ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մաս 6  

 

 

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Critique of Ethics

 

 

Ի՞նչ է բարոյականութեան   քննադատութիւնը   կամ   բարոյաքննադատութիւնը։ Եւ ես, որպէս անհատ, ընդհանրապէս, պէ՞տք է բարոյական վարմունք կամ վերաբերմունք ունենամ եւ բարոյական կանոններն ու արժէքները ընդունիմ։

Բարոյականութեան քննադատութիւնը փիլիսոփայական բարոյագիտութեան ոլորտէն ներս, թէ՛ բարոյագիտութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին, եւ թէ՛ մետաբարոյագիտութեան կամ բարոյագիտութեան հիմնաւորման ու տեսութիւններու մշակման գործընթացին մէջ մեծ դեր ու կարեւորութիւն ունեցած է եւ ունի։

Նախ անդրադառնալու է հայերէն քննադատութիւն բառին, որ առաջին հերթին, ինչպէս օգտագործուած է գերման փիլիսոփայ Իմմանուէլ Կանտի կողմէ, կը նշանակէ՝ «քննել ու դատել» իր դրական եւ բացասական իմաստներով։ Այսուհանդերձ, գրեթէ բոլոր լեզուներու մէջ, քննադատութիւն եզրի պարագային, բացասական իմաստն է գերակշռողը։

Եւրոպական կարգ մը լեզուներու մէջ քննադատութիւն (ֆրնս. եւ անգլ. ՝ Critique, գերմ. ՝ Kritik) եզրի ծագումը կու գայ յունարէն „kritikê“ եզրէն, որ զանազանելու ու բաժնելու իմաստը կու տայ։

Քննադատութիւնը կարելի է բնորոշել, որպէս մտածող - դատող բանականութեան հիմնական գործ ու պաշտօն։ Փիլիսոփայութեան կողքին, քննադատութիւնը առկայ է նաեւ ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, քաղաքականութեան եւ զանազան այլ ոլորտներէ ներս։ 

Բարոյաքննադատութեան ոլորտէն ներս, հարկ է նկատի ունենալ հետեւեալ գործօն ազդակները. -

Նախ, անհատի անձնական տէսակէտը իր իւրայատուկ դերը կը կատարէ եւ որ կը բացայայտուի ենթակայականութեամբ ( [1] ) (Subjectivity), որ իր կարգին, դատումի մը կամ իրի մը, պատահարի մը կամ իրավիճակի մը ենթակայէն կախեալ ըլլալն է։ Այստեղ անհատը (ենթական) կը ներկայանայ, որպէս ինքնագիտակից, ճանչցող եւ գործօն «ես»ը, ինչպէս յիշուած է «Բարոյագիտութեան Հիմնական Հասկացութիւններ»ու յատուկ բաժնին մէջ։ Այլ խօսքով, անհատի բանականութիւնը եւ ինքնավարութիւնը (կամ ազատութիւնը) զինք կը մղեն քննարկելու եւ քննադատելու բարոյական կանոններն ու արժէքները։

Ենթակայականութեան կը հակադրուի առարկայականութիւնը ( [2] ) (Objec-tivity), որ դատումի մը կամ իրի մը, պատահարի մը կամ իրավիճակի մը ենթակայէն անկախ ըլլալն է, ինչպէս յիշուած է «Բարոյագիտութեան Հիմնական Հասկացութիւններ»ու յատուկ բաժնին մէջ։ Այս իմաստով, բարոյաքննադատութեան ատեն, կարելի եղած չափով, հարցերուն առարկայական մօտեցում ցուցաբերելու է։

Ապա, եթէ նկատի առնուին բարոյագիտութեան հիմնաւորման հարցերը, կը բացայայտուի բարոյագիտական յարաբերապաշտութիւն [3] (Relativism) մը, որ փիլիսոփայութեան ու բարոյագիտութեան պատմութեան ընկերակցող գլխաւոր հարցերէն մէկը եղած է։ Այս հարցը երեւան կ՚ելլէ, երբ ընկերութեան մը մէջ ընդունուած բարոյական կանոնները եւ արժէքները, զանազան պատճառներով, հարցական կը դառնան եւ մարդիկ այդ բարոյական կանոններն ու արժէքները կը զննեն ու, կասկածապաշտութեամբ (Scepticism) մը, կը փորձեն անոնց ետին փնտռել թաքնուած նպատակներ։ Այս պարագային, բնականաբար, ընդունուած բարոյական կանոններն ու արժէքները վնաս կրելով յարաբերական կը դառնան եւ անկումի կը դատապարտուին։

Վերջաւորութեան, հարկ է նկատի առնել նաեւ բարոյականութեան հանդէպ ա՛յն ծայրայեղ դիրքաւորումը, որ ընդհանրապէս բացասական ու մերժողական է։ Այլ խօսքով, եթէ մէկ կողմէն կան բարոյախօսներ կամ մորալիստներ (Moralist), որոնք կը ջատագովեն բարոյականութիւնը, միւս կողմէն կան նաեւ բարոյականութեան ընդդիմադիրներ, ամորալիստներ (Amoralist), զորս կարելի է, հայերէնով, ապաբարոյախօսներ կոչել։ 

 

Փիլիսոփայութեան պատմութեան սերտողութեան ընթացքին, կարելի է բարոյականութեան քննադատութեան հետեւեալ չորս եղանակները յայտնաբերել. -

« Բ արոյագիտական յարաբերապաշտութ իւ ն»

«Բարոյականութեան նպատակի դիմակազերծում»,

«Նիցշէի բարոյաքննադատութիւն» եւ

«Ծայրայեղ բարոյաքննադատութիւն»,

որոնց մասին հարկ է յաջորդաբար անդրադառնալ։

 

1. - Բարոյագիտական յարաբերապաշտութիւն

Բարոյագիտական յարաբերապաշտութիւնը (Ethical Relativism) փիլիսոփայական տեսութիւն մըն է, որուն համաձայն չկայ ընդհանուր եւ բացարձակ իմացութիւն եւ ամէն ինչ յարաբերական է։ Այս տեսութեան համաձայն չկան նաեւ ընդհանուր եւ բացարձակ բարոյական արժէքներ։

Արդէն յիշուեցաւ, որ յարաբերապաշտութեան գլխաւոր պատճառը կը կայանայ տարբեր երկիրներու ու մշակոյթներու նոյն հարցերուն հանդէպ ունեցած տարբեր դիրքաւորումներուն մէջ։

Հնադարեան ժամանակներէն ի վեր, տարբերութիւններու այս վիճելի հարցը յաճախ արծարծուած է։ Յոյն պատմահայր Հերոդոտոս (Herodotus, յուն. ` Hêrodotos, 484 424 մ. թ. ա. ), օրինակի համար, իր երկերուն մէջ կը յիշէ մահացածներուն հանդէպ ունեցած տարբեր երկիրներու տարբեր սովորութիւնները (օրինակ Հնդկաստանի մէջ՝ մահացածներու այրումը, իսկ Յունաստանի մէջ` անոնց թաղումը, եւայլն…), եւ կ՚աւելցնէ որ որեւէ մշակոյթ պատրաստ չէ այս առնչութեամբ իր հիմնական սովորութիւնները փոխել կամ զիջողութիւններ կատարել։ Յոյն դասական փիլիսոփայ Արիստոտէլ (Aristotle, յուն. ՝ Aristotélês, 384 322 մ. թ. ա. ) եւս, իր նշանաւոր «Նիկոմախոսի Բարոյագիտութիւն» երկին մէջ, կը մատնանշէ մասնաւորաբար «բարիի ու արդարի» վերաբերեալ տարբերութիւնները, թէ՛ անհատներու միջեւ եւ թէ՛ տարբեր ժողովուրդներու ու պետութիւններու պարագային։

Այս իմաստով, եթէ արարք մը, օրինակ, բարոյականօրէն՝ բարի, արդար կամ ճիշդ կը կոչուի, ան ի զօրու կրնայ ըլլալ որոշ անհատի կամ որոշ ընկերութեան մը համար եւ որոշ օրինաչափի մը համաձայն։ Այսինքն՝ նոյն արարքը կրնայ այլ անհատի կամ այլ ընկերութեան մօտ եւ այլ օրինաչափի համաձայն բոլորովին տարբեր ընկալում ունենալ եւ տարբեր եզրակացութեան մը յանգիլ։

Եթէ զանազան մշակոյթներու աշխարհահայացքի տարբերութիւնները, յարաբերական նկատելով, ընդունինք եւ նոյնիսկ իրաւահաւասար նկատենք զանոնք, կը ցուցաբերենք գնահատելի հանդուրժողութիւն մը, որ ինքնին ընկերաբարոյական առաքինութիւն մըն է։ Այլ անհատներու կամ խմբակցութիւններու բարոյական արժէքներուն հանդէպ հանդուրժողութիւն (անգլ. ՝ Toleration, գերմ. ՝ Toleranz) կամ համբերատարութիւն (անգլ. ՝ Endurance, գերմ. ՝ Duldsamkeit) ցուցաբերելը, սակայն, չի նշանակեր, որ մենք պէտք է բոլորովին հրաժարինք սեփական բարոյական հիմնական արժէքներէն։ Այս հարցին մէջ, սակայն, որոշ դժուարութեան կը բախինք, երբ ուզենք մեր հանդուրժողութեան սահմանը որոշել եւ անհատներու կամ ընկերութիւններու միջեւ տարբերութիւններու պատճառով յառաջացած ընդհարում մը կանխել կամ մեղմել։

Հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն, գրեթէ բոլոր մշակոյթներու մօտ կարելի է հաստատել նաեւ բարոյական կանոններու եւ արժէքներու նմանութիւններ։ Ամենուրեք դրական գնահատանք կը ստանան, օրինակ, Պլատոնի չորս գլխաւոր առաքինութիւնները (իմաստութիւն, արիութիւն, չափաւորութիւն եւ արդարութիւն) կամ հնագոյն պատմութենէն հանրածանօթ՝ Ոսկեայ կանոնը («Ինչ որ չես ուզեր որ քեզի ընեն, դուն ալ այդ ուրիշներուն մի՛ ըներ»), ինչպէս նաեւ բացասականօրէն կ՚ընկալուին սպանութիւնը, ստախօսութիւնը եւ այլ մոլութիւնները։

Արդ, եթէ նկատի առնենք միջմշակութային ընդհանրութիւնները, այլ խօսքով՝ ընդունուած միացեալ բարոյական արժէքները, հարկ է կտրականապէս մերժել բարոյագիտական յարաբերապաշտութիւնը եւ պայծառ լաւատեսութեամբ մը հաստատել, որ տարբեր մշակոյթներու բարոյական հիմնական կանոնները եւ դրական արժէքները, լայնօրէն, համաձայնութիւն մը կը յայտնաբերեն։

 

2. - Բարոյականութեան նպատակի դիմակազերծում

Բարոյականութեան քննադատութեան ոլորտին մէջ, տարածուած երկրորդ եղանակը «բարոյականութեան նպատակի դիմակազերծում»ն է։ Այլ խօսքով, բարոյական կանոններու կամ պատուէրներու մէջ հակասութիւն մը տեսնել, յայտնաբերելով անոնց ետին թաքնուած նպատակներու իսկական արժէքը։

Կարելի է, քննադատութեան այս եղանակը պարզաբանող, բազմաթիւ օրինակներ բերել՝ փիլիսոփայութեան եւ բարոյագիտութեան պատմութեան հնադարեան ժամանակներէն սկսեալ. -

Օրինակ, Հին Յունաստանի մէջ, կրօնական - բարոյական պատուէրներու որպէս հիմք ընդունուած էր աստուածներու երբեմն ծայրայեղ նախանձը։ Այսինքն՝ մարդիկ պէտք է կրօնականբարոյական պատուէրները անպայման կատարէին, այլապէս անոնք, իբր թէ կրնային ենթարկուիլ աստուածներու նախանձին ու բարկութեան արդիւնք հանդիսացող զանազան պատիժներու։ 

Այլ օրինակ մըն է արդարադատութեան գաղափարը, որ իբր թէ շատ աւելի պատշաճ է ուժեղին կամ զօրաւորին։ Նպատակի դիմակազերծումը, սակայն, կը յայտնաբերէ, որ այս գաղափարի ետին թաքնուած իսկական նպատակը, իշխող դասակարգի եսասիրութիւնն է (Egoism, ինչպէս կը ներկայացնէ Պլատոն, իր «Պետութիւն» երկին մէջ „Politea“, հոն՝ էջ 338 սոփեստ Թրասիւմաքոսի օրինակով)։

Այս վերջինին հակադրութիւնն է՝ տկարներու յիշաչարութեան օրինակը, երբ տկարները իրենց խեղճութեան զգացումով, իբր թէ քինապահ կամ ոխակալ կը դառնան, սակայն անոնք խորապէս համոզուած են, որ «աւելի լաւ է անարդարութիւն կրելը, քան՝ անարդարութիւն գործելը» (ինչպէս կը ներկայացնէ Պլատոն, իր «Գորգիաս» երկին մէջ „Gorgias“, հոն՝ էջ 482 սոփեստ Կալլիկլէսի օրինակով)։

Մանաւանդ վերջին երկու օրինակները կը յայտնաբերեն զօրաւորի ու տկարի, գերադասի ու ստորադասի, տիրոջ ու ստրուկի տարբերութիւնները եւ անոնց մօտ՝ բարոյական ու անբարոյական արարքը կամ վերաբերմունքը։ Որպէս բարոյագիտական նիւթ, վերոյիշեալ հնադարեան օրինակները ի զօրու եղած են բոլոր ժամանակներու ընթացքին եւ անոնք, նաեւ այսօ՛ր, կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը։

Այս իմաստով, բարոյականութեան նպատակի դիմակազերծումը կը մտադրէ պարզաբանում կամ լուսաբանութիւն մը, որպէսզի մարդիկ իրականութեան գիտակցին եւ կարելի եղած չափով ազատին իրենց քաղաքական, կրօնական ու ընկերային զանազան պատրանքներէն, ինչպէս նաեւ աւելորդապաշտութիւններէն կամ սնահաւատութիւններէն (անգլ. ՝ Superstition, գերմ. ՝ Aberglaube)։

Բարոյականութեան նպատակի դիմակազերծման այս միջոցով, սխալ հիմք ունեցող կարգ մը բարոյական պարտաւորութիւններէն ձերբազատումը, տեղի կ՚ունենայ նոյնինքն բարոյականութեան անունով։ Այլ խօսքով, բարոյականութեան քննադատութեան այս եղանակը, ինքնին, բարոյական արարք մը կը դառնայ։

 

3. - Բարոյաքննադատութիւն ըստ Նիցշէի

Գերման լեզուաբանփիլիսոփայ Ֆ. Նիցշէ ( Friedrich Nietzsche, 1844 1900 թ. ), որպէս բարոյականութեան սրամիտ քննադատ, փիլիսոփայութեան ոլորտէն ներս հանրածանօթ անուն մըն է։ Նիցշէի հիմնական բարոյաքննադատութիւնը կարելի է բաժնել երկու եղանակներու. - առաջինը՝ նոյնինքն վերոյիշեալ «Բարոյականութեան նպատակի դիմակազերծում»ն է. իսկ երկրորդը՝ «Վերարժեւորում՝ բոլոր արժէքներու» գաղափարը։

Բարոյականութեան նպատակի դիմակազերծում,

որ ինչպէս տեսանք, բարոյական կանոններու կամ պատուէրներու հակասութիւնն է, յայտնաբերելով անոնց ետին թաքնուած նպատակներու իսկական արժէքը։

Վերարժեւորում՝ բոլոր արժէքներու

(գերմ. ՝ Umwertung aller Werte, անգլ. ` Transvaluation of all values) գաղափարը երբեք չի նշանակեր բարոյական արժէքներու արժէքազրկում կամ արժէքաբեկում, այլ՝ արժէքային նոր հիմքի մը վրայ յառաջացած արժէքներու փոփոխութիւնը կամ վերարժեւորումը։ 

Նիցշէ, իր բարոյաքննադատութիւնը ընդհանրապէս եւ «Վերարժեւորում՝ բոլոր արժէքներու» գաղափարը մասնաւորաբար, կը բացայայտէ «Տիրոջ բարոյականութիւն»ը եւ «Ստրուկի բարոյականութիւն»ը հակադրութեամբ։ 

Նիցշէի համաձայն, տէրը այն զօրաւոր, իշխող, յաղթող ու երեւելի անձնաւորութիւնն է, որ կեանքի հանդէպ դրական մօտեցում ունի. ինչ որ իրեն կը յարմարի, որպէս լաւ ու բարի, կ՚ընդունի իսկ ինչ որ իրեն չի յարմարիր, որպէս վատ ու չար, կը մերժէ։ Տիրոջ այս կերպարի հակադրութիւնն է ստրուկը, որ տկար, խեղճ, պարտուող ու արհամարհելի է։ Ստրուկները, յիշաչարութեամբ կ՚ատեն իրենց հակադիր կերպարը եւ իրենց կեանքի իմաստը կը փնտռեն երեւակայական աշխարհի մը ու անդենական արժէքներու մէջ։ Այս իմաստով, Նիցշէ, Քրիստոնէութեան մէջ կը գտնէ ստրուկի կերպարին նպաստող ազդակներ, ինչպէս կարեկցութիւնը եւ մերձաւորի սէրը։

Կարեկցութիւնը եւ մերձաւորի սէրը, ինչպէս քրիստոնէական հասկացողութեամբ դրական յատկանիշներ են, նոյնպէս գերման փիլիսոփայ Ա. Շոպենհաուր, իր «Զգացումի բարոյագիտութիւն»ը ( [4] ) (Moral Sense Theory), կը հիմնաւորէ կարեկցութեան (գերմ. ՝ Mitleid, անգլ. ՝ Compassion) զգացումին վրայ։ Նիցշէի տեսակէտը, սակայն, բոլորովին տարբեր է։ Նիցշէի համաձայն, կարեկցութիւնը ստեղծագործ կամքին հակառակ ըլլալով, կը ներկայանայ որպէս բացասական յատկանիշ եւ նոյնիսկ՝ վտանգաւոր, որովհետեւ կարեկցութիւն տածելով, տկարը աւելի՛ կը տկարանայ։ Այս պատճառով, ըստ Նիցշէի, պէտք է յաղթահարուին եւ ոչնչացուին կարեկցութիւնը եւ ասոր նման բացասական յատկանիշները։

Նիցշէի բարոյաքննադատութիւնը, սակայն, լոկ բարոյականութեան նպատակի դիմակազերծում մը չէ, այլեւ աւելին՝ արժէքներու արժէքափոխում մը կամ անոնց վերարժեւորումն է։ Այլ խօսքով, եթէ Նիցշէ մէկ կողմէն կը քննադատէ կարգ մը բարոյական կանոններն ու պատուէրները, յայտնաբերելով անոնց ետին թաքնուած նպատակներու իսկական արժէքը եւ կը պահանջէ անոնց յաղթահարումն ու ոչնչացումը, միւս կողմէն սակայն կը քննադատէ նաեւ հակոտնեայ Ոչնչապաշտութիւնը ( [5] ) (Nihilism), որ ընդհանուր առմամբ կը ժխտէ գոյութիւնը, իմացութիւնը եւ բարոյական ու դրական բոլոր արժէքները։ Նիցշէ, արժէքային նոր հիմքի մը վրայ՝ կեանքի նոր հորիզոններ կը բանայ։ Այլ խօսքով, վերարժեւորումէն ետք չի յառաջանար ոչնչապաշտութիւն մը, այլ կը յառաջանան բարոյական դրական նոր արժէքներ, որոնք կը բխին մարդկային ազատութեան բնազդէն, զոր Նիցշէ կը կոչէ՝ «կամք առ իշխանութիւն» (գերմ. ՝ Wille zur Macht, անգլ. ՝ Will to Power)։

 

4. - Ծայրայեղ բարոյաքննադատութիւն    

Կարգ մը փիլիսոփաներ, աւելի յառաջ երթալով, բարոյականութեան քննադատութիւնը կը հասցնեն իր բացասական ծայրայեղ վիճակին, բոլորովին կը մերժեն բարոյական կանոններն ու արժէքները եւ նոյնիսկ կը զգուշացնեն բարոյականութենէն։

Ծայրայեղ բարոյաքննադատներ կարելի է նկատել գերման ընկերաբան - փիլիսոփաներ՝ Ն. Լուման (Niklas Luhmann, 1917 1998 թ. ) եւ Ա. Գելէն (Arnold Gehlen, 1904 1976 թ. ), ինչպէս նաեւ ֆրանսացի բարոյախօս - գրող Ֆ. Լա Ռոշֆուկօ (François de La Rochefoucauld, 1613 1680 թ.

Լուման եւ Գելէն, նաեւ նկատի կ՚առնեն բարոյական զանազան տեսակէտներու միջեւ յառաջանալիք, բռնութեան ատակ վէճերու ծագումը կամ անոնց սրումը։

Լուման, աւելի յառաջ երթալով, ոչ միայն բարոյականութիւնը խնդրայարոյց կը նկատէ, այլ նաեւ՝ բոլորովին անօգուտ։ Իսկ բարոյագիտութիւնը կը դատապարտէ, որովհետեւ իր կարծիքով ան չի բացայայտէր բարոյականութեան անօգուտ ըլլալը։

Գելէն, իր «Բարոյականութիւն եւ գերբարոյականութիւն» (գերմ. բնագիր՝ „Moral und Hypermoral“, 1969 թ. ) երկին մէջ, խստիւ կը զգուշացնէ գերակշռող բարոյականութենէն։ 

Որպէս քննադատութիւն, հարկ է յիշել, որ Ն. Լումանի եւ Ա. Գելէնի մատնանշած սուր բանավէճի այս հակումը, սակայն, բարոյագիտութենէն աւելի յատուկ է ծայրայեղական դիրքաւորում ունեցող կարգ մը կրօններու ու ցեղերու կամ ծայրայեղական ազգայնամոլ պետութիւններու։ Ասոր կողքին, ինչպէս տեսանք, ընկերաբարոյական առաքինութիւն նկատուող հանդուրժողականութիւնը, իր կարգին, կու գայ մեղմել կամ նոյնիսկ չքացնել այդ բանավէճերը, մանաւանդ երբ հարցը տեղի կ՚ունենայ իրաւական պետութեան մը սահմաններէն ներս։

Ֆրանսացի Լա Ռոշֆուկօ, իր բարոյաքննադատութիւնը կը ներկայացնէ իր գլխաւոր երկին մէջ, որ հրատարակուած է 1665 թուականին. - «Մաքսիմներ եւ բարոյախօսական խորհրդածութիւններ» (ֆրնս. բնագիր՝ Maximes et Réflexions morales “)։ Ծայրայեղական Լա Ռոշֆուկոյի համաձայն, բոլոր ընդունուած առաքինութիւնները, իրականութեան մէջ, քօղարկուած մոլութիւններ են։

Եթէ պահ մը նկատի ունենանք, որ գործնական գետնի վրայ կրնան նաեւ քօղարկուած մոլութիւններ գոյութիւն ունենալ, այսուհանդերձ կան բազմաթիւ բոլորին կողմէ ընդունուած կամ լայն ընդհանրացում ունեցող ճշմարիտ առաքինութիւններ եւս։

Եզրակացութիւն

Ինչպէս փիլիսոփայութեան մէջ ընդհանրապէս, նաեւ բարոյագիտութեան ոլորտէն ներս, գիտական հիմքի վրայ հիմնուած, շինիչ քննադատութիւնը՝ ընդհանրացած, ընդունուած ու ողջունելի է։ Նաեւ բարոյագիտութեան հիմնաւորման քննարկման ատեն յիշեցինք (տե՛ս էջ 134), որ բարոյական համոզումներու եւ սկզբունքներու հանդէպ՝ քննադատութեան կարելիութիւնը բաղձալի առաւելութիւն մըն է։ Այս իմաստով, բարոյագիտութեան հիմնաւորման ծրագրին մէջ պէտք է անպայման առկայ ըլլան՝ կասկածապաշտութեան (սկեպտիկութեան), յարաբերապաշտութեան (Relativism), ոչնչապաշտութեան (Nihilism) եւ առհասարակ ոչհամոզիչ հիմնաւորման հանդէպ՝ մերժման կարելիութիւնները։

Բարոյականութեան քննադատութիւնը, որքան որ ենթակայականութեան (Subjectivity) ազդեցութեան տակ կը գտնուի, կարելի եղած չափով, սակայն, պէտք է պահէ իր առարկայականութիւնը (Objectivity), որու կողքին յիշարժան է նաեւ ինքնաքննադատութեան (անգլ. ՝ Self-criticism, գերմ. ՝ Selbstkritik) կիրարկումը։

 

 

 

 

 

 

 


 



( [1] )  Ենթակայականութիւն (Subjectivity) հասկացութեան մասին, տե՛ս Մաս 9, էջ 437։

( [2] ) Առարկայականութիւն (Objectivity) հասկացութեան մասին, տե՛ս Մաս 9, էջ 382։

( [3] ) Յարաբերապաշտութիւն (Relativism) հասկացութեան մասին, տե՛ս Բարոյագիտութեան Հիմնաւորումը՝ Մաս 4, էջ 138 եւ Մաս 6, էջ 229։

( [4] ) Զգացումի բարոյագիտութիւն (Moral Sense Theory) տեսութեան մասին, տե՛ս Մաս 5, էջ 204։

( [5] ) Ոչնչապաշտութիւն (Nihilism) հասկացութեան մասին տե՛ս Մաս 9, էջ 508։