Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՔԵՂ ՕՐՀԱՍ

Երկընքի մե՜ծ դուռներուն պէս

Բա՛ց հոգիիս թեւերդ մարմար.

Եթէ մեռնի՛մ իսկ յուզումէս՝

Այդ մահն ապրի՛լ է ինձ համար…

 

Թո՛ղ որ հանգչի կուրծքիդ ձիւնին՝

Հիւանդ հոգիս ու, շընչահատ,

Թող քեզ հըծծէ Երազն իր հին

Որ զիս այսքա՜ն ըրաւ գունատ…

 

Ու թող մեռնի հոգիս այդպէ՛ս. -

Հպա՛րտ՝ հպարտ մարմնիդ վըրայ.

Լոկ իր Երազն հըծծելով քեզ…

 

Զի ես կ՚ուզեմ որ ան սուրա՜յ

Մահուան գըրկին մէջ իսկ ինկած.

Ես սիրեցի քեզ իբր աստուած… ։