Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԵՒ ԹԵՐԹԻՆ ԴԵՐԸ

Շարժումը ժամանակավրէպ էր, սակայն, ուղղակի թէ անուղղակի կերպով, իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ մա՛նաւանդ կրթական մարզին մէջ։ Ընկերային եւ կրթական քարացած համոզումներ խախտեցան։ Ա. Փոխարեան, որ Երամեան վարժարանի ուսուցիչներէն է եւ «հայեացք»ական (հետեւաբար, բնական հակառակորդ մը նոր սերնդական շարժումին), առարկայական մօտեցում կը ցուցաբերէ, գրելով հետեւեալ տողերը. «Նա որոշ յեղաշրջող գործ տեսաւ մեր կրթական ու դաստիարակչական մարզին մէջ՝ մատնանիշ անելով իրական բացերն, պայթեցնելով թարախակալած վէրքեր եւ յայտնաբերելով մանկավարժական արժէքաւոր նորութիւններ։ Այս բանը կը հաստատէր նաեւ Վանի կաթոլիկ միսիոնի պետ եւ միանգամայն ֆրանսական կառավարութեան ներկայացուցիչ՝ հայագէտ Փէռ տիւ Ֆրանսը, պ. Երամեանին տուած իր այցելութեանց միջոցին»։ [1]

Շարժումը առնուազն մեր մամուլին տուաւ անուանի խմբագիրներու շարք մը Հմ. Մանուկեան, Բ. Կապուտիկեան, Օննիկ Մխիթարեան եւ Մանուկ Ասլանեան (Պոլսոյ եւ Պէյրութի Ազդարարներուն հիմնադիրն ու խմբագիրը)։



[1]            «Հայրենիքիս հետ», Հայրենիք ամս., ԺԷ. տարի, թ. 4 (Փետր., 1939), էջ 114։