Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Գ.

 

Անոր ընտանիքը, մտահոգուած անոր յապաղումէն՝ զինքը ծափերով ընդունեց զբօսատեղին։ Ուրիշ խումբեր ալ իրենց աղմուկը կ՚աւելցնէին։ Նայիլէ հանըմը սիրուած կին մըն էր։

Մոռցուած դրամապանակ մը գինը եղաւ այս յապաղումին։ Մեծ բան մը չէր պարունակութիւնը բարեբախտաբար։ Ըսին դրացիները.

Խեր է Աստուծով։

Խեր ըլլայ, խեր ըլլայ

Պատասխանեց անիկա ու աւելցուց.

Չարը մարի

Տօնական օրը գտեր էր իր ժողովրդական լիութիւնը։ Ձայներու բաժիններէն արմոնիքան եւ օղիին կեցցէները բռներ էին միջոցը։ Թուրքերը, ընտանիքով, կ՚ամչնան ձայնէն ու աղմուկէն։

Կէսօրուան աղօթքին, ծերերը ու պաշտօնեայ էֆէնտիները հանդարտութեամբ կատարեցին անխուսափելի նամազը։ Նայիլէ հանըմը քիչիկ մը անհանգիստ կը զգար ինքզինքը։ Անիկա չէր կրցած գտնել Նաճիէն, հակառակ փնտռելուն։

Ամէնէն առաջ ինք նստաւ նաւակ, այս անգամ աղջկան ու ազգականներու հետ։ Գլուխը կը դառնար ու աչքերը չէին ուզեր բացուիլ։ Մերժեց, տուն հասնելուն, բժիշկի առաջարկ մը։ Չընդունեց, տարօրէն խիստ, անպատճառ զինքը տեսնել ուզող պառաւը, որ սարքած էր սա դարանը, այնքան թեթեւ սիրտով, ինչպէս իր սովորութիւնն էր ատիկա տարիներէ ի վեր։ Չընդունեց ռեժիի տնօրէնին կողմէ ճարտարութեամբ ներս թափանցող լրաբերները, որոնք վրայէ վրայ փաշա հազրէթլէրին հարցնելու պատրուակով՝ կը պնդէին զինքը տեսնելու հարկին վրայ։

Ու չէր գիտեր, թէ ինչո՜ւ։

Ու չէր գիտեր, թե ինչո՞ւ միտքը կակուղ կը զգար այնքան։ Ու անվստահելի՝ իր սիրտը։

Անիկա մինչեւ ատ օրը մեղքը չէր ճանչնար։

 

* * *

Բայց այսքան վիպական պայմաններով սա դրուագը իր տարադէպ անդրադարձը պիտի ունենար մա՛նաւանդ ռեժիի տնօրենին վրայ, որուն հոգեկան աշխարհը, այդ իսկ պատահարով, կը բացուէր նոր բարեխառնութեան։ Այդ կինը այդպէս անաղարտ արձակելէն յետոյ, անիկա չինկաւ գռեհիկ զղջումին։ Ընդհակառակն։ Իրեն այնպէս կու գար, որ պայմաններու կրկնում մը պիտի բերէր նման լուծում մը։ Անիկա այցուած էր ատկէ աւելի խոր հոգէ մը, որ իրեն քաջածանօթ կիրքէն կը տարբերէր։ Իր կեանքին առաջին սե՞րը։ Ո՜վ գիտէ։

Բայց ինչ որ ուշագրաւ էր իր մէջ, հերքումը՝ ինքզինքին դէմ։ Այս նախնական արարածները լաւ կերպով տէրը չէին իրենց միտքին, որպէսզի հոն ուրուացող փոփոխութիւնները ցայտուն ձեւերով զգան։ Գիտէր միայն, որ այդ օրերուն անիկա տարօրէն մեղմ էր իր մարդոց դէմ։ Բարիքը զգայութիւն մըն էր գեղացիին համար։ Ու սիրահարները մուրացկաններէն կը ճանչցուին անվրէպ գիտութեամբ։ Անոր ձեռքը բաց էր աղբիւրի նման։ Մինչեւ որ հոգեբան պառաւներ թափանցումը ըրին նոր վիճակին։

Անիկա լսած էր դղեակին տեսարանը, բայց բացած՝ իր ախորժակները, իրեն վայելող պարզութեամբ ու քիչիկ մըն ալ շնականութեամբ։

Ծիծաղելի, յիմար անզօրութիւնը՝ պառաւական հնարքներուն, ամենակարո՜ղ սակայն այնքան ուրիշներու վրայ։ Որոնք անոր բերած էին իր ցանկացած կինը։ Վայելքին մէջ մենք բծախնդիր չենք ու չենք փնտռեր իսկական զսպանակներ։ Անիկա կը հաւատար ատոնց կախարդական միջոցներուն ու կը զայրանար անոնց ներկայ վրիպանքէն։ Նուuխաներ [1], ճարուած մեծ հաւաստիքով, արհեստին բոլոր կատարելութեամբը, մելանէն ու թուղթէն սկսեալ մինչեւ հասցէներու առաքումը։ Սիրոյ օշարակները, պատրաստուած նոյն խղճամիտ օրէնքներով, որոնց ուժը փառաւորած են իրարու անծանօթ երկու սիրտերը՝ կաթիլ մը այդ անուշ ջուրը իրարու համար բռնկող ընելով։ Աղաչանքները՝ որոնց փոխադրիչը խորհրդաւոր Նաճիէն էր միշտ, մերժուելով փաշային ներկայութենէն ու հանրմ էֆէնտիէն գաղտովի քաջալերուելով։ Ու սպառնալիք, գործադրուած մեծ թաքթով, առանց իր մարդոց միջամտումին։ Յանկարծակի խուժում, անակնկալի բերելու հանըմին մինակութիւնը։ Անխելք ու խորունկ սիրողի բոլոր սա հաստ միջոցները անցան ապարդիւն, եթէ նկատի չառնենք անոնց ունեցած թաքուն գործունէութիւնը։ Կիները պիտի ատեն զիրենք հետապնդողները, բայց պիտի չդադրին անոնց արժէք մը տալէ, առնուազն զիրենք ցանկալի ընծայող հանգամանքները իրենց պարզած ըլլալուն արժանիքը: Չգնաց առաջ, աշուղի նման, ձայնը ձգելով անցնելու փաշային տանը առջեւէն: Ու պահի մը համար անոր անունին շուրջը լռեց գայթակղութիւնը։

Միւս կողմէ՝ պատշաճութեան ու յարգանքին չանցնելով սահմանները, անիկա գտաւ ձեւը իր քսակը հոսեցնելու դեպի տունը իր սիրականին, իշխանաձեռն յորդութեամբ, բայց մնալով վայելուչ ու փափուկ։ Տալը գիտութիւն մըն է, դժուար ուսանելի չտես հարուստներէ։

Ու եղաւ անիկա բարեհամբոյր իր պաշտօնատեղին, ինչպէս իր մշակներուն հանդէպ։ Ամէնէն աւելի անիկա յարգալիր կեցուածք մը ունէր փաշային հետ, որ զուրկ էր միջոցէն հասկնալու անոր յարգանքին զսպանակները, ու չէր կրնար մերժել անոր բարիքները, հետզհետէ օրինաւոր ձեւ մը առնող, միշտ որոշ երանգով մը զատուելով հասարակ ողորմութենէն։ Թուղթի մը խմբագրումը, հեռագրի մը պատճէնը, տեղեկագիր մը կամ ազդարարութեան մը սեւագրումը պատրուակներ, որպէսզի կործանած ու նեղ ապրող փաշան հաշուէր դրամին ու իր վաստակին հետ։ Ի վերջոյ անոնք, որ բարձրագոյն ամսականներով պետութեան բարձրագոյն աթոռները կը գրաւէին, օրուան մէջ` աւելի թուղթ չունէին սեւցնելիք։ Կնիքը կամ անունը տալէն անդին կ՚անցնէ՞ր նախարարական պաշտօն մը։

Փաշան կանգիտանար դղեակին պատահարը, նախ իբրեւ ամուսին ու վաթսունամեայ ու աղքատացած, քանի որ օրենքը կ՚ուզէ, որ ամէնէն ուշը իմանան էրիկները այդ կարգի բաներ։ Երկրորդ, վասնզի անոր կինը՝ չափած, ձեւած, ու լռելը յարմարագոյն լուծում էր գտած։ Գայթակղութիւն մը միշտ գայթակղութիւն է, երբ լրբութեամբ մը չէ յատակուած, այսինքն՝ երբ կը յայտնուի անբասիր շրջանակի մը վրայ։ Ասկէ զատ, Էտհէմ պէյին սպառնալիքը, կարճ, որքան զօրաւոր, հասցուած հանըմ էֆէնտիին, միշտ Նաճիէին խողովակովը։ Աւազակը մահով կը պատժէր ամէն մատնութիւն, տարիներէ ի վեր հասարակաց կարծիքը վարժեցուցած ըլլալով իր պատուհասումին, անվրէպ, որքան անողոք է, քանի որ առանց երեւալու անիկա միջոցը ունէր անգոսնողը տապալելու։

Իր կնոջը լռին հաւանութեամբը, փաշան գրեթէ կը սիրէր այդ անզգամ արարածը, որ իր անասնութեան ու բուխսիրտ բարութեան մէջ խորհրդանիշը կը մնար ցեղին բնազդներուն, եւ շտեմարանը՝ ուժին։ Մեծերէն դէպի խոնահները սա գորովը քիչ ժողովուրդ գիտէ այդքան պարզ ընել իրեն ու դէմինին, որքան թուրքը։ Աղքատութիւնը ամօթ չէ, ոչ ալ մեղք մը։ Ու բացի ապականած ու ճիւաղ բռնաւորներէն, թուրքին իմաստուն վէզիրները այդ հաստատ տարրին վրայ կը դնէին իրենց ցեղին ապագան։ Այդ գիծէ մարդերով էր, որ քալելու էր թուրքին յաւիտենական կայսրութիւնը... ։ Յետոյ, անպաշտպան էր անիկա աւազակին փաղաղող լեզուէն, որքան մեծարանքին պարզութենէն, երբ իր սիրոյն մէջ կրկնապէս քաղցրացած այդ մարդէն կը համբուրուէին իր ձեռքերը, որսէ մը դարձին, նապաստակն իսկ ընդունելի ընելու համար աղաչական տարածուող։

Ու միջամտեց բախտը, որ վերացեալ զօրութիւն մը չէ միշտ, կոյր ու անիրաւ, տապալելու ատեն, այլ՝ լրում մը, երբ մեր շուրջը կառուցում մը ունի գոյութիւն։

Ըսուած է, որ կիները տկար են զիրենք խոշտանգողներուն համար։ Դէպի ատելութիւն դժուար է ճամբան, բայց անխուսափելի՝ երբ այդ ծեծողներուն մէջ անոնք կը հաստատեն թուլբերանը, շատխօսիկը, պարծենկոտը։ Մակոյկին պատահարը, ոչ ոքի շշուկուած, ելեր էր իր բարբարիկ նկարագրէն, ըլլալու համար տեսակ մը հեքիաթ, որուն պէտք ունի կիներուն անզբաղ հոգին։ Սեւամորթ նաւաստի՜ն, որ տարիներէ ի վեր կը վարէր անոր նաւակը ու դղեակին կանգնումէն ասդին այնքան խորհրդաւոր բեռներ էր բերեր արգիլուած գօտիէն ներս, ու կ՚ապրէր կոյր ըլլալու հաստատ երդումով։ Թրքուհիներուն պարեգօտը, լաչակային կազմումը քիչ նպսատ մը չէր ծերուկ նաւաստիին, որ թիերուն հետ միայն կը խօսէր, բայց երբեք կիներուն, ու հաւատարիմ էր գազանին՝ աւելի՝ քան եօթը շուն միասին։ Նաճիէ՞ն։ Բայց անիկա կ՚աշխատէր ի հաշիւ նոր դարանի մը։ Այս ամէնէն դուրս, աչքերը վարժ էին նման նաւակներու այդպէս բեռնաւոր՝ դէպի առագաստը խորհրդաւոր փեսային։

Սա ասպետութիւնը, պաշտամունքի մէջ յամառ, որքան պարզ, վարձու պառաւներով հանըմ էֆէնտիին պատմուած սա յուսահատ ու խոր տարփանքը, մակոյկի պատահարէն ասդին անոր սեռային գայթակղութեանց բարձումը հրապարակէն, բայց ամէնէն աւելի ժամանակը միջամտեցին, որպէսզի կոտրուին անհեթեթութիւնը, վայրագութիւնը նախորդ սկիզբին։ Սոխակ կտրած լեզուները այդ պառաւներուն ինչե՜ր չեն շաքարեր փորձութեան ստուերէն շօշափուած հոգիներէն ներս։ Անոնց այդ պերճ ու զգայնոտ գովասանքն էր, որ լիովին մթագնեց սկիզբին անասնութիւնը, հոլացնելու համար վերջին, ազատ արձակումին իսկապէս մեծհոգի գեղեցկութիւնը։ Տասը կին կ՚արժէր Նաճիէին լեզուն, երբ այդ դրուագը կը բարձրացնէր իր իմաստին։

Ու հին, ազնուական պոլսուհին, որուն անբախտ ամուսինը կ՚անցնէր վաթսունէն, այդ լեզուներուն մեղրովը ու շրջանակին սպաննող ճնշումովը սայթաքեցաւ իր առաքինութիւններէն։ Երկար է վիպումը լպրծուն աս յատակին։ Ու մեր վէպը չի կրնար տարածուիլ ատոր պարագրկումը դէպի։ Ուրիշներուն լեզուովը ի՜նչ որոշ հաճոյքով կ՚ընդունինք զանոնք, երբ մեր խորագոյն բնազդները կը պահանջեն ատիկա անիկա մոռցաւ ամբողջ աղտը այդ անցեալին, ծանրանալու համար հազուադէպը մեծվայելուչ արարքին, որ փաստերուն փաստը կը մնար անոր զգայարանքներուն վրայ կանգուն։ Ա՛յնքան՝ որ սիրոյ մեծութեան այդ անմոռանալի պատկերը կը տարածուէր դէպի ետ, մօտիկ անցեալը, որուն մէջ անիկա, այդ գազանը, ապրած կ՚ըլլար իր տարփուհիին կախարդութեանը մէջ։ Ու դարանին գռեհկութիւնը, որքան անասնութիւնը կը ստանային հակադիր իմաստ ու արժէք։

Երեսունէն քիչ վեր, բայց արեւ չտեսած ծաղիկի պէս թարմ ու զաղփաղփուն, այդ կինը ունեցեր էր, պալատական թրքուհիներու ամէնէն փափուկ պարմանութիւնը, մեծցած պոլսական ապարանքի մը հեքիաթին մէջը, լալէներու փարթամ սպասարկութեամբ ու դրամին ու վայելքին ամէն աւազաններուն առջեւ հակուած՝ խստապարանոց ու հեշտագրգիռ ներքինիներէ (որոնք իրենց անառնութեան մեղքը քաւել կ՚աշխատին իրենց յանձնուած մարմինները աղտոտելով այնքան այլատիպ միջոցներով ու շատ կանուխէն կը հասունցնեն ջիղերը այդ դժբախտ աղջիկներուն) ու նման ամէն արգելափակ կնոջ, արկածներ երազած։ Ձախորդութիւնը, պեյզատէներու դարպասը (որ ձիու վրայ անցքով մը ինքզինքը կը յայտնէր ապարանքին առջեւի հրապարակէն, այն հեռու, պոլսական օրերուն, երբ անոր ամուսինը փայլուն, վեհապետէն լաւ դիտուած պաշտօնատար մըն էր), տարագրութիւնը, աս ողորմելի գիւղաքաղաքը իր նոյնքան ողորմելի շքախումբովը կառավարական պաշտօնեաներու ու պառաւները, իրենց թուղթերով, լեզուով եւ օրինակներով, աղջկան հասնիլը իր ետեւէն, դրամի ու անոր դժուարիլը հետզհետէ, ու ամէնէն շատ գալիքին անապահով ստուերը տարտղնեցին դիմադրական անոր ուժը, որ ամէն կնոջ մէջ մթերք է բարի։ Փորձութենէն դէպի անկում երբեմն այդ մթերքը կը պահէ մեզ։ Ամիսներ յետոյ, յոգնած, գրգռուած, ամէն կողմէ պաշարուած, ասիկա պիտի վրդովուէր յուշովը վայրագ այդ մարդուն, որուն անունով մթերուած աղտն ու պղծութիւնը էին աւելի հոծ, քան ինչ որ կրնար դիզել իր միտքը քսան մը վէպերու հարիւր մը հերոսներէ։ Եւ որուն մութ, բայց արու դէմքը, կիսակիրթ տարազը փոթուռ կը հագնէր նոյնիսկ պաշտօնական ընդունելութեանց ու տարեդարձի հանդէսներուն բզկտող աչքերը սկովտական կամ միջնադարեան կատաղի ազնուական մը կը պատկերէին անոր գերագրգռուած երեւակայութեան։ Անշուշտ, պէտք է աւելցնել Արեւելքը, սեռին համար հանդերձուած անոր մարմինին էրկանը տարիներէն գտած զրկանքը, թուրքին արիւնը, որուն կարմիր գնդիկներուն մէջ ապահովաբար տարբեր կայծեր կը վառին, երբ անոնց աղջիկները, կ՚ըլլան այնքան տարօրէն ծարաւ, շրջավայրին խոր, ապականող ազդմունքները, պալատէն գիւղաքաղաք՝ հոգիներուն ցուցադրած այլայլումովը պայմանաւոր։ Անշուշտ կարելի է երկարել այս ազդակներուն ցուցակագրումը, հասկընալի ընելու համար զարմացնող անկումներ։ Չէ՞ որ մենէ վեր ուժեր կը վարեն մեզ երբեմն։ Մեծ մեղքերու մուտքին՝ մինակ փորձութիւնը չէ, որ կ՚իշխէ։

Ու կը դողար անիկա անմոռանալի տեսարանին համար, որ կարճ օրը եօթը անգամ կը յօրինուէր անոր ուղեղին ներքեւ, հետզհետէ հագնելով երազը հերքող հոծութիւն մը։ Երեւակայութեան սա առարկայացումը, որով քանդակուած գեղեցկութեամբ մը կը տիրէր անոր հոգիին, զինքը արձակած պահուն քնքուշ բարութիւնը աւազակին, ոտքերը համբուրելու համար ծնրադիր։ Ու կը փնտռէր, գրեթէ զգայախաբօրէն, այլ ոտքերուն վրայ հետքերը անոր մատներուն։ Սուզուած, անջատուած իր տունէն ու անոր իմաստէն, անիկա կ՚ախորժէր առանձնանալ։ Ցերեկը անիկա կը մերժէր պտոյտները, մնալ կրնալու համար մտապատկերին հետ։ Գիշերը, անիկա զատեց իր սենեակը, երազային յայտնութիւններուն սարսափովը։ Վասնզի անիկա իր սիրահարը կապրէր իր քունին մէջ։ Ու արթուն կամ կէս արթուն, անիկա լեցուած էր անոր անձովը։ Ու ըրեր՝ մաքրամաքուր, յղկուն, օծուն, անզուգական անոր պատկերը, ինչպէս ըլլալ է պարտքը բոլոր մենէ սիրուածներուն։

Զգացական այս այլայլումները քիչ-քիչ վերածուեցան շարժումի։ Սկսաւ անիկա իր ալ դարպասը, լրտեսելով անոր այցելութիւնները, որոնք տեղի կունենային տանը սելամլըգին մէջ, միշտ փաշային ներկայութեանը։ Սկսա՜ւ, ընելով ձայնը սովորականէն բարձր, հրամաններ արձակելու պատրուակին տակ։ Կը քալէր սրահէն, որ, պատով կիսուած ըլլալուն հակառակ՝ թափանցիկ էր ալ, ու մատնո՜ղ՝ անոր քայլերուն ներքեւ։ Ո՞ւր կը տանէին զինքը անոր երաժիշտ, անոր անուշիկ սքարփինները, որոնցմէ ելլող երաժշտութիւնը գրեթէ խռովիչ բան մը կ՚ըլլար ծերունի փաշային ականջին։

Ո՞ւր։

Ո՜ւր կ՚երթան կիները, քառասունէն հեռու, երբ շատ մը պատճառներէ անկախաբար, նոյնիսկ սեռին մեծ մագնիսէն ալ անկախ, տառապանքին են որդեգրուած, մահիճի տեղ վաթսուննոց մարմիններ ունենալու։ Ամու, նա

Աւելի՛ն։

Հարցուցէք ու տեսէք։

Անոնք պիտի երթան աչքերնին գոց։ Մինչ՝ իրենց մտքին, արեւի պէս պայծառ է մարմնառութիւնը է՛ն հոծ, է՛ն խռով առասպելին։ Շուայտութեան, ալքոլի հերոս մը հաւասարապէս զզուելի է այրերուն ու կիներուն։ Արիւնի հերոս մը՝ ահարկու։ Սեռի հերոս մը ատելութիւնը կը գրգռէ միայն այրերուն։ Կիները պիտի պահեն տկարութիւն մը անոր հանդէպ։

Աւելի՛ն։

Այո՜։

Բացի անիծուած իշխանէն, իշխանուհի ծնած եւ հիմա գիւղի մը կիսագարակ մէկ տունին վտարուած կինը իր մտքին մէջ գամուած ունէր աշտարակի մը կատարը, գետնէն երկու թիզ վեր տիւանը, իր զոյգ մորթերուն առասպելովը։ Ու անկիւնին ոսկեդրուագ մահճակալը, ու անոր այնքան ընդարձակ հեքիաթը, որ կը տարածուէր իրեն ծանօթ կիներուն գրեթէ բոլորին փեշերը մինչեւ։ Ու սնարին կողմէն գորգի մը վրայ առկախ, բայց հիւսուած զինանշանը թուրքերուն կայսրութեան, որուն գիծերը կորացած դաշոյններու կը նմանին։ Իրականութի՞ւն։ Բանդագուշա՞նք։ Երա՞զ։ Երբեմն այս երեք բառերը մէկ ու նոյն բանը պատմեցին։ Անիկա կը տեսնէր իր միտքը այնքան յստակ, որքան աշխարհը, որ կը փռուէր առջին :

Առագա՜ստ մը, վրան առիւծի մորթ մը, տակը

Ուր սուրը, վառօդը, արիւնը, սերմը, մարմինը, պալլոսը կը կազմէին տարօրէն հեշտ խառնուրդը, ստորաշխարհ անոր բաց ու գոց աչքով երազներուն։ Ու չարագուշակ միւս հանդերձանքը, ատըրճանակներ, թոյնի սրուակներ։ Պարունակի ձեւով սանդուխներ, որոնք ջուրին կը հատնին …։ Ու դղեակ։ Ու մեղքին մեծ մարմինը, անհասկնալի, որքան իրաւ, որ տէրն էր հիմա անոր տառապող մարմինին։

Ո՞ւր կերթան կիները, երբ կը հալածուին նման պատկերներէ ու կը քաշուին նման լարերէ։ Երբ ասեղին տակն են մշտախնդիր նայուածքին։ Ու համբաւին համին։ Ու մեծախռով առնութեան, մեծանձնութեան, որով դրուած էր ճամբայ, «մազին թելին իսկ չդպւած», ինչպէս կը պատկերէ հեքիաթը այս կարգի արձակումները։

Հարթուեցան, կարծես մոմէ ըլլային, անիծուած իշխանին անցեալէն ինչ որ դերբուկ էր ու տգեղութիւն (ոճիրն ու զազրելի մեղքերը որքա՞ն շուտ կը նրբանան) ճարտար ներկողներէ։ Կիները ամէնէն շուտ կը ներեն զգացական մեղքերը իրենց տարփածուներուն, անոնց մէջ դնելով պուտ մը փառասիրութիւն անգամ։ Մեր դէմինները սրբագրած ատեն, անգիտակցաբար սրբագրած կ՚ըլլանք նաեւ մենք մեզ։ Այսպէս է, որ պիտի հարթուէին խղճմտանքի միւս դերբուկներն ալ, Պոլսէն, ընտանիքէն, աւանդութիւններէն մեր հոգիին վրայ աճած այդ տժգոյն կոկոնները։ Իր առաքինութիւնը այնքան փափուկ վտանգներէ անվնաս ազատող տիկինը անկարող պիտի մնար զայն պաշտպանելու հասարակ պառաւներու հնարքներէն։

Ու գեղանի, փաշաներու արիւնը կրող ազնուական այդ կինը եղաւ տարփուհին կոյանոց մաքրողի մը տղուն, հիմա տնօրէն ռեժիի մասնաճիւղի մը, ականաւոր անձը գազային, ու դէպի փաշայութիւն առագաստ պարզած։

Մեղք, որ վէպ է անունը աս պատմութեան։ Ու Արեւելքը՝ անծանօթ Արեւմուտքին։ Ու սէրը՝ հիմա արժեզուրկ ապրանք։ Ու կինը՝ միշտ կին։

 

 


[1]         Նուսխա Յուռութք, զոր կը պահեն եռանկիւն համայիլներու մէջ: