Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՎԱՄԱՀ


Ո՜վ նախնական եւ անխռով ու բարի առաւօտներու հայկական դաշտե՛ր,
Եւ դո՛ւք, հրաշէ՜կ արտեր, հարո՜ւստ մրգաստաններ եւ կենսաժպիտ արօտնե՛ր,
Դո՛ւք, մարմարաթաւալ ձորե՛ր, բուրաստաննե՛ր եւ ազնիւ ու պտղալից այգինե՛ր.
Դո՛ւք, որ մոռացումներու անապակ գինին կը ստեղծէիք եւ մեր առօրեայ սուրբ հացը յաւերժական,
Դո՛ւք՝ բոյսի, թռչուններու, ծաղիկներու եւ գեղգեղներու անճառելի դրախտավայրե՛ր՝
Նորէն՝ այսօր, վերյուշումիս, լքեալ սուգիս եւ ցնորքիս մենաւոր ժամուն,
Զձեզ կ՚ոգեկոչեմ, դառնօրէն զձեզ կ՚ապրիմ եւ յուսահատօրէն զձեզ կ՚արտասուեմ…։
Կապոյտ անսահմանէն հրեղէն արշալուսն իր շուշանները կը բանայ,
Եւ ահաւասի՛կ հպարտ աքաղաղը իր արծաթեղէն ձայնը հնչեցուց։
Գիւղէ գիւղ կոչնակները կը հնչէին։ Ներդաշնակ սրինգ մը հրաւէրներ կը ցնծար…
Եւ հօտերը բլուրներէն վեր կը տարածուէին՝ ժիր ու գործօն մեղուներու պարսերուն հետ։
Եւ խաղաղութիւնը կ՚երգէ։ Ծաղիկները կը սարսռան։ Կոկոնները սրբուհիներու նայուածքներ են կարծես։
Իմացա՞ծ էք սպիտակ ձայնը ջրաղացին, բերրիութեան եւ աշխատանքի յարաշարժ մարմին,
Որ սանձակոտոր ձորին կոհակներէն իր հլու եւ անխոնջ անիւները կը դարձնէ…
Ո՞ր ժամանակէն ի վեր, քաղաքներուն եւ գիւղերուն, իր ալիւրին օրհնութիւնը ջամբելով…։
Առուները մամուռներու մետաքսին մէջէն մանկահասակ մերկութիւններու նման կը հոսին…
Եւ բուխերիկներէն, ատրուշաններու հանգոյն, առաւօտեան ծուխը իր խունկը կը ծխէ։
Մարմարիրան եւ գեղանի հարսեր, կուժը ձեռուընին, աղբիւրներու ադամանդին կ՚երթան…
Ուրիշներ վարդի թուփին կը մօտենան, սոխակին հետ իրենց նորածին սէրն երգելու։
Յուռթի հունձքերու եւ աւետարանական եւ երջանիկ եղանակն է որ կը ծնի։
Բնութիւնը յղի է, եւ երկրագործները իրենց հանճարի ճիգէն եւ պտուղէն գինով՝
Դաշտերուն շուրջը կը խռնուին։ Գերանդիները ուսերուն վրայ յոյսերու պէս կը շողան։
Անդաստանը պիտի սկսի։ Հունձքերու օրհնութեան արշալոյսն է այսօր։
Աղօթք մը, բնութեան համար, բարերար բնութեան համար, շրթունքներէն թո՛ղ թռչի,
Թո՛ղ հողը իր բիւրապատիկ ցորեանը պարգեւէ մեզ եւ աշխարհի չորս ծայրերու մարդկութեան
Եւ դրացիին եւ բարեկամին եւ թշնամիին եւ չարին եւ անծանօթին…
Ամէն քաղց թո՛ղ յափրանայ եւ ամէն ծարաւ թո՛ղ պայծառ ջուրէն իր պապակը յագեցնէ…
Այսպէս՝ փառաբանութիւնը կը տաճարուի… հիւսիսէն հարաւ եւ արեւելքէն արեւմուտք,
Ամէն ցեղի, ամէն կարգի, ամէն դասի, ամէն դաշտի եւ ամէն հունձքի առատութեանը համար։
Աղօթքները կը սրբանան, կը քաղցրանան, կը մաքրուին, եւ խունկի մշուշին մէջէն
Ուրախութեան ժպիտներ արդար հողագործին կերպարանքը յոյսով կ՚արեւազարդեն։
Հովին խորհուրդէն դեռ կանգուն հասկերը անգամ մըն ալ զիրար կը համբուրեն։
Մանգաղները կը շարժին… եւ ոսկեվառ ծովե՜ր, ծովե՜ր են որ կը հնձուին.
Եւ խուրձ առ խուրձ, որաներն, արգասաբեր իրիկունին ստուերներուն մէջէն,
Անձրեւուած աստղի հոյլերու նման, արտէ արտ, անշարժ կը խոկան…։
Օրը տարաժամած է եւ վաղորդայնին բացած վարդին եւ երգերուն հետ,
Հուժկու եզներ, կալերուն շուրջը զոյգ զոյգ, հրաշագործ ցորեանը պիտի կամնեն։
Ջրաղացները պիտի շարժին, թոնիրը պիտի վառի։
Ահաւասի՛կ բոլոր իմաստը, բոլոր պատճառն ահաւասի՛կ,
Բոլո՛ր օրէնքը, նպատակը, մաքրութիւնը եւ մեծութիւնը չի հասկցուած կեանքին…։
Ո՜վ տառապանքիս օտար մտածումներ, այս իրիկուն բոլորդ մէկ հեռացէ՛ք ինձմէ…։
Եւ ապերջանիկ երազս մոխիրներու մէջ է որ իր վիրաւոր նայուածքները բացաւ…
Տեսէ՛ք անցեալի ոսկի դաշտերն անծայրածիր՝ գերեզմանոցներու ահաւոր տեսիլքն ունին,
Եւ քանդուած աղբիւրներուն ջուրերը, մահամերձի հեծեծանքին այնչա՜փ նման…
Կ՚երթան ողբացող առուներուն հետ սոսկումի աւերակներուն սեւը թրջելու։
Ցորեանի հասկերուն անհուն բարութեանը տեղ՝ դեղին տատասկներ են բուսեր,
Եւ պտղատու այգիներուն վրայ, երկաթէ ագռաւներուն մութ կռինչը կը մահանայ…
Դժխեմ ու նիհար ծառերը հորիզոններուն մէջ, իրենց բազուկները տարածած,
Անթուելի մեռելներու կմախքներուն նման, հողմերու ժամուն, զիրա՜ր, զիրա՜ր, զիրա՜ր կը ջախջախեն…։
Չարաշուք մրրիկը, գիշերին ճամբաներէն, անտառի մը նման կը փախչի,
Իր վազգին բարկութեանը տակ կիսաւեր գիւղակներ եւ տանիքներ տապալելէն՝
Եւ հողաթումբեր եւ դագաղներ կը բանայ, այերին մէջ թռչունները խեղդելով…
Մինչդեռ քարայրներէն գիշատիչ գազաններուն վայնասունը կարծես մահը կը մահերգէ…։
Այլեւս հունձք չի կայ, սերմնացան չի կայ, ոչ ալ վարելահող…
Անօթի եզները տրտմօրէն կը բառաչեն։ Բուսականութիւնը ծաղիկներուն հետ կը մեռնի։
Արօրը գոմին մէկ անկիւնը նոր եւ անդառնալի գարունին կը սպասէ։
Աքաղաղն այլեւս չերգեր։ Արշալոյսն ալ կարծես ցեղիս արիւնին նման, հողին խորերն է իջած…
Թշուառութեան անթիւ թափօրներ, ամէն կողմէ, դէպի դաշտերը կ՚ուխտաւորուին,
Եղերականօրէն կուրծք կոծելով, աղօթքներ հիւսելով, անյուսութենէն յուսալով,
Ու նախկին արշալոյսներու անդաստաններ կը տօնեն, կը պաղատին, կ՚արիւնին,
«Անօթի ենք, Տէ՜ր, գթա՛, բնութի՛ւն, գթա՜, մարդե՛ր, անօթի ենք, մարդկութի՛ւն, անօթի ենք…»։
Ջուրերուն հոսանքը աղօրեպանին մեռելն առած կը տանի,
Եւ ցնորական ջրաղացը, ապարդիւնօրէն թափուր դագաղի մը նման կը դառնայ…
Շրջականներուն սարսափը, աղաղակը եւ մահացումն աղալով՝ 
Իր երկանաքարն եւ անիւները կրծելէն, ցնորաշարժօրէն կը դառնայ…
Զարհուրեալ աչքերով նորածիններ ցամաքած ստինքներ կը ծծեն,
Օ՜հ, հայ մայրերուն տեսիլքը, մայրերուն դեռ չի կուրցած աչքերը այս բոլորին դիմաց,
Ա՜հ, ո՞ւր է ճամբան, ո՞ւր է վիհը, ո՞ւր է մոռացումը, ո՞ւր է փոսն ահատեսիլ,
Բայց մահը չի՛ գար, չի՛ գար մահը, սպասուած փրկութեան նման չի՛ գար…։
Դողդոջուն են ծերացեալ կիներ, սեւ լաչակներուն տակէն հեծեծելով՝
Իրենց տանը աւերակին մոխիրներէն, արեւծագին բարբարոս արիւններուն տակ՝
Իրենց կործանումին մոխիրներէն, փայտէ տաշտերու առաջ ժրաջանօրէն ծնրադիր, Սովամահներուն համար, աճապարանքով, բաժին մը հաց կը թխեն…։
Եւ կոտրտած մարմիններով մուրացկաններու չուառական բազմութիւններ
Ցաւագին ճանապարհներուն վրայ ուրուականներու պէս կը դեգերին,
Եւ թշնամիին եւ բարեկամին եւ բարեպաշտին դուռները բախելէն յուսակտուր…
Անգամ մը եւս կ՚անցնին, նորէն կու լան, դարձեալ կը մուրան, անգամ մըն ալ կը մեռնին…։
Լսեցէ՛ք սա ողբուկոծը, պաղատանքը, աղերսը, անօթի՜ ենք, անօթի՜ ենք…։
Կան, որ մազերնին կը փետտեն, կան, որ արցունքնին կապարներու պէս վար կը թափեն,
Կան, որ մտերիմ լռութեանը պատանքներուն տակ ինքզինքնին արդէն մեռեալ կը յուսան…
Կան, որ իրենց արիւնաթաթախ եղունգներովը նորէն քարացած հողը կը փորեն…։
Կան, որ գերեզմանափոսերուն մէջ այլեւս իրարու վրայ, դիակ առ դիակ կ՚իյնան…
Կան, որ անդունդներուն մէջ դեռ բոյսեր եւ արմատներ փնտռելու յամառ յոյսն ունին,
Կան, որ ահաւորապէս սկսան պարել սոսկատեսիլ խենթութեան հետ թեւ ի թեւ…
Եւ ուրիշներ, ո՜վ զարհուրանք, ահաւասիկ, անթաղ սպասող մեռելներուն կը մօտենան։
Ո՜վ տառապանքիս թշնամի մտածումներ, այս իրիկուն բոլորդ մէկ հեռացէ՛ք ինձմէ…։