Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

 

Ընդարձակ, որքան օգտակար սա մարզանքներէն վերջն էր, որ անցաւ անիկա իր առաջին մեծ ձեռնարկին, անո՛ր՝ որ հիմը պիտի դնէր անոր հարստութեան, դրամի պաշտամունքին, կալուածին եռքը ամրապէս զետեղելով անոր կուշտ հոգիէն ներս։ Կը պատահին այս կարգի յեղաշրջումներ, որոնք մեր անցեալը մեզի օտար ընելու չափ կը տարբերին մեզմէ։ Հասարակ չարագործէն դէպի պետական ազդեցիկ անձնաւորութիւն անշուշտ ճամբայ կայ։ Ուրիշ երկիրներու մէջ պատերազմը գործաւորն է այդ հրաշքին, թուրքերուն մօտ՝ դրամը, երբեմն՝ կինը։

Այդ դրամը ունենալու համար սնդիկ Էտհէմը պարտաւոր եղաւ որդեգրել շրջանին ընթացիկ կերպերէն մէկը, խումբով ասպատակութիւն։

Որ սանկ մեծ «հարուած» մը զարնէր, շտկելու չափ չորս-հինգ հազար կարմիր ու դարձնէր գործադրիչը իր բանին, ա՛լ տունով, տեղով։ Արտեր գնել, քիչէն, սուտով ու փուտով, ահով ու գողութեամբ (հողն ալ կը գողնան մարդիկ)։ Հինգ-տասը տարիէն հինգ-տասը արտավարը հասցնել հինգ-տասը հազարի։ Ասոնք, քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, հիմա հրաշքի կարգ անցած իրողութիւններ են, բայց Արեւելքի մէջ՝ յաճախադէպ։ Քրիստոնեան եւ թուրքը շատ բան չեն փոխեր արդիւնքին մէջ։ Անշուշտ հայերու հողերը աւելի դիւրամարս են եղեր միշտ։ Կային գեղեր, որոնց ամբողջ հողերը օրէնքով լքեալ գոյք յայտարարուելէն շատ առաջ գրաւուեցան ճարտար աւազակներէ, որոնք խելքն էին ունեցեր պատկանեալ պաշտօնէին թաթը իւղոտելու։

Ասպատակութիւն։

Անիկա ատոր փափաքը ունեցաւ, իյնալով կապի մը մէջ, զոր գործադրեր էին թուրքերը մօտակայ կիրճի մը մէջ։ Իր համբաւը օգնեց իրեն, որպէսզի առանց վնասի արձակուէր ազատ։ Բայց չէր կրցած առանց նախանձի դիտել խմբապետը, որ, թաշկինակ մը առջին, կը համրէր կապուածներէն կողոպտուած ոսկիները եւ կը դիզէր զատ արծաթէն։ Այս պատկերը գամուած էր անոր ուղեղին շաբաթներով։ Մինչեւ որ ծագեցաւ լոյսը։ Անոր պէտք եղա՞ծը։

Խումբ։

Իր կապերուն շատութիւնը հասաւ իրեն։ Գեղէ գեղ գրեթէ ամէնօրեայ փողոտումը շրջան մըն էր ատիկա, երբ պարզ հայհոյութեան համար իրար կը զարնէին, ատրճանակներու տարածումին զուգահեռ լեռները կը լեցնէր փախստականներով։ Այդ խիտ ու դժուարաթափանց անտառներուն մէջ հայ, թուրք, մա՛նաւանդ չերքեզ՝ կայսրութիւններ էին հաստատած իրենց սահմաններուն համար, անողոք բծախնդրութեամբ մը։ Անոնք անհանգիստ ալ չէին ոստիկանութենէն, որ իր տուրքին գանձումովը կ՚արտօնէր այդ գործունէութիւնը։ Ջարդերէն առաջ հայ ու թուրք քիչ խտիրով կը վայելէին այդ պաշտպանութիւնը։ Նեղ օրերու, երբ կուսակալ փոխուէր կամ եւրոպական հիւպատոսի մը բողոքովը Պոլիսը խստանար ոստիկանութեան գլխուն, ասպատակները ապահով կ՚անցնէին Պուլկարիա, Յունաստան, Կղզիները, ու ամէն բան կը մտնէր կարգին, մինչեւ որ արգելքները հարթուէին՝ ուզողներու վերադարձը կարելի ընելով։

Սնդիկ Էտհէմը դանդաղ կը գործէր։ Ուսումնասիրեց երկար ու մանրակրկիտ։

Ծրագի՞րը։

Կոտորել, բայց սպառսպուռ, քաղաքէն երկու ժամով հեռու ագարակ մը, որ սեփականութիւնն էր ալպանացի շատ փարթամ գերդաստանի մը, դարէ մը աւելի հին ծագումով եւ արժանաւոր ազնուականութեան մը բարձրացած, կայսերական մէկէ աւելի ֆերմաններով [1] ։

Ալպանիայէն ով գիտէ ի՛նչ վիճակի մէջ գաղթական այդ ընտանիքը երեք փատիշահներու համակրութիւնը ունեցեր էր իր պետերուն վրայ։ Աղջիկ մը, ի հարկէ, սկիզբը կը բանար այդ համակրանքին, արժանացած ըլլալով փատիշահի մը սիրոյն ու գահաժառանգ ալ պարգեւած սուլթաններու աթոռին։ Ու աւանդութիւնը կը շարունակուէր, ամէն սերունդի, նրբագոյն աղջիկը ուղարկել կայսերական կանանոց։ Անշուշտ հեքիաթը կը միջամտէր՝ այդ աղջիկներուն տալու համար իր փափաքած գեղեցկութիւնը, որուն տարրերը կու գային ընտանիքին արուներէն, բացառիկ վայելչութեամբ ու ազնուակազմ, պահելով խաժ կաթը իրենց աչքերուն, իրենց քաղցր հրապոյրին մէջ ու մորթին բացառիկ թարմութիւնը մինչեւ վաթսունները եւ աւելի։

Տասը տարիէ ի վեր գերդաստանին ազդեցութիւնը աճած էր բացառիկ աստիճանով մը, միշտ պալատական ճախարակէ մը, քանի որ փատիշահին սիրելիներէն մէկն էր վերջին ղրկուած աղջիկը։ Այդ ազդեցութիւնը գործածեցին անոնք նաւահանգիստ-գազային կառավարիչը, թուրքերուն բառով՝ գայմագամը անուանել տալով իրենց ցեղակիցներէն։ Պէտք է աւելցնել, որ այդ ագարակէն կանոնաւոր կերպով պետական ծառայութեան նուիրուեր էին բազմաթիւ երիտասարդներ, զինուորական, բժիշկ, դատաւոր ու կայսրութեան եւրոպական նահանգներուն մէջ ունեցեր էին բարւոք գործունէութիւն։ Արիւնի համար հարազատութեամբ մը, թուրք դաստիարակութեան բոլոր թերութիւններէն ազատել յաջողելով ցեղային անաղարտ խորք` մը։ Թուրք վարժարաններուն բոլոր ապականիչ ազդմունքներուն հակառակ, անոնք կը պահէին ցեղային իրենց կնիքը, անշուշտ կիսով բարբարոս, դիւրավառ, բայց կեղծիքի ու խաբէութեան անատակ, մա՛նաւանդ արդարութեան հանդէպ շատ ջերմ ընկալչութեամբ ու երդումն ու խոստումը ամէն գնով յարգելով։ Ընտանիքը, ուր կը տիրէին աւանդական կարգերը, հովուերգական պարզութեամբ ու խստութեամբ կը մնար կանգուն ուսման անընդունակ տարրերով, որոնք կը շարունակէին ապրիլ իրենց կիսանկախ կեանքը, իրենց դուռները լայն բացած Երկրէն ամէն փախստականի։ Ալպանիան, այդ օրերուն, ազգային բարքերու իբր զոհ՝ հարիւրով մահեր կ՚ունենար սուրէ եւ գնդակէ։ Ամէն մարդասպան յունական նաւերով կ՚անցնէր Անատոլու, ուր մեծ կամ պզտիկ իշխանաւոր միշտ ալ կ՚ընծայէին անհրաժեշտ պատսպարումը, զայն մարզելով նոր պայմաններուն, այսպէս ագարակներու, մանտարաներու [2] շահագործումին ուղղելով անոնց անհանդարտ ու կռուական բնազդները։ Հայրենիքէն Անատոլու փոխադրուած քէները, ատելութիւնները, վրէժները երբեմն հոս ալ կը խռովէին անոնց խաղաղութիւնը ու արիւնը կը հոսէր։ Բայց սերունդ մը ետքը, քիչ-շատ տանելի պայմաններու մէջ կազմուած կ՚ըլլար վերջնական թրքացումը։ Ամբողջ Անատոլուի մէջ ալպանացի պետական պաշտօնէութիւնը աչքառու առաւելութեամբ մը կը զատուէր թրքականէն։ Ու էր սիրելի մա՛նաւանդ քրիստոնեաներուն։

Անոնք, ինչպէս դիտել տուի, կ՚ատէին թուրքերը։ Իսլամը չէր կրցած երկու հակադիր ցեղերը հաշտեցնել իրարու։ Ու ալպանական լեզուն կը պահէր իր գոյութիւնը այդ տուներէն, ագարակներէն ներս։ Պետական աւագ պաշտօնատարներն իսկ տկարութիւն ունէին այդ բարբառին հանդէպ ու իրենց պալատներուն մէջ բաժանումներու պետերը կ՚ընտրէին իրենց ցեղակիցներէն, օրուան ընթացքին փոխանակելով հայրենի բարբառին փշրանքները։

 

 



[1]         Ֆերման հրովարտակ։

[2]         Մանտարա պանիր շինելու ագարակ։