Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈԼՈՐՈՒՄ

«Երթա՜նք, երթա՜նք», կ՚ըսէր, «հեռո՜ւն,

«Մութ բըլուրին ծաղիկներուն.

«Հոն նուաղի՛նք անհունօրէն՝

«Բըլուրին մութ ծաղիկներէն…»

 

«Չերթա՜նք, չերթա՜նք», ըսի իրեն,

«Չե՞ս վախնար մութ հեռուներէն.

«Ես լըսա՛ծ եմ մահերգն անհուն

«Մութ բըլուրին ծաղիկներուն…»

 

Չուզեց լըսել, գնաց հեռուն,

Մութ բըլուրին ծաղիկներուն.

Դեռ կ՚իմանա՜մ լացը իրեն՝

Բըլուրին մութ ծաղիկներէն… ։