Արմաշի
հրաշագործ
Աստուածածինը՝
կը
գտնուի
եկեղեցիին
աջ
կողմի
գաւիթին
ճակատը։
Մեծադիր
պատկեր
մըն
է,
արեւելեան
հին
նկարչութեան
հաստ
ու
անճարտար
գծերով
ու
սաստիկ,
ուժգին,
պոռոտ
գոյներով։
Աստուածածինը,
գլուխը
թագով
մը,
գիրկն
առած
է
Մանուկ
Յիսուսը,
նմանապէս
բոլորովին
զուրկ
մանկական
շնորհէ։
Այդ
արտայայտութենէ
զուրկ
պատկերին
մէջ,
Տիրամօր
խոշոր
աչքն
է
որ
տարօրինակ
կենդանութիւն
մը
ունի,
աչք
մը
կարծես
անդունդի
մը
վրայ
բացուած,
պակուցեալ,
իր
նայուածքին
շեշտակի
անշարժութեամբն
ու
ցրտութեամբը
հալածելով
զքեզ,
ամէն
կողմէ
քեզ
նայելով,
բարեպաշտներուն
գլուխները
խոնարհեցնելով
իր
ահաւոր
ու
գերբնական
էութեան
մը
արհաւիրքին
տակ։
Այդ
պատկերին՝
գեղարուեստական
հանգամանքէ
զուրկ
ըլլալու
իրողութիւնը
դիպուածական
բան
մը
չէ,
անճարտար
վրձնի
մը
անկարողութեան
հետեւանքը,
այլ
կամովին,
գիտակցաբար,
Աստուածածինը
զրկած
են
իր
մայրական
շնորհագեղ
ու
վայելչածաղիկ
տիպարէն
որ
կը
տեսնուի
նմանօրինակ
պատկերներու
մէջ։
Խորանին
վրայ
գտնուող
միւս
Աստուածածինը
գեղարուեստական
արժէք
ունեցող
գործ
մըն
է,
Վենետիկի
մէջ
նկարուած՝
Իտալացի
մեծագոյն
վարպետներու
ստեղծագործութեանց
ընդօրինակութեամբ,
այլ
ժամանակին
մեծ
խնդիրներ
ու
կռիւներ
եղած
են՝
զայն
վանքին
մէջ
ընդունելու
համար։
Այդ
հրաշագործ
աստուածութեան
դէմ
է
որ
տախտակամածին
վրայ
նստած,
պառկած,
ծնրադրած,
ընկողմանած
են
հարիւրէն
աւելի
մարդիկ,
այր,
կին,
տղայ,
ծերունի,
հիւանդներ
եւ
հիւանդի
տէրեր։
Կ’երեւակայեմ
թէ
Պրոպատիկէի
աւազանին
եզերքը
խռնուող
բազմութիւնը
ճիշդ
այդ
տեսարանը
ներկայացնելու
էր։
Երկու
կատաղի
խենդեր
կան,
վարտիքով
ու
շապիկով
միայն,
մին
ձկնավաճառ
մը
Բերայէն
ու
միւսը
Իզմիրցի
խեղճ
երիտասարդ
մը,
ու
հուժկու
մարդիկ
բռնած
են
անոնց
թեւերէն
ու
ոտքերէն։
Խենդերը
կը
թոթուըտին,
կը
պոռան,
կ’ոռնան.
պահ
մը
կը
հանդարտին
ու
կը
վերսկսին։
Բաւական
թուով
խուլեր
ու
մունջեր
կան։
Յետոյ
խեղճ
կիներ,
ջղային
տագնապներու
ենթակայ։
Ուշադրութիւնս
կը
գրաւէ
Ատաբազարցի
ծաղկատի
աղջիկ
մը,
գետինը
պառկած.
իսդէռիքի
կատարեալ
տիպար
մը,
այնպէս
ինչպէս
տեսած
եմ
Բարիզի
հիւանդանոցներուն
մէջ,
որ
ակռաներուն
մէջէն
կը
շչէ,
կը
փրփրի,
սուր
աղաղակներ
կ’արձակէ,
իր
հիւանդութեան
յատուկ
“մեծ
պարոյթը”
կը
գծէ՝
գլուխը
դէպի
ետեւ
ծռելով
մինչեւ
մէջքը,
մինչ
իր
կուսական
հէգ
վշտաչարչար
կուրծքը՝
անհատնում
հեւքի
մը
մէջ՝
փքոցի
մը
տխուր
տպաւորութիւնը
կը
թողու։
Իր
ոտքերուն
ու
գլխուն
վերեւ
չորս
հինգ
կիներ
նստած
են,
արցունքով,
հառաչներով,
ողբական
պար
մը
բռնած
հիւանդին
բոլորտիքը։
Ու
անդին,
Աստուածածնի
պատկերին
առջեւ,
ժխորը
կը
բարձրանայ,
խուլ
ու
խորունկ
բզզիւնի
մը
պէս.
ուխտաւորներ
որք
մոմեր
կը
բերեն՝
ամէն
հասակէ,
կուգան
իրենց
կարճ
աղօթքը
կատարել
պատկերին
դիմաց,
ծնրադրելով
ու
խաչակնքելով,
եւ
Աստուածածնին
առջեւ
վառող
կանթեղին
մէջ
թաթխուած
բամպակի
կտորներ
դնելով,
քառսուն
փարանոց
թիթեղէ
փոքրիկ
տուփերու
մէջ։
Բազմութիւնը
կը
սեղմուի,
անհուն
ճիգեր
կը
թափուին
մինչեւ
պատկերին
առջեւ
հասնելու
համար,
լուսարարները
կը
պոռան,
կը
հայհոյեն,
կիներն
ու
աղջիկները՝
սեղմուելով՝
ճիչեր
կ’արձակեն.
հրմշտուք
մը
եւ
իրարանցում
մը
որ
վերջ
չունի,
ու
փոշին
կը
բարձրանայ,
կը
ծաւալի,
ոսկի
գնտիկներու
պէս
թռչկոտելով
արեւի
ճառագայթներուն
մէջ։
Ու
ահա
խենդերն
են
որ
կը
պոռան,
ցաւագար
կիներն
են
որք
իրենց
վայիւնը
կը
նետեն։
Եւ
այս՝
ամէն
վայրկեան,
ամէն
ժամ,
չորս
օր
չորս
գիշեր
շարունակ։
Գիշերն
է
որ
այս
տեսարանը
կը
զգենու
այն
“պակուցանողական
սաստկութիւնը”
որուն
վրայ
կը
խօսի
Նարեկացին։
Կանթեղներն
իրենց
խորհրդաւոր
ու
խոշորցնող
լոյսը
կը
սփռեն
այս
ամէնուն
վրայ.
այն
ատեն
ընդհանուր
պատկերը
ուրուատեսիլ
բան
մը
ունի
որ
կը
սարսռացնէ
զքեզ։
Երկու
երեք
հարիւր
կիներ,
մէկ
ձայնի
վրայ
կը
մրմնջեն.
“Ա՜խ
Աստուածածին,
ա՜խ
Աստուածածին”,
իրենց
կուրծքերը
ծեծելով,
այն
լալկան
ձայնով
զոր
մեռելներու
տան
մէջ
կիները
կ’ունենան՝
երբ
ա՛լ
կոկորդնին
չորցած
է
երկարատեւ
հառաչանքներէն
ու
աչքերնին
ցամքած։
Ու
այս
հեծութեան
համանուագը,
իբր
թաքստոցէ
մը,
կ’ընկերանայ
այն
միւս
ահեղ
համանուագին
որ
կը
սաւառնի
գաւթին
վերեւ։
Բոլոր
հիւանդները,
այդ
վայրին
յատուկ
գերագրգռութենէն
բռնուած,
իրենց
ախտը
զայրացած
այս
երկարատեւ
սպասումներէն,
տաքէն,
ծարաւէն,
անօթութենէն,
իրենց
չորս
բոլորքը
տիրող
տարափոխիկ
հիւանդաբոյր
մթնոլորտէն,
այսահար
ոգիներու
պէս
կը
տանջուին։
Ամէնուն
նայուածքն
յառած
է
Աստուածամօր
պատկերին
վրայ,
յայտնութիւն
մը
ընդունելու
գերագոյն
համոզումով։
Ու
բոլոր
այդ
երազացնոր
աչքերուն՝
կը
թուի
յայնժամ
թէ
Տիրամայրը
կը
ժպտի
կամ
կը
քրտնի։
Պատկերին
մէջ,
նայուածքը
կը
պահէ
միշտ
իր
խոժոռ
ու
անզգած
անդորրութիւնը,
ու
այդ
յաւերժաբաց
կոպիճներուն
ու
զինքը
դիտող
հարիւրաւոր
աչքերուն
մէջ
հզօր
մագնիսականութիւն
մը
կը
հաստատուի,
ելեկտրական
հոսանուտ
մը,
որ
ջիղերը
կը
գրգռէ
ու
կը
պրկէ։
Հրաշքի
մը
կը
սպասեն
ամէնքը։
Խաչին
կիրակի
առտուան
պատարագին
է
որ
ամէնքը,
հաւատքի
ծայրագոյն
խանդավառութեամբ
մը,
կը
սպասեն
այն
աստուածային
զօրութեան
որ
պիտի
քակէ
լեզուները,
պիտի
շարժէ
անդամալոյծ
անդամները,
որ
ուղեղին
խանգարեալ
ծալքերուն
մէջ
պիտի
վերահաստատէ
բնական
կարգաւորութիւնը։
Այս
տարի
յիշուած
հրաշքներուն
մէջ,
այլազգի
տղայ
մը,
տասներկու
տարեկան,
ի
ծնէ
համր,
սկսեր
է
բարբառիլ։
Պէտք
է
ըսել
թէ
գաւթին
մէջ
սպասողներուն
հետ
կան
տասնի
չափ
այլազգի
այրեր
ու
կիներ
ալ։
Յիշուեցաւ
նաեւ
թէ
ուրիշ
համր
տղու
մըն
ալ
լեզուն
քակուեր
է։