«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՆՉՈ՞Ւ…

Ա

Տեսայ արեւն` որ ելաւ…
Տեսայ արեւն` որ մըտաւ.
Բոցեղէն գունդ մը սեւ խորքեր ժայթքեցին
Դէպի ուրիշ սեւ խորքերու որկորին:
Եւ օրուան հետ էակներու կարճ կեանքէն
Թիւ մըն ալ, ո՜հ, Յաւէրժութեան թուին անցաւ.
Տերեւ մ’ալ գետն ինկաւ ծառէն, պուրակէն.
Հիւծած կոյս մ’ալ գըրկեց պատանքն համր, անցա՜ւ.
Արծիւ մըն ալ թաւալ, անթռիչ, անկենդան
Հեղեղատին տիղմը գըրկեց, ժայռէն ցած.
Ձիւնահիւսէն քանի մ’հիւղակ ալ փըլան.
Աղքատ կուրծք մ’ալ, քուրջերէ հին եւ մաշած,
Բացուեցաւ դէպ քամիին,
Դէպի ձիւնին, եղեամին:

Իր աւարովն անվերադա՜րձ ալ այս հեղ`
Հողամաղ մ’ալ կըլլուեցաւ ժայռին տակ.
Եւ դիակ մ’ալ աճիւն դարձաւ. իսկ հիւթեղ
Աճիւն մ’ալ թարմ տունկ մը եղաւ հողէն տաք:

Սակայն ամէն բան կ’երեւնայ դարձեալ նոյն.
Այն ի՞նչ դաշտ է` որ կ’յըղանայ, կը ստեղծէ.
Այն ի՞նչ հեղեղ է` որ կ’աւրէ, կը կըրծէ.
Նորը, շըքեղ, կը յաջորդէ միշտ հընոյն,
Իբր հագնէր գին նոր կեղեւ
Եւ կամ թըռչնիկը նոր թեւ:
Կեանքն յարաժամ կ’արտադրէ
Իր պըտկունքով, երակով,
Իսկ Մահը միշտ կը քանդէ
Իր ժանիքով եւ ճանկով:
Առջինը, շռա՜յլ, արեւն ունի եւ սուրբ շաղ,
Վերջինն, ագա՜հ, կիզող խորշակն ու մանգաղ:

Այս անիւին վրան ահա
Միշտ Մարդկութիւնը կ’երթայ:
Կ’երթա՜յ մոխրին մէջ յոյսերու սընոտի,
Լըռած երգի, մարած աչքի, փակ սըրտի:

Եւ Մարդկութիւնը կ’երթա՜յ,
Կուրծքին կոկոն մը` կոխելով ծաղիկներ,
Շուրթին ճակատ մը` ճըզմելով գանկ մը ծեր,
Գիրկը մանուկ մը` կարդալով շիրիմներ,
Եւ Մարդկութիւնը կ’երթա՜յ…
Այս օրոցքին եւ պատանքին մէջտեղ կայ
Բան մը` որ միշտ կը զեռայ խօլ, մոլեգնած -
Կըռիւն է` փոքըր Միջատէն Մարդն հըսկայ,
Եւ տարաբախտ Մարդէն ալ դէպի՛ Աստուած:

Ինչպէս որ նաւն` ալւոյն, ալին` ժայռին դէմ,
Այս կըռուին մէջ կայ բան մ’որ միշտ կ’յօշոտուի.
Մարտն է Սիրոյ եւ Դըրժանքի մը դըժխեմ.
Մարտը` միջեւ Տըգեղութեան եւ Ազնըւի.
Թըրթուրն որ գաղտ կը մըտնայ
Մանիշակին ծոցն աղուոր…
Շըքեղ դէմքի մը վըրայ
Զոյգ մը շիլ աչք անսովոր:

Մարտը հարուստ Սընդուսին
Եւ Բաճկոնի գունատ, հին,
Որ է ծըփանքն Հըռըլտիւնին անօթի,
‘Ւ արբշիռ ձայները ծիծաղի ու Խընդի:

Այս մարտին մէջ կայ բան մ’որ միշտ կը վառի
Եւ ինքզինքն հուսկ կը դարձընէ ցուրտ աճիւն -
Հըրդեհումն է ինկած ինքն իր մէջ Մարդուն,
Խօլ մաքառումն է Ուղեղի եւ Սըրտի,
Եւ կիրքերու կոհակաց,
-Ովկիան` սըրտի մէջ դըրուած:

Դէպի Փառքին` մագըլցումն է փափաքոտ
Անյագ, մոլի, արիւնլըւայ ու հեւքոտ:
Արշաւանքն է յետոյ` դէպի Ապագան.
Առանց երբեք գիտնալու թէ ըստուերն այն
Միշտ կը փախչի՜, միշտ կը փախչի՜, չի կենար,
Մերին քայլին իր քայլն առած հաւասար…
Օր մը արդեօք պիտ’ գըրկե՞նք այդ Ապագան
Երբ, ի՛նքն անհուն, սուզի Անհունն յաւիտեան:

Խե՜ղճ մարդ… իջնող իր մըսին մէջ բան մը կայ
Որ միշտ կ’ուզէ ելլե՜լ, եւ ո՛հ, չի՜ կըրնար.
Անդի՜ն ամպէն, անդի՜ն լուսնէն, աստղին վրայ`
Գըտնել այն տեղն` ուր կը նընջէ Բարին յար,
Երթալ, զատուի՜լ աշխարհէ
Ուրտեղ միշտ Չարը կ’իշխէ:
Արդէն Աստուած ըզմեզ պատժեց այն օրէն`
Երբ մարմնոյն մէջ դըրաւ հոգին լուսեղէն.
Զի այն զուր տեղ կ’ըղձայ ելլել դէպի վեր`
Իրեն արմատը լաւ մ’հողին է խըրեր…

Բ

Ահ` այս յորձանքը անընդհատ կ’ընկլուզի.
Ընկլուզելով կը վազէ:
Էակն, յոգնած, իր պաշտումով կը սուզի
Լըռութեան մէջ: Կ’երազէ՜:
Թեւերը վեր, դէպի Անոր հուսկ յառած`
Մեղրամոմի պէս կը հալի, սըրտաբաց,
Եւ կը հեծէ. «Դո՜ւ գիտես լոկ…»
Վերջապէ՞ս…
-Կեցի՛ր, լռութի՜ւն, քըստմնելի, խոր, սըրտակէ՜զ:

Գ

Ջինջ գիշեր մ’էր, խորհըրդաւոր ատենն այն`
Երբ կարծես գորշ դաշտերու
Ծաղիկներն աստղ եղած երկինք լուռ կ’ելլան`
Դիմակն Էին պըճնելու.

Երբ կ’երազէ մարդ հոր’զոնէ հորիզոն,
Եւ վերջապէս կու գայ հանգչիլ լուսնի վրան`
Որ կը ժողվէ երկնի հըմայքն իր կեդրոն`
Եւ մեր հոգւոյն կը բանայ վիհ մը խոկման:

Ժայռի մը վրայ կեցած էր երազուն`
Որուն ոտքէն ծովը կատղած կը բացուէր.
Կը միանային զոյգ կապոյտնե՛րն հոն, հեռո՜ւն.
Այդ` երկընքին ու երկըրին համբոյրն էր:

Բայց կը նենգէր խաբեբայ ծովն այդ համբոյրն
Վերցընելով մերթ ալիքէ վարագոյրն
Լանջքէն` երկնի կու տար ցոյց
Իր վիհէ սիրտն հորձքի, մռայլի ու դըրժման.
Ա՛յսպէս պագաւ երկրիս այն մարդը Յուդան`
Երկընքի մարդն` ըզՅիսուս…
Կը կըռուէր միտքըս մըտածման մ’հետ անել.
Ես ուզեցի ալիքներուն տալ զանի.
Վախցան անոնք իրենց ծոցին մէջ թաղել -
Ի՛նչ, մըտածումը ծովուն հետ կը չափուի՞:

Մէջըս կ’ուռչէր երազը մեծ օրէնքին,
Զոր առջի մասն երգիս պատմեց սարսուռով.
Կ’ուռչէ՜ր, ուղեղըս կը կըրծէր միասին.
Ճակատէս վեր կը շուլլըւէր մըշտախռով:

Եւ ես յիմար, եւ ես ապշած ու ոտքի,
Վեր վերցուցի տըկար թեւերըս երկու.
Դողով, շուրթերըս դէպ Խորհուրդն երկընքի`
Վիժեցին սա’հաւոր հարցումը. Ինչո՞ւ…
Ինչո՞ւ: Ահա՛ հեստ ալիքներ լըռեցին.
Երկինք լըռեց, լըռե՜ց Ան.
Կապոյտին վրայ քար կըտրեցան աստղ, լուսին,
Քա՜ր կտրեցաւ պատասխանն:

Հարկ է որ մարդ գոչէ եւ վիհ, լեռ ձայն տան.
Հարկ է մեզի հետ խօսին հին հին դարեր`
Բաւ է որ գիրք մը թըղթատենք պատմական.
Հարկ է լըսեն մեզ նամակով` աշխարհնե՜ր.
Հարկ է Մովսէս զարնէ մականը ժայռին`
Եւ ան` իր յորդ արցունքն ընէ պատասխան.
Մինչդեռ հարկ է հարցուփորձենք կաթոգին
Աստուած մ’ու ե՜տ դառնանք տըխուր, ձեռնունա՜յն:

Հոն, ժամերով ըսպասեցի. լըռութի՜ւն.
Ես ինձ ըսի. Թերեւս Աստուած, դողալով,
Կը պատրաստէ պատասխանն:
Հոն, օրերով ըսպասեցի լըռութի՜ւն:
Ես ինձ ըսի. Պատասխանն, յոյլ լուսնին քով
Կը տընտընայ. է ճամբան:

Ամիս, տարի անցան գացին. լըռութի՜ւն.
Պատասխանէն մէկ ծըւէն մ’ալ ինձ չեկաւ.
Հոն, աչքերուս միշտ առջեւն էր իմ Ինչո՞ւն,
Լուսնակին մօտ եւ աստղերուն մէջ անբաւ:

Այդ հարցումն սեւ, կուպըր հագած, այլանդակ,
Կը փակէր վրան երկնի կուրծքին մանիշակ,
Ինչպէս ծովու մը մէջտեղ
Կը սեպանայ ժայռ մ’ահեղ:
Ան` վըսեմ աղտն էր իմ հոգւոյս մըթագին`
Զոր քըսեցի երկնի վըսեմ ճակատին…

10 փետր., 1904