ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մաս 3

 

 

ՄԵՏԱ - ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Meta-Ethics

 

 

Ի՞նչ է մետաբարոյագիտութիւնը ։

Ինչպէս ներածութեան մէջ նշեցինք, բարոյագիտութեան (Ethics) ուսումնասիրութեան առարկան` բարոյականութիւնն (Morals) է։ Այս իմաստով, բարոյագիտութիւնը կը զբաղի նոյնինքն բարոյականութեան երեւոյթի զանազան տեսակէտներով։

Բարոյագիտութիւնը, մակարդակային տեսակէտէն, կարելի է բաժնել երեք մասերու. -

Կանոնական բարոյագիտութիւն (Normative Ethics), որ բարոյական կանոններ կը սահմանէ եւ կը փորձէ զանոնք հիմնաւորել,

Նկարագրական բարոյագիտութիւն (Descriptive Ethics), որ երբեք բարոյական կանոններ չի սահմաներ, այլ բարոյական երեւոյթները կը նկարագրէ միայն եւ

Մետաբարոյագիտութիւն (Meta-Ethics), որ կը նպատակադրէ բարոյականութեան երեւոյթի գիտական ուսումնասիրութիւնը` մեթոդական կամ լեզուավերլուծական բնոյթի արտայայտութիւնները սահմանելով

 

1. -    Կանոնական բարոյագիտութիւն

Կանոնական բարոյագիտութիւնը (Normative Ethics) իսկական փիլիսոփայական բարոյագիտութիւնն է, որ օրինաչափական բնոյթ կը կրէ, այսինքն՝ կանոններ կը սահմանէ։

Բարոյագիտական որեւէ տեսութեան ելակէտը կը նկատուի՝ « ի՞նչ է բարոյական ճիշդ վարմունքը» հարցադրումը։ Այս իմաստով, կանոնական բարոյագիտութիւնը այս հարցադրման յարմար պատասխաններ կը փնտռէ, բարոյական կանոններ կը սահմանէ՝ թէ՛ անհատներու պարագային եւ թէ՛ ընկերայինհասարակական շրջանակներու համար։ 

Ակնյայտ է, որ բարոյական ըմբռնումները եւ տեսակէտները կը տարբերին մէկ ժամանակաշրջանէն միւսը կամ՝ մէկ մշակոյթէն միւսը։ Այսուհանդերձ, կան դիմացկուն տարրեր, որոնք ժամանակի ընթացքին կրցած են անխախտ մնալ եւ շարունակական բնոյթ ստանալ։ Կան նաեւ ընդհանրական տարրեր, որոնք ի զօրու մնացած են զանազան մշակոյթներու մէջ։ Ուրեմն բարոյագիտութեան գլխաւոր պարտականութիւնն է կատարել նմանօրինակ բարոյական տարրերու կամ ընդհանրութիւններու սահմանումը եւ անոնց հիմնաւորումը, միշտ նկատի ունենալով բարի ու ճիշդ բարոյականութիւն մը։ 

Իրականութեան մէջ կանոնական որակումը այստեղ աւելորդ է, քանի որ բարոյագիտութիւն եզրի բնորոշումին մէջ արդէն կը գտնենք կանոններու գոյութիւնը եւ անոնց վերլուծումը։ [Ասիկա կը նմանի, օրինակ, երբ ըսեմ՝ «չամուսնացած ամուրի». ամուրի եզրին մէջ արդէն առկայ է չամուսնացած ըլլալու գաղափարը եւ աւելորդ է չամուսնացած վերադիրը։] Ուստի, այսուհետեւ, այս մակարդակին համար, ընդհանրապէս, պիտի օգտագործուի լոկ բարոյագիտութիւն եզրը։

 

2. -    Նկարագրական բարոյագիտութիւն 

Նկարագրական բարոյագիտութիւնը (Descriptive Ethics) փորձառական (Em-pirical) բնոյթ կը կրէ եւ երբեք կանոններ չի դներ։ Ան երբեք չի հարցներ՝ « ի՞նչ է բարոյական ճիշդ վարմունքը» եւ այս հարցադրման յարմար պատասխաններ չի փնտռեր, այլ պարզապէս բարոյականութեան երեւոյթները կը նկարագրէ։   

Պարզաբանելու համար այս բնորոշումը, կու տանք երկու օրինակ. -

Երբ պատմաբան մը կը գրէ կամ կը խօսի հին հայկական թագաւորութիւններու բարոյական երեւոյթներուն (սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն) մասին, ինք (պատմաբանը) երբեք կանոններ չի դներ, այլ միայն կը նկարագրէ, ինչ որ անցեալին կար։

Երբ ըսուի, որ անձնասպանութիւնը քրիստոնէական հասկացողութեամբ մահացու մեղք է. ասիկա թէեւ բազմաթիւ քրիստոնեայ հաւատացեալներու կողմէ ընդունուած փորձառական երեւոյթի մը նկարագրութիւնն է՝ որպէս եզրակացութիւն, սակայն, երբեք կանոն մը չէ։

Անշուշտ որ, բարոյագիտութեան մարզին մէջ, երբեմն կարելի է նմանօրինակ նկարագրական - փորձառական արտայայտութիւններու հանդիպիլ, սակայն անոնք, կանոններ չըլլալով, չեն պատկանիր փիլիսոփայական բարոյագիտութեան ճիւղին, այլ մաս կը կազմեն, օրինակ՝ պատմաբանութեան, ազգաբանութեան, հոգեբանութեան կամ ընկերաբանութեան։

 

Նկարագրական բարոյագիտութիւնը կրնայ զանազան ելակէտեր ունենալ։ Եթէ նկատի ունենանք՝ պատմութեան ընթացքին յայտնուած տարբեր մշակոյթներու բարոյական երեւոյթները, պիտի տեսնենք, որ օրինակ պատմաբանը, իր աշխատասիրութեան ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ՝ բարոյական երեւոյթներու գլխաւորաբար նկարագրութեան եւ հաւանաբար բաղդատութեան վրայ։ Այստեղ պատմաբանը, որպէս դիտորդ, նկատողի ու նկարագրողի դերին մէջ է։ Իսկ ընկերաբանը, կը փորձէ նոյն բարոյական երեւոյթները բացատրել եւ տուեալ մշակոյթի պայմաններուն համաձայն՝ զանոնք պատճառաբանել ու արժեւորել։ Եւ վերջապէս հոգեբանը, կրնայ նոյն բարոյական երեւոյթներուն հանդէպ բոլորովին տարբեր մօտեցում ունենալ. ան անհատի հոգեկան կառոյցին մէջ կը պրպտէ բարոյական երեւոյթներուն գլխաւոր դրդապատճառները։

Նկարագրական բարոյագիտութեան կիզակեդրոնը կրնայ ըլլալ անհատը, որպէս առանձին անձ կամ ընկերութիւն մը, որպէս հաւաքական ամբողջութիւն։ 

 

3. -    Մետաբարոյագիտութիւն

Կանոնական եւ նկարագրական արտայայտութիւններու կողքին, բարոյագիտութեան մարզին մէջ, երբեմն կը հանդիպինք արտայայտութիւններու, որոնք մեթոդական կամ լեզուավերլուծական բնոյթ կը կրեն. այս վերջինները կը պատկանին՝ մետաբարոյագիտութեան, որ իր կարգին կանոններ չի սահմաներ այլ աւելի խորը թափանցելով կը վերլուծէ արդէն գոյութիւն ունեցող բարոյական երեւոյթները եւ կանոնները։

Աշխատասիրութեանս այս երրորդ մասին մէջ, որոշ մանրամասնութեամբ պիտի ներկայացուի մետաբարոյագիտութիւնը (Meta-Ethics, մետաէթիկա), որ 20-րդ դարու սկիզբները ծնունդ առաւ եւ զարգացաւ, դառնալով գիտական հիմքը՝ կանոնական եւ նկարագրական բարոյագիտութիւններուն։

Մետաբարոյագիտութեան ոլորտի մէջ նշանաւոր դարձան հետեւեալ բարոյագէտ փիլիսոփաները. -

Բ. Ռասէլ (Bertrand Russel, 1872 1970 թ. ),

Գ. Ե. Մուր (George Edward Moore, 1873 1958 թ. ),

Չ. Լ. Ստիվենսոն (Charles Leslie Stevenson, 1908 1979 թ. ),

Ա. Ջ. Այէր (Alfred Jules Ayer, 1910 1989 թ. ) եւ

Ռ. Մ. Հարը (Richard Mervyn Hare, 1919 2002 թ.  

 


 

Մետաբարոյագիտութիւն

Meta-Ethics

 

20-րդ դարու ընթացքին, լեզուավերլուծական փիլիսոփայութեան (Lang-uage & Analytic Philosophy) զարգացումով, յառաջ կու գար մետաբարոյագիտութիւնը (մետաէթիկա), որ բարոյական արտայայտութիւններու՝ ընդհանուր, տրամաբանական, իմաստաբանական եւ գործնապաշտական կառոյցներու  արտացոլումն է։ Անխախտ բարոյական արժէքները, որպէս բարոյագիտութեան բովանդակութիւն ա՛լ ժամանակավրէպ դարձած էին. անոնց փոխարէն, բարոյագէտփիլիսոփաներու հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնար լեզուական վերլուծումը։ Վարմունքի բարոյական արժեւորման փոխարէն, այստեղ կը շեշտուին բարոյական արժէքներու կիրառման պահանջքները, ըլլան անոնք իրաւացի կամ անիրաւ եւ՝ քննարկումի կ՚ենթարկուին բարոյական կանոններն ու անոնց կայունութիւնը։

Մետաբարոյագիտութիւնը, որ ինքնին բարոյական կանոններ չի սահմաներ, իր հարցադրումներով աւելի կ՚առնչուի տեսական փիլիսոփայութեան։ Այլ խօսքով, մետաբարոյագիտութիւնը կարելի է բնորոշել, որպէս փիլիսոփայութեան ա՛յն բնագաւառը, որ գործնական փիլիսոփայութեան (այստեղ՝ բարոյագիտութեան) կը մօտենայ, մեկնելով իր տեսական փիլիսոփայութեան հեռանկարներէն։  

Այժմ ներկայացնենք մետաբարոյագիտութիւնը՝ հետեւեալ երկու օրինակներով։  

Ա. օրինակ. - բարոյագիտութեան ոլորտին մէջ, եթէ փորձենք լաւ, ճիշդ, պէտք է կամ հարկ է արտայայտութիւններու պարագային, լեզուական վերլուծում կատարել, անոնց գործնական իւրայատկութիւններուն եւ բարոյական արժէքին թափանցելու համար, այն ատեն՝ մետաբարոյագիտական քննարկում կատարած կ՚ըլլանք։

Բ. օրինակ. - եթէ նկատի առնենք բարոյական կիրառելի կանոնները, որոնք որոշ վարմունքի (վարուելակերպի) պատուէրներ, արտօնութիւններ կամ արգելքներ կը թելադրեն եւ փորձենք հաստատել այդ բարոյական կիրառելի կանոններուն բոլորին կողմէ ընդունուած ըլալու հանգամանքը եւ անկէ յառաջացած հարցերն ու բանավէճերը, այն ատեն՝ մետաբարոյագիտական քննարկում կատարած կ՚ըլլանք։

Վերոյիշեալ օրինակներէն կարելի է եզրակացնել, որ մետաբարոյագիտութիւնը ինքնին բոլորովին անկախ մակարդակ մը չէ, այլ անմիջական կապ եւ փոխյարաբերական ազդեցութիւն ունի բարոյագիտութեան (այլ խօսքով՝ կանոնական բարոյագիտութեան) հետ։ Այստեղ, փոխյարաբերական ազդեցութիւն կը նշանակէ, որ երկու մակարդակներն ալ իրարու վրայ փոխադարձ ազդեցութիւն ունին։ Երկու մակարդակներու միջեւ գտնուող այս անմիջական կապը իր կարգին չի նշանակեր, որ անպայման մակարդակներու միջեւ համաձայնութիւն պէտք է ըլլայ. այլ խօսքով մետաբարոյագիտութիւնը կրնայ հակասել բարոյագիտութեան մէկ կանոնին եւ ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ երկու մակարդակներու վրայ ալ նոր քննարկումներ սկսին։ Այս առնչութեամբ, փիլիսոփայութեան պարտականութիւնը կը նկատուի՝ բարոյագիտութեան եւ մետաբարոյագիտութեան միջեւ համոզիչ եւ ընդունելի հաւասարակշռութիւն մը գոյացնելը։

 

Մետաբարոյագիտութեան չորս ոլորտները

Մետաբարոյագիտութիւնը ուսումնասիրելու եւ աւելի մանրամասնելու համար, կարելի է անոր վերաբերեալ չորս ոլորտներ զանազանել. -

Լեզուավերլուծական ոլորտ,

Բարոյական համոզումներու ոլորտ,

Էաբանական ոլորտ (Ontology) եւ

Իմացաբանական ոլորտ (Epistemology)։ 

 

1.       ԼԵԶՈՒԱ-ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏ

Մետաբարոյագիտութեան ուսումնասիրութեան ատեն, առաջին հերթին նկատի կ՚առնուին՝ բարոյական արտայայտութիւններու լեզուն, օգտագործուած եզրերը եւ անոնց իսկական իմաստը։ Մետաբարոյագիտութիւնը, լեզուական վերլուծման ատեն, մասնաւոր կարեւորութիւն կու տայ մանաւանդ այն եզրերու բնորոշման (Definition), որոնք երկու կամ աւելի իմաստներով կը ներկայանան։

Անգլիացի բարոյագէտփիլիսոփայ Գ. Ե. Մուր, իր լեզուավերլուծական երկերուն մէջ, կը զանազանէ եզրերու բնորոշման երեք տեսակներ. -

Անուանական բնորոշում, որ յատուկ է հեղինակի մը (կամ գիտական խումբի մը), որ իրեն համար եզրի մը իւրայատուկ բնորոշում կու տայ. բան մը, որ միայն ի զօրու է իրեն (կամ գիտական խումբին) համար։

Դասական բնորոշում, որ ընդհանուր առօրեայ կիրառում ունի, բնորոշում մը, որ կը գտնուի սովորական բառարաններուն մէջ. եւ

Իրական բնորոշում, որ փիլիսոփայական բարոյագիտութեան համար ամենակարեւորն է. այստեղ կը յայտնաբերուի եզրի մը իրական (իսկական) իմաստը։

Մետաբարոյագիտութիւնը, եզրի մը իրական իմաստին կողքին, աւելի խորը թափանցելով կը բնորոշէ անոր իսկական էութիւնը։ Այլ խօսքով՝ առաքինութիւն, արդարութիւն, բարոյական բարին, բարոյական պէտք է կամ հարկ է արտայայտութիւններու պարագային, այստեղ միաժամանակ կը բացայայտուին՝ թէ իրապէս ի՞նչ են անոնք, որպէս հասկացութիւններ։

Բարոյական արտայայտութիւններու հիմնական ձեւը՝ որակումներով խօսքն է, օրինակ վարմունքի մը առնչութեամբ կ՚ըսենք. - բարոյապէս՝ լաւ ու բարի կամ վատ ու չար ։ Նաեւ վարուելակերպերը բարոյական արժեւորում կը ստանան, երբ անոնց առնչութեամբ կ՚ըսենք. - բարոյապէս՝ արգիլուած կամ արտօնուած եւ նոյնիսկ պատուիրելի կամ թելադրելի ։ Նաեւ տարբեր անձերու նկատմամբ կ՚արտայայտուինք բարոյական որոշ գնահատականներով, երբ կ՚ըսենք. - առաքինի ու ազնիւ կամ գոռոզ ու անպատկառ։

Մետաբարոյագիտութիւնը ընդհանրապէս, իր լեզուավերլուծական քննարկման ատեն, նաեւ կը հարցադրէ բարոյական արտայայտութիւններու ճիշդ կամ սխալ ըլլալու կարելիութիւնը, ինչ որ առկայ է՝ այլ արտայայտութիւններու պարագային։  Ան նաեւ կը հարցադրէ, բարոյական արտայայտութիւններու զուտ լեզուական չափանիշերով սահմանումի կարելիութիւնը, ինչ որ անբաւարար կը թուի։

Մետաբարոյագիտութիւնը, սակայն, բարոյական հիմնական հասկացութիւններու մասնայատուկ իմաստն ու էութիւնը բացայայտելու համար, չի բաւարարուիր լոկ լեզուավերլուծական ոլորտով, այլ կ՚ամբողջացնէ զայն՝ նկատի առնելով միւս երեք ոլորտները եւս, որոնց մասին յաջորդաբար պիտի անդրադառնանք։ 

 

2.       ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐՈՒ ՈԼՈՐՏ

Մետաբարոյագիտութեան ուսումնասիրութեան ատեն, նաեւ նկատի կ՚առնուին՝ անհատի բարոյական համոզումները։ Սակայն ի՞նչ են անհատի այդ բարոյական համոզումները։

Օրինակները շատ են. - «խոստումը պէտք է յարգել», «ստելը դատապարտելի է» եւայլն …։ Նման բազմաթիւ օրինակներ կարելի է յիշել, սակայն դժուար է գիտականօրէն հիմնաւորել անոնց բարոյական համոզումներու վերածուիլը։ Վերջին ժամանակաշրջանի գիտական մեծաքայլ յառաջդիմութիւնը, իր գիտակցութեան եւ մտադրութեան մասին ուսումնասիրութիւններով օգտակար դարձաւ` «Մտքի փիլիսոփայութեան» (Philosophy of Mind) զարգացման եւ այս առնչութեամբ զանազան տեսութիւններու ձեւաւորման, ինչպէս՝ փիլիսոփայական Վարմունքի տեսութիւնը (Action Theory) կամ Բարոյական տեսութիւնը (Moral Theory), որոնց համար յատկացուած է առանձին Մաս , «Բարոյագիտութեան Տեսութիւններ» վերնագրի տակ (տե՛ս էջ 156-էն սկսեալ)։

Բարոյական համոզումներով, անհատը իր աշխարհայացքը եւ փափաքները կը բացայայտէ՝ իր տեսանկիւնէն դիտելով։ Վերոյիշեալ փափաքները սակայն, պարզ փափաքներ չեն, այլ անհատի գիտակցութեան մէջ ժամանակի ընթացքին կազմաւորուած՝ նախատեսակէտներ. այս միջոցով նախապէս հաստատուած կ՚ըլլան, թէ անհատը՝ ո՞ր երեւոյթներուն հանդէպ դրական (համաձայնական) եւ ո՞ր երեւոյթներուն հանդէպ բացասական (մերժողական) դիրքաւորում ունի։ Յիշեալ նախատեսակէտները ենթակայական են եւ չեն ենթարկուիր ճշմարտացիութեան պայմաններուն։ Այլ խօսքով, կարելի չէ ըսել թէ անոնք՝ ճիշդ կամ սխալ են։

Մետաբարոյագիտութիւնը, կը բացայայտէ նաեւ առնչութիւնը՝ բարոյական համոզումներու եւ բարոյական զգացումներու, ինչպէս՝ յանցանք, վրդովում, ամօթխածութիւն կամ կարեկցութիւն։

Բարոյական համոզումները, բարոյական արարքի կամ բարոյական վարմունքի վերածուելու համար հարկ է նաեւ շարժառիթներու (Motivation) առկայութիւնը։ Յիշեալ շարժառիթներու ծագումը յաճախ արտաքին ազդակներն են, սակայն կան նաեւ ներքին մղումով յառաջացածները։ Մետաբարոյագիտութիւնը, բարոյական համոզումներու այս ոլորտին մէջ, կը հարցադրէ նաեւ ընդհանրապէս բարոյական վարմունք ունենալու մասին։ Եթէ անհատը իրապէս բարոյական համոզումներու տէր է, արդէն ներքին մղումէ մը տարուած կը դիմէ բարոյական վարմունքին։

 

3.       ԷԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏ

Բարոյական դատողութիւնը ուսումնասիրելու ընթացքին, մետաբարոյագիտութիւնը  էաբանական հարցադրումներ կը կատարէ, ինչպէս օրինակ. -

Ենթակայական (Subjective) արժէքի հասկացութիւններէն եւ փափաքներէն անդին, արդեօք գոյութիւն ունի՞ն առարկայական (Objective) արժէքներ. կամ

Արդեօք կարելի՞ է բարոյական դատողութեան պարագային ճշմարտացիութեան արժեւորում կատարել եւ զայն՝ ճիշդ կամ սխալ որակել։

 

Եթէ առաջին հարցադրման պատասխանը դրական է, ուրեմն գոյութիւն ունին բարոյական իրողութիւններ. իսկ եթէ պատասխանը բացասական է, ուրեմն բարոյական իրողութիւններ չկան եւ կարելի չէ՝ բարոյական դատողութիւնները ճիշդ կամ սխալ որակել։  

Բարոյական դատողութեան առնչութեամբ, վերոյիշեալ բարոյական իրողութիւններու մասին էաբանական հարցադրումը պատճառ կը հանդիսանայ բանավէճի մը, մէկ կողմէ՝ բարոյական իրապաշտութեան (Moral Realism) հետեւորդներուն իսկ միւս կողմէ՝ բարոյական հակաիրապաշտութեան (Moral Anti-Realism) հետեւորդներուն միջեւ։

 

Բարոյական իրապաշտութիւն

Այս ուղղութեան հետեւորդները, կոչենք՝ «իրապաշտներ», ո՛չ միայն պէտք է հաստատեն բարոյական իրողութիւններու գոյութիւնը, այլեւ՝ անոնց էաբանական յատկանիշները յստակացնեն։ Փաստօրէն, այս «իրապաշտներ»ուն համար, ենթակայական (Subjective) ճանաչողականութենէն անդին, գոյութիւն ունին՝ առարկայական (Objective) արժէք ունեցող բարոյական իրողութիւններ, որոնք չեն ենթարկուիր պայմանագրային համաձայնութիւններու, այլ ունին իւրայատուկ ճշմարտացիութեան յատկանիշներ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ այս «իրապաշտներ»ը նաեւ կ՚ընդունին՝ բարոյական դատողութիւններու սխալականութիւնը (Fallibilism), այսինքն՝ անոնց ճիշդ կամ սխալ ըլլալը։

Առանց մանրամասնութիւններ տալու, յիշենք միայն, որ եթէ վերոյիշեալ բարոյական իրողութիւնները միայն մասամբ ենթակայականութենէն անկախ են, կը դասուին, որպէս՝ «տկար բարոյական իրապաշտութիւն». իսկ եթէ բոլորովին անկախ են, կը դասուին, որպէս՝ «զօրաւոր բարոյական իրապաշտութիւն»։

Բարոյական իրողութիւններու իրապաշտական արժէքը կամ էաբանական յատկանիշները կարգ մը բարոյագէտներու համար բնապաշտական բնոյթ կը կրեն (այսինքն՝ անհատի բնութեան հետ առնչուած են), իսկ ուրիշներու համար՝ ոչբնապաշտական կամ ենթակայական բնոյթ կը կրեն (այսինքն՝ անհատի բանականութեան հետ առնչուած են)։ Կայ նաեւ էաբանական յատկանիշներ, որոնք գերբնապաշտական բնոյթ կը կրեն (այսինքն՝ անհատէն դուրս, արտաքին առնչութիւն մը կամ ատեան մը կայ, ինչպէս օրինակ՝ Աստուած)։

 

Ա. Բարոյական բնապաշտութիւն (Moral Naturalism)

Այս ուղղութեան համաձայն, գոյութիւն ունին բարոյական արժէք ունեցող իրողութիւններ։ Այս ուղղութեան հետեւորդները բարոյական պահանջները կը հիմնաւորեն բնութենականութեամբ եւ բոլորովին կամ մասամբ անկախ կը մնան ենթակայականութենէն (Subjectivity)։ Այլ իմաստով, տեսութեան նպատակն է, բարոյական հասկացութիւնները եւ հիմնաւորումները վերածել՝ բնագիտական համոզիչ հասկացութիւններու եւ հիմնաւորումներու։ Այս գաղափարը պարզենք օրինակով մը. - օգտապաշտութեան պարագային, բարոյական լաւն ու բարին առարկայական իրողութիւն դառնալով, կրնան վերածուիլ՝ օգուտի կամ շահի, որոնք աւելի շօշափելի են։

            Հետեւեալ բարոյագիտական տեսութիւնները կրնան բարոյական բնապաշտութեան համապատասխանել. - օգտապաշտութիւնը (Utilitarianism), հաճոյապաշտութիւնը (Hedonism), առաքինութեան բարոյագիտութիւնը (Virtue Ethics)։  

 

Բ. Բարոյական ոչբնապաշտութիւն (Moral Non-Naturalism)

Այս ուղղութիւնը բոլորովին կը մերժէ՝ բարոյական բնապաշտութիւնը եւ չընդունիր՝ բարոյական հասկացութիւններու վերածումը՝ բնագիտական հասկացութիւններու։ Այս ուղղութիւնը կը մերժէ նաեւ բարոյական հակաիրապաշտութեան բոլոր ձեւերը, ինչպէս բարոյական ենթակայապաշտութիւնը (Moral Subjectivism), որ իր կարգին չ՚ընդունիր բարոյական իրողութիւններու առարկայացումը։

Բարոյական ոչբնապաշտութեան գլխաւոր ջատագով նկատուող անգլիացի բարոյագէտփիլիսոփայ Գ. Ե. Մուրի համաձայն, բարոյական լաւն ու բարին՝ պարզ, անբնութագրելի եւ ոչբնական հասկացութիւն մըն է, զոր կարելի չէ վերածել՝ բնական (օգուտ, շահ, հաճոյք, եւայլն... ) կամ գերբնական (կամ աստուածային) իրողութիւններու։

 

Բ. Բարոյական գերբնապաշտութիւն (Moral Super-Naturalism)

Այս ուղղութեան հետեւորդները, բարոյական արժէքները կ՚առնչեն գերադաս ատեանի մը կամ Աստուծոյ հետ, բան մը որ անհատէն կախեալ չէ եւ կարելի չէ բնական միջոցներով բացատրել։

 

Բարոյական հակաիրապաշտութիւն

Այս ուղղութեան հետեւորդները, կոչենք՝ «հակաիրապաշտներ», իրականութեան մէջ բարոյական իրապաշտութիւնը քննադատողներն են։ Անոնք բոլորովին կը մերժեն՝ բարոյական իրողութիւններու առարկայական գոյութիւնը։

Բարոյական հակաիրապաշտութեան կրնան համապատասխանել. - կասկածապաշտութիւնը (Սկեպտիկութիւն Scepticism) եւ գաղափարապաշտութիւնը (Idealism)։ 

 

4.       ԻՄԱՑԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏ

Բարոյական դատողութիւնը ուսումնասիրելու ընթացքին, մետաբարոյագիտութիւնը նաեւ իմացաբանական հարցադրումներ կը կատարէ, ինչպէս օրինակ. -

ա) բարոյագիտութեան պարագային կարելի՞ է արդեօք որեւէ բան ճանաչել, իմանալ կամ գիտնալ.

բ)         արդեօք կարելի՞ է բարոյական դատողութեան պարագային ճշմարտացիութեան արժեւորում կատարել եւ զայն՝ ճիշդ կամ սխալ, արդար կամ անարդար որակել. կամ

գ)         արդեօք բարոյական կանոններու առնչութեամբ, գոյութիւն ունի՞ ներենթակայական (Intersubjective) կիրառելի պահանջք։

Առաջին հարցադրման հետ անմիջական ու կարեւոր կապ ունին բարոյական հասկացութիւններու ճշգրիտ իմաստները՝ լեզուավերլուծական արդի միջոցներով հաստատուած։ Այլ խօսքով, պէտք է ճշգրիտ կերպով իմանալ թէ ի՞նչ կը նշանակեն՝ լաւն ու բարին, ճիշդն ու սխալը, արդարն ու անարդարը, պարտաւորութիւնը, վարմունքը, եւայլն ... ։

Իմացաբանական ոլորտէն ներս, բարոյական դատողութեան ուսումնասիրութիւնը առանց որեւէ արգելքի կ՚ենթարկուի՝ բանական քննադատութեան։ Այլ խօսքով, մեր բարոյական դատողութիւնը ենթակայ է սխալականութեան։ Արդարեւ, մետաբարոյագիտութեան պարտականութիւնն է բացայայտել, թէ ի՞նչ կերպով եւ ի՞նչ տարողութեամբ կարելի է բարոյականութիւնը քննադատել։ Այլ խօսքով, վերոյիշեալ բարոյական իրապաշտութիւնն ու հակաիրապաշտութիւնը պէտք է անցնին այս իմացաբանական քննադատութեան ուղիով եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ինքզինք արդարացնէ։

Իմացաբանական այս ոլորտէն ներս, պէտք է քննարկել նաեւ բարոյական ներհմտութեան կամ ներհայեցողութեան (Intuition) դերը՝ բարոյական փաստարկման ատեն։ Արդեօք կարելի՞ է բարոյական դատողութիւններու առնչութեամբ, ընդհանրապէս, մեր ներհայեցողութեան վստահիլ։ Այս մասին տե՛ս նաեւ «Բարոյագիտութեան Հիմնական Հասկացութիւններ» Մաս յատուկ յօդուածը (էջ 508)։ 

Ամէն պարագայի, մեր բարոյական դատողութիւններուն առնչութեամբ որոշիչ դեր կը խաղան իմացաբանական երկու հիմնական ուղղութիւններ՝ ճանաչողականութիւնը (Cognitivism) եւ ասոր հակադիր՝ ոչճանաչողականութիւնը (Non-Cognitivism)։ Բնականաբար, այստեղ շատ կարեւոր դեր ունի նաեւ՝ տրամաբանութիւնը (Logics), որպէս միջոց իմացաբանական գործընթացին։

Մետաբարոյագիտութիւնը, իմացաբանական ոլորտէն անդին, կը զբաղի նաեւ բարոյագիտութեան տեսութիւններու գիտական կարելիութիւններով, անոնց հիմնաւորումով ու կառոյցով, ինչպէս պիտի տեսնենք՝ յաջորդող երկու մասերուն մէջ. - Մաս «Բարոյագիտութեան Հիմնաւորումը» (էջ 13 9 ) եւ Մաս 5 ՝ «Բարոյագիտութեան Տեսութիւնները» (էջ 1 56  

 

Ոչ-Ճանաչողականութիւն

Ոչճանաչողականութեան համաձայն, (կանոնական) բարոյագիտութիւնը երբեք մատչելի չէ՝ գիտական իմացաբանութեան համար։ Այս իմաստով, չկան բարոյական համոզումներ ու բարոյական իրողութիւններ եւ այստեղ կարելի չէ ճշդել՝ բարոյական դատողութիւններու սխալականութիւնը, անոնց ճիշդ կամ սխալ ըլլալը։ Ոչճանաչողականութեան ուղին մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի վերոյիշեալ հակաիրապաշտութիւնը։

Այս իմաստով, սկոտլանդացի փորձագէտփիլիսոփայ Դ. Հյում (David Hume, 1711 1776 թ. ) բարոյագիտութեան ճանաչողական կարողութիւնը կը հերքէր, որովհետեւ (Հյումի համաձայն) բարոյական համոզումները չեն ենթարկուիր տրամաբանականմաթեմատիկական քննարկման։ Ճիշդ այս պատճառով, Դ. Հյումի հետ համակարծիք է նաեւ ամերիկացի բարոյագէտփիլիսոփայ Չ. Լ. Ստիվենսոն (Charles Leslie Stevenson, 1908 1979 թ. ), որ 20-րդ դարու մետաբարոյագիտութեան նշանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը կը նկատուի։ 

Ոչճանաչողականութեան համաձայն, բարոյական կանոնները աւելի առնչուած են մարդու նկարագրին։ Այլ խօսքով, կարելի է դաստիարակութեան ճամբով ու վարժութիւններով բարոյական արժէքները սովորութիւններու վերածել։

Ոչճանաչողական դիրքաւորման լաւագոյն օրինակը յուզապաշտութիւնն է, զոր պիտի մանրամասնենք ստորեւ։

 

ՅՈՒԶԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Մետաբարոյագիտութեան ոչճանաչողական դիրքաւորման կը պատկանի՝ յուզապաշտութիւնը (Emotivism), որ կը կրէ վերլուծական փիլիսոփայութեան (Analytic Philosophy) եւ դրապաշտութեան (Positivism) զոյգ ազդեցութիւնները։

Յուզապաշտութեան մէջ, բարոյական արտայայտութիւնները, ոչ միայն նպատակային արժէքներ կը ներկայացնեն, այլ նաեւ՝ զգացումներ, որոնց ճամբով կարելի է ուրիշներու վրայ ազդել կամ զանոնք համոզել։

Բրիտանացի բարոյագէտփիլիսոփայ Այէր (Alfred Jules Ayer, 1910 1989 թ. ) կը բերէ հետեւեալ օրինակը. - «դուն անարդարութիւն ըրիր, երբ դրամ գողցար» եւ «դուն դրամ գողցար» արտայայտութիւններու տարբերութիւնը ինծի համար այն է, որ առաջինին մէջ ես կը յայտնեմ նաեւ իմ վրդովումը եւ կը պախարակեմ խնդրոյ առարկայ անձը։ Ես կրնամ սակայն երկրորդ արտայայտութիւնն ալ այնպիսի՛ հնչականութեամբ ու շեշտաւորումով արտասանել, որ նոյն պախարակելի իմաստը տայ։

Անշուշտ կարելի է քննադատել յուզապաշտութիւնը, որ ուրիշներ համոզելու համար, զգացումներու իւրայատուկ ճամբով անոնց վրայ կ՚ազդէ։ Այս պարագային, յուզապաշտութիւնը, իրականութեան մէջ, նախ տուեալ արտայայտութեան սխալականութեան, ճիշդ կամ սխալ ըլլալուն վրայ բան չաւելցներ ապա օգտագործուած զգացական արտայայտութիւնը, ինքնին, պէտք է բարոյական դատողութեան ենթարկուի։

 

Ճանաչողականութիւն

Ճանաչողականութեան համաձայն, բարոյական համոզումներն ու բարոյական իրողութիւնները ճանաչելի են եւ կարելի է ճշդել՝ բարոյական դատողութիւններու սխալականութիւնը, անոնց ճիշդ կամ սխալ ըլլալը։

Յիշեալ բարոյական դատողութիւններու սխալականութիւնը կարելի է ճշդել, նկատի ունենալով հետեւեալ երկու ուղղութիւնները, որոնց մասին էաբանական ոլորտի մէջ խօսուեցաւ արդէն. -

Բարոյական իրապաշտութիւն եւ

Բարոյական հակաիրապաշտութիւն։

Ստորեւ պիտի ներկայացուի՝ մետա - բարոյագիտութեան հիմնական դիր - քաւորումներու կառուցային աղիւսակ մը, ուր ցուցակագրուած են վերոյիշեալ մանրամասնութիւնները։

 


 

   

 

 

ՄԵՏԱ-ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ    Հիմնական Դիրքաւորումներ

 

 

 

 

ճանաչողականութիւն cognitivism

 

ոչճանաչողականութիւն non-cognitivism

   

իրապաշտութիւն              realism

 

հակաիրապաշտութիւն        anti-realism

   

բնապաշտութիւն       naturalism

 

կասկածապաշտութիւն scepticism

ոչբնապաշտութիւն               non-naturalism

 

●գաղափարապաշտութիւն idealism

գերբնապաշտութիւն       super-naturalism

  

 

 

 

Այստեղ դարձեալ յիշատակելու է մետաբարոյագիտութեան ոլորտին մէջ յարուցուած երեք գլխաւոր բանավէճերը. -

Բանավէճ՝ ճանաչողականութեան եւ ոչճանաչողականութեան միջեւ, ուր կ՚արծարծուին նախ բարոյագիտութեան ճանաչելիութեան հարցը ապա բարոյական դատողութիւններու սխալականութեան հարցը։  

Բանավէճ՝ իրապաշտութեան եւ հակաիրապաշտութեան միջեւ, ուր նիւթ կը դառնայ՝ ենթակայական փափաքներէն ու պատկերացումներէն անդին, բարոյական առարկայական իրողութիւններու գոյութեան հարցը։

Բանավէճ՝ բարոյականութեան եւ ապաբարոյականութեան միջեւ, ուր կը քննարկուի ընդհանրապէս բարոյական դիրքաւորում ունենալու հարցը եւ անոր պատճառները։

Եզրակացութիւն

Բարոյագիտութիւնը, մակարդակային տեսակէտէն, կարելի է բաժնել երեքի. - կանոնական, նկարագրական եւ մետաբարոյագիտութիւն։

Մետաբարոյագիտութիւնը, լեզուավերլուծական կամ մեթոդական բնոյթի արտայայտութիւններ սահմանելով, կը նպատակադրէ բարոյականութեան երեւոյթի գիտական ուսումնասիրութիւնը: 20-րդ դարու սկիզբները ծնունդ առած բարոյագիտութեան այս մակարդակը, կոչուած էր դառնալու կանոնական եւ նկարագրական բարոյագիտութեանց գիտական հիմքը։

Մետաբարոյագիտութիւնը ուսումնասիրելու ընթացքին, նկատի կ՚առնուին չորս հիմնական ոլորտներ՝ լեզուավերլուծական, բարոյական համոզումներու, էաբանական եւ իմացաբանական։ Այս չորս, իրարմէ բոլորովին տարբեր ոլորտները, հակառակ իրենց բնագաւառներու եւ ուսումնասիրութեան եղանակներու տարբերութիւններուն, անքակտելի կապով առնչուած են իրարու հետ։ Այլ խօսքով, եթէ բացայայտել ուզենք, թէ բարոյական դատողութիւն մը ի՞նչ կը նշանակէ, հարկ է որ ան քննարկուի վերոյիշեալ չորս ոլորտներու լոյսին տակ եւ իւրաքանչիւր ոլորտի մէջ այնպիսի յարմար պատասխան գտնուի, որ յիշեալ ոլորտներու պատասխաններուն միջեւ հակասութիւն կամ անհամաձայնութիւն տեղի չունենայ։ Այս իմաստով, այն պահանջքը, որ մետաբարոյագիտութեան տեսութիւն մը պէտք է կատարէ, շատ բարձր կը գնահատուի։

Մետաբարոյագիտութիւնը, այլ գիտաճիւղերու օժանդակութեան կողքին, նաեւ իւրայատուկ արժէք ունի։ Ի վերջոյ, եթէ մենք հասկնալ ուզենք, թէ ի՞նչ է բարոյականութիւնը կամ եթէ գիտնալ ուզենք, թէ մարդկային հիմնական յատկանիշներէն մէկը, անոր բարոյական ձեւով մտածելու ու վարուելու կարողութիւնը ի՞նչ բանի մէջ կը կայանան, այն ատեն պէտք է դիմենք մետաբարոյագիտութեան չորս ոլորտներուն։ Այս իմաստով ան կը դառնայ բնական մէկ մասը՝ փիլիսոփայական մարդաբանութեան։