«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՍՈՒՊԸ

…Եւ աստեղք յերկնից թօթափեսցին,
եւ զօրութիւնք յերկինս` շարժեսցին:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ

Ա

Վա՛րն, օրէնքովն անքըննելի, անխափան`
Կ’ապրի աշխարհս, իր թըմբիրին մէջ` յիմար,
Եւ փառատենչ իր ժըխորին մէջ` դաժան.
Կեա՜նք` երազող, անտեսելով շիրիմն յար:
Իսկ վերն` Միջոցը կը նընջէ` միասին
Իր խորհուրդով` շարժում մ’հագած ներդաշնակ
Ամենազօր սուրբ լըծակէն երկնային,
Շարժում մ’որ միշտ կը չափչըփէ ժամանակ:
Վե՜րն, ուր Միջոցն անհունութիւն մը ունի.
Աւասիկ այդ Անհունութիւնը հըսկայ,
- Որ պահարանն է ուրիշ երկու Անհունի -
Այդ սուրբ Յաւէրժն, Աստուածը այդ կը խոկա՜յ…

Բ

Ան կը խոկայ` կը քընանա՜ն մինչ բոլոր.
Եւ պիտ’ չըլլայ որ չը խոկայ. իսկ հիմա`
Հաճոյքը հին` նոր հաճոյքով, եւ վեց օրն`
Ակընթարթով մը ջախջախե՜լ կը խոկայ:
Եւ կ’որոտայ ահեղօրէն. Ա՛լ ժամն է:
Կը դողդըղայ երկինք Դաւէն սըրբազան,
Եւ կ’ըսեն իր Որդին եւ Հոգին. Արդ, ուզէ…
Հօրն ըզգացման` ըզգացումով համաձայն:
Եւ կ’որոշուի յաւիտենի Աղբիւրէն
Գործը եւ ժամն, որք աներկբայ կ’հաստատուին
Խոկ եւ Սէրէն… Անոնք երեք ովկիան են`
Որ միասին կ’ալեծըփին եւ կըլըռին միասին:

Գ

Հայրն իր կապոյտ ծիրանւոյն մէջ կը կանգնի`
Սըփռելով զայն անծայրածիր, յորձանուտ.
Միջոցին մէջ կ’ընէ շարժում մը բազկի`
Մըթնոլորտին մեր զարնելով իր ճըկոյթ:
Բոլոր միջոցը կը սարսռի իր խորէն.
Կը շըլմորին բիւր հոգիներ երկնային`
Ու, լըռելեայն, Տիրոջ սուրբ կամքը կ’օրհնեն
Ծըփանքին մէջ իրենց ճերմակ զառքաշին:
Արքայութեան արդար սեմին առջեւի`
Մեծ փանդիռին ոսկեղէն լարն որ կ’երգէր
Արարչութեան դաշնակութիւնն, կը խըզուի.
Կը դողդըղան զայն նըւագող հրեշտակներ:
Եւ կը գոռայ ամէն մարմին երկընքի.
Աստղերն իրար կապող անտես մեծ շըղթան`
Կը ճարճատի ջլաձգական, ուժգնակի`
Զոր կը կըտրէ Մեծ-Զօրութիւնն յաղթական:
Աշխարհիս դէմ որ Տիեզերքին մէջ ինկած`
Հիւլէ մ’է սոսկ, նկատուած իրմէ լոկ` հըսկայ -
Մինչ կը մըղէ ամբողջ երկինքը Աստուած`
Նա կ’երազէ. չի խորհիր բնաւ իրեն մահ:
Յանկարծ շողերն արեգակին կ’ամփոփուին.
Կը քաշէ Տէրը սեւ պատանք մ’անոր վրայ`
Որուն թուխ գոյնը կը ցայտի լուսնակին,
Եւ աշխարհիս կուրծքին ուղխով մը կ’իջնայ:
Կը թօթափին աստղերն երկնի կամարէն,
Վա՛ր բերելով ամէնն իրեն կրակն ու բոց.
Շէկ շէկ շանթերը շեշտակի կը շաչեն,
Շանթէ քարերը կ’անձրեւեն հոծ ու հոծ:

Դ

Վա՛ր կը թափէ կապոյտն իրեն զէնն ու զարդ,
Եւ յորձանուտ կ’եռայ չորս դին մթնոլորտ.
Աշխարհըս ա՛լ կ’ելլէ ճամբէն բոցացայտ.
Չի հնազանդիր ընել արփւոյն շուրջն ոլորտ:

Ամէն լեռներ, սարեր` Վեսուվ կը դառնան.
Ամէն դաշտեր ալ` Սահարա կըրակի.
Լոյծ կապարի պէս կ’եռեփի ովկիան.
Եւ ծերունի գետ Նեղոսն ալ կը ցամքի:
Թագն ու գըտակ կ’ըլլան փոշի մ’միասին,
Ու մէ՛կ, փըսոր` ցընցոտին հետ ծիրանւոյն,
Ու մէ՛կ մըղեղ` դըղեակը հետ հիւղակին
Ու ծիծաղն ալ արտասուքին հետ` արի՜ւն:

Բողբոջումներն, ամէն երկիր, կը խամրին.
Հուրն սընուցած` փոշի՜ կ’ըլլան դալարիք.
Հուրն ալ ամբողջ երկրովս արբշիռ` մոլեգի՜ն,
Որ կը կըրծէ հողն` ընելով ցուրտ մոխիրք:

Կը մարէ կեանքն իր վերջին կայծն ամենուր -
Աղաղակներ եւ լալօններ կը լըռեն.
Այլ սոսկ երբեմն` մեռելական ընդհանուր
Խըռըլտիւններ կ’լըսուին մահուան փոսերէն:

Հորիզոնն` այս կեդրոնն մարած հընոցին
Կը բոլորէ հեւքոտ պըսակ մը բոցեայ.
Եւ վեհ կատարն Հիմալայեան ահագին`
Այս աւերին` խանձած, սեւ դրօ՜շ մը կըլլայ:

Իր հանճարի հրաշքներուն հետ, լալկան,
Հրաժեշտ կու տայ Մարդս օրէնքին իր կենաց.
Եւ Աստըծոյ մեծ հաճոյքին երկնի վրան`
Աշխարհս կ’ըլլայ ասուպ մ’, ասո՜ւպմը մարած:

Ե

Եւ այս ասուպը մարդկութեան աճիւնին
Սափոր մ’եղած, զինք մութին մէջ կ’անդա՛ստէ,
Եւ երթալով Երրորդութեան սուրբ սեմին`
Կը հեծկըլտայ. Աւասիկ իմ, արդ դատէ՛…

16 հոկտ., 1903