Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱԿ ԵՒ ՀԱՅ ԻԳԱԿԱՆ ՍԵՌԸ

Հայ կնոջ իրաւազրկեալ վիճակին կ՚անդրադառնայ Ներսէս Փափազեան։ Կ՚առաջարկէ 1) Ինքնակրթութիւն լսարաններու եւ դասախօսութիւններու ճամբով. 2) ղեկավարել երկրի մը բարեգործական պէտքերը, որովհետեւ բնականաբար այրէն աւելի գթոտ ըլլալով, աւելի շինիչ դեր կրնան ունենալ. 3) Տնտեսական անկախութիւն այր մարդուն հաւասարելու համար. 4) Ազգային եւ քաղաքական կեանքի մէջ գործօն մասնակցութիւն եւ պաշտօններու տիրացում։ [1]

Ազդակի մէջ հայ իգական սեռը որպէս աշխատակցուհի գրեթէ բացակայ է։ Անշուշտ կան պարագայական աշխատակցուհիներ, ինչպէս՝ Արուսեակ Փանոսեան, Գ. Զարուհի եւ Յուլիանէ Սարգիսեան (իւրաքանչիւրէն մէկ յօդուած, ան ալ «Աշխատանքի Տան» հիմնումին նուիրուած)։ Անշուշտ կայ Զ. Եսայեանը, որ ի պաշտօնէ կ՚աշխատակցի՝ խմբ. կազմին անդամ ըլլալով։ Այսքան։ Շատ քիչ է հունձքը։ Ինչո՞ւ այս սակաւութիւնը։ Նախ՝ որովհետեւ հայ մտաւորական կիներու թիւը միշտ ալ նուազ է եղած մեր մէջ։ Մտաւորական հետաքրքրութիւններ ունեցող կիներ, որոնք միաժամանակ աշխատակցին մեր մամուլին։ Երկրորդ՝ Ազդակ պայքարի թերթ էր, յեղափոխական եւ ընկերվարական պայքարի թերթ։ Հայ իգական սեռը տակաւին այդ յեղափոխական մտածումները չէր իւրացուցած, խորհրդածութեան նիւթ դարձուցած։ Կանուխ էր տակաւին իրեն համար։



[1]            «Իրաւազուրկ հայ կինը», թ. 12 (13 Մարտ), էջ 183-186։