Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

 

Ու եղաւ անիկա այդ տարփուհին, այնքան կատարելութեամբ, որքան չէին եղած այդ աւազակին միւս սիրականները։

Այսինքն՝

Եղաւ անիկա այդ բառը, իրական յիմարութեամբ մը, շուքէ մը աւելի հնազանդ անոր կամքին ծուէնին։ Սեռային հեղե՞ղն է հեղինակը սա այլայլումներուն, թէ ուրիշ թաքուն ուժեր կը յարդարեն հոգիները այս գերութեան։ Դիտուած է, որ դիւրաբեկ, նրբենի առաքինութիւնները շատ դժուար կը հանդուրժեն լիակատար պղծութեան մը կոհակները։ Ախտաւորն ու առաքինին, կիրքին կիկլոնէն թակուած, արօրուած, երբ ափունք մը կը նետեն իրենց խլեակները, վերակազմելու համար նոր միացումը, վերածուած կ՚ըլլան անթերի ախտաւորի մը։ Պակաս ու առաւել՝ երբ բազմապատկուին, պակաս չեն տար միայն ալճեպրայի մեջ, այլ՝ բարքերուն ալ մէջը։ Ի՜նչ շահեկան է հետեւիլ հոգիին սա փտախտին։ Բայց պետք է կարճ ըլլալ։

Ու կարճ ըլլալ դարձեալ այդ տարփանքին աստիճանական վայրագնումին, երկու եզրերէն ալ դիտուած։ Աւազակին մէջ անիկա նոր աշխարհ էր, այդ հզօրագոյն զգացումին, զոր իր խառնակեցութիւնը զզուագին ցաւի մը աստիճանին էր հասցուցած։ Այդ կնոջ շրթունքէն անիկա կ՚առնէր նուրբ ու խորունկ անդրանիկ հպարտութիւնը, ժառանգօրէն ստացուած գեղեցկութեանց ցոլացումը իր գեղացիի հոգիին վրայ։ Հպարտութի՞ւն։ Անիկա անատակ էր ծնած այդ զգացումին ալ։ Քաղցրութի՞ւն։ Ամէն կին լեղի է տարփանքին մէջը, մա՛նաւանդ վերջը։ Ի՞նչ, ուրեմն։ Քիչիկ մը սպասեցէք։

Նայիլէ հանըմին մէջ այդ տարփանքը կը բանար դուռը նոր գանձարանի մը։ Քիչ են կիները, որոնք աշխարհին այդ թաքնաթաքուր մասին մէջ բախտ պիտի ունենան իջնելու։ Հեշտանքէն անդին կայ բնազանցական հոգեվիճակ մը, իմացական ինքնահնար յոյզերէն անկախաբար գոյաւոր։ Սեռային արարքը անոր արտաքին գաւիթն իսկ չի կազմեր։

Տարիներ ու տարիներ կ՚անցնին կնոջ մը երիտասարդութեան վրայէն, առանց որ անոր երջանկութիւնը ստուերով մը անգամ տառապի զգացական կիսագունտէն։ Զաւակ։ Մայրութեան վսեմ գոհունակութիւնները։ Ու ինչ որ սովոր ենք երանութիւն անուանել։ Ու ահա պատահարը, որ կը յեղաշրջէ այդ անկնճիռ երջանկութիւնը …։ Իր սիրահարին թեւերուն մէջ այդ կինը, փաշային տաք գուրգուրանքէն յետոյ, թերեւս անկէ պատրաստուած հակազդեցութեան մը գնով, կը գտնէր իր կեանքին առաջին վայելքը, իսկական սէրը, որ տարբեր է մեր պատանութեան, երիտասարդութեան զգեստաւորած պարիկէն։

Յետո՞յ։

Անշո՜ւշտ։ Իբր երախտագիտութիւն ու յիմարութիւն, առանց փոքր խղճահարութեան, անիկա պիտի թելադրէր իր սիրահարին, ամէնէն ահաւոր անզգամութիւնը, նուրբ, ճարտար, քողածածուկ, բայց անդիմադրելի, ինչպէս էր արդէն ամէն բան իր վրայ, բառ ու նայուածք, մերկութիւն ու գինովութիւնը կիրքին։ «Սեռին հնոցին առջեւ, կարմիր կը տեսնենք ամէն բան»։ Ըսողն է հեքիաթ մը։ Ո՞ր հնոցին առջեւ չունի գոյութիւն այդ պատրանքը։ Ու, հանգիտօրէն, ամէն ինչ դիւրին՝ նոյն այդ հնոցին լոյսովը։ Մարդ քիչ անգամ տկար է կնոջ կամքին ընդմէջէն։ Ո՞ւր։ Այո՜։

Անիկա ժպիտով ու համբոյրով, հեշտագին ու գեղեցիկ, ցանցեց իր սիրահարին ուղեղին անզգամ իր ցանկութի՜ւնը։ Ու տեղաւորելէ յետոյ այդ արգաւանդ հողին խորը ոճիրին սերմը, ըրաւ ինքզինքը երկիւղած ու տարագիր իր ցանած ցանկութենէն։ Ու վաճառեց ինքզինքը, չափազանց սուղ, այսինքն՝ անհուն նուաճումով մը առնելով իր ափին՝ ամբողջ լարերը անոր ուժերուն։ Անիկա կտիկ-կտիկ պիտի ընդառաջէր, անոր հոգիին կարելի հակազդեցութիւնները։ Ո՞ւր։ Տեղով վերցնել աւելորդ մարմինը փաշային, որ ծառացած էր իր պետութեան, մերժած օրինակը իր նմաններուն, իր պալատին մէջ մինակ ձգելով նրբենի հանըմը, երբ ուրիշներ տասնով, քսանով կը պահէին անոնցմէ, ու վարձատրուած ամէն ուղիղ աշխատաւորի նման, թունաւորուելով իր կնիկէն։

Մե՞ղքը։

Պա՜րզ։

Անչո՜ւշտ՝ ոչ, նրբութիւնը, դաստիարակութիւնը, գրեթէ իգաշնորհ բարեկրթութիւնը, որոնք եւրոպական ըմբռնումով տաճիկ աւագանիի մը առաքինութիւնները եղան Համիտէն առաջ ու քիչ մը ետքը անոր գահակալումէն։ Անշո՜ւշտ՝ ոչ, բարութիւնը, քաղցրութիւնը, փափկութիւնը հոգեպէս բարձր մարդուն, որ թուրքին ու անգլիացիին մէջն ալ նոյն կողմերով ի յայտ կու գայ։

Մե՞ղքը։

Պա՜րզ։

Թրքութենէ իր օտարութիւնը։ Վշտակոտոր ու կործանած փաշան արժանի էր հանգիստի։ Պարապ տեղը չէ, որ մեր ժողովուրդը շինած է իր իմաստուն առածներէն մէկը, պատկերելու համար հոգեյատակի սա ճահիճը հոգիէ զուրկ սա ժողովուրդին, երբ կ՚ըսէ. «Թուրքին հացը ծունկին վրայ է»։

Ի՞նչ հարկ մանրամասնեալ յեղումը։

Թաղեցին սակայն մեծահանդէս։ Կուսակալը ունեցաւ իր հեռագիրը եւ թաղման հանդէսին ալ փոխանորդը՝ յանձին Էտհէմ պէյի, որ վարեց յուղարկաւորութիւնը, շքեղ սարքով մը, ոսկեզօծ փռոցի տակ դագաղը պտըտցնելով քաղաքիկին մեծ պողոտայէն մինչեւ գերեզման։ Կայսրը, որ հեռագրով տեղեակ էր պահուած տխո՜ւր աւետիսին, բարեհաճեցաւ իր ցաւակցութիւնները հաղորդել հանգուցեալի այրիին, դրուատելով անոր մեծ մարդու բարեմասնութիւնները եւ հայրենիքին մատուցած մեծ-մեծ ծառայութիւնները։ Գազային բոլոր աղքատները արժանի եղան առատ նուէրի ու բոլոր մզկիթներուն մէջ աղօթքը շարունակուեցաւ երեք շաբաթ, լուսնալու դէմ մինարէներէն արձակուած ողբաձայն ու սրտառուչ եղանակը, զոր թուրքերը կը կարդացնեն նոր մեռելներու հոգուն։ Ու պաշտօնաթերթը կուսակալութեան, յատուկ խմբագրական նուիրեց մեծ մարդուն յիշատակին, հիմա՝ որ ատիկա ընելը վտանգ մը չունէր։

Ոչ ոք մտքէն անցուց անզգամ ոճիրը։

Փաշան սուրճի գաւաթը ձեռքը տուած էր հոգին։ Կաթուածը՝ հասկնալի, անոր տարիքէն՝ ինչպէս վիշտէն։

Ու կինը, աղջիկը մտան պաշտօնական սուգին մէջ, որ առանց էրիկ մարդու տուներուն մէջ ողբերգութիւն է յաճախ։

Էտհէմ պէյը կը հսկէր ու կը հասնէր սուգին՝ ինչպէս հանգուցեալին վրայ իջած հողերուն ամրանալուն։

Ու քաղաքիկը կը սկսէր մոռնալ մահը։

Ու քաղաքիկը կը սկսէր տեսնալ նորը։

Յանկարծամահ անհետացող փաշային կինը գործած էր արագ ու չէր հոգեբան։ Անիկա վէպ կարդացած էր, բայց թերթօն միայն։ Ու կ՚անգիտէր մէկը մեծ օրէնքներէն, որ արդի կարգերուն կնիքն է տարփանքին վրայ։ Մեր ընկերային կեղծիքին մէջ, ոչ մէկ սիրահար պիտի չփափաքի սիրուհիին գլխէն պակսիլը էրիկին, երբ չի նեղեր անիկա։ Երեսունէն վեր սիրուհիները անխտիր ենթակայ են վճիռին։

Այս օրէնքին անոր անգիտութիւնը պիտի պատժէր զինքը ու չարաչար։

Տարին չանցած՝ անիկա պարտաւորուեցաւ իր աղջիկը «ողջ-ողջ» ձգել գազանին կիրքին։ Կ՚անցնիմ արագ սա նոր տրամին վրայէն, որուն ղեկավարումը վեր էր իր ուժերէն։ Տարիքը՝ իր մեծագոյն թշնամին ունէր անիկա։ Պարտուեցաւ՝ պատժուելով իր ամէնէն խոր երկու զգացումներէն հաւասարապէս վիրաւոր։ Իր սիրահարը կ՚արհամարհէր անոր մէջ կինը ու կը սպաննէր մայրը։

Նախատուեցաւ, ծեծուեցաւ, երկու շաբաթ բանտարկուեցաւ, բայց յանձնեց աղջիկը։ Չէր կրցած մեռնիլ կամ մեռցնել։ Ու պատուհասին սա գնացքը արդար վարձատրութիւնն էր իր սիրոյն։ Կիները շատ բան կը հանդուրժեն։ Բայց ամէնէն դժուարը՝ վշտի ողբերգութիւնն է հաւանաբար։

Անոր աղջիկը, Պոլիս ուսումի, հօրը մահէն ազդուած, արձակուրդը շահագործելով դարձեր էր մօրը տունը, իր զգացումներուն զոհը ըլլալու։

Շատ փափուկ, շատ նրբենի, այն տարօրինակ սերունդէն, որ վոսփորեան պալատներուն դարեւանդներուն կ՚աճէր քառորդ դար առաջ այս պատմութենէն։ Մեր քերթողներուն իսկ անցած է մեղրամոմեան անոնց շնորհին խորունկ խռովքը։ Չէք սպասել, որ էջը յատկացնեմ անոր գոյնին վերարտադրութեան։ Հոգեպէս անիկա բացուած էր ուրիշ խունկերու, միշտ ծովեզերեայ, վոսփորեան բուրաստաններէ, ժամերով վարդ կամ մանուշակ հոտով, արեւադարձային բուսականութեամբ ու հեքիաթի աւազաններով, որոնց խորերը արքայազուններ կը հասուննան արքենի սա աղջիկներուն վայելումին։ Սիրա՞ծ։ Եթե բառը շատ չէ այն պտըտիկ յուզումներուն, արցունքներուն, ժպիտներուն համար, որոնք այդ աղջիկներուն լաչակումը կը կանխեն ու կը յամենան քիչ մըն ալ վերջը, երբ տասներկու-տասներեք տարեկանին անոնք կը զատուին իրենց հօրեղբօր, մօրեղբօր որդիներէն ու կ՚ըլլան հանըմ։ Սիրա՞ծ։ Եթէ բառը պատշաճ է աղջկան մը վիճակին, որ օրերով կ՚երազէր մեռնիլ, վասնզի թողուցած էր զինքը համբուրել վերը դրուած երանգէն զարմիկի մը, տասնըհինգը նոր անցած վարդագեղ պատանի, իրեն հետ մէկտեղ մեծցած ու պատրաստուող Աւրոբա (թուրքերուն Եւրոպան) մեկնելու, վերջին հրաժեշտին առանձնութեան մէջ

Անիկա մօրը որոշումին դէմ ծառացաւ վճռապէս։ Անշուշտ պարզ էր իր միամտութիւնը, որքան առանց կասկածի, երբ կը զարմանար մօրը խելքին, իրեն պէս փոքր աղջիկ մը այդ գիծէ գազանազուսպի մը յանձնելու։ Ըրաւ լաց։ Ըրաւ կոծ։ Ըրաւ փորձ ինքզինքը ծով նետելու, կոտրելու համար յիմար, անզգամ վճիռը։ Ու չէր գիտեր, թէ այս մերժումներով, ընդդիմացումով կը հրահրէր գազանին ախորժակը, զայն ընելով աւելի անհամբեր։ Ու ահաբեկ, մօրը անորակելի տագնապէն, որ կերպով մը խելագարութեան կը նմանէր, լուռ ու արի, չմեռնելու համար, աւելի ճիշդը՝ չմեռցնելու համար մայրը, մտաւ ներս համբաւաւոր դղեակէն, իբր օրինաւոր նիքեահով կինը մեծ մարդասպանին։ Անիկա հազիւ թէ գիտէր անոր անցեալէն քիչ մը խոշոր բան։ Անիկա ոչինչ գիտէր անոր հետ իր մօրը կապէն։

Պէ՞տք է կրկին քալել արագ ու չխօսիլ ահաւոր անոր սոսկումէն, զոր իր ամուսինին անձը կը բերէր իր անկողինին։ Ու անհուն բեկումէն՝ որ պալատներ կորսնցնող յուսահատի մը կը վայլէր, ինչպէս դեղին մորթը հիւծախտով աղջկան։ Կը շինենք մեր օրերը ի՜նչ փափուկ երազներու ոստայնին համար ու ուր կը նետենք զանոնք։ Աղջիկնե՜ր՝ երբ կը փակեն իրենց գարունը ձմեռուան մը ծոցը։ Բայց ուրիշ է ապրիլը, ուրիշ՝ այդ ապրումը պատմելը:

Անիկա կու լար, գիշերներն ի բուն, էրկանը բացակայ կամ ոչ պահերէն անկախ, ինքզինքը մինակ գիտնալով այդ ամեհի տունին մէջ, ուր ամէն ինչ օտար էր իրեն, սպասորեարէն մինչեւ էրիկը։ Մինակ էր մա՛նաւանդ, ինքզինքը զգալով սանկ խուսափւած, մօրը աչքերէն, որ կը փնտռէր ուրիշներ, բայց կը շեղէր իրմէն, կարծես չուզելով հանդիպիլ իրեն։ Զգացական այս նրբերանգը մայրերը կ՚անգիտանան, մինչ զաւակները մեծ ուշադրութեամբ կը փնտռեն։ Մօրմէն սա հեռացումը անիկա կը կարծէր արդիւնք իր ամուսինին, զոր կ՚ատէր՝ հազարէ աւելի պատճառներով, գերիի մը պէս, որ անզօր է իր զգայութիւնները վերլուծելու։ Կ՚ատէր մա՛նաւանդ մարմնական անոր շփումը, ոսկուրուտ ու գիւղացի հոտող, անոր անձին մէջ դնելով ինչ որ իր մօտիկ անցեալը ու դաստիարակութիւնը կազմած էին իբր ամէնէն մաքուր մասը աղջիկի հոգիին։

Ժամանակը, որ մեծ սրբագրիչն է հոգիներուն, զայն չըրաւ տարբեր։ Կ՚ատէր իր ամուսինը աւելի ուժգին, անդրանիկ զաւկէն ալ վերջը, խորհելով բախտին, որ կը սպասէր այդ ժառանգութեան։ Պոլսեցի աղջիկ մը իր թոռանը վրայով հազիւ կը հաշտուի թուրք գաւառակին հոգեբանութեան։ Բայց կ՚ապրէր, ինչպէս պարտքն է լինել ամէն աղջկան, որ վար է քսանէն, փէշերուն ունի զոյգ մը աղուընակ, ու անկողինին համար՝ դեւ մը։ «Յոյսը կապոյտ թռչուն մըն է» ըսեր են բանաստեղծներ ու շատ անգամ անոնք իրաւ կ՚ըսեն այս կարգի բաները։ Ուրիշ ի՜նչ հրաշք, որպէսզի այդ մատաղ հոգիներուն մէջ խմբուած երջանկութեան կոկոնները դիմանան երաշտին, գէշ-աղէկ հոտ մը նետեն այդ ամայութիւններուն ու էրիկէն չխնդացած այդ սիրտերը պտիկ–պտիկ լուսաւորեն։ Այսպէս են բաշխեր կեանքը, այսինքն՝ անոր երջանկութիւն որակուած մասը մարդոց, ազգերուն։

Պարտաւոր եմ աճապարել, ինչպէս ինքը ճակատագիրը աճապարեց ու տրամը դրաւ անոր սրտին վրայ, իր բովանդակ մերկութեամբը։ Անիկա դեռ քսան չէր մտած, երբ գիշեր մը իր ոտքերէն քշուեցաւ մօրը յարկաբաժինը, ուրկէ իր ականջնե՞րը, թէ իրեն բոլորովին անծանօթ զգայարանք մը ձայներ կը կարծէր առած ըլլալ։ Դաւաճան գորգերը, իրենց կակուղ խլութեամբը, մասնակից եղան անոր դժբախտութեան, վասնզի արդէն թեթեւ անոր մարմինը հովի պէս կոխեր-անցեր էր անոնց վրայէն անաղմուկ ու յիմար։ Լրտեսե՞լ։ Միտքէն չէր անցած ատիկա։ Բայց, երբեմն մեր ուժերը կը փախչին մեզմէ, տանելով մեր մարմինին ամբողջ կշիռը։ Անիկա, անձկալից, սարսափած, բայց ետ դառնալու անկարող, բազուկները տուաւ դուռին շրջանակին ու կեցաւ։ Նե՞րսը։

Մա՜յրը։

Որ իր բերանէն կ՚արձակէր բառեր, հեծքեր, բեկորներ։ Կան այս բառերը, որոնք անյագ, երկար դիտուած տեսողական պատկերներէն շատ աւելի ուժգին ու մնայուն կը տեւեն մեր ականջներուն մէջ։ Զգայախաբութեանց ամէնէն ընթացիկն ու դիմացկունները կու գան մեր լսելիքներէն։ Ներելի է կասկածիլ աչքին մեզի տուածին, երբ ինքզինքնիս ազատելու համար սպառնացող քայքայումէ մը, կը փախչինք տեսարանին, տեքորին ընտանութենէն։ Իր սիրուհիէն խաբուած դժբախտը վտանգի գօտիէն փախուստով մը բախտը կը դիմաւորէ թեթեւնալու։ Առաջին հարուածէն ետք, կու գայ վարժութիւնը։ Բայց ինչպէ՞ս ազատիլ ձայնին մուրճերէն։ Բաներ կան, որոնց ականատես ըլլալը դժուար պիտի գայ մեզի։ Բաներ ալ կան, որոնք չենք կրնար լսել։

Մամա՜, մամա՜, մամա՛…

Ինչպէս հնգամեայ աղջիկ մը։ Պոռացած ու ինկեր էր մարած, խելայեղ, պատռտող այդ բառերուն հետ, սենեակին առջեւ