«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԿԵՐԴ
(Սիրերգ)

Սեւ բաժանումն ամէն վայրկեան
Թոյն կը ժայթքէ կեանքիս ճամբուն,
Եւ կը խանձէ, ո՛հ, ամէն բան,
Լոկ յիշատակդ ինծի թողլով:
Մեծ կարօտով կը փընտըռեմ
Չըքնաղ պատկերդ - լուսնի՜ ծընունդ.
Չըքնաղ պատկերդ` որ քու վըսեմ
Սիրոյդ կայծերն ներսըս լեցուց:

Սակայն ի զուր, զայն ո՛չ բնութեան
Մէջ կը գըտնեմ, ո՛չ երազիս.
Շողերն ու վարդ ինձ ցոյց կու տան
Ըստուերը սոսկ դիմագըծիդ:

Ա՛լ կը դառնամ յուսահատած
Ես իմ մէջըս: Աչքերս` սըրտիս
Կը յառին խորն, եւ ողբ ու լաց
Կու գան զուգիլ հառաչներուս:

Բայց սըրտիս խո՜րն, ուր կը վազէ
Գետ մը կարմիր, ա՛լ կը գըտնեմ
Չըքնաղ պատկերդ - ո՛հ, երա՞զ է.
Արեան վըրա՜յ անդրադարձած…

24 փետր., 1903