Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

 

Տարիքը, անոր մէջէն մեծ կարելիութեանց արմատները արձակեց ազատ։ Անիկա պիտի աճէր բազուկէն եւ ուղեղէն, ու պիտի յարդարէր իր ճամբան դէպի պետական նուիրագործում։ Թուրք գաւառակներու եւ միջին քաղաքներու ազդեցիկ դասակարգը մեծ մասով կու գայ այս ծագումէն։

Երիտասարդութեան անծրագիր, անկազմակերպ ու խենթուկ արարքներէն ետքը, անիկա պարտաւոր եղաւ մասնաւոր տակտիկա ընդգրկել իր ընդարձակ, մեծ ոճի գործառնութեանց համար, որոնք խորամանկութեան չափ ուժ ալ կը պահանջէին։ Քանի մը նմոյշ պիտի տրուին այդ գիծի ձեռնարկներէն։ Ասոնք անկէ կը խլէին մեծ, ուշադիր աշխատանք։ Ընդհանրապէս անմատոյց կիներու նուաճում, կամ օճախով ու վարկով ծանր կշռող մենծ աղայի մը պատուհասում, եւ կամ արդարադատ, կորովի պաշտօնեաներու ահաբեկում, զինքը ամէնէն շատ զբաղեցնողներէն եղան։ Խորունկ լրջութեամբ մը, անիկա կ՚ընէր համբերատար, ռազմական պատրաստութիւն՝ մանրակրկիտ հսկողութեամբը միջոցներու, անձնական ու շատ բարակ հետազոտում, գրեթէ զինուորական պահանջկոտութեամբ, ուժերու, շուներու, հողի ծալքերու, խրամներու, ջրհորներու ու անտառներու շուրջը լիակատար ստուգումներ։ Որոնցմէ յետոյ, օրուան, պահին, եղանակին համար կարգադրութիւն։ Ու իր ջոլիրէն միայն ճանաչելի նշաններ, փոխուող՝ ձեռնարկին գործադրութենէն յետոյ։ Եւ որ, ի կարգին... ։ Չձգելով բախտին ոչ իսկ փունջ մը մազ (այսինքն՝ անոր ստացումը) կնոջ մը գլխէն, խոստացուած աս ու ան շահագրգռուած սրիկային։ Չձգելով բախտին, ոճիրը պարագայող բոլոր փաստերուն օգտագործումը։

Ու ճիղճ մարմինը սնդիկ աւազակին կը հոսէր, կ՚ազատուէր դաւադիր կապերէն՝ ինչպէս հաստ, այդ կողմերուն ընտանի ընդարձակ պաշարումներէն, որոնք ճամբայ կապել, պահել բացատրութեամբ ծանօթ էին, նման միւսներուն, գործադրուած՝ երէները հետապնդելու։ Ըմբիշներէ, նախանձէ վառուած դժբախտ ամուսիններէ, անարգուած պաշտօնեաներու դրամէն ղեկավարուած այս դարանները կը յանգէին անխուսափելի կորանքի։ Պէյի մը դաւադիր յարձակումը, օրինակ մը տալու համար, որ բաղնիքի մէջ գտաւ զայն, վրիպեցաւ, վասնզի հաշուի չէր առած ածելին։ Աւազակը այդ գործիքով բացաւ իր ճամբան ու ղենջակով խոյացաւ փողոց։ Պարզ իր արագութեանը շնորհիւ, շահեցաւ անիկա անհաւատալի յաղթանակներ, գօտեմարտ բախումներու մէջ, տապալելով հսկաներ, որոնք վստահ իրենց ուժին ու դնդերին, բայց անծանօթ անոր համբաւին, յիմար էին եղած իրենց թեւերուն աքցանին մէջ ճզմելու մանրուկ անոր գլուխը ու պառկած գետին, խայթուած անոր կարիճ դաշոյնէն, անդարման կէտերէ։

Ու ճիղճ անոր մարմինը ոսկոր դարձաւ գիշերարշաւ անոր ձեռնակներուն մէջ, անդադար պրկուած ըլլալով հզօր կիրքերու ասեղներէն։ Արիւնը անոր համար խուլ ու բնազդական մոլութիւն մը եղաւ՝ խաղին կամ ալքոլին կամ սեռին համահաւասար։ Մասնաւոր օրեր, «աչքերը կը դառնային», երեւան բերելով մեծ ճերմկուցները։ Մարդիկ կը զգային գիշախանձ ծարաւը այդ բիծերուն եւ կը կրկնապատկէին իրենց զգուշաւորութիւնը, ընդառաջելով անոր բոլոր քմայքներուն, մինչեւ որ յաջողէին զայն կերպով մը դուրս առաջնորդել բնակելի սահմաններէ։ Մարդու վրայ վրիպած սա ախորժակը անիկա կը լրացնէր անասուններ դանկըտելով, ու ծռելով արիւնին վրայ, ռունգերը լայն, խորունկ ընկղմած, դիտելու մութ բիւրեղ շղարշը հեղուկին, որ կը պտղի, պաղելով քիչ-քիչ։

Խիստ, չոր, առանց «տրամ մը միս»ի, որ կը թուէր սպառած, հալելով անոր ներքին հուրքէն, սա գնացքով այս կեանքը տարինե՜ր։ Մինչեւ որ իր համբաւը հասաւ նաւահանգիստէն ներս, գեղերը աղեղնաձեւ այն շրջանակին մէջ, ուր Նիկիոյ լիճը կեդրոն կը կազմէր։ Հայ ու թուրք այդ գիւղերուն գլխաւոր նկարագիրները չեմ կրկներ հոս, զանազան առիթներով ըրած ըլլալով այդ աշխատանքը։ Կը գոհանամ դիտել տալով, որ քիչ տեղ, աշխարհի մէջ, այդքան հեշտութիւն, քաղցրութիւն, գեղեցկութիւն քով քովի կը դրուին։ Ու կինը այդքան խորունկ ու չարաշուք է, որքան հոդ։

Անիկա, կնիկներու համար, այդ գեղերուն մէջ բախեցաւ իրեն չափ լուրջ որսորդներու ու վրայ տուաւ մէկ աչքը, բայց շահեցաւ մեծ արկածներ վարելու դժուարստաց գիտութիւնը։ Կակուղ յոյներու ու ձկնորս թուրքերու փոխարէն՝ անիկա հանդիպումը կ՚ընէր լեռնական ասպատակներու, որոնք գերմանական մաուզէրները եղէգի կամ իր դանակին պէս կը գործածէին ու գնդակները կը գամէին հեռուէն պոռացած կէտին, թռցնելով իր գլխարկը կամ տակի ձիուն աչքը։ Անոր դանակը փշուր-փշուր ըրին ձեռքին մէջ ու բռունցք մը պայթեցուց մէկ աչքը։ Հոն սորվեցաւ, թէ լեռը, բայց ոչ նաւահանգիստի ամփիթատերային խեղճուկ գօտին, մեծ փորձաքար մըն է մարդոց մա՛նաւանդ հոգեկան կորովին։ Ու սորվեցաւ ուրիշ բաներ ալ։ Որոնցմէ մէկը, ոտքերուն ու բազուկներուն վրայ իր վստահութեան անհիմն ըլլալը։ Քաղաքիկին մէջ ատոնք յաճախ կը բաւեն։ Լեռներուն խորը առաջին գիծի կու գան աչքը, խելքը, յանդգնութիւնը, կտրիճ թոքը եւ նշանառութիւնը։

Զգուշացաւ հայերուն հետ չափուելէ (որոնք այդ շրջանին մէջ կը տիրէին լեռներուն), ո՛չ թէ վախնալուն անիկա կ՚անգիտանար վախի վիճակը, նոյնիսկ ուժին, վտանգին առջեւ շոգեպինդ փախած ատենը, ամէն կռիւի մէջ նկատի ունենալով պառկողը այլ՝ բնազդով այդ լեռնական կեավուրներուն հարուածին մէջ գտնել կարծելով անողոք այն բանը, որով անհատը կը խտացնէ զատ, տարբեր ցեղէ մը զգալու աշխարհը։ Ոճիրը շատ ու արագ կ՚ազդուի զգալու սա կերպէն։ Անիկա երեւցաւ հայ գեղերուն մէջ, աւանդական թուրքի շփացած ու բիրտ թանձրութեամբ. կոտրեց սրճարաններուն ապակիները, թմբուկ ու զուռնա առջին՝ պտըտեցաւ թաղերը, որոնք ամայի կ՚ըլլան նման դեպքերու, բայց պարտաւորուեցաւ գեղէն դուրս ընդունիլ կարկող բռունցքը աս ու ան ասպատակին, անանուն կամ անուանի, որ զինքը վերցուց՝ փորէն բռնելով կանգուն մը բարձր գլխուն վերեւ եւ եօթը քայլ անդին նետեց խոտէ մարդու մը պէս ու կեցաւ հանդարտ։ Անոր վերխուժումը դիմաւորելով սառն ժպիտով մը, երբ մատներուն մուրճին ներքեւ դանակը կ՚իյնար գետին։ Մէկ-երկու նման բախում, ամէնէն համեստ գեղերէն մինչեւ ամէնէն փարթամներուն մէջ, բաւ եղան, որպէսզի համոզուէր, թէ իրմէն վար ոչ ոք կար լեռներու հրամայող այդ կեավուրներուն մէջ, առհասարակ մաքսանենգ, մարդասպան, մահապարտ, բայց անվախ։ Տպաւորուեցաւ անոնց հաստատ, վճռական արիութենէն (Հայկական Խնդիրը դեռ թունաւոր ներարկում մը չէր ատոնց համար, ջարդերէն առաջ կամ հիմա), որ շատ տարբեր էր մեծադնդեր ըմբիշներով իրեն մատուցուած փորձառութենէն։ Խեղճ ու պատառ իր դանա՜կը։ Քանի՜-քանի՜ անգամ զայն բռնեցին դէպի ագռմէջը իր կորագծին վրայ ու փսխել տուին մատներէն, փշուր-փշուր իր ձեռքը տալու համար անոր բեկորները, բայց չսպաննեցին զինքը, վասնզի հայ էին։ Այսինքն՝ մահուան արժէքը գիտէին…։ Ու զղջաց անիկա, իր շըրջանը աւելորդ ընդարձակումով մը այսպէս վտանգած ըլլալուն։ Միւս կողմէ՝ արկածներու համար խենթեցող մը, խանդավառ անկեղծութեամբ անիկա միացաւ այդ հայերէն ոմանց, իր ձիերովը, զէնքերովը, ծխախոտին բեռները ինք հայթայթելով ու իջաւ անոնց հետ, Ողիմպոսը ճեղքելով իր խորասիրտ կիրճերէն, Քէօթահիա, Ուշագ, Այտըն, մինչեւ Կեավուր Իզմիր, որոնք ծխախոտը կը գնէին, հակառակ արգիլուած ապրանք ըլլալուն։ Այդ արշաւներուն էր, որ անիկա ճանչցաւ հրազէնին հմայքը, անով մեզի ապահովուած ազատութիւնը ու մեր շարժումներուն ընծայած արձակութիւնը։ Ամբողջ դիւցազներգութիւն է սա լեռնամէջ արշաւանքը, կատարուած ընդհանրապէս երկու մարդահասակ ձիւնով պատնուած ձորերէն, երբ ճամբան կը մեռնի գեղի կամ քաղաքի մը մուտքին բռնուած ռեժիի ջոկատներէ կամ ոստիկաններէ։ Ուրիշ վէպ մը անշուշտ օր մը պիտի տայ սա ոդիսականին ամբողջ խռովքը։ Հոն էր, որ անիկա հասկցաւ այդ հայերուն արի, մեծ, բուխ սիրտը, ու թուրքին ալ՝ արեւելեան, անարատ բարութիւնը, որ այդ կղզիացած գեղերուն, քաղաքներուն մէջ ատեն ու պատեհութիւն չէր գտած խաթարուելու։ Քիչ բան քաղցր է այնքան, որքան չապականուած թուրք գեղացին, հողագործը, խաշնարածը։

Քսակահատ, դաւադիր, սողոսկուն, գողունի ոճրագործէն երեւան կու գար մեծ պողոտաներու անուանեալ ասպատակը, տիպարին մէջ մեծանձն ու սիրելի, որ սիրտերն ու դուռները բաց կը գտնէ իր առջեւ եւ դուրս է ազգի մը պատկանելու ահաւոր չարիքէն։ Զոր կը պահէին թուրքերը՝ ինչպէս հայերը, դողդղալով անոր արեւին։ Այս աշկերտութիւնը տարօրէն տարածեց անոր յանդգնութիւնը։ Հայերուն վրայ իր տեսածը ազնուացուց ալ զինք։ Ցեղը մեծ նպաստ մըն էր իրեն այդ ուղղութեամբ։ Ինչ որ հայը կ՚ընէր չորս հեղ մտածելէ վերջ, ու կ՚ընէր գրեթէ հարկադրուած, թուրքը կարող էր ընել մտածել իսկ չանցուցած մտքէն ու ստեղծելով։

Անկէ վերջն էր, որ ամրանալու, փորձառութիւն ճարելու նպատակով զարնուեցաւ անիկա ռեժիի ջոկատներուն, ցոյց տալով կորով, մարդերը հրամանին ճկելու համար իրեն պակսող հեղինակութիւն. վասնզի իրմէն կը վախնային միայն ու կ՚ատէին զինքը անկէ առաջ։ Իր մինակութեան սա պակասը զգաց դառնութեամբ ու ջանաց աճիլ, այսինքն՝ շատերու մէջ ու հետ կարենալ ըլլալ։ Ըսի՞, թէ զինուորութիւն չէր ըրած, օրենքը խաբխբելով։ Կ՚արհամարհէր գետին պառկելու, փոս ցատկելու այդ աչքկապուկը։ Իր նաւահանգիստը զինուորական կայան մը ունէր ու անշուշտ ալ հազարապետ մը, որ, իր կարգին, ունէր բերան մը։

Երկար է թուումը անոր արկածներուն ու պետք է կարճ ըլլալ։