ՀԱՅ
ՄԱՄՈՒԼԻՆ
ՔԱՆԱԿԸ
Արդեօք
մինչեւ
մեր
օրերը
քանի՞
հայկական
թերթեր
լոյս
տեսած
են։
Կու
տանք
նիւթին
մասնագէտներուն
կարծիքները։
Գարեգին
Լեւոնեան
տարիներով
մեր
մէջ
նիւթին
մասնագէտը
մնացած
է։
1894-ին,
հայ
լրագրութեան
հարիւրամեակին
առթիւ,
իր
հրատարակած
Հայոց
պարբերական
մամուլ
ը
աշխատասիրութեան
մէջ,
անոնց
թիւը
կու
տայ
173,
առաւել
17
հայատառ
թրքերէն
թերթ։
Գիրքին
վերջաւորութեան
հետեւեալ
միամիտ
կարծիքը
կ՚արտայայտէր.
«Ներկայիս
ընթերցանութեան
ծաւալումը
կարծել
է
տալիս,
որ
հարիւր
տարի
յետոյ՝
1994
թուականին,
հայ
լրագրութեան
թիւը
կը
կրկնապատկուի»
(էջ
556)։
Ան
1934-ին,
հայ
պարբերական
մամուլի
նոր
ցանկ
մը
պիտի
պատրաստէր
եւ
պիտի
տեսնէր,
թէ
տակաւին
1904-ը
չեկած,
հայ
թերթերուն
թիւը
գլած
անցած
էր
իր
նախատեսութիւնը,
ութ
անգամով։
Ան
կը
ցուցակագրէր
1607
թերթ։
Սուրիահայ
տարեցոյց
ի
առաջին
տարուան
(1924)
մէջ
տպուած
ցուցակ
մը
(էջ
270),
մինչեւ
1924
հայերէն
տպուած
թերթերուն
թիւը
կու
տայ
650։
Ո՞վ
է
կազմողը
եւ
ուրկէ՞
քաղած
է
այս
տեղեկութիւնը,
մեզի
համար
անյայտ
է։
Հայր
Մկրտիչ
Պոտուրեան
իր
Հայ
հանրագիտակ
ի
(1938)
յառաջաբանին
մէջ,
ակնարկելով
Գարեգին
Լեւոնեանի
տուած
վերոյիշեալ
թիւին,
զայն
կը
բարձրացնէր
2600-ի։
Ասիկա
պարզ
գրիչի
խա՞ղ
է,
թէ
ոչ
վիճակագրութեան
վրայ
կատարուած
հաշիւ,
մեզի
համար
կը
մնայ
անլոյծ։
Արտաշէս
Կարինեան
1956-ին
կը
հաստատէր,
թէ
«
Իր
ծագման
օրից
մինչեւ
այսօր
հրատարակուած
Հայ
Պարբերականների
թիւը
չորս
հազարից
աւելի
է
»
(էջ
12)։
Այս
վերջին
գումարը
քիչ
մը
առասպելական
է։
Յովհաննէս
Պետրոսեան,
որ
եռահատոր
ցուցակ
մը
պատրաստած
է
(1954-1957),
կրցած
է
2000-ի
շուրջ
թերթեր
ձեռքի
տակ
ունենալ։
Ամալիա
Կիրակոսեանի
աշխատասիրութիւնը
(1970)
կը
ցուցակագրէ
3264
թերթ։
Այս
գործը
թերիներով
լեցուն
է։
Կան
կրկնուած
թերթի
անուններ։
Թերթի
բացառիկներ
առանձին
թուահամար
կրած
են,
մինչդեռ
պէտք
է
նշուէին
մայր
հրատարակութեան
տակ։
Կան
հրատարակութիւններ,
որոնք
մամուլի
սահմանումէն
դուրս
են,
սակայն
իբրեւ
թերթ
նշուած
են։
Ճիշդ
է,
որ
իրեն
անծանօթ
մնացած
թերթեր
ալ
կան։
1970-ին
պէտք
է
ունենայինք
շուրջ
3000
թերթ։
Ժ.
Դանիէլեան
իր
աշխատասիրութեան
մէջ
արձանագրած
է
շուրջ
300
նոր
թերթ,
1967-1981-ի
15-ամեակին
լոյս
ընծայուած։
Գիրքին
նախաբանին
մէջ
կը
գրէ.
«
Նորագոյն
տուեալներով,
հայ
պարբերական
մամուլի
ընդհանուր
գումարը
հեշտութեամբ
կը
հասնի
չորս
հազարի
»
(էջ
15)։
1961-ին,
հայ
մամուլի
մեր
ցուցահանդէսին
առիթով
լոյս
ընծայուած
գրքոյկին
մէջ
կը
գրէինք.
«
Մօտաւորապէս
2500-2600
թերթ
պէտք
է
ունեցած
ըլլանք
»
(էջ
7)։
Այսօրուան
մեր
հաշուարկումով,
հայ
մամուլի
ընդհանուր
քանակը,
1794-1987,
պէտք
է
ըլլայ
շուրջ
3500-3600։
Հայ
մամուլի
լիակատար
ցուցակ
մը
անհրաժեշտ
է։
Անհրաժեշտ
է
որ
Հայաստան
եւ
Արտասահման
գործակցին,
նախ
մէկտեղելու
հայ
մամուլի
բոլոր
հաւաքածոները,
ապա
անոնց
ցուցակը
կազմելու
համար։
Անկարելի
է
հայ
մամուլի
ճշգրիտ
քանակը
տալ,
եթէ
չկատարուի
թերթերը
մէկտեղելու
այս
նախապատրաստական
աշխատանքը։