Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆ ՉԷ…

Հոգիս կը տանջէ

Ջութակ մը հեռու.

Ի զո՜ւր շուքերու

Կը նայիմ - Ան չէ՜…

 

Ահ, նուա՜գն այս խոր

Ամառ գիշերուան.

Կարծես թէ կու լան

Աստղերը բոլոր…

 

Ի զո՜ւր շուքերու

Կը նայիմ - Ան չէ՜.

Հոգիս կը տանջէ

Հոգի մը հեռու… ։