Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

39. ԷՏՈՒԱՌ ՊԷՅԱԶԵԱՆ.



Ծնած է Սկիւտար 8 Փետր. 1873ին։ Պէրպէրեանի սան։ Դեղագործութեան վկայական ստացած  1893ին։ Յետոյ շերամաբուծութիւն սորվելով փոխ-տնօրէն կարգուած Պրուսայի Շերամաբուծական վարժարանի եւ շերամաբուծական ընդհ. քննիչ Հանր. Պարտուց Վարչութեան։ Պաշտօնով քանիցս ուղեւորած Իզմիր, Ատանա, Խարբերդ, Մալաթիա, Արաբկիր եւ այդ առթիւ շերամաբուծական բանախօսութիւններ ըրած, նաեւ գործօն դեր մը կատարած իր պատկանած Դաշնակց. Կուսակցութեան մէջ։ Գանձապետ «Աշխատանքի Տան»։ Երբեմն կը գրէր «Ազատամարտ»ի մէջ։ Մօրաքեռորդի Տքթ. Վ. Թորգոմեանի։