Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ

1) Եղեռնէն ճողոպրած սերունդին համար, որուն զլացուեցաւ տարրական կրթութեան մը բարիքը, մամուլը եղաւ դպրոց մը, որ առօրեայ ընթերցանութեան նիւթ հայթայթեց եւ իր բազմազան ու դիւրամատչելի նիւթերով, սատարեց ընդհանուր զարգացում մը ապահովելու։

2) Հայ մամուլը՝ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին կողքին գլխաւոր ազդակներէն մէկն է, որ ազգապահպանման մեծ դեր կը կատարէ։

 

Եթէ մեր անցեալի եւ ներկայի ծանօթութիւններու ստացումն է, այսինքն՝ հաղորդ ըլլալը անոնց, որ կը զօրացնէ հաւաքական ոգին, այս պարագային՝ մամուլը, մանաւանդ օրաթերթն է, որ իր ամէնօրեայ լրատուութեամբ մեզ հաղորդակից կը պահէ ե՛ւ մեր տեղական, ե՛ւ մեր հայրենական, ե՛ւ այլ գաղութներու հայկական անցուդարձերուն։

3) Լիբանանահայ մամուլը եղած է լիբանանահայ գրականութեան քաւարանը։ Հո՛ն է որ սկսնակ գրողները իրենց անհրաժեշտ մաքրարանը գտած են՝ սկսնակի իրենց խարխափումներէն ետք հետզհետէ կազմաւորուելու, եւ եթէ աստուածատուր քանքարի բաժինը բաւական զօրաւոր է եղած, դառնալու վաւերական գրագէտներ։

4) Լիբանանահայ գաղութի պատմութեան հանքն է լիբանանահայ մամուլը։ Մեր մամուլը արձագանգած է մեր ազգային կեանքին եւ մշակութային իրագործումներուն։ Մեր գաղութին զանազան երեսներով զբաղելու պարտականութիւն վերցնող ներկայ եւ ապագայ ուսումնասիրողները անհրաժեշտօրէն ստիպուած պիտի ըլլան պեղել այդ հանքը, իմա՛ հաւաքածոները, գտնելու համար իրենց անհրաժեշտ տեղեկութիւնները։