Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԺԷ.

Ապրիլ . . .

Եղիազարին քով միայն մխիթարութիւն կրնամ գտնել պահ մը։ Քանի մը խօսքով փարատեց թոքախտի մասին սնուցած կասկածներս։

Թերեւս ծածկեց բուն իսկ իր մտածումը, հետեւաբար ճշմարտութիւնը, բայց իր խօսքերը այնքան հայրական են, ազնիւ որ չեմ կրնար ախորժ չզգալ։ Անդրադարձաւ նաեւ շփոթ եւ մտազբաղ վիճակիս, ատիկա հիւանդութեանս հետեւութիւնը համարեց, բայց ժպիտ մըն ալ տեսայ դէմքին վրայ, իրեն համար անսովոր էր այդ ժպիտը։

Արդեօք գուշակա՞ծ է հոգւոյս մէջ աճող հզօր զգացման էութիւնը։ Թափանցող է Եղիազարը, բայց կանուխ է իմանալու համար իմ մէջ սնող՝ փափուկ ու թաղծադէմ մանուկը, ան չի կրնար տակաւին տեսած ըլլալ բոցը որ կ’այրէ զիս։

Ուրկէ՞ գուշակէր. տրտմահար եւ տմոյն դէմքէ՞ս, որ մտածումներս արտայայտելու աղէկ գործիք մը չէ. խօսքերէս, ապաքինողի մը մեղմ եւ անոյժ բառերէն ոչինչ կրնայ հետեւցուիլ. թերեւս՝ սեւեռումներէ ու մտախոհ վիճակէս, հիւանդութիւնս եւ անոր թեթեւ շարունակութիւնը՝ հազը, կողի ցաւերս կրնան պարտկել զանոնք։

Կ’երեւայ սիրահարները կասկածոտ կ’ըլլան եւ սովորական վիճակէ մը իսկ պատրաստ՝ զարտուղի հետեւութիւններ հանելու եւ տանջուելու։

Երբեմն Շուշանի պարզ մէկ նայուածքը յուսալ կուտայ ինձ… ի՞նչ բան յուսալ՝ անոր անկարելի համակրանքը, նոյն իսկ սիրտն ունենալու յիմարական երազը։

Երանի՜ Եղիազարին. գրչագրի մը կամ փոքր նկարներու առջեւ կը մոռնայ աշխարհը, անոր յարուցած բոլոր կիրքերէն կը մերկանայ կամ թէ այդ աշխարհը կը դիտէ իմաստասէրի անշահախնդրութեամբ, ինչպէս ես կ’ընէի ապաքինութեանս առաջին օրերուն։

Աշխարհէն ոչին սպասելով, անոր իրերուն մասին իր դատումները ճիշդ են, թէեւ յաճախ զուրկ չեն հին դառնութեան մը տուած խորշոմներէն։

Իր ներքին կեանքը՝ երփնագրութիւնները, գեղագրուած մագաղաթն ու մանրանկար պատկերները կը լեցնեն։

Շիկագոյն մագաղաթի վրայ շինուած Աստուածածնի նկար մը գտեր է խորանին տակ գտնուող գետնափորէն. օրերէ ի վեր այս նկարով կը զբաղի ու Մասունքի մը նման կը գուրգուրայ վրան։ Պատուելու համար զիս, ցոյց տուաւ ինձ զայն՝ մերկացնելով մետաքսեայ մանիշակագոյն թաշկինակէն։

Սիրուն բան մը կ’երեւայ. կապոյտ խորքի մը վրայ Ս. Կոյսը Մանուկը գրկած՝ նստած է գահի մը վրան։ Որդին ժպտելով, աչուկները մօրն է ուղղած, մինչ կիսաբաց շրթները բան մը կ’ըղձան։ Կարմիր ցփսի մը գլխուն, չարաճճի ժպիտով մը կը նայի մայրը տղուն։ Երկու կերպարանքներն ալ ազնուական են. անծանօթ արուեստագէտը ներշնչուած մէկը ըլլալու էր։

Պզտիկ Խաչելութիւն մըն ալ գտեր է. ամպամած, մթին միջոցի մը մէջ ժայռի մը վրան կանգնած է Խաչը՝ իր զոհին մոխրագոյն մարմինով. ցաւագին է ոգեվարող Յիսուսին դէմքը, Խաչին ստորոտը կայ գանկ մը երկու բազկոսկրի մէջտեղ. միշտ նոյն անողոք, անպատկառ քրքիջը կ’ելլէ գանկին խաւար աչքերէն ու փշրուած քանի մը ակռաներու պարապէն։ Ասիկա պատկերին չարաշուք եղերականութիւն մը կուտայ։

Բանի մը զարմացած եմ, վրայ բերաւ Եղիազարը, այս նկարներուն մէջ՝ գոյնը երկրորդական տեղ մը կը բռնէ, դէմքի եւ անդամներու գիծերը անկատար են, ճիշդ չեն, բայց արտայայտութիւննին կատարեալ է։

Վարի եկեղեցին նկարներ կան՝ որ լաւ գծուած են, բայց բնաւ տպաւորութիւն չեն ձգեր. ուրեմն գոյնը եւ գծի ճշդութիւնը չեն որ գործին արժէք կուտան յաճախ հապա զգացումը յատկանշող, ցայտեցնող քանի մը էական գծեր, զորս աչքը տեսնելու եւ ըմբռնելու վարժ ըլլալու է։

Երբ իր ախորժալուր խօսքերը վերջացուց, անգամ մըն ալ նայելով շիկագոյն մագաղաթին վրայ՝ Աստուածածնի ժպիտին մէջ կարծեցի նշմարել Շուշանին ժպիտը բայց՝ Մանուկ-Յիսուսը տրտմեցուց զիս։ Իմ սիրոյ ուժգին այլ անզօր զգացումս էր որ կը վիրաւորուէր, որովհետեւ ես չէի կրնար օր մը հրճուանքն ունենալ իմս եղող կնոջ գրկին մէջ տեսնելու քաղցր մանկիկ մը։

Յանդո՜ւգն մտածում…

Անձկութեամբ նայեցայ Եղիազարին. իր թափանցող եւ ուլունքի պէս կապոյտ աչքերը նորէն կը ժպտէին հայրական ներողամտութեամբ թաւ յօնքերուն տակէն։

Ելայ դուրս սպրդելու, որովհետեւ երջանիկ ծերունին նորէն մխրճուեցաւ գաւազանագրքի մը յաւելուածին մէջ՝ ուր անծանօթ աշուղի մը սիրոյ տաղերը կային։

Բակէն անցնելու ատեն՝ ժամուն դրանը առջեւ Շուշանը տեսայ. քանի մը գառնուկներ զսպել կը ջանար, անասուններէն մին անոր նուրբ մատները կը հոտոտէր։ Կանգ առի, կրելով զգացում մը որ կ’արգիլէ մարդուն իր սիրոյ առարկան վայելել։ Այդ քնքուշ, ոստոստուն, պիսակաւոր գառներուն հանդէպ լեցուեցայ ոխով, իբր թէ անոնք ըլլային իմ ապերջանկութեանս պատճառ։

Ես կ’ատէի գրեթէ անիծելով այդ հէգ անբանները ու մանաւանդ այն մէկը՝ որ Շուշանին մատները կը հոտոտէր. եւ նախանձը կը կրծէր զիս…

Նոյն միջոցին որբերը վանքին մեծ դռնէն ներս թափեցան. մթնշաղն ու զուարթութիւնը կը ծածկէին իրենց անսփոփ, պատառատուն երեւոյթը։ Խաչեր կ’աքացէր Մանասէն։

Վարդապետ, պարտասած կ’երեւիս, կը հեւա՞ս… ինձ մօտենալով վրայ բերաւ Ալեքսանդրը։

Այո՛, հիւանդութենէս վերջ… այսպէս եմ ալ։

Վեր վազեցի։ Հազի բուռն, երկարատեւ նոպայ մը կողերս ցնցեց։

Վեհարանին մէջ՝ Վանահայրը իր տատրակներուն ոտքին մանր ուլունքներ կը կախէր, պարբերաբար համբոյրներ տալով անոնցմէ էգին…

Տխուր չէ՞ այս բոլորը։