Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐԷՆ

Gloria victis! [1]

Մահակիր սիւները մթնշաղին մէջէն եղեռնաբար կը բարձրանան
Պայծառ, սրտոտ եւ նուիրական որդիներուն համար տրտմաթախիծ Հայրենիքին,
Կարինէն Գաղատիա եւ Մարզուան եւ ՊոլիսԷն Իզմիր եւ Երիզա…
Եւ ամէն անգամ որ արեւակերպ հերոսի մը հռնդիւնը հովերուն մէջ մեռաւ,
Հեթանոս խուժանը կատաղօրէն վարն էր, հրապարակին վրայ, ցեխին մէջ եւ ցեխն ապականելով…
Եւ ցնծութենէ կ՚ոռնար, Ալլահին հրաւէրէն եւ ատելութեան ծափերէն մոլեգին։
Բայց ո՞վ էր որ պիտի ողբար քու բարոյականդ, ո՛վ խաւարի եւ աւերի ժողովուրդ,
Դուն, որ դահիճներուն առջեւ կը ծնրադրես եւ հերոսներուն համար պսակ հիւսել չես գիտեր…
Ո՞վ պիտի սգայ քու անբերրի դարերուդ բարբարոս արշաւը Ելլադայէն ի Հայաստան,
Ո՞վ պիտի կենցաղացնէ քու գործած աւերակներդ եւ գեղեցկութիւնները, զոր փոշիացուցիր…
Եւ ո՞վ պիտի բերէ իտէապաշտութեան մրրկոտ ջահը, քու կեանքիդ ճանապարհին վրայ, հերոսաբար սարսելու…
Եթէ ոչ Հայորդին, որուն յստակ մտածումը Արեւմուտքին իտէալները ձեր դիմաց ապարդիւնօրէն ցոլացուց…
Եւ որուն արիւնը եկաւ նոյնիսկ Մարդկութեան բովանդակ Պատմութիւնը թրջելու…
Որպէսզի կարմիր լոյսը վերջապէս զձեզ թափանցէր եւ դժխեմ սուրին տեղ ձիթենիին ճիւղը բռնէիք…

Ահաւոր անկիւնէ մը անդոհական թիարանին դուռը իր ծխնիին վրայ կը ճռնչէ…
Կիսամութին մէջ մահաձայն շռինդ մը քարերուն վրայ դաժանօրէն կը դարբնուի,
Եւ սուիններ եւ սուրեր կը մերկանան, եւ յիշոցներ ու նզովքներ ամէն դի,
Հսկաներ դուրս կ՚աշտարակուին, անընկճելի եւ շքեղ եւ անվեհեր,
Իրենց ըմբոստի ուսերէն առկախ երկաթները ազատարար զանգերու պէս մէկզմէկու ընդհարելէն…
Դէպի ստոյգ մահը կը քալեն, ցեղին ցաւովը սպառազէն եւ մօտաւոր մահէն զօրաւոր…
....................................................................................................................................................
...................................................................................................................................................
Ո՜վ գերագոյն եղբայրներ, առաւօտը քաղցրօրէն քաղցր է, եւ ամենագութ աստղերը կը տարաժամին…
Եւ երկնակամարէն ծորացող լոյսը, այսօր, ձեր հերոսի հոգեվարքին համար է սահմանուած…
Հիմա հովեր պիտի անցնին տառապանքով հեծեծուն, արիւնով կարմիր, մոխիրով սպիտակ…
Հայրենիքէն փախչող հովեր պիտի անցնին, կարօտով, արցունքով եւ յիշատակով բեռնաւոր,
Եւ հողին տրտմութենէն տրտում՝ տատրակները իրենց փետուրներուն շուշանը վար պիտի թափեն…
Եւ սրարշաւ արծիւներ ձեր հերոսի մահագոյժը կատարէ պիտի պատգամեն…
Մինչդեռ չարաշուք խուժանը վարէն, թերեւս, մա՛հ պիտի որոտայ գաղափարի զոհերուդ…։
Եւ ահա կմախակերպ սիւներուն առջեւ կանգ առին, մահը ոտքերնուն տակ եւ հայեացքնին աստղերուն,
Եւ որոտումին պէս խօսեցան, իրենց բռունցքին մէջ կայծակներ ծրարած եւ բառերնուն հետ ապառաժներ շարժելէն.

«Նախ դուն ե՛տ թաւալէ, ստրկութեան եւ չարիքի արիւնախում խուժա՛ն,
Դո՛ւն, որուն բերանէն դեռ մեր ցեղին արիւնն է որ աչքերնուս առջեւ վար կը կաթկթի…
Դո՛ւն, որ մեր հացովն ես սնած ու մեր դարբնած սուրերը մեր սրտին ուղղած…
Դո՛ւն, որ քու անիմաստ գոյութիւնդ մեր կենսագործութեանը եւ մեր ճիգին կը պարտիս,
Դո՛ւն, որ դաշտե՜ր մոխրացուցիր եւ մենք, որ անխոնջօրէն զանոնք արշալոյսներու վերածեցինք…
Դո՛ւն, որ մահ սերմանեցիր եւ մենք, որ ցեղովին գեղեցկութիւն եւ բարօրութիւն ծնցուցինք…
Դո՛ւն, բարբարոսութեան անխիղճ գործօն, ե՛տ քաշուէ, ե՛տ թաւալէ, ե՛տ խաւարուէ…
Թող մեր վերջին հայեացքը պայծառ մեռնի՝ մեր ոգեվարի գալարումին արժանի չես դուն…
Եւ դո՛ւք, դատաւորնե՛ր, դահիճնե՛ր, եւ դո՛ւն, մեռելատի՛պ Մարդասպան,
Ըսե՛նք ձեզի, այս ժամը ձեր զարհուրանքի ժամն է, Հայրենիքին կողը նոր հերոսներու երկունքէն կը սարսռայ…

Այլեւս օրէնք չի կայ, ազատակամ ու խիզախ մահը, մահն է ձեր դարաւոր բռնութեան,
Կործանողներու կործանումը փոթորիկներու պէս, անջրպետներէն պիտի հասնի, պիտի գայ,
Միայն Գաղափարն է որ ո՛չ մահ ունի, ո՛չ դատաւոր, ո՛չ գերեզման եւ ո՛չ դագաղ։
Եւ հիմա զմեզ խեղդող չուանը մեզի տուէ՛ք, մեզի տուէ՛ք, դահճապետնե՛ր, դահիճնե՛ր,
Եւ կեցցե՛ն Ըմբոստները, կեցցե՛ն Ըմբոստները, կեցցե՛ն, եւ կեցցէ՛ Հայաստան…»։
..................................................................................................................................................
..................................................................................................................................................
Հեթանոս խուժանը անհետացաւ, ինչպէս դիակներ պղինձէ հովերուն շունչէն հալածական,
Եւ անցնող զեփիւռները իրենց մայրական լացը լացին, անցնող թռչուններն իրենց երգը երգեցին,
Անցնող ճառագայթներն իրենց ոսկիէ պսակը եւ դափնին հիւսեցին,
Անցնող եղբայրը եւ լռին եւ անխօս հոգիները իրենց զարհուրելի վրէժները յղացան…
Ու ձեր մարմինները, ո՜վ Ահաւորներ, ո՜վ Ճշմարիտներ, ով գերագո՜յն եղբայրներ,
Ձեր մարմինները օդին մէջ առկախ եւ ձեր մեծաբաց աչքերը հայրենի աստղերուն,
Օրերով եւ գիշերներով, երկու, սիւներուն մէջտեղ քինայոյզ ճօճեցան եւ ճօճեցան,
Եւ ձեր վերջին խօսքերը, անտառին նման ուռճացան…» Կեցցե՛ն Ըմբոստները եւ կեցցէ՛ Հայաստան…»։



[1] Փա՜ռք պարտեալին ( լատ.