Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՂՋՈՒՄԻՆ ԹԱՓՕՐԸ


Ղարիբին համար


Ըմբոստացումի եւ աւերումի իրիկուան մը սուրերուն մէջէն,
Երբ Հերոսներու աստուածային արիւնը՝ հողին հեծկլտացող կուրծքէն ի վեր,
Յաղթութեան եւ յոյսի կարմիր արեգակի մը նման կը բարձրանար,
Յանկարծ զարհուրեալներուն, շփոթածներուն եւ մենաւորներուն խուճապը սկսաւ,
Քաղաքներէն ու աւաններէն դուրս, հովիտներէն, բլուրներէն եւ գետերէն անդին,
Դէպի անստոյգ հանգրուանները մահացնող օտարացումներուն…
Ու հազարաւորներ էին անոնք, հազարաւորներ ու հազարաւորներ,
Որ մէկէն ի մէկ աղէտաձայներէն զարհուրած դեռ չէին կրցեր իրենց քայլերը վճռել,
Իրենց դաստակներն ու սուրեըը գալարելու, թշնամիները նայուածք նայուածքի ճակատելէն,
Եւ այս բոլորը խելայեղուած՝ մոխիրի, հոգեվարքի եւ լաց ու կոծի քառուղիներէն անցան,
Անոնց հետ, որ աւա՜ղ կոտրտուելով, մեռնելով, ջախջախուելով, արիւնուելով կը շտապէին,
Իրենց մազերը անգթօրէն փետտելով եւ կորսուած զաւկըներու ի խնդիր...
Եւ օրերով եւ խաւարներով սահմանէ սահման խուճապեցին,
Եւ կային, որ կիսամեռ մարմիննեը ուսերնուն վրայ եւ գետնաքարշ՝ կը փախչէին,
Կային, որ իրենց հաշմուած ձեռքերէն եւ տրորուած սրունքներէն մաս առ մաս,
Ճամբաներու քարերուն, հողակոյտերուն եւ մացառներուն վրայ,
Եղերականօրէն, արիւնոտած լաթերու պէս՝ թափթփելով՝ կը շտապէին,
Ընդվզումի շառաչներուն եւ հրդեհուած քաղաքներուն առջեւէն…
Զարհուրալից արշաւանքովը անապատներու այն փոթորիկին… 
Որուն վայրագութեանը վրայ, քալող անտառներու հանգոյն, կայծակները կը տապալուին…
Երկրին բոլոր ծայրերէն կը խուժէին ասոնք, բազուկներնին հովերուն
Եւ չի մօտեցող օգնութիւններու պաղատագին տարածուած,
Կոյրերու խաւարչտին եւ անգիտակից խուռներամի մը այնչա՜փ նման,
Որ զայրագին ու մոլեգնած ու առ խարխափ,
Ապառաժներու անագորոյն բախումներուն պիտի վազէր…
Բայց Մէկը, որուն մտածումը մոլորածներու այս մղձաւանջէն կը խենթենար,
Որուն հոգին կ՚արիւնոտուէր եւ որուն Ուխտը իր ներսիդին իր կոչումը կը ձայնէր,
Ամբոխին առջեւ աշտարակուելով՝ անոր վազքը դադրեցուց, եւ ծանրադէմ ըսաւ.
Իր խօսքերը իր Կամքին եւ Հաւատքին չափ անձնուրաց էին եւ զօրաւոր,
Իր շունչը սրտոտ, նայուածքները պղտոր եւ իր հսկայի ճակատը բոցավառ։
Եւ քայլերը կասեցան եւ վազգը դադրեցաւ եւ կամքերը պրկուիլ սկսան, երբ ան կը խօսէր.
«Դէպի ե՛տ, դէպի ե՛տ, դէպի ե՛տ, եւ ըսէ՛ք, դեռ ո՞ր յոյսին եւ ո՞ր գթութեան
Մահացու, անողորմ ու մարդկային այդ ապառաժներուն դիմաց,
Այսպէս պիտի երթան կարաւան առ կարաւան, խելայեղաբար եւ բազկատարած՝
Մեր իրաններն ու մեր ճակատներն անոնց հանդէպ, անգամ մըն ալ կոտրտելու…
Ըսէ՛ք, դէպի ո՞ր օգնութիւնը եւ դէպի ո՞ր արիւնարբու թշնամիները պիտի քալենք…
Դէպի ո՞ր շնորհին եւ ո՞ր մարդասիրութեան թունաւոր բաժակներուն
Պիտի երթանք մեր ծարաւէն սառած շրթունքները կարկառելու…
Ո՞ր անողոք աստուածութեան եւ ո՞ր անողոք խորանին կը յառաջանանք
Մեր պաշտամունքը, մեր արիւնը եւ մեր արցունքը անոնց առջեւ թափելու…
Ո՞ր բարբարոսութեան եւ ո՞ր բռնապետին անողորմ ճիրաններէն
Մենք մեր կեանքին՝ մեր հոգիին եւ մեր հողին փրկանքը կը յուսանք,
Ո՞ր անդունդին բերաններէն եւ ո՞ր ժայռին կատարներէն, այս իրիկուն,
Պիտի երթանք, մեր ստրուկի ձեռուըներովը մեր աչուըները փակած՝
Վատերու պէս դէպի անէացումին խորխորատները գահավիժելու…
Մինչդե՜ռ անդին, մինչդեռ անդին, մեր բոլորին համար՝ մեր ամէնուն սիրոյն,
Մաքառումի, քանդումի եւ յոյսի հողին վրայ,
Ազատութեան ջահակիրները ընդվզումի բոցերէն աստուածացած՝
Եւ իրենց դիւցազնի կամքէն ամենազօր, գերագոյն կռիւներու կռիւը կը մղեն…
Ձեզի եմ, դէպի ե՛տ, դէպի ե՛տ, դէպի ե՛տ արշաւենք,
Մեր թմրութենէն եւ մեր սարսափէն առնաբար սթափուելով,
Եւ թո՛ղ մեր տեղափոխուող ծովի զարհուրանքը թշնամիները խիզախէ,
Թո՛ղ մեր ակռաները զանոնք յօշոտեն ես մեր բռունցքները վայրագօրէն հարուածեն,
Թո՛ղ մեր ձեռքերը ճամբաներու հրաքարերովը զինուին,
Թո՛ղ մեր քայլերը հնչեն եւ մեր վրէժի եւ քաղցի աղաղակը որոտայ,
Թո՛ղ մեր կարաւանը մեր յառաջապահ եղբայրները պատնիշէ,
Թո՛ղ մեր թեւերը դուռներուն ետեւը լքուած մեր զաւկըներուն երկարին,
Թո՛ղ մեր ատելութեան եւ մաքառումի ձայները զանոնք կազդուրեն,
Թո՛ղ մեր այսօրուան քայլերը վաղուան կռիւին մէջ անոնց քայլերը որոշեն,
Եւ թո՛ղ մեր ճակատին, մեր մտածումին եւ մեր հոգիին վէրքերն անոնց համար
Ըմբոստացումի եւ ազատութեան խորհրդանիշները հանդիսանան…
Ուրեմն դէպի ե՛տ, դէպի ե՛տ, որովհետեւ, ճշմարի՜տ, ճշմարի՜տ կ՚ըսեմ ձեզի,
Հայրենիքի այս լեռներէն, դաշտերէն, այգիներէն եւ հովիտներէն անդին
Ուրիշ ամէ՛ն աղբիւր, ամէ՛ն աղբիւր մեր բերաններուն մէջ իր թոյնը պիտի վազցնէ,
Բոլոր դուռները ու բոլոր անցքերը ու բոլոր ուղիները մեր առջեւ պիտի խափանուին…
Բոլոր յոյսի աստղերը մեզի համար պիտի խեղդուին եւ ամէն արեւ պիտի խաւարի…
Մեր հացին ալիւրը մերիններուն փշրուած ոսկորներէն պիտի շաղուի…
Մեր նախնիքներուն փառաւոր անունը մեր անունին տակ պիտի փճանայ,
Ու վերջապէս բոլոր օտարութեան երդիքները՝ երկաթակոյտերու ծանրութիւնով մը ծանր՝
Անողորմաբար, մեր գլուխներուն եւ մեր ուսերուն վրայ պիտի փլչին…»։
Պատգամաբերը իր խօսքերը դադրեցուց իր խումբերուն հետ յառաջանալով,
Երբ զղջումի թափօրը դէպի երկիր՝ ծնրադիր եւ դողդոջուն, պաղատեցաւ.
«Թողութի՜ւն մեզի, թողութի՜ւն մեր բոլորին, թողութի՜ւն, ո՜վ մայր—երկիր,
Որ քու ցաւերդ, քու նայուածքներդ եւ քու սուրբ կռիւդ լքելով, քեզի դիմաց մեղանչեցինք,
Ընդունէ՛ մեզի, քանզի մեր մարմիններն ու մեր մտածումը, այս իրիկուն,
Քու դիւցազնական Առաքեալներդ իրենց շունչերովը զօրացուցին…
Ու մեր յուսահատութենէն՝ մեր առջեւ յաղթութեան Յոյսը կառուցուեցաւ…
Ընդունէ՛ մեզի, գիտենք որ քու փրկութեանդ մէջն է Փրկութիւնը մեր ամէնուն… »։
Եւ հիմա բովանդակ թափօրը վճռական հորիզոնէ հորիզոն՝ դէպի Հողը կը խոյանար,
Մինչդեռ ատելութեան եւ զղջումի արցունքները անոնց աչքերէն կը հոսէին…


1902 Փարիզ