Արմաշի ուխտագնացութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. - “ԵԿԵՍՑԷ”

      
Արմաշի եկեղեցիին մէջ ամէնէն ազդական արարողութիւնն է իրիկուան ժամերգութիւնը, “Եկեսցէ”ն։ Երբ մութը կը կոխէ, Դպրեվանքին երսունէն աւելի աշակերտները, իրենց սեւ մաքուր լայն վերարկուները հագած, կարգով կ’երթան եկեղեցին, ուր բազմութիւնը խռնուած է արդէն։ Ամէնքն ալ կը սպասեն այն պահուն երբ աշակերտները, իրենց ներդաշնակ ու միաբերան երգեցողութեամբ պիտի եղանակեն Նարեկացիին մեծ աղօթքը, “Առ Մայրն երանութեան՝ ի խորոց սրտի խօսք ընդ Տիրուհւոյն”։ Եւ ահա աղօթքը կը սկսի դաշն, վսեմական, հեռուէն, խորունկէն եկածի պէս, ու սարսուռ մը կ’անցնի բոլոր ներկայներուն մէջէն, անգիտակցաբար ձեռուընին բանալ տալով եւ աչքերնին վեր դարձնելով։ Նարեկացիին ամէնէն հրաշալի հատուածն է այդ, ճշմարտապէս գրական հատուած, արձակ բանաստեղծութիւն մը իր լայն ու թաւալուն հնչականութեամբ. - “Հրեշտակ ի մարդկանէ, մարմնատեսիլ քերովբէ, երկնաւոր արքայուհի, անխառն իբրեւ զօդ, մաքուր որպէս լոյս, անշաղախ ըստ նմանութեան պատկերի արուսեկին բարձրութեան, Եդեմ շնչական…”։
       Ամէնուն աչքերը կը վառի՜ն արցունքով։ Եկեղեցիին մէջ լաստակերտները կանգուն են դեռ՝ նորոգութեան պատճառով, եւ իրենց ստուերները՝ պլպլուն լոյսերուն քմահաճոյքին հետ կը դողդղան կը վազվռտեն պատերուն վրայ, վիթխարի մանուկներու թեւերուն պէս։ Անդին, Աստուածածնի գաւթին մէջ, ամէնքը ոտքի ելած են, իրենց հոգիին բոլոր զօրութեամբը, իրենց մարմնին ամբողջական ընծայումովը ընկերանալով աղօթքին որ կ’ուղղուի առ Տիրամայրն։ Խենդերը, ջլախտաւորները կարծես սահմռկած են ու ապշութեամբ կը դիտեն իրենց չորս բոլորտիքը։
       Քովս կին մը կայ, ներկուած մազերով ու շպարուած դէմքով, անճաշակ ճոխ արդուզարդ մը ըրած, որ երեսի վրայ գետինը ինկած է, կուրծքը ծեծելով, հոգ չտանելով որ իր յորդ արցունքները կ’աւրշտկեն դէմքին բոլոր խնամեալ սնգոյրները, ու իր ամբողջ էութիւնը հառաչ մըն է միայն, իր կուրծքէն անդուլ արձակուելով, հատնող երկարումի մը մէջ սպառելով։
       Անդին աղօթքը կը շարունակէ.
       “Ահա կաթիլ մի կաթին քումդ կուսութեան յանձն իմ անձրեւեալ՝ կենաց ինձ զօրէ”։
       Ա՜խ, ա՜խ, ա՜խ։ Ու ձայնարկութիւնները կը յաջորդեն իրարու, հեծկլտուքները ու թառանչները օղակ օղակ կը բարձրանան օդին մէջ, եկեղեցիին կամարներուն զարնուելով։ Խռնուած բոլոր այդ ժողովուրդը, հաւատքի անդիմադրելի մղման մը տակ, ամբողջ անձնամատոյց հոգի մըն է լոկ, առ Տիրամայրն ուղղուած, անձնամոռաց աղերսանք մը, պաղատանք մը, անոր մէջ հալելու, րկրային կապերէն ազատուելու, դէպի վեր սաւառնելու հզօր ըղձանքով մը։ Ու հաւատքի այդ անհուն անսահման պոռթկանքին առջեւ, որուն նեղ կուգայ եկեղեցիին յարկածածուկ շէնքը, անբացատրելի խանդաղատանք մը կը լեցնէ հոգիս։ Ռընանի պատմութիւնը կուգայ միտքս։ Պրըդանեի մէջ աւանդութիւն է թէ Իս անուն քաղաք մը ծովուն մէջ անյայտ կորսուած է։ Ձկնորսները տարօրինակ պատմութիւններ ունին անոր վրայ։ Փոթորկի օրերը, կը հաւաստեն, ալիքներուն խորը կը տեսնուի անոր եկեղեցիներուն սլաքներուն կատարը. անդորրութեան օրերը, անդունդէն կը բարձրանայ ու կը լսուի անոր զանգակներուն ձայնը, օրուան ժամերգութեան եղանակին համաձայն։ “Յաճախ ինծի այնպէս կուգայ թէ սրտիս խորն ունիմ Իս քաղաք մը որ տակաւին կը հնչեցնէ զանգակներ՝ յամառաբար հրաւիրելու սրբազան պաշտամունքներուն հաւատացեալներ որք ա՛լ մտիկ չեն ըներ”։ Ու այդ բոլոր ժողովրդին հանդէպ որ մէ՛կ մտածումով մը միացած է, խորհելով այն գերագոյն զօրութեան վրայ որ գոնէ այդ վայրկենին բարի, անկեղծ, անշահախնդիր, խանդավառ ու մարդասէր կ’ընէ այդ բոլոր մարդիկն ու բոլոր կիները, “կանգ կ’առնեմ մտիկ ընելու համար այդ դողդողագին թրթռումներուն, որք անվախճան խորութիւններէն գալ կը թուին ինծի”։