը նոբ նոր առեր էի քի հեռուէն Արմաշը տեսնամ, ճամբան նասըլ եղաւ չիտեմ խայիպ եղաւ։ Ճա՛նըմ Սրբազան, սանկ եկեղեցիին մէջ ծանուցում մը ընէիք։
       Վանքի դուրսի հրապարակին մեծ սրճարանին վարձակալներն եկած են ու կը գանգատին թէ ոստիկանութիւնը թող չի տար որ գիշերուան ժամը հինգէն յետոյ բաց մնան գինետունները եւ կ’արգիլէ ֆիշէնկ նետելը։ Ի՜նչ տեսակ է այդ մարդերուն միամտութիւնն որ իրենց օղիի հաշիւներուն հետ խառնել կ’ուզեն Վանահօր միջամտութիւնը։ Ու մանաւանդ ի՜նչ ահռելի ծարաւ է այն որ չի կարենար յագենալ մինչեւ ժամը հինգ խմելով։
       Ուրիշ կին մը, Բերայէն, շատ շնորհքով ընտանիքէ մը, սրտի եսամոլ աղաղակ մը կ’ունենայ.
       - Ա՜խ, Սրբազան, փէք աղէկ է Արմաշը, բայց ի՞նչ աղէկ կ’ըլլար եթէ Աստուածածինը Բերա ըլլար։
       - Ձեր տանը քովիկը թերեւս, այնպէս չէ՞։
       Ու հետզհետէ կու գան, տողանցութիւնը կը շարունակուի անընդհատ. դրան առջեւ կարգի կը սպասեն. սենեակը պարպուելուն պէս՝ նորէն կը լենայ։ Մէկը արծաթ բուրվառ մը կը բերէ, ուրիշ մը մետաքսէ թաշկինակներ, ամէնքն ալ իրենց դարպասը։ Երկար ու կապկպուած քսակներու խորէն մէճիտիէները դուրս կ’ելլեն։ Խորունկ մտածութիւններէ ետքը, նուիրատուն մէկ երկու մէճիտիէ կը դնէ սեղանին վրայ. ու յանկարծ նոր մտածում մը գալ կը թուի իրեն, իր մէկ ո եւ է բաղձանքը զոր մոռցած էր, ու մէճիտիէ մըն ալ կ’աւելցնէ իր նուէրին վրայ՝ տաժանելի շարժումով մը։ Խեղճ գիւղացիներ են յաճախ որ առատօրէն կու տան իրենց դարպասը, եւ ուրիշներ, որոնցմէ բաւական գումար մը սպասել ներելի է, կը չափեն կը չափչփեն իրենց նուէրը։
       Ու մէկ կողմէ այդ հաշուուած հաւատքը, զոր կը խորեն, կը մանրեն ծայրակտուր, անոր թռիչները սանձելով, ու միւս կողմէ այն բնազդական անխորհրդածեալ մատուցումները որք կ’ըլլուին՝ սրտի անխառն ու վճիտ բղխիւնով մը, դիտողին համար մարդակազմութեան տախտակներ են, որոց վրայ մերկապարանոց զետեղուած են ներքին գործարաններուն ամէնէն թաքուն խորշերն ու ծալքերը։
       Ու Օրմանեան Սրբազան, այդ ամէնուն մէջ, կը պահէ իր վարժ ու փորձ հոգեբանի անդորրութիւնը։ Գրիչը ձեռքը միշտ, կը գրէ ու կըգրէ ընկալագրեր որք հաւատացեալներուն խանդին ծանրաչափն են, կը քաշէ իր գզրոցը որուն մէջ յատուկ խորշեր կան օսմանեան եւ անգլիական ոսկիներու, մէճիտիէներու, քառորդներու եւ մանրուքի։
       Ու կու գան միշտ, ամէնքն ալ իրենց աչքերուն մէջ մատնելով իրենց ներքին ցանկութիւնները։ Ու անոնց քով որք պարզապէս շահի ու յաջողութեան ակնկալութիւններ ունին, քանինե՜ր կան որոց մարմինը կը կրծէ ցաւը, որոց բարոյական տառապանքները՝ ալ շատ ծանր կու գան իրենց մարդկեղէն պատեանին, սեւեր հագած կիներ որ մեռած զաւկի ցաւ քաշած են, հիւանդի տէրեր որոց աչքին մէջ արցունք մը կայ միշտ, մայրեր որք յուսահատօրէն կը դիտեն իրենց աղջիկներուն ծիւրիլը ու հատնիլը ամուրիութեան մէջ։ Ու դէպի Սրբազանին սենեակը տանող սանդուղը՝ Գողգոթա մը կը թուի ինծի, ու անկից վեր ելլողները՝ այդ Խաչի շաբթուն մէջ՝ իրենց խաչը շալկած են կռնակին, ցաւով ու հեծութեամբ։