Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵԹԷ ՄԻԱՅՆ ՈՒԶԵՆ ԼՍԵԼ
      
       Ուշագրաւ առաջարկ մը կը ներկայացնէ «Հայրենիք», իր Դեկտեմբեր 28 թուակիր խմբագրականին մէջ։ («Ազգային խորհրդակցութեան մը պէտքը»)։
       Պարզելով ներգաղթի ձեռնարկներուն ձախողումը, մեր պաշտօնակիցը դիտել կուտայ.
       - «Դէպի Հայաստան ներգաղթը, գերազանցապէս կախուած է խորհրդային կառավարութենէն, որ ձգտում ունէր եւ ունի ոչ թէ Հայութիւնը համախմբելու Հայաստանի մէջ, այլ Հայաստանէն ցրուելու ամէն կողմ»։
       Եւ, իբրեւ եզրակացութիւն, կ’առաջարկէ.
       - «Կը թուի թէ ժամանակը եկած է այժմ, որ հայ կազմակերպութիւնները, խրատուած եօթը տարուան դառն փորձէն, վերաքննութեան մը ենթարկեն ներգաղթի մասին ցարդ ունեցած ծրագիրները, եւ, առանց հրաժարելու իրենց հիմնական ազգային նպատակէն, խորհին հայ գաղթականներու մասին, թէկուզ ժամանակաւոր, տարբեր կարգադրութեամբ»։
       «Այդ նպատակով, անհրաժեշտ է որքան կարելի է շուտ գումարել ազգային մեծ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցէին հայկական բոլոր հոսանքները»։
       Առանց շօշափելու բուն խորհրդաժողովին ծրագիրը, կ’ուզէինք հարցնել անմիջապէս։
       Կը յաջողի՞ այսպիսի ձեռնարկ մը, ժողովի գումարումն իսկ։
       Այս հարցումը անոր համար որ, առաջարկուած խնդիրը կը յիշեցնէ միւս փորձը, համազգային կազմակերպութեան ձեռնարկը, որ չարաչար ձախողեցաւ, հակառակ եօթը տարուան աշխատանքներուն։
       Ինչո՞ւ ծածկել որ, այսօր, գաղութներու վարիչ հոսանքները քով քովի գալու առաքինութիւնն անգամ կորսնցուցեր են։ ԿԿանխակալ կարծիքներն ու տեսակէտի տարբերութիւնները լայն խրամատ մը բացած են հոսանքէ հոսանք, անհատէ անհատ, եւ կը թուի թէ չկայ խնդիր մը, որուն համար կարելի ըլլայ մէկ սեղանի շուրջ նստիլ։
       Անհրաժե՞շտ է գաղութներու ազգային կազմակերպութիւնը, կեդրոնական իշխանութեան մը ստեղծումը։ - Այո՛, կը պատասխանէ Դաշնակցականը, եւ կարելին կը փորձէ 1921էն ի վեր, գլուխը պատին զարնելով։
       - Այո՛, կը պատասխանէ ռամկավարը, գլխագիր շեշտելով Եկեղեցին, Ընտանիքը եւ Լեզուն պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։ Բայց բոլորը՝ թուղթի վրայ։ Լեզուին տակ բաներ մը կայ որ չըսեր։ Կ’ըսէ ու չըսեր։ Եգիպտոսի ռամկավար պաշտօնաթերթը սրտառո՜ւչ կոչ մը ուղղեց 1928 Յուլիս 24ին, «Վերակազմութեան պէտքը», բայց մէ՛կ անգամէն լեզուն քաշեց։ Կը թուի թէ պարզ վրիպակ մըն էր այդ խմբագրականը, ուր կը կարդայինք հետեւեալ բացորոշ խօսքերը.
       - «Մեզ համար ամէն ժամանակ, բայց հիմա աւելի քան երբեք պէտք մըն է, հրամայական պահանջք մը, քով- քովի բերել, համադրել մեր փոքր ու անբաւական ուժերը, հնարաւոր եղածին չափ ներդաշնակել մեր բոլոր ճիգերը»։
       Նոյն անհրաժեշտութիւնը կը զգան հին Հնչակեանները, գոնէ դատելով Փարիզի իրենց օրկանէն, որ շարք- շարք ծրագիրներ կը պարզէ ազգային վերակազմութեան համար։ Կը զգան, բայց երբ կարգը գործի կուգայ, ուրի՜շ ձայներ կը լսուին։
       Գաղութներու կազմակերպութեան բացարձակապէս հակառակ է - եւ եղածն ալ կազմալուծելու կը ճգնի- Հօկը, խեղճուկ ծաղրանկար մը որ սիրտ կը խառնէ։ Անոր միակ մխիթարութիւնը այն է, որ իր խարդախ եղանակին վրայ կը խաղցնէ ռամկավարները եւ կարգ մը խառնիճաղանճ տարրեր, իբրեւ թէ հայրենիքը պաշտպանելու համար։
       Կը մնայ չէզոք, անկուսակցական զանգուածը, որ կրնար կացութեան տէր դառնալ այս խառնակ օրերուն, սակայն մատը մոխիրը թաթխել չուզեր, եւ մէկուն ժպտելով, միւսին ձեռքը թօթուելով օրը իրիկուն կ’ընէ։
       Այն պայմաններուն մէջ, ո՞ր հրաշքը պիտի կրնար հոգեփոխութեան ենթարկել մարդիկը, եւ սեղանի մը շուրջ հաւաքել զանոնք, այնքան ծանրակշիռ հարց մը, գաղթականներու տեղաւորման խնդիրը լուծելու համար։
       Երբ գաղութներու կազմակերպութեան տարրական խնդիրն իսկ դաւադրական աշխատանք- Հայաստանի դէմ ճակատ կազմել- կը համարեն կարգ մը հոսանքներ, կամ գոնէ անոնց վարիչները, ո՞ր կախարդական ուժը պիտի կրնայ համոզել, թէ առաջարկուած խորհրդաժողովը ցոյց մը չէ խորհրդային իշխանութեան դէմ։
       Նոր ապացոյց կ’ուզէ՞ք։- Ամերիկայի ռամկավար պաշտօնաթերթը, Սուրիոյ արտագաղթին առթիւ գրած գարշելի խմբագրականի մը մէջ, այնքան ալ իրար անցնելու բան չի տեսներ։ «Կ’ըսուի թէ 3000 Հայեր դէպի Հարաւ. Ամերիկա կը գաղթեն։ Եթէ այդ թիւը կրկնապատկուի կամ եռապատկուի ալ, դարձեալ Սուրիոյ Հայերուն ներքին կազմակերպութեան գործը չի կասիր ու չի վտանգուիր»։
       Անշո՜ւշտ. ո՜ղջ մնան կաթողիկոսը, ժամերն ու ժամկոչները։
       Երբ ա՜յս է տիրող հոգեբանութիւնը «ողջամիտ» կոչուած կուսակցութեան մը մէջ, երբ այսքան տգէտ ու քինախնդիր վարիչներ կ’երեւան հրապարակի վրայ, հանրային կարծիք վարելու յաւակնութեամբ, ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ կը հարցնենք նորէն- «Հայրենիք»ի առաջարկած խորհրդաժողովին իրականացման։
      
       10 Յունուար 1929