Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

 

Բաւ է հաստատել, որ այս դարու սեմին անիկա ուսումնատենչ տղայ մըն էր։ Ունէր, ոճիրէն առաջ, աւարտած այն ատենուան երկրորդական կրթութիւնը, արաբ քերթողութեան բազմաբղետ վէզներովը [1] ու պարսիկ շահնամիներու ահէնկովը [2], գիտութեան, մաթիմաթիքին ու կրօնական ուսումներուն անկարելի, բայց իրական խնամութեամբը, ֆիզիքի փորձերուն եւ նամազի ժամերուն դժուարահաշտ թեքնիքովը։ Բազմաթիւ էջեր քիչ կու գան յատկանիշ գիծերը վեր հանելու այդ խառն ուսումին, աշխարհիկ՝ որքան կրօնական, ազգայնամոլ՝ որքան փոլիթիքոս, ունայն՝ որքան յաւակնոտ։ Թող թուրքերը ընեն ատիկա։ Մեր հերոսէն՝ շահեկանը, անոր գերայոյզ պաշտամունքն էր իրենց պատմութեան, որ, ուրիշներուն ալ հաւաստումովը, հզօր ու ոգեւորիչ միակ դասն էր այդ ուuումին, եղերական իր ելեւէջներովը եւ տրտմակոծ իր անկումներովը, վարագոյրէ վարագոյր, դուք հասկցէք՝ դաշնագրէ դաշնագիր, իր անհուն իրադարձութիւններովը, ու նոր՝ ժամանակներու թերաւարտ Հռովմի մը վայրագ, ընկլուզիչ բանաստեղծութեամբ։

Որ ընդհանուր ուսուցումին դժնդակ չորութեան, անիմաստութեան, բռնավաստակ ձանձրոյթին մէջ, տեսակ մը դժուար հրաշքով դասերուն դասը կ՚ըլլար, ուսուցիչէն՝ ինչպէս ուսանողէն, անկախաբար, երբ իր նիւթին խորհուրդէն ընդքարշուած մարդու մը մատէն, փլփլած ու բազմակնճիռ սեւ տախտակներու վրայ, կաւիճը կը գծէր իր ճերմակ երակները, հաստ, ոլորուն, սկզբնական կլորակէն հետզհետէ ընդլայնող, գրաւուած երկիրներուն ողբ ու կոծին վրայէն, սոնք ու կտրուկ, տանելով մատաղ այդ երեւակայութիւնները ու տակաւին առոյգ բնազդները հսկայական տեսիլքներու ետեւէն, իրարու ետեւէ տապալելով շէն ոստանները, անոնց բնակչութիւնը դիզելով կայսերական ձիարձակարաններու տափակութեան վրայ ու անոնց շղթայապիրկ դիակներուն մէջ - մեռելը ուրիշ բան է, ապահովաբար աւելի գեղեցիկ ու բախտաւոր, քան թուրքին թուրին սպասող աղջիկներու պարը - վազցնելով հսկայական օձերը սուրին ու եաթաղանին, ու լքելով կիներն ու մանուկները, հիմակուան գոյքերուն նման անյագուրդ վայելքին։ Ամէնէն չոր ուսուցիչին իսկ բերանէն ի՞նչ հոյակապ էր «յառաջը», իրենց բառով՝ արշը [3], դէպի սիրտը երեք աշխարհներուն, արիւնի, միսի, հեշտութեան ու ոսկիի երրեակ մեծ գետերէն զգլխուա՜ծ, Դանուբէն ու Եփրատէն եւ անմահ Նեղոսէն։ Հարցուցէք ոեւէ թուրքի իր դպրոցական շրջանէն իր տպաւորութիւնները։ Ձեզի տալիքը ուրիշ քիչ բան է, քան սա արշաւը կաւիճին սլաքովը, սեւ տախտակներու վրայէն։ Ու ահա բացառիկը։ Այդ պատմութեան պարտութիւնները, հեռու՝ ջլատող յուզում ըլլալէ, զսպանակներ էին գալիք յաղթանակներուն։ Ամէն տղայ երդում կ՚ընէր իր երիվարը Դանուբէն ջրելու։ Ու կը հաւատար Գահիրէի պալատին մէջ խօսուող թուրքերէնին գեղեցկութեան։ Միայն անցեալով ոգեւորուող սա պարզամտութիւնը կը զօրանար միւս կողմէ գերմանատիպ մարզանքներով, չոր, խիստ, անխելք ու անխուսափելի, որոնք, երկրորդական ուսման մէջ իբր նախավայելք, կը՝ թունաւորէին տղան անողոք այդ աւիշովը պատերազմիկ ցեղին, զայն պարզելով, պարպելով, այդպէս ճարուած տիկին մէջ զետեղելու համար քանի մը հաստ իրականութիւններ, անծածկելի ընկրկումը վայելչօրէն վարագուրող, մոսկոֆին կործանումը սեւ արծիւէն (Գերմանիա) դէպի Արեւելքը, համիսլամական կրկներեւոյթովը, Սուլթան Սելիմի ասիական քաղաքականութիւնը ու անվրէպ ուխտը, մեծ սրբագրութիւնը սուլթաններու սխալին, մահիկին իշխած հողերուն վրայ խաչին բնաջնջո՜ւմը։ Այս ամէնը, մաուզէրէն [4] ու Քրուբէն անկախաբար, բայց` անոնց հետ։ Ու պատմական անպարագիծ հպարտութիւն: Գերմանական ոգին մորթէն իսկ չանցաւ թուրքերուն։

Գաղտնիք չէ, որ երկրի մը դիմագիծը կը յարդարուի անոր երկրորդական վարժարաններուն մէջ։ Համալսարանը գատրոներ կը պատրաստէ։ Թուրքերուն մօտ այդ վարժարաններուն տէրը եղաւ ծառաներու սերունդ մը «պերեւեթել», ինչպէս պիտի ըսէր մեր գրաբարագէտ գրողներէն մէկը։ Ընթացիկ խօսակցութեան ամէնէն մեծ բառը՝ ծառա՜ն։ Վեհապետին անձնուէր ու ամէն րոպէ աղեղուած այդ ծառայականութիւնը ուղղափառելու։

Էտհէմ պէյ Զատէ Սիւլէյման էֆէնտին, առաջին իսկ տարիէն, Պրուսայի իտատիին [5] մէջ չկրցաւ հաւատարիմ ու օրինակելի էֆէնտի մը մնալ, իր դասերուն կապուած՝ թութակի առաքինութիւններով, ու իր մեծերուն ենթարկուած՝ կրաւոր արժէքներով, ինչպէս էր իր տեսածը վարժարանէն:

Ան զարմացուց, իր անունին պարզութեան վրայ իր յամառութեամբը, ու վիրաւորեց իր մարդահաճ ընկերները, իրենց ածականներուն դէմ բիրտ իր կեցուածքովը։ Միւս կողմէն՝ գեղանձն անոր բխումը, մեղրի կարասի մը նման, իր շուրջը թռիչի հանեց կոյանոցներու մեծփոր ճանճերը, մեղուները։ Զայն պաշարեցին լպրծուն կապերով։ Բայց այդքան։ Անիկա անմատոյց էր՝ որքան ըմբոստ։

Ոզնիի նման, խրտչուն ու փշապատ, դպրոց մտած օրէն, մեկուսացուց ինքզինքը, խստահալած, վայրագ, գեղջուկ այլուրութեամբ մը, մնալով խիստ, աննահանջ պաշտպանողականի մը վրայ, ամէն կիրճերէ։ Ու քաշուեցաւ անիկա ներքին իր սրբարանը, ուր խորագոյն վիշտ մը ու արդար զայրոյթ մը զինքը կ՚ընէին փոխն ի փոխ նկուն, վիրաւոր կամ թեւատարած։ Քիչ ետքը պիտի տրուին ծալքերը սա ներքին տրամին ու դուք կ՚իմանաք, թէ ուրկէ կը բերէր այդ պատանին սա դիւրազգած, աղմկոտ ու քաղաքով չպլշկուած իր զգայնութիւնը։

Ո՛վ թանձրութիւնը պատանիներուն, հաւաքուած՝ Պելճիքայի կրկինին մօտ տարածութեամբ կուսակալութեան մը մեծ ու պզտիկ աւաններէն, ամէն մէկը վարժարան փոխադրելով գռեհկութիւնը իր ծագումին, սոխն ու սխտորը իր տունին, մեղքերը իրենց պապերուն կամ իգութիւնն ու նազանքը իրենց քանի մը մայրերուն։ Իտատիներու գիշերօթիկ, մա՛նաւանդ ձրիավարժ ուսանողութի՜ւնը։ Քով քովի, իր դէմքէն ոչ իսկ տաշեղ մը բան փոխած թաթարին միջակտուր քիթը, հսկայ փողրակներով, եւ՝ նրբենի թրքուհիէ մը ժառանգուած մեղրագոյն աչուկները պետական աւագանիէն խառնածին տղոց, ամբողջ կաթ ու գողտր հրապոյր։ Մորթի, յօնքի, թուշի ու երակի անյարիր այլազանութեամբ։ Դուք հետեւեցէք անդունդներու գիծին, որով այդ տղոց հոգիները կը կապուին իրարու։ Քով քովի մանաւանդ, այսինքն՝ իմացապէս անժառանգ, բայց մեծահարուստ արջուկը էշրաֆի [6] մը, որուն այտերը կրծեր են որդերը, գուցէ օրանին մէջ ու ան միւս մանչուկը, փափկօրէն նօսրացած արիւնէ մը սերած, նահատակ հարիւրապետի մը մինուճար ու սիրուն որբուկը, որ մօրը հնարքներովը հազիւ–հազ կը յաջողի իր պատիւը փախցնել իր գազան հօրմէն, իր գեղեցկութիւնը վտանգի մը պէս զարկած ուսին ու շունչը կ՚առնէ վարժարան, զայն, այդ պատիւը, յանձնելու համար անոր մեծ ու պզտիկ պառականիին ժանիքներուն։ Ու տակաւին ամբողջ ախտաւոր ծաղիկները վատշուէր քաղաքին, էգ ու նենգ, հնարամիտ՝ որքան խելացի, անխիղճ՝ որքան ամենազօր, որոնք պատառ մը իրենց մարմինը գիտեն այնքան թանկ զետեղել, աս ու ան ռազմախաղերով մնալով ցանկայարոյց, անխուսափելի, ըլալով այդ տղոց մէջ ուժ ու կեդրոնը դասարանին, իրենց ծիրին մէջ պտըտցնելով արջերն ու առիւծները, ժպիտով ու չրթունքով, դրամով ու քսութեամբ, պառակտումով եւ իգութեամբ վարելով կեանքը սեղաններուն վրայ։

 

 



[1]         Վէզն - (արաբերէն) չափ (քերթուածի)։

[2]         Ահէնկ - (պարսկերէն) ներդաշնակութիւն, որ թուրք ոտանաւորին ընթերցումը բացառիկ դժուարութեանց կ՚ենթարկէ։

[3]         Արշ յառաջ:

[4]         Մաուզէր - գերմանական բազմահազար հրացան։

[5]         Իտատի երկրորդական վարժարան:

[6]         Էշրաֆ - ականաւոր: