Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԻԱ.

Ապրիլ . . .

Զատիկի արձակուրդը արդէն կը վերջանայ եւ ես գոհացում գտած չեմ. ի՞նչ բանով կրնայի գոհ ըլլալ։

Առաջին օրերը քաջալերական թուեցան ինծի. կը յուսայի Շուշանը աւելի մօտէն վայելել, ժամերով խօսիլ իր հետ եւ ո՛վ գիտէ թերեւս բաներ մը ըսել… չըսել բայց հասկցնել։

Այսօր իմ սնանկութիւնս կայ միայն։ Չի կրցայ երկարօրէն խօսիլ հետը. քանի մը բառ ու ահա միշտ վերջացան ըսելիքներս, իբրեւ թէ զրկուած ըլլայի բազմակողմանի ծանօթութիւններէ ու իմ խօսելու փափագս մարած ըլլար առյաւէտ։ Կը կենամ իր մօտ յաճախ, սարսռալի ու տրոփուն սրտով, յիմարութիւններ կ’ըսեմ մէջ ընդ մէջ, անանկ խօսքեր զորս կ’ատեմ, իմ թշնամիներս կը նկատեմ որովհետեւ, սէրս միայն իրմով զբաղիլ կը սիրէ… բայց ինչո՞ւ կը լռէ իր առարկային առաջ։

Շուշան մանկունակ անմեղութեամբ մը պատասխան կուտայ, կարծես գութով լեցուած կը նայի դէմքիս, ու քիչ վերջ տիրող լռութենէն նեղուած կ’երթայ։ Ես կը մնամ քարացած, մտածման բարիքէն զրկուած մարդուն դատարկ ուղեղով։

Բան մը դիտեցի սակայն Շուշանին վրայ, հիմա աւելի մելամաղձոտ է, թէեւ միշտ լուրջ ու երազուն եղած է ան։ Անշուշտ Վանքին ազդեցութիւնն է, այս մենարանին որ բնութեան շքեղ ծոցին մէջ տխուր է, մահահոտ, անցաւորին խոհանքովը յագեցած։

Բնութիւնը իր շքեղանքին մէջ իսկ տրտում է երբ կեանքին երգը չի բարձրանար անոր վրայ։ Եկեղեցին աղբիւրը կ’ըլլայ հաւատքին եւ բարւոյն այն ատեն, երբ մարդկային կեանքը՝ կեանքով կը նուիրագործուի։

Հոս՝ այս գմբէթներն ու շինութիւնները, բակը, շիրմաստանն ու կանաչ դաշտօրէն, զանոնք գրկող կապոյտը, միսթիկ խորհուրդներու նկանակը միայն կուտան ինծի ծամելու։ Ես, ատոր սահմանուած կրօնական երբ կ’ուզեմ նետել ու կոխոտել զայն՝ հապա ի՞նքը արբունքի հասած աղջիկ, գեղանի, առոյգ, ինչո՞ւ չի խորհեր կենսալի քաղաքին ու կրակոտ տղոց վրայ…

Առտուները ժամուն սիւնակապ դրան խորշին մէջն է, տատրակներով զբաղած, իրիկուան դէմ շիրմաքարի մը վրան կը գտնեմ զինք ձեռներէն մին քունքին, մխրճուած երազանքի մը մէջ որ դաշտերուն վրայ կը կորսուի։ Երթամ հարցնելու անոր նիւթը հողին, քարերուն եւ ծառին, ծաղկանց կամ եթերին… ի՞նչ կը խորհի, որո՞ւ վրայ… իմ վրայ թերեւս… չի՞ կրնար ըլլալ։

Երէկ Եղիազարի սենեակէն մեկնելէս վերջ նորէն շիրմաքարի մը վրան նստած գտայ զինքը։

Բարե՜ւ օրիորդ Շուշան…

Բարեւ Հայր Սուրբ։

Ոտքի ելլել փորձեց, չի ձգեցի։

Օրիորդ վերջալո՞յսը կը դիտէք…

Այո՛…

Գեղեցիկ է տեսարանը… աղուոր են դաշտերը, լա՛ւ է պտոյտներ ընել ասանկ օդով…

Այո՛…

Այսչափ։ Հակառակ խօսելու կամքիս պապանձումը կապեց զիս։

Այդ պահուն ամէն բան կը մերժուէր մտքիս, լեզուս կը շարժէի բերնիս մէջ՝ այլ իր շարժումը յօդաւոր ոչինչ կը ծնէր։

Լռութեան վտանգը զգացի. պիտի ձգէի՞ որ թռչունը հեռանար… ինծի համար պատեհութիւններուն վերջինն էր ատ, որովհետեւ արձակուրդի յետին երեկոն էր, որբերը պիտի գային մէկ երկու օրէն։

Սակայն ի՞նչ ըսել. չէի կրնար խօսիլ։ Անկարելի, անկարելի էր սիրոյ օտար եղող մարզերուն վրայ յածիլ։ Իսկ սէրս հապա ինք ինչո՞ւ չի խօսիր վերջալոյսին դէմ երազող այս ծաւի աչքերուն, ինչո՞ւ հովիկի մը փայփայանքովն ու ողոքող մրմունջով չի ըսեր իրեն՝

Կը սիրե՜մ քեզ…

Անշուշտ պիտի ապշէր, շառագունէր ու գահավէժ խուսափէր ճիչով մը որ մատնէր ամէն բան։

Բայց կասեցնել զինք՝ իմ ձեռքս է. այս՝ կասեցնել նայիլ իր աչքերուն մէջ անանկ մը որ սէրս դաշոյնի մը պէս իր սիրտն ալ խրի, եւ խոր ու մռայլ ձայնով մը նորէն կրկնել,

Քեզ կը սիրե՜մ Շուշան…

Յետո՞յ…

Սիրոյ յիմարութիւնը անվախճան չի կրնար ըլլալ, պէտք չէ պարտկել անկարելին, անհունը՝ գծորոշ մարմնոյ մը ու մանր ուղեղի մը խուցին մէջ։

Իմ կիսափուլ շինուածքիս մէջ չեմ կրնար ծածկել սիրոյ հզօր շունչը։

Սակայն բան մը չի կրցայ ըսել ու չպիտի կրնամ երբեք…

Չեմ գիտեր որքան մը մնացինք լուռ, ես կանգնած, գետնամած աչքերով, ձեռնափայտով մը խաղալով գետնի հողերուն հետ, ինք նստած, նայուածքը դէպի գետակը ձգած։ Մէկէն ոտքի ելաւ, սարսռացի, ու ապշահար անգամ մը երեսս նայելէ վերջ գնաց մինչեւ Վանքին երկաթապատ դուռը ծանրաքայլ, անկէ ներս ուժգին փախուստով մը անհետացաւ։

Երկարօրէն ետեւէն նայեցայ. ինձ այնպէս կը թուէր թէ ան միշտ նոյն գահավէժ վազքով կ’երթար այլ չէր հասներ, ու ես իր վախովը լեցուեցայ։

Երբ բիւրեղային թափանցկութեամբ եւ թեթեւօրէն շիկնող երթերին դարձայ քիչ վերջ, բոլոր իրերը անսովոր գեղեցկութեամբ երեւցան ինծի…

Զիլերու դաշն թինդերը կը լեցնէին միջոցը, անդերու հեռաւոր մէկ կէտէն գամբռ մը խռպոտ հաչիւն մը կը նետէր մերթ ընդ մերթ։