Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՆՏԵՐՈՒՆ ԽՈՐԵՐԷՆ


Այսօր եօթը լարերն իմ բարկութեան եւ մարտնչումի քնարիս,
Եւ հեծեծանքս եւ մտածումս եւ եղբայրական աչքերս եւ հաւատքս մոլեռանդ
Ձեզի կը բերեմ, ձեզի կը խնկեմ, ձեզի կը մատուցանեմ, ո՜վ կենդանի մեռեալներ,
Ո՜վ թիապարտներ, ո՜վ աքսորեալներ, հայրենակարօտներ, կալանաւորներ,
Դուք, որ մահուան մէջ կ՚ապրիք եւ կեանքին մէջ ամէն վայրկեան կը մեռնիք,
Դուք, որոնց արդար սուրերուն տեղ այսօր՝ ձեր վրայ, ծանրածանր շղթաներն են որ կը փայլին…
Դուք, որոնց աչքերուն վրէժի կայծը վրէժի չի թափուող արցունքներու փոխուեցաւ,
Եւ, ափսո՜ս, դեռ չի գար, դեռ չեկաւ լայնածիր յոյսն անբարբառ
Ձեր անդրակարօտ եւ անեղբայր հոգիներուն առջեւը ժպտելու…
Եւ տարիներով իրիկունները, շքեղօրէն, հայրենիքին վրայ արիւնեցան,
Եւ մարտիրոսներու եւ թշնամիի եւ հերոսներու արիւններէն կարմիր,
Տարիներով արշալոյսները ծաղկեցան եւ մոխիրին եւ անշէջ հաւատքին վրայ,
Բայց ճառագայթ մը չեկաւ, հոգի մը չեկաւ, երկու շրթունքներ չեկան
Ձեր մութին մէջ շաւիղ մը երկարելու կամ փրկութեան խօսք մը փսփսալու…
Գիտեմ թէ ի՜նչ ապառաժեայ խաւար է որ կը լեցուի ձեր զնտաններուն մէջն անողորմ,
Եւ ի՜նչ դաժան երազներ կու գան իրենց ժանիքներով ձեր ուղեղը բզկտելու…
Ի՜նչ տառապանք եւ ի՜նչ սէր, ի՜նչ ինքնամրրկում եւ ի՜նչ հառաչանք ձեր ներսիդին,
Ի՜նչ յոյսի երկինքներ, ի՜նչ ձայն եւ ի՜նչ քրքիջ եւ ի՜նչ լռութիւն 
Ձեր յոգիին մէջ կարգ առ կարգ եւ տարուէ տարի եւ յաւիտենապէս կը թաւալին.
Եւ կը սկսիք երազել, ձեր գլխուն բովանդակ ցաւը ձեր դողդոջուն ձեռքերուն յանձնած…
Ահաւասիկ որ ձեր ազատ քայլերն կանաչ մարգագետիններ կը կոխոտեն,
Եւ գերագոյն կապոյտը, երկինքէն վար, լիճերու պէս, դէպի ձեզ կը հոսի… 
Ձեր աչքերը հողին հովիտներուն գեղեցկութիւններէն կ՚արցունքոտին,
Եւ ծարաւի բերաններնիդ հայրենական աղբիւրներուն յստակ ջուրին կը մօտենան…
Ցորեանի դաշտերն, ծով առ ծով, ձեր աչքերուն տակ, կեանքին հացը կ՚ալեծփեն...
Եւ ձեր այգին իր առատ աշուններուն քաղցրութիւնը ձեզ կ՚ընծայէ…
Լռութիւն մը համասարսուռ։ Երկու քայլ եւս եւ արեւնե՜ր, արեւնե՜ր, արեւնե՜ր պիտի ծագին…
Արիւննիդ կ՚եռայ։ Տեղ մը կարօտ համբոյր մը ուրիշ համբոյրի մը կը սպասէ,
Տեղ մը արցունքներ կան, որ կ՚ուզեն ուրիշ արցունքներու մէջ իրենց հուրը թափել…
Տեղ մը բազուկներ կան ձեր յոգնած գլխուն շուրջը իբր պսակ բոլորուող,
Տեղ մը թոնիր մը կայ, երդիք մը, յիշատակ մը, ծառ մը, աղբիւր մը, որ կը վազէ եւ առուակ մը, որ կը փախչի…
Տեղ մը սիրտեր կան, գորովներ կան, գարուններ կան, եւ կեանքը կայ վերջապէս։
Եւ դուռը բախտին հովէն կը բացուի եւ խարխափելով ներս կը մտնէք…
Սեմին վրայ դեռ քանի մը կաթիլ արիւն եւ ծիծեռնակի մը երգը տանիքին կտուրին մէջէն…
Եւ ստուերներ ծնրադիր ու բազկատարած, որ անհաւատալի բանի մը կը սպասեն։
Եւ ահա անդնդախոր ճիչ մը ձեր անօգնական եւ հրաշալի հոգիէն,
Եւ, ո՜վ սոսկում, անշրջան եւ անվերջ շռինդը ձեր տասնամեայ շղթաներուն,
Որ ձեզի հետ կ՚արթննայ եւ ձեր ոսկորներուն վրայ իր օղակները կատաղօրէն իրարու կը զարնէ…
Աւա՜ղ, աւա՜ղ եւ հովիտ եւ հայրենիք եւ աղբիւր եւ յիշատակ եւ համբոյր
Նորէն բերդերուն եւ բանտերուն եղեռնական գաղտնիքին խորը կը մխրճին,
Եւ ժամանակը հոդ է միայն որ իր առանցքին վրայ այլեւս չի թաւալիր,
Հոդ է միայն հեծեծանքներու հեծեծանքին անհունապէս աղէտալին…
Հոդ է սանդարամետեան մորմոքը, լռին լաց ու կոծը, չի՛ մեռնող կեանքը եւ չի՛ ծնող մահը…
Հոդ է որ ազատութեան ակնապիշ աչքը գերեզմանի հողովը կը լեցուի…
Հոդ է որ արցունքը բիբերէն ե՛տ կը դառնայ, ուղեղին մէջ հոսելու համար…
Հոդ է որ անհոգութեամբ միսեր կը խարանեն եւ անհոգութեամբ ոսկորներ կը փշրեն,
Հոդ է այլուրին ծարաւը, գիտցուածին անգոյութիւնը, եւ փախուստը կարմիր փորձութիւններուն,
Այդ որմերուն տակն են, հիմնաքարերուն հաւասար, եւ մութին մէջ խեղդամահ՝
Անոնք, որ օր մը, փառքի օր մը, պատմութեան օր մը, օր մը հերոսութեան
Չարիքին օրէնքները պատռեցին արդարութեան առաւօտի մը ի խնդիր,
Անոնք, որ իրենց անձը զոհել ուզեցին Գաղափարին խորանին առջեւը կանգուն,
Անոնք, որ թշնամիի սուրին դիմաց, մեր կեանքին համար, իրենց սուրը շողացուցին,
Անոնք, որ ցեղին ստրկութեան շղթաները, ցեղին ուսէն՝ իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին…։
Ո՞ւր են ուրեմն, ո՞ւր են մեր բազուկները, մեր կամքերը, մեր մուրճերը, մեր հարուածներն ազատաբեր,
Ո՞ւր է մեր սէրը, ո՞ւր է մեր խիղճը, մեր վազքը, մեր զայրոյթը շանթածրար,
Եւ ե՞րբ, ե՞րբ պիտի վար շրջենք, ե՞րբ պիտի խորտակենք, ե՞րբ պիտի փշրենք
Մահուան դուռներն այդ բանտերուն, երթալ յափշտակելու, երթալ համբուրելու համար
Այդ յաւիտենական հերոսները, որոնք մեր կեանքը իրենց կեանքէն անհունապէս աւելի սիրեցին…
Որոնց մէջ թերեւս երէկուան սէրը մեռնի, վաղուան անէծքը ծնեցնելու համար…
Ուրեմն ո՞ւր էք, Բռունցքնե՛ր, ո՞ւր էք, Բարկութիւննե՛ր, ո՞ւր էք, Խորտակիչնե՛ր, ո՞ւր էք, ո՞ւր…։