Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

40. ՀՐԱՉ (ՀԱՅԿ ԹԻՐԵԱՔԵԱՆ).



Ծնած է Տրապիզոն 1871ին։ Նանսի հողագործութիւն ուսած եւ Կովկաս ու Պօլիս ուղեւորած։ Դաշնակցութեան յայտնի գործիչ։ 13/26 Օգոստոսի Պանքայի Ցոյցին մասնակցողներէն մին, որ իր ընկերներով Մարսիլիա փոխադրուեցաւ մասնաւոր շոգենաւով։ Յետոյ գաղտնի Իզմիր անցնելով կը ձերբակալուի եւ ցկեանս բերդարգելութեան կը դատապարտուի Պօտուրում, ուրկէ Սահմանադրութեան հռչակումին ազատ արձակուելով Պօլիս կուգայ եւ Ատոմ Շահէնէ վերջ՝ տպագրիչը կ’ըլլայ «Ազատամարտ»ի եւ կարգ մը կարեւոր գիրքերու, նաեւ կերպասեղէնի հայթայթիչ Պտրզմ. Նախարարութեան։ [Անունի, մականունի եւ բնակավայրի նոյնութեան պատճառով՝ բերացի նպարավաճառ մէն ալ աքսորուած, բայց կրցած է վերադառնալ, շնորհիւ Հրաչի վեհանձն պնդումին՝ թէ կառավարութեան փնտռած անձը բուն իսկ ինքն է]։