Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՐԹԻՆ՝ ԱԶԴԱՐԱՐԻ 200-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մատրասի գաղութը

Հայ ազատագրական խմբակին գործունէութիւնը

Նախընթաց անդրադարձներ

Հայ մամուլին նախահայրը

Շմաւոնեանի տպարանը եւ տպագրած գործերը

Շմաւոնեան քահանայի գործակիցները

Ազդարար Հայ առաջին լրագիրը

Ազդարարի ծրագիրը

Հնդկահայոց գործածած տոմարը

Կարգ մը տեղեկութիւններ

Ազդարարի բնատիպ օրինակներ

Ազդարարի վերահրատարակութիւնը

Ազդարարի աշխատակիցները եւ բովանդակութիւնը

Շմաւոնեանի նկարը

Ազդարարի լեզուն

Ազդարարի դերն ու արժէքը

Շմաւոնեանի դերն ու արժէքը

Շմաւոնեանի վերջին տարիները եւ վախճանը

Մեր պարտաւորութիւնները

 

Ազդակի սոյն բացառիկի [1 Յունուար 1994, էջ 136-145] աշխատանքները ընթացքի մէջ էին, երբ Դեկտեմբեր 5-ի գիշերը, անակնկալօրէն եւ վաղաժամ կերպով իր աչքերը փակեց ստորեւ տրուած ուսումնասիրութեան հեղինակը՝ ընկ. Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան։

Տասնամեակներ շարունակ, ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ    ուսումնասիրութիւնը    ազնիւ կիրքի վերածած ընկ. Ա. Տէր Խաչատուրեանի համար, հայկական թերթերու «նախահայր» Ազդարարին նուիրուած այս ուսումնասիրութիւնը դժբախտաբար եղաւ անոր կարապի երգը... ։ Հիմա, երբ ան չկայ այլեւս, հեղինակին համար արդարութիւն ըրած պիտի ըլլանք, եթէ հաստատենք որ հակառակ հայկական մամուլին մէջ բոլորին ծանօթ իր հմտութեան, այս ուսումնասիրութիւնը, հայկական առաջին թերթին 200-րդ տարեդարձին առիթով, ոչ միայն զինք մղեց ցարդ չպեղուած դաշտերէ ներս մուտք գործելու, այլ նաեւ պիտի ըլլար միայն առաջին քայլը՝ Ազդարարին նուիրուած այլ ձեռնարկներու, որոնց համար ան արդէն ծրագիրներ կը մշակէր ամիսներէ ի վեր եւ պիտի աշխատէր զանոնք գործադրութեան դնել 1994-ին, երբ Հայաստանն ու Սփիւռքը պիտի նշեն Հայ Թերթի ծննդեան 200-ամեակը։ Խորքին մէջ, ուսումնասիրութիւնը ակամայ կտակ մըն ալ կը բովանդակէ արդէն...

Խմբագրութիւն Ազդակի