Ժ.
-
ՄԵԿՆՈՒՄԸ
Խաչին
երկուշաբթին
արդէն
ուխտաւորները
կը
սկսին
մեկնիլ
Արմաշէն։
Սայլերը
եկած
լեցուցած
են
վանքին
դուրսի
հրապարակը,
ու
գոմէշները,
գետինը
պառկած,
թրիքի
ահագին
կոյտերու
նմանութիւնը
կուտան։
Երեքշաբթի
սակայն
ա՛լ
Արմաշ
կը
պարպուի։
Առջի
իրիկուընէ
ամէն
մարդ
մեկնելու
պատրաստութեամբը
կը
զբաղի։
Վերջին
անգամ
մը
վանքը
եւ
շրջակայները
պտըտելու
համար
դուրս
կ’ելլեմ։
Բանայիրը,
վերջին
ճգով
մը,
կը
կրկնապատկէ
իր
շինծու
կենդանութիւնը
եւ
արուեստակեալ
ոգեւորութիւնը։
Թմբուկը
կը
թնդայ
կատաղաբար,
զուրնաները
ջլախտաւոր
խազեր
կ’արձակեն,
ու
լանթէրնաները
կը
յամառին
իրենց
յոգնած
ու
մաշած
յանկերգները
տարտղնելու
չորս
կողմ։
Վանահայր
Սրբազանին
կ’երթամ,
հրաժեշտ
առնելու։
Հաշուեյարդարութիւնը
սկսած
է
այնտեղ,
եւ
ապրանքներուն
ցուցակագրութիւնը
կը
պատրաստուի։
Հ
ինգ
վեց
հոգի
գործի
գլուխ
են։
Մէկը
ոսկիները
կը
համրէ,
խնամքով
իրարմէ
զատելով
օսմանեաններն
ու
անգլիականներն.
ուրիշ
մը
մէճիտիէները,
ուրիշ
մը
քառորդները
եւ
մանրուքները,
մինչ
անդին
մէկ
երկու
հոգի
զբաղած
են
նուիրուած
իրեղէններուն,
գուլպայ,
թաշկինակ,
անձեռոց,
սրբիչ,
խորանի
ծածկոցներ,
սփռիչներ
եւ
այլն,
ցանկը
պատրաստելու։
Դրամները,
ծրարներու
մէջ
դրուելով,
պիտի
կնքուին
եւ
Դպրեվանքին
Խնամակալութեան
պիտի
ղրկուին,
որ
յետոյ
Դպրեվանքին
ծախքերուն
համար
մէկիկ
մէկիկ
նորէն
Արմաշ
պիտի
ղրկէ
այդ
ծրարները։
Ի՜նչ
դրական
մարդիկ,
այդ
Խնամակալութեան
անդամները։
Դրամատան
մը
ամբողջ
գործունէութիւնը
կայ
հիմա
այդ
սենեկին
մէջ։
Ոսկիներուն
եւ
մէճիտիէներուն
հնչիւնը,
կանոնաւոր
եւ
համաչափ
անկումներով,
շրը՛խ,
շրը՛խ,
շրը՛խ,
Պանքայի
մը
ստորնայարկին
գաղափարը
կուտայ
քեզ։
Մանր
դրամները
համրելը
աւելի
դժուար
է,
ամէնքն
ալ
իւղոտ,
աղտոտ,
մոմի
կաթկթուքներով
պատած։
Ուրիշներ
կը
կշռեն
Աստուածածնի
պատկերին
առջեւ
կախուած
արծաթեայ
առարկայները,
արծաթ
դրամները
եւ
կը
գնահատեն
նուիրուած
զանազան
գոհարեղէններուն
արժէքը։
Միւս
կողմէն,
կ’արձանագրուի
նուիրուած
ճերմակեղէններուն
թիւը
-
վաթսուն
եւ
չո՜րս
զոյգ
գուլպայ,
13
հատ
ճերմակ
թաշկինա՜կ,
8
հատ
մետաքսէ
թաշկինա՜կ,
եւ
այլն։
Յանկարծ
ուրախութեան
ձայն
մը
կը
բարձրանայ.
վեց
հարիւր
ոսկի՜։
Այս
տարուան
ամբողջ
հասոյթը
վեց
հարիւր
ոսկի
եղած
է։
Փա՜ռք
Տեառն։
Ամէնուն
դէմքը
կը
փայլի,
կը
վառի։
“Աղէկ
տարիներէն”
է
այս
տարին
ալ։
Ու,
չեմ
գիտեր
ինչո՛ւ,
դուրս
ելած
ատենս,
սիրտս
սեղմուած
է։
Հինգ
վեց
օրուան
աղօթքներուն,
պաղատանքներուն,
հաւատքի
հոգեցունց
արտայայտութեանց,
խօլ
խանդավառութեանց,
միսդիքական
յափշտակութեանց
արդիւնքին
այդ
մաղուած,
թորուած
էութիւնը
հիմա
պզտիկ
քսակի
մը
մէջ
պիտի
սեղմուի,
պիտի
ամփոփուի,
ու
անոր
վրայէն
պիտի
չափեն
բոլոր
եռանդները,
բոլոր
արցունքները,
բոլոր
հառաչանքները,
ա՛լ
կորուսած
իրենց
անհուն
մեծվայելչութիւնն
ու
գերագոյն
վեհութիւնը,
որ,
եկեղեցիին
մէջ,
յուզմամբ
կ’ուռեցնէր
սիրտս։
*
*
*
Եկեղեցիին
դրանը
առջեւ
կեցող
մուրացկաններու
կողմէ
պատգամաւորութիւն
մը
եկած
է
Վանահօր
ներկայանալու
եւ
գանգատելու
թէ
այն
իրիկունը
վանքին
խոհանոցէն
կերակուր
չէ
տրուած
իրենց։
Եկեղեցիին
առջեւ,
այդ
մուրացկանները
կոյտ
մը
կը
կազմեն
“կաղաց,
կուրաց,
գօսացելոց”.
շատ
նուրբ
հոգեբաններ
որք
այսպէս,
տօնավաճառէ
տօնավաճառ
պտըտող
փերեզակներու
պէս,
կը
հետեւին
բարեպաշտներուն
ամէն
տեղ,
այսօր
Արմաշ,
վաղը
Երուսաղէմ,
միւս
օր
գուցէ
Մուշ։
Մէկ
քանի
հոգիներ՝
ուրիշ
գանգատ
մը
ունին
Վանահօր
ներկայացնելիք։
Մատաղի
համար
ոչխար
բերած
են
վանքին.
այդ
ոչխարները,
յիսունի
չափ,
պզտիկ
հօտ
մը
կազմած
են
որ
վանքին
դուրսի
պարտէզին
մէջ
կ’արածի։
Նուիրատուները
կը
պահանջեն
որ
իրենց
ոչխարները
իրենց
աչքին
դիմաց
կտրուին
եւ
աղքատներու
բաժնուին։
Զարմանալի
է
ժողովրդին
այդ
հաւատքը,
որ
դրական
շօշափելի
օրինակներու
վրայ
միայն
կրնայ
գտնել
իր
ներքին
հոգեկան
դրդումին
գոհացումը։
*
*
*
Երեքշաբթի
առտու
երբոր
ճամբայ
ելլել
կը
պատրաստուիմ,
չորս
օրուան
վանական
կեանքը
զոր
անցուցած
եմ,
վրաս
այնպիսի
տպաւորութիւն
մը
թողած
է
որ
ինծի
այնպէս
կուգայ
թէ
տարիներով
բնակած
մէկ
տեղէս
պիտի
բաժնուիմ։
Այնքան
իրաւ
է
որ
ժամանակը՝
գործ
չունի
զգացումներու
հետ։
Այս
ինչ
անձը,
այն
ինչ
տեսարանը,
այն
ինչ
միջավայրը,
որոց
հետ
արագանցուկ
հաղորդակցութեան
մը
մէջ
գտնուած
ես,
իրենց
բաժանումովը
-
ու
թերեւս
ճիշդ
այդ
բաժանման
պատճառովն
իսկ-
սրտիդ
մէջ
այնպիսի
վշտեր
կը
թողուն
որք
վերլուծութեան
չեն
դիմանար
թերեւս,
այլ
կան
ու
կը
մնան,
անհանգիստ
ընելով
ու
խռովելով
զքեզ
ետքէն։
Կը
մտածես
թէ
այն
անձը
երջանկութեան
մեծագոյն
բաժինը
պիտի
կրնար
տալ
քեզ
թերեւս,
թէ
այն
վայրը
անշուշտ՝
կեանքի
անդորրութիւնը
պիտի
պարգեւէր
քեզ,
ու
դուն
կը
թողուս
կ’երթաս,
չկրնալով
կանգ
առնել,
արդէն
ընտրած
ճամբուդ
մէջ
շատ
յառաջացած՝
երբ
ա՛լ
ետ
դառնալն
անկարելի
է,
ըղձական
նայուածք
մը
միայն
նետելով
ետիդ։
Կը
խոստովանիմ
թէ
Արմաշի
վանքին
իմ
վրաս
թողած
այդ
տպաւորութիւնը
կը
պարտիմ
Տ.
Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեանի
որ
իր
բարոյական
մեծութեամբը
կը
լեցնէ
այդ
վանքը։
Ա՜հ,
ճշմարիտ
եկեղեցականը,
նոր
օրերու
սուրբ
մը,
որուն
վրայ
աւելցած
է
Հայոց
մեծագոյն
գիտնականներէն
մին։
Իր
խուցը
ճշմարիտ
վանականի
խուց
մըն
է,
ո՛չ
անոնցմէ
ուր
անձնդիւր
ծուլութիւնը
եւ
որովայնապարար
հանգստութիւնը
կը
տիրեն,
այլ
ուսումնասիրութեան,
անխոնջ
աշխատութեան,
յարատեւ
զարգացման
վայր
մը
ուր
պատկառանքով
կը
մտնես
եւ
երկիւղածութեամբ
դուրս
կ’ելլես։
Հրաժեշտ
կ’առնեմ
իրմէ
ալ,
քաշուելով
յայտնելէ
զգացած
իրական
յուզումս։
Մնաք
բարով
մըն
ալ
եղբայր
Պետրոսին
ու
եղբայր
Ներսէսին,
վանքի
ճշմարիտ
եղբայրներ
որք
Դպրանոցին
աշակերտներուն
եւ
միաբաններուն
հոգերովը
կը
զբաղին,
պարկեշտ,
աշխատող,
ժրաջան
մարդիկ,
ու
դուրս
կ’ելլեմ։
Հետզհետէ
ճամբայ
կ’ելլեն
սայլերը
ու
արդէն
մեկնողներուն
անշարժ
շարքը
հազիւ
կ’որոշուի
դիմացի
բլուրին
վրայ։
Հինգ
հարիւր
սայլի
կարաւան
մը
կը
կազմուի։
Մեկնելէ
առաջ,
վերջին
անգամ
մը
եկեղեցին
կ’երթամ։
Ուխտաւորները,
վերջին
անգամ
մը
կուգան
ոտքի
վրայ
մոմ
մը
վառել
ու
հապճեպով
աղօթք
մը
կատարել։
Անդին,
Աստուածածնի
պատկերին
առջեւ,
տախտակամածին
վրայ
կը
գտնուին
դեռ
մէկ
քանի
հիւանդներ
ու
բարեպաշտներ,
որք
կը
յամառին
շնորհ
մը,
աստուածային
յայտնութիւն
մը
ընդունելւ,
չուզելով
մեկնիլ
անկից
առանց
իրենց
ցաւերուն
դարմանը
գտած
ըլլալու,
իրենց
աղօթքն
հիմա
աւելի
բարձրաձայն
ուղղելով
դէպի
վեր,
բողոքի
մը,
պահանջումի
մը
պէս։
Ու
այդ
հոգեւորապէս
անժառանգներն,
ընկեցիկները
բոլոր,
որոց
բաժին
չէ
ինկած
ընդհանուր
շնորհաբաշխութենէն,
կը
պայքարին,
կ’ոգորին
իրենք
իրենց
հետ,
հառաչանքներով
ու
հեծկլտուքներով։
Ու
երբ
քիչ
մը
յետոյ
վանքին
պարսպէն
դուրս
կ’ելլեմ,
դուրսի
հրապարակին
տաղաւարները
վար
առնուած
են,
գինետունները
գոցուած,
նուագարանները
մեկնած,
աղմուկն
եւ
ոգեւորութիւնը
անյայտացած։
Արշալոյսին
խաղաղութիւնը
կը
տիրէ
ամէն
կողմ,
եւ
ուխտաւորներուն
դէմքին
վրայ
ալ
կը
տիրէ
այդ
խաղաղութիւնը։
Ամէնքն
ալ,
տարուան
մը
համար,
իրենց
հաշիւը
մաքրած
են
իրենց
խղճին
հետ։
Արմաշը,
հեռուէն,
ինծի
կը
թուի
հիմա
սրբազան
հալոց
մը
ուր
բոլոր
այդ
մարդոց
հոգեկան
աղտոտութիւնները,
պզտիկութիւնները,
գձձութիւնները
զտուած
ու
մաքրուած
են
քիչ
մը
ատենուան
համար
գոնէ,
գուցէ
մէկ
քանի
ժամուան
համար
միայն։
Դեռ
սայլերէն
վար
չիջած,
կեղծիքն
ու
չարութիւնը,
երկու
ամէնէն
զզուելի
մոլութիւնները,
պիտի
գան
իրենց
առջի
տեղը
բռնել
այդ
մարդերուն
սրտին
մէջ։
Ի՜նչ
փոյթ։
Լաւ
է
որ
մարդս
երբեմն,
ի՛նչ
միջոցով
որ
ըլլայ,
կանգ
առնէ
պահ
մը,
մտիկ
ընելու
ձայնին
որ
իր
ներսիդիէն
կուգայ,
եւ
որ,
անցնելէն
իսկ
յետոյ,
պահ
մը
թրթռումը
պիտի
թողու
գոնէ,
ազնիւ
բիւրեղին
պէս։
(“Հայրենիք”,
13-25
Սեպտեմբեր
1892).