Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
Թ.

Յունվար…

Անփառունակ Ծնունդ մը։

Այսօր երբ եկեղեցիները լոյսով, խունկով կ’ողողուին ու կը լեցուին հաւատացեալներու հոծութեամբ հոս թափուր է ամէն բան։

Ինծի համար սակայն խորհրդաւոր է այս առտուն, հարիւրաւոր տարիներ առաջ կատարուած մարդեղութեան դրուագները կարծես անգամ մըն ալ պիտի կրկնուին, իրենց հնամենի իսկութեամբ. կը կարծեմ լսել քերոբէներու թեւին մեղմ թափահարումը, դաշն ալէլուներու հետ։

Մանկութեանս օրերէն ի վեր սպասած եմ ծիրանազգեստ ու թանկ քարերու տակ պսպղուն ալեւոր մոգերուն, բայց կա՞յ լուսաւոր մը՝ որ զիրենք հոս առաջնորդէ. մեր երկինքը մութ է միշտ…

Ծնունդը կեանքի կայծ մը կը հրահրէ մէջս, եւ երբ ներս մտայ եկեղեցիէն՝ հակառակ ցրտասառոյց մթնոլորտին ու ամայութեան, հրապոյր մը, վերածնած բան մը գտայ հոն։

Սեղանի նկարը՝ որ Յիսուսի ծնունդը կը ներկայացնէ, խանդաղատանք տուաւ ինձ. կարծեցի թէ իր խանձարուրքին մէջ Աստուածորդւոյն մերկ այլ գրգալի մարմինը ջերմութիւն կը շնչէր ու մայրը՝ մեղմօրէն վայրահակ, նրբօրէն կը ժպտէր իր կապոյտ սաւանին տակէն։ Անոնց ետեւ էր Յովսէփը՝ ճաղատ, տառապագին ու խոր դիմագծերով։ Հոն գառնուկ մը դունչը կ’երկարէր մանկան ոտքերուն ու եզի մը լայն ռունգերը խանձարուրը կը հոտոտէին։ Հեռուն անհրապոյր արահետի մը մէջէն, լեղակագոյն երկնքի մը դեղնալոյս աստղը կ’առաջնորդէր մոգերը։

Երկարօրէն դիտեցի անծանօթ վարպետին այդ նախնական գործը։ Թերեւս յաջող նկար մը չէ, գոյնի նուազութիւն կայ կարծեմ, գծագրութիւնն ալ գէշ, բայց զգացումը կատարեալ է։ Յետոյ արուեստագէտին գործը կ’ամբողջանար իմ իսկ զգացումներուս թելադրութեամբ, որովհետեւ օրուան ներշնչումները սաստիկ էին։

Բաւական ատեն յառած մնացի։ Մէկէն ծաւալող բոյրի մը ազդեցութեան տակ դարձայ դէպի ուրիշ նկարներու, ծխացող բուրվառ չի կար տաճարին մէջ, զգայութեան պատրանք մըն էր ունեցածս։ Նստայ՝ քիչ յետոյ լռութեան մէջ միտքս կ’արծարծէր սա բառերը.

Ծնա՜ւ նոր Արքայ…

Ու ես անկամ սուզուեցայ սա մտածման մէջ, ե՞րբ պիտի գայ Ծնունդը մարդկային բարօրանքին ու մանաւանդ ո՞ւր էր մեր Ծնունդը։

Դարեր առաջ՝ երկրի վրայ խաղաղութիւնը կ’իջնէր, մարդոց մէջ հաճութիւն. այլ չի դադրեցան պատերազմներուն աւերը, ոխութեանց անսանձ թափը. երակներու մէջ արիւն չի մնար ու գերիվար ազգերուն առջեւ կը ցցուի միշտ սուսերամերկ բռնութիւնը, վայրագ հրոսակներու թուքը տակաւին կ’աղարտէ վաստակաւորին ճակատը ու ինչո՞ւ Հայուն տառապանքը ասանկ յաւերժացաւ։

Ըմբոստ էին այս մտածումները գիտեմ ու անյարմար դիրքիս, ինչպէս միջավայրին, բայց արգիլել չի կրցայ։

Երբ համառօտ արարողութիւնը լրացուց եկեղեցին, Վանքի ցանցառ բնակչութիւնը մեկնեցաւ։ Ամէնէն վերջ Շուշանն ու իր մայրը դուրս ելան. դիտեցի անոնց հեռանալը ու յոռետես խորհրդածութիւններուս մէջ՝ այդ աղջկան տեսիլը սփոփեց զիս…

Եկեղեցւոյն դրան առջեւ կանգ առի դիտելու համար տատրակներուն կերակրուիլը. ծառաներէն մին փշրանք կը նետէր ձիւնին վրայ ու մինչ անասնիկներուն տոտիկը աստղաձեւ ծաղիկներ կը յօրինէր սպիտակութեան մէջ, ես ձեռքիս գաւազանով՝ անզգալաբար շարժեր եմ կակուղ ձիւնը։

Երբ անդրադարձայ շարժումիս՝ ապշահար տեսայ թէ Շուշան գրեր էի։

Անսպասելին էր ատիկա, խառնեցի ձիւնը, աճապարանքով սենեակ ելայ. տրտմութիւնս սովորականէն ծանր թուեցաւ ինձ. վիճելու, կռուելու, ձեռքս անցածները գետին զարնելու անսովոր փափագի մը անձնատուր եղայ…

Քիչ յետոյ որբերը կ’երգէին.

Գարուն կուգայ, վարդեր բացուին

Դաշտերու մէջ՝ ի ծոց հովտին։

. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .

Այսօր Ծնունդ է։

Այս տողերը գրած պահուս նորէն որբերը կ’երգեն. կարծեմ միշտ նոյն երգն է…

Դուրսը մրրիկ կայ. ամէն կողմ սառնամանիքը կ’իշխէ, անշուշտ գարունը պիտի գայ. այլ ե՞րբ պիտի գայ գարունը քեզի իր վարդերովն Արտակ…