Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԵՆՔ ԵՐԳԵԼՈՎ Կ’ՈՒԶԵՆՔ ՄԵՌՆԻԼ
      
       Օրն էր Ուրբաթ, լուս ի Շաբաթ,
       Թղթիկ մ’եկաւ Ջըզրու քաղքէն…
      
       Կը թնդայ երգը, մերթ յամր ու անուշ ինչպէս հէքեաթ մը, հետզհետէ գալարուն եւ չարաշուք, ինչպէս ողբագին աղաղակ մը.
       Առեց կարդաց, քաղցրիկ լեզուէն…
       Էրուաւ սրտիկ, կորաւ Մաղդէն
       Քաշուաւ կարմիր գոյն երեսէն…
      
       Ամբողջ սրահը թաթխուած սրբազան անձկութեամբ, աչք ու ականջ շեշտակի ուղղած երգիչին, կ’ունկնդրէ անդոհագին սարսուռով մը.
      
       -Հազա՜ր ափսոս Մոկաց Միրզէն…
      
       Իր հեծկլտագին պոռթկումներուն մէջ անգամ, այս երգը չունի միւսներուն լալկան եւ յաճախ արհեստական եղանակը։ Ռազմերգ մըն է քան ողբ մը։ Վսեմ եւ առնական Տրտունջք մը, որ կը խոցոտէ, բայց ե՛ւ կը փոթորկէ ու կայծեր կը թափէ սիրտերու մէջ։
       Եւ ահա միւսը, ամբողջ ժողովուրդի ընդերքէն բխած աղաղակը.
       Հայաստա՜ն, երկիր դրախտավայր…
       Բայց պէտք էր լսել Շահ- Մուրատեանը, ա՜յն օրը, Փըթի Ժուռնալի սրահին մէջ։
       Ու պէտք էր ականջ տալ, մանաւանդ, իւրաքանչիւր ունկնդիրի սրտին, իմանալու համար ամբողջ հմայքն ու խորութիւնը այդ մէկ բառին. «Հայաստա՛ն»։ Ուրացող կամ ներկող, թթու ազգայնական, քարացած քաղքենի կամ համեստ շինական, բոլո՛րը, բոլո՜րը անձնատուր՝ նոյն կախարդանքին, կը կաքէին իրենց լեզուները, պոռալու համար ամէնէն ուժգին «Կեցցէ՜»ն
      
       *
       Այսպէս ուրեմն, Հայկական Երգը կ’ապրի այս բաբելական ոստանին մէջ ալ, այս լուսացնցուղ եւ համայնակուլ պողոտաներուն վրայ։
       Կ’ապրի եւ կ’ապրեցնէ, կը սաւառնի ու կը ներգործէ, կ’օրօրէ ու կը սթափեցնէ։
       Փա՜ռք անոր անսպառ, անմահական ելեւէջներուն։ Եւ փա՜ռք այն ժողովուրդին, որ տակաւին ուժ ունի, այսքան վերիվայրումներէ վերջը, համրելու անոր ամէն մէկ բառը, հպարտութեամբ պտըտցնելով զայն ամէն երկնքի տակ։
       «Չարերը երգ չունին», ըսած է բանաստեղծը։
       Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել «վատերը»։
       Որովհետեւ, ով որ չի հաւատար իր երկունքին ու ճակատագրին, - ըլլայ անհատ կամ ժողովուրդ, - ո՛վ որ կ’ուրանայ այդ երկուքը, իսկապէս վատ մըն է։
       Ան չունի երգ- անարժան է ունենալու- եւ պիտի թաղուի առանց երգի։
       Կարելի՞ է երեւակայել գոյութիւն մը աւելի անասնական եւ մահ մը աւելի անարգ…
      
       *
       Բայց չի բաւեր ունենալ երգը, կամ սիրել զայն։
       Իր նախնական վիճակին մէջ, երգն ալ կը մեռնի կամ կ’այլասերի ինչպէս խոպան արտ մը կամ անխնամ ձգուած տունկը։
       Լաւագոյն պարագային, ան կը մնայ սեփականութիւնը փոքրաթիւ հատուածի մը, եւ անոր հետ ալ կ’անհետանայ։
       Ի՜նչ թանկագին գանձեր կորսուած են մինչեւ այսօր, եւ տակաւին ի՜նչ կորուստներ պիտի ողբայինք, առանց Քրիստափոր Կարա-Մուրզաներու, Կոմիտասներու, Սիւնիներու եւ աւելի նորերուն տքնաջան եւ ստեղծագործ աշխատանքին։
       1912ին, հայ երաժիշտ մը, ճամփորդի ցուպը ձեռքը, պտոյտ մը կը կատարէր Բարձր Հայքի գիւղերուն մէջ, ժողովրդական երգեր հաւաքելու համար։ Գայմագամ մը հետաքրքրուելով, երբ կը հասկնայ ճամբորդութեան նպատակը, ապշութեամբ կը հարցնէ. «Մարդ Աստծու, հոգ չունի՞ս դուն, որ ելերես քանի մը լէլէներ կամ «Հոյ նար»ներ ժողվելու համար կը յոգնիս»։
       Համբերութեամբ, չարչարանքով հաւաքուած եւ դաշնաւորուած այդ «լէ լէ» ու «հոյ նար»ներն են որ մեր երակներուն աւիշ կը կաթեցնեն այսօր, ու ճառագայթներ կը ցանեն մեր հոգիներուն մէջ, այս խորթ ափերուն վրայ, Փարիզէն մինչեւ Ամերիկա։
       Եւ անոնց շնորհիւ է որ, կը նորոգուի ու կը ծաւալի այս ժողովուրդին հաւատքը՝ իր ճակատկագրի մասին։
       Հարստացած ու թարմացած Արուեստի շնորհներով, այդ նախնական գոհարները տարագիր բազմութիւններուն հետ կը պտըտցնեն հայ ժողովուրդի հարազատ ոգին, անոր մանկունակ ծիծաղն ու անսեթեւեթ ողբը, անոր անուշ օրօրն ու ահեղաշունչ ռազմերգը, անոր պայծառ սէրն ու անխարդախ փիլիսոփայութիւնը, անոր աշխատանքի տենդն ու լեռներ գլորելու հաւատքը։
       Ի՞նչ կ’ընենք մենք, աւելի զարգացնելու համար Հայ Երգը։
       Մասնակի ճիգեր։ Անհատական ձեռնարկներ։ Տարին քանի մը անգամ՝ համերգ։ Տեղ տեղ՝ այդ շնորհէն ալ զրկուած են։ Եւ աւելի յաճախ՝ օտարներն են որ կ’օգտուին եւ կը քաջալերեն, իբրեւ տարաշխարհիկ նորութիւն։ Քանի մը տարի առաջ, Պելժիոյ քաղաքները կը թնդային հայկական համերգներով, շնորհիւ կոմիտասեան սանի մը։ Այդ սաներէն ուրիշներ ալ իրենց վարպետին ճամբէն կը քալեն զանազան երկիրներու մէջ, Եգիպտոսէն մինչեւ Ամերիկա։ Եւ դեռ բոյլ մը արուեստագէտներ վառ կը պահեն ճրագը, Փարիզի եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի մէջ։ Բոլորն ալ՝ անձնական նախաձեռնութեամբ։
       Իսկ մենք, ի՞նչ կ’ընենք իբրեւ ժողովուրդ։
       Մենք՝ որ երգելով կ’ուզենք ապրիլ։
       Կամ կ’ապրինք, միայն երգեր լսած ատեն…։
       6Նոյեմբեր 1927