Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

128. ՅԱԿՈԲ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ.

Ծն. Քիլիս, 40 տարու։ Կանուխէն Հնչ. արձանագրուելով՝ կը նուիրուի մանաւանդ կրթ. գործին եւ 1902ին կը հիմնէ հոն «Լուսասիրաց» նախակրթարանը։ Յետոյ կը բանտարկուի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսին Քիլիս այցելութեան առթիւ ներման կ’արժանանայ։       95ի ջարդերուն եւ Կիլիկեան Եղեռնի ատեն՝ ոգին կը հանդիսանայ ինքնապաշտպանութեան գործին, եւ որպէս զինագործ՝ մեծ դեր կը կատարէ։ Նախագահ Քիլիսի Հնչ. Մասնաճիւղին եւ հաւաքիչ Սինկէրի։