ԵՍ
ԻՆԾԻ
Մեծ
ժամացո՛յցը
կը
զարնէ
միօրինակ.
Եւ
կը
թափէ
ցուրտ
իրիկունն
աշունի`
Սենեկիս
մէջ
մութը
կայլակ
առ
կայլակ.
Օրը
յոգնած
եւ
դալկացած
կը
մարմրի:
Վայրկեա՜ն
մըն
ալ,
վայրկեա՜ն
մըն
ալ,
ահա
Ժամանակն,
յամր,
անըզգալի
կը
թըռչի.
Կեանքն
շոգւու
պէս
կը
ցընդի
անխընայ,
Եւ
կը
մարէ
սիրտն
ալ
իր
բոցը
առջի:
Ո՛հ,
ի՜նչ
պատրանք,
երբ
երջանիկ
բայց
անցա՜ծ
Յիշատակով
կը
խաբխըբեմ
իմ
այս
կեանք.
Մինչդեռ
ծաղիկը
Անցեալին
է
խանձած,
Ցօղը`
ցամքած,
լոյսն
ալ`
մարած…
Ի՜նչ
պատրանք:
Թող
չը
խօսին
ինձ
Անցեալէն`
սա
դեղին
Թերթը,
եւ
սա
երգերն
հընչող
շուրթիս
վրայ.
Ինծի
համար
խոր
անդունդն
այդ
միշտ
մըթին
Եւ
միշտ
առանց
կայծոռիկի
թող
մընայ:
Ինչո՞ւ
այս
մութ
խուցին
մէջ`
իմ
Ապագան
Կը
մաշեցնեմ
դատարկօրէն,
լըռօրէն.
Երկու
քայլ
դեռ`
ահաւասիկ
գերեզման.
Ի՞նչ
երեսով
պիտ’
անցնիմ
այս
աշխարհէն:
Ապագային
լոյսը
կ’ուզեմ
ո՛վ
Աստուած.
Սուրբ
արշալոյսն
ուրախութեան,
բարութեան,
Հանէ
ինծի
այդ
գիշերէն
մըթամած.
Սիրոյ
բոցերն
այդ
մեծ
ծուխէն
թող
ելլան:
Սա
լուռ,
խորին
անծանօթէն`
ականջիս
Միշտ
անիծող
արեան
խոշիւն
մը
կու
գայ.
Անսըւաղի
մը
կու
լայ
ո՛ղբը
չորս
դիս,
Եւ
կը
կաթի
կարծես
արցունք
մ’հոգւոյս
վրայ:
Տըւայտանքի
այդ
կաթիլներն,
այդ
ձայներ`
Դէպի
երկինք
ահեղ
բողոք
մ’են
լալկան
Եւ
նախատինք
մ’հոգիներու
կիսամեռ`
Նետուած
ճակտին`
անձնապարար
Մարդկութեան…
…Հո՛ն,
կը
տեսնեմ
-
վերջալոյսին
մէջ
կարմիր
Արիւնոտ
սիրտ
մը
կը
պոռայ
երեսիս,
-»Պիտ’
դարձընե՞ս
ժամերդ,
անգործ,
դեռ
մոխիր…
Կըռուէ՛,
Սէրին
համար
պէտք
է
արիւնիս»:
Այո՛,
ո՛վ
հէգ,
խոցուած
հոգւոյ
ուրուական,
Կամ
ո՛վ
ըստուերը
խաւարչուտ
հիւղակի,
Ո՛վ
մըգլոտած
բանտի
մ’ոգին
դու
դաժան,
Ո՛վ
հոգեգէշն
անգերեզման
դիակի:
Այո՛,
կ’ուզեմ
իմ
այս
վատնած
ժամերէս`
Արեանըս
գոյնն
ու
ճակտիս
շաղն
ունեցող
Անձնուրացման
նոր
բողբոջում
մ’հանել
ձեզ,
Բողբոջ
Գութի,
Եղբայրութեան
սիրաշող:
Սիրտս`
սրտին,
հոգիս`
հոգւոյն
մէջ
ձերին
Կ’ուզեմ
դընել.
եւ
մէկ
մարմին,
մէկ
արիւն
Թող
ըլլայ
վիշտըս
ձեր
վըշտին
հետ
միասին.
Թող
դո՜ւք
ապրիք
գաղափարիս
մէջ
տըժգոյն:
Կ’ուզեմ
կըռուիլ
ընդդէմ
կեանքի
յարձակման
Եւ
վէրք
առնել
չարին
դիմաց,
բախտին
տակ:
Անշըշուկ
կեանք
մ’ինձ
համար
է
գերեզման.
Անմըտածում
գըլուխ
մըն
ալ
չորցած
գանկ:
Թող
իմ
ճակատս
իջնա՜յ,
իջնա՜յ
դարաւոր
Այն
խեղճութեան
մէջ`
ուր
ցաւի
ողբն
երբեք
Չը
դադրեցաւ.
իսկ
բազուկներըս
անզօր`
Թող
մագըլցին
Նըպատակի
ժայռը
սէգ:
*
Ապագաս
է՞ր
կը
մաշեցնեմ
դատարկ,
սին.
Դեռ
չեմ
ձգած
ակօս
մ’անցած
իմ
ճամբուն,
Եւ
յորձանուտ
ծովուն
վըրայ
այս
կեանքին
Դեռ
չեմ
թողած
փոքրիկ
հետք
մ’իսկ
դողդոջուն:
Մինչ
վայրկեա՜ն
մ’ալ,
վայրկեա՜ն
մըն
ալ,
եւ
ահա
Ժամանակն
յամր,
անըզգալի
կը
թըռչի.
Կեանքը
շոգւու
պէս
կը
ցընդի
անխընայ.
Եւ
կը
մարէ
սիրտն
ալ
իրեն
բոցն
առջի…
18
հոկտ.,
1903