«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԻԾԱՂ, ԶԱՅՐՈՅԹ

Մըշուշին մէջ, յորձանապտոյտ, տարուբեր,
Թո՛ղ մըրրիկներն ոռնան ճամբէն` մոլորուն,
Եղած` այս կոյր աշխարհիս կոյր թըռիչներ.
Թո՛ղ տըքնի ծովն, ու թող լեռներն առնեն քուն:
Թո՛ղ մայր-Բնութիւնը վախճանի, ու ետքն ալ
Իր աճիւնէն կենդանանայ վերըստին,
Ընթանալով նոյն ճամբայէ մ’անայլայլ`
Որուն ելքն յար միացած է իր մուտքին:
Թո՛ղ ալիքները մէկմէկու ետեւէն
Դէպի հեռուն` անծանօթ մ’ընթանան.
Եւ մարդերն ալ, ուրի՜շ ալիք, թող վազեն`
Կէս նըշմարուած ճառագայթի մը տատան:
Թո՛ղ հոգիներ ունայնութեան ձայնին. խո՜ւլ,
Երջանկութիւնն ուզեն բըռնե՜լ. ո՛հ, այդ լոյսն
Որչափ ջանանք մերին գըրկին մէջ առնուլ`
Պիտի գըտնենք մեր գըրկին վրայ տըւած խոյս:
Թո՛ղ նայուածքներ ըստուերներո՛ւ հետեւին,
Թո՛ղ դափնիներ ծըփան չորս դին գանկերու,
Այդ տերեւներ, գիտե՜մ, դըռնէն սեւ շիրմին`
Պիտ չը սըղմին դէպի անդի՜ն անցնելու:
Մըխիթարանքը գըտնելու տենչանքէն`
Թո՛ղ հարուստներ հեշտանքի մէջ ընկըղմին.
Ո՛հ, խե՜ղճ սագեր` որոնք ջուրին ներքեւէն
Չոր ու ցամաք պիտի ելլեն վերըստին:
Թո՛ղ իշխաններ համբոյրներով կիներու
Շարեն իրենց կեանքի համրիչն հեշտական,
Եւ, մեղկօրէն, կախարդ կապտող ձեռքի` հլո՜ւ,
Անոնց աչքին մէջ իրենց պարտքը մոռնան:
Դիմա՛կ փոխէ թող Եւրոպան ըստ շահին,
Մինչ դատասաց` դատաւորի՜ ըզգեստով.
Եւ թող ինքզինքը խաբխըբէ տակաւին`
Թէ կը գործէ վըսեմութիւնը, խըղճով:
Թո՛ղ փառամոլն թագի մ’համար մարմաջի,
Թո՛ղ համբոյրներ տեղան նենգող քղանցքի վրայ.
Մողէզի պէս` որ քարէքար կը թագչի`
Կեղծն իր քօղին տակ բացխըփիկ թող խաղայ:
Ես, իմ վըսեմ երազիս մէջ փաթթըւած,
Հոն, լերան վրայ, հեգնո՜ղ արծիւ մըտածման,
Սուր ճիրաններս` բնութեան կուրծքին, դէպի ցած
Պիտի նայիմ եւ պիտ’ խընդա՜մ ատոնց վրան:
Բայց երբ որ Չա՛րը ծընի այս ամէնէն,
Այս խօլանքէն Վընա՛սն ելլէ անդադար.
Մարդկութեան մէկ մասին մոլի յագուրդէն`
Միւս տարաբախտ մասն ըլլայ զոհ մ’անարդար:
Բայց երբ աշխարհըս, փըրփրերա՛խ երիվա՜ր,
Սուրբ Վարողին դէմ իր բաշերը թօթուէ.
Երբ հասկը` գոռ փոթորկին տակ պառկի վար,
Եւ կոտրի վարդը տերեւին ներքեւէն:
Երբ բաց մատեանը Բնութիւնն իր գաղտնիքին`
Դեռ մեր տըկար աչքէն բըռնէ դէպ հեռու.
Երբ լացերո՛ւ փոխուին երգերն ալիքին,
Եւ դեռ ջանայ մարդն իր շուքին հասնելու:
Երբ քաղելու համար լոկ վարդ մ’հաճոյքէն.
Կոյր հոգիներ իրենց խուժող ոտքին տակ
Մանիշակներ, անմոռուկներ կոխկըռտեն,
Եւ խոցէ բիւր սըրտեր` փառքի մը տենչանք:
Երբ դատարկուած թանկ բաժակներ խընճոյքի,
Դուրսն, աղքատին արցունքներո՛վ մաքրըւին,
Եւ ալիքներն ուրախութեան աղմուկի,
Սեմին վըրայ խեղդեն լալիւնն անսուաղին:
Երբ զինք մըշուշը ցոյց տալու համար, վերն,
Արեւուն վեհ ճակտին կառչի լըկտօրէն.
Երբ ելլելու համար բարձունքն` յաղթ քայլեր
Ինկած կուրծքերն իրենց սանդուխ գործածեն:
Երբ օրէնքին` քըմահաճոյքն ըլլայ ղեկ.
Եւ Արեւմուտքը տակաւին բաւական
Ըստուեր երկնէ` քօղ մ’հիւսելու թանձըրկեկ
Արեւելքի ցօղերու վրայ մըշտական:
Սուտը, դաժա՜ն ահե՜ղ հիդրայ, երբ իրեն
Պըրկումներուն մէջ ճըշմարտին հեծել տայ,
Երբ բըռնութիւնն իբրեւ լերան մը բազէն`
Թըռչուններու տարմեր ընէ խեղդամահ:
Ես այն ատեն, նորածին Մուսայիս` պարտակա՜ն,
Քընարազարդ իբրեւ առիւծ մը վըսեմ,
Շըղթաներո՜ւս մէջ` Բնութեան, Մարդկութեան
Երեսն ի վեր ահեղօրէն պիտ’ մըռնչե՜մ…

7 մայիս, 1904