Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂԲԻՒՐ ՍԵՐՈԲ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ


Ո՜վ մարտնչումներու եւ զօրութեան արքայակերպ հսկայ,
Ներէ՛ որ ակնածութեամբ եւ եղբօր մը պէս պիտի քեզ յառաջանամ
Եւ իմ տառապողի եւ տարփաւորի կարմիր քնարովս, այս իրիկուն,
Քու ջատագովանքդ ու փառաւորումդ երգեմ քեզ պաշտողներուն համար։
Թէեւ իմ շունչս կարող չըլլայ քու յաղթանակի փառքդ շեփորելու,
Թէեւ իմ ընկճուածի մտածումս քու անունիդ կատարներուն երբեք չբարձրանայ,
Թէեւ հոգիս անարժան ըլլայ քու հերոսի հոգիդ խորասուզելու…
Թէեւ խորհուրդներս ըլլան աղքատ եւ ձեւերս անպաճոյճ,
Թէեւ քեզի համար կառուցած խորանս ըլլայ անսուրբ եւ ծխած խունկս օտար,
Թէեւ ես խեղճ լացող մը միայն եղած ըլլամ Հայրենիքիս մոխիրներուն առջեւ,
Թէեւ իմ քայլերս քու քայլերուդ ճամբաները ստրկօրէն անգիտանան
Թէեւ բազուկներս ու կուրծքս խուսափած ըլլան քու կռիւիդ սրբավայրերէն,
Թէեւ ճակատս մինչեւ այսօր ընդվզումի կայծ մը յղացած չըլլայ…
Բայց ներէ՜ պարտուածիս, ներէ՜ եղբօրդ, որ այս իրիկուն զքեզ երկրպագէ,
Հորիզոններէն քալող քու արձանակերպ ստուերիդ խենթի մը պէս կանչելով,
Եւ թո՛ղ քու հերոսի շունչիդ հովերէն գինովնամ,
Թո՛ղ քու մտածումիդ եւ անցեալիդ պատկերներէն այլակերպուիմ,
Թո՛ղ քու դիւցազնի արփաթեւ անունէդ եղէգի մը պէս դողդոջեմ,
Թո՛ղ քու հաւատքովդ լուացուիմ եւ քու հրամանովդ յառաջանամ…
Որովհետեւ թերեւս այս բոլորը, քու աչուըներուդ ու կերպարանքիդ քաղցրութեանը հետ հրեշտակային
Ու իտէալիդ ու յաղթանակներուդ մարտապատկերին հետ,
Թերեւս իմ արիւնս հրավառեն, կորուսեալի քայլերս ուղղեն, թերեւս բազուկներս ու կուրծքս երկաթեն…
Դուն տարիներով ու տարիներով սարսափանքը եղար մեր թշնամիի խուժաններուն,
Դուն, որուն արդարութեան սուրը եղեռնին վրայ շանթի մը պէս կը շողար,
Դուն, որուն նայուածքներուն հրամանին տակ բարբարոսները պաղատելէն կը ծնրադրէին,
Դուն, որուն քայլերուն եւ զէնքերուն շառաչումէն ռազմագունդեր նահանջեցին…
Դուն հայրենիքին սրտապնդող արեգակն էիր դժբախտներուն համար
Եւ միանգամայն փոթորկանման աղջամուղջը թշնամիներն ահաբեկող…
Դուն այն կամքի ու յոյսի մարգարէն էիր, որուն հոգիին ի տես,
Բոլոր Սասունն ու Մուշը ու Բաղէշը հաւատքովդ հաղորդուեցան…
Դուն անտիրական ժողովուրդին պաշտպանն էիր ամենազօր,
Դուն քաղաքներուն ու բոլոր երդիքներուն խաղաղութիւնը եղար
Եւ անընկճելի հսկողը ճակատագրէն ու ոճիրներէն դատապարտեալ անմեղ կեանքերուն,
Դուն բարեբեր դաշտն էիր ու պտղատու այգին ոսկեվառ,
Դուն այս աւազանն էիր պայծառ, որուն վրայ բոլորս տարփանքով գլխահակ,
Մեր ապագայ օրերուն արշալոյսներն ընդնշմարեցինք…
Դուն մէկը եղար հիմնաքարերէն ազատութեան այն ապարանքին,
Որուն վրայ այլեւս բիւրաւոր ու յաղթական բազուկներ,
Անխոնջօրէն, մարմարեայ զանգուածներ կը բարձրացնեն…։
Եւ առաւօտ մը, մեր հեռաւոր ու սեւահեր ու տրտում քոյրերն, քու անունիդ քաղցրութեանը ի լուր,
Զքեզ երկիւղածօրէն եւ սրբութեամբ իրենց ԱՂԲԻՒՐԸ անուանեցին…
Ու հրաշափառ ծերունիներ քու փառքիդ եւ արեւիդ համար,
Հսկումներու ծնրադրեցին պատարագներու առջեւ արտասուելէն…։
Ու վերջապէս դուն, ո՜վ անկորնչելի, բովանդակ ցեղիդ գոյութեանը վրայ
Անդորրութիւնը տարածելէն՝ վերահաս աղէտները կամքիդ բոցովը ցրեցիր…։
Ու քեզի հետ էին ու քեզի հետ ինկան քու քառասուն զինակիցներդ փառայեղ,
Անոնք, որոնց հոգիներն ու խօսքիդ ու քու արարքիդ ծարաւովը կ՚այրէին,
Անոնք, որոնց շունչը քու շունչիդ հովերէն էր որ կը հպարտանար,
Անոնք խնկարկու եւ շքեղ քահանաներն եղան քու ագատագրման կրօնքիդ,
Անոնք իրենք իրենց մէջ քու իշխանական անձիդ տիրապետումը կ՚ապրէին,
Անոնք քու գաղափարովդ գինով էին ու քու զօրութեամբդ զօրական.
Ու գիտցան ու կարողացան ըմբոստացումի առաւօտեան մը զարհուրանքին մէջ
Իրենց արիական արիւնը խառնելու թշնամիին մեղապարտ արիւնին հետ…
Ու դեռ քու կինդ կար, աստուածային ու մաքրակրօն Սօսէն,
Որ հրացանդ ու սուրդ իր հոլանի ուսերուն վրայ կրեց
Ու քու յաղթական ու արքայական գլուխդ, ցաւի ժամերուդ,
Իր սփոփարար ու գորովագութ ու սիրատոչոր կուրծքին վրայ…
Ու յետոյ եղբայրներդ կային եւ մանաւանդ զաւակներդ իրենց հօրը հետ սրբօրէն ըմբոստ,
Իրենց արիւնը, որ Վարդանեաններու արիւնն էր հրաշէկ,
Ազգին համար եւ արցունքոտ նայուածքներուդ առջեւ, հպարտութեամբ հոսեցուցին…
Բայց ըսեմ քեզի, ո՜վ եղբայր, ո՜վ հերոս, ո՜վ Աղբիւր,
Ու թող քու ոսկիէ ոսկորներդ հողին ծոցին մէջ լուսաւորուին,
Թո՛ղ քու ճակատդ իր ցաւէն ու յոգնութենէն նոր յոյսով մը ծաղկի,
Ու թո՛ղ քու վրէժդ ու ցասումդ այլեւս առ յաւէտ յափրանան…
Վասնզի քու վայրագ դահիճդ քու զինուորներուդ արդար ձեռքովն պղնձեայ
Փառքի եւ պարծանքի անմոռաց օր մը անգթաբար գլխատուեցաւ… 
Եւ դեռ ուրիշներ բարձացան, ուրիշներ զինուորուեցան, ուրիշներ մեռան,
Քու հաւատքիդ Գողգոթային վրայ, քու լեռներուդ դիմաց, քու պաշտպանեալներուդ պաշտպան,
Որոնց արշաւախումբերէն արիւնարբու թշնամիները նորէն դղրդեցան,
Որոնց երեւումը քու մահէդ անմխիթար երիտասաոդները նորէն ծառացուց…
Ու անհամարներ կան այսպէս, կատաղաբար ու վճռականօրէն ոտքի,
Հողին տարփանքովն արբշիռ ու ազատութեան մտածումովն սպառազէն…
Աւա՛ղ, չեմ գիտեր թէ ո՞ւր է որ իր բոլոր փառաւորութեամբը կը յաւերժանայ
Քու տիտանեան մարմինդ արեւանման գլուխէդ անջատուած.
Ո՞ր վրէժխնդիր, ո՞ր քինայոյզ եւ ո՞ր բարեկամ աստղին տակ,
Բայց քու անունդ, ո՜վ զօրութենէ եւ հաւատքէ հրաշացեալ Սերոբ,
Քու անունդ կը տարածուի, կը գահակալուի եւ կ՚արշալոյսուի
Մեր հոգիներուն տրտմութեանը եւ հայրենիքին բոլոր անկիւններուն վրայ,
Ինչպէս աստուածառաք եւ անճառելի եւ աննուաճ Անունը Յոյսին…


1904 Լէյզէն