Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՆԱՄԱ՞ՐՏ ԹԷ ՑԼԱՄԱՐՏ

Արամ Անտոնեանին

Ի՛նչ գլուխը լար, ա՛լ կրնա՞ր քաշել, ո՞ր մէկս կրնայինք. բաց գերեզմանն էր փնտռածը, Աստուած երեսին հայեցաւ ու նորէն բաց դռնակ մը ցցուց առջեւը:

Գեղը լեցնող մեծ դէպքի մը շուրջը դարձած ասուլիսներէն ծիւ մը բան, որ հիմա աղբիւրին հարսներուն ծրարուուկ բերուըներէն երկնցած կ՚երթայ, հեղ մըն ալ ան ժամուն ճամբուն վրայի տռտռան մամիկներուն ժոռոտ ակռաներուն վրայ կը հանկուրցուի:

Չի լսուած բան, չի տեսնուած բան, որուն ենթական գիտնալ որ խեցիի կտոր մը չէ ամենեւին, շան լակոտ մըն ալ չէ:

***

Տարի մը միայն նշանուած կը մնար ան աղջիկը, անկէ վերջ, Տեբոյենց հարսն էր: Յիշողներ կային, որ հարսանիքին օրը, սանամայրը եղած էր ըսող մը թէ՝ «սեւ հարսը խժիկ [1] կերած պիտի ըլլեր աղջկնութեան ատենը»: Իրաւ ալ, Դեկտեմբերի ճերմակ առաւօտ մը, դուրսը անանկ չոր, կծու հով մը կար, որ պսակէն դարձող ան քանի մը տարէց հարսնեւորներու փեսամանտիքը պզտիկ պզտիկ, եթէ գինիի ծով մըն ալ երթային ցամքեցնէին տեղերնին, նորէն, ապահովաբար, չպիտի կրնային տաքնալ: Անոնց դէպի հարսնետուն անցքին ատենը, առանց թմբուկի ու զուռնայի, անշուք, թափթփուն թափորը բռնազբօս քալուածք մը կը մատնէր: Հարսնեւորներուն համար քիչ տրտմութիւն չէր ան իսկ երեւոյթը, որ մէկը չէր ուզած իր դրան առջեւ «խոնչայի պատիւ մը» ընել պուտ մը գինիին կորուստովը, որու ի՛նչ փոյթ. ցուրտ էր, մէյ մըն ալ խորհողը կը խորհէր թէ Տէբօ-Աստուրը պատուելու տեղ, կարելի է, աւելի աղէկ մարդավարութիւնը ըլլար պիտի, եթէ տանիքին ճնճղուկներուն ափ մը կորեկ նետէր:

Ատ օրը, կ՚երեւայ, ցւքներուն եզերքը, անծեղներն ալ ծուռ թառած էին:

Գիւղին մութ ծածքերէն դուրս եկած կետայի տղայ մը փշոտ մորմենի մըն էր կ՚ըսէին, որուն վրայ թերեւս կաթ մը արզեւ ալ չէ ինկեր, ու հիմա չի զարմանալու համար, մարդ իր երէկի փորցաւը միտք բերելու պէտք կը զգայ, որ՝ աչքի չառնուած այն շատ հասարակ, շատ աննշան ու գռզիկ թուփին վրայ, նանկ սիրուն աղջիկ մը կ՚երթայ «նշծաղիկ»ի մը անակնկալը ըլլալ:

Գեղեցիկ էր աղջիկը, գեղեցիկ մարգրիտ մը սակայն, որ ծովին անկոխ մէկ եզերքը ինկած, զինք փնտռողին չի հանդիպիր, վերջը, օր մը, դիպուածի քմայք, բոպիկ հովիւի մը ոտքին տակ կուգայ: Գեղեցիկ էր, անոր միայն աչքերուն հրապոյրին հանդիպողը, պարեխի «օձին անգին քարը»՝ այդ կախարդիչ շողիւնը տեսնելու պատրանքը կ'ունենար: Այդ պատճառով կարելի է խենթ պիտի ըսէիք գիւղի տղոցմէ անանկներուն, որ ատ աչքերուն սիրովը, անոնց հայած ու բեւեռուած որեւէ մէկ կէտին վրայ, նոյն մեռցնող աչքերը տեսած ըլլալու արբշիռ ցնորք մը կը պատմէին: Աղուոր տանձ, արջն ալ աղուոր, անլի հեգնութիւն մը իր տեսակին մէջ, որ հարսին երեւումներէն հոգիի լռին հատնումը զգացողներուն վերջին յուսահատ ծնծնալը կ՚ըլլար: Բայց ա՛լ եղած էր ըլլալիքը ու մէկը չի կար, որ չի գիտնար, թէ իրենցմէ ոչ մէկունն է ան, անոր եբենոս մազերուն վերջին թելն ալ իրենցը չէ:

Հանդիպում, բաղդ, եկեղեցի ու բոլոր ասոնցմէ առաջ, աղջիկը, որ անտէր մըն էր, անտեսուած մը, եւ ապա նախապաշարում թէ՝ անտէր մեծցած է անիկա, կրնայ քած խոզ մը ըլլալ որ գացած տունը չուզէ պարտկուիլ, աչքը դուրսերը ու ետքն ալ իր տիրոջ գլխուն հազար դժբաղդութիւններ բերէ, բոլոր այս պարագաները ու պայմաններու իրաւն անիրաւը հիմա հետեւանքի մը յանգած վերջապէս, լսողը շատ ուշ մնացած կ՚երեւար իր քիթին ծակտիքը լէնցնելու թէ՝ Վարդեր Տէբոյենց տղին գացեր մէկ հատիկ հարսն եղած էր:

Համեստ բարքը, խնտուըտուն երեսն ու դուռ դրացնի հետ տաքարին շողուըղտանքը, Աստուրին սիրոյն, գլուխը «քարին փէտին» զարնելու ու դեռ ատ գլուխը, հոգին ալ, կրակին մէջ խորուելու տինճ անձնուիրութիւնը գեղովին վկայած յատկանշութիւնը կը մնային կնկան մը, որուն մասին սկիզբները, ինչպէս հիմա, անմիջապէս վերջն ալ, անսգիւտ կաթնտու մըն է ըսին, որ Աստուրին պէս Շվոտի ձագի մը վիճակուած է:

***

Շվոտի ձագ, աս ալ իրաւ այսպէս, հասարակային կարծիք, հայեցողութիւն աս մէկ տեսակէտով գոնէ, սխալած չպիտի ըսէիք, կը յուսամ, եթէ քիչ մը համբերել գիտնայիք: Աղջկան դէմը ելլող տղան, գեղի համայնքի մէջ անոնցմէ էր, որոնք իրենց ժամուն աւազանը մկրտուելու երրորդ օրերնին, չեն ալ ուշանար, կ՚երթան մէկէ միտքէ չանցած աղտեղութիւններու մէջ բադի կտուց մը կը խառնշտկեն:

Աս մէկն ալ այսպէս, օրանէն իջնելէ ետքը, շիտա՛կ իր տեղը գացած էր, օտար դուռ մը, ուր իրեն պատուիրուած գործերը եղեր էին, հովուութիւն՝ ամառը, ցուրտ եղանակին ալ իր տէրերուն հետ, անոնց որսկան շուները լեռը պտտցնելու չարքաշ, բայց ստորին տեսակէ արհամարհ ծառայութիւն մը:

Մայրը ատ դուռներուն վրայ, մեռնելէն յետոյ, զոր ան ատեն թաղելու համար, գեղին տէրտէրը քիթ փինչ մը ըրած էր, երթալով կը ծանրանայ կացքը ու ստիպուած կուգայ անգամ մըն ալ իր մօտիկ ճանչուորներէն մէկուն քով լծվար մշակի տրեխը հագնիլ։

Սակայն, ո՛ր դուռ որ կ՚երեւայ, ո՛ր հարուստի, ո՛ր հողտէրի, սա տղան ան իր երկու աւուր տիրուն ալ քիթէն արին աղջուր կը բերէ:

Գեղին մէջ ծնած, լայնցած որեւէ հասարակային ու ընտանեկան խնդիրներու ատեն, Աստուր իր տեղին վրայ պիտի երեւնար միշտ, անոր բերնէն վար գաւաթ մը քամ օղիին հետ, ձեռքն ալ սլուկ հինգնոց մը քշողը, ալ զինքը ապահովապէս, աղբօր պէս մտերիմ ու կէս գիշերին արթննալու պատրաստ վկայ մը կրնար շինել, ինչ ատեն, ինչէ որ պէտք ունենար: Ալ ի՛նչ գիտնամ, ի՛նչ տեսակ լակոտ մը, որուն համը սակայն հետզհետէ հասկցուած էր ամէնքէն ալ, տեղ մըն ալ ամիսն երկուք չեղած՝ զինք դուրս հրողը, վտանգաւոր բան մը դուրս նետածի պէս շունչ կ՚առնէր: Ին՛չ ընէր, ալ ի՛նչ կար ընելիք, տարիքին քսանըհինգերորդին վերջին իրիկունը, եթէ չեմ սխալիր, հասարակ բանուորի օրողչէքով տեղէ տեղ շրջիկ մշակութեան երթալու որոշումը կուտայ: Է՛ն ետքի խելքը, որ տուն կը կանչէ, եւ որով մէկ երկու տարի ինքնիրենը ապրելու ինքնամփոփումով մէկուն երեսը չուզեր նայիլ, մէկու մըն ալ սրունքին վրայ ժանիք չի փորձեր:

Աստուր մարդ էր եղած՝ կ՚ըսէին, ինք գոնէ այսպէս կը հավատար ու Զատկի, Ծնունդի, ինքն ալ իր տունը կ՚առնէր կը մնար [2], որ տէրտէրը կարգով մը, իր տեփուրին [3] վրայ իր աղն ու հացն ալ գայ օրհնէ:

Այս վիճակին մէջն էր, որ քիչ մը դրամ մէկտեղած ըլլալու աջողուածքով, աղջկան մը կտուցէն բռնելու առէջքը կը սարքէ մտքին մէջ, բայց որո՛ւ պիտի դիմէր, քիչ մը ոչխարի ինքնագիտակցութիւնն ալ բաւական չէ՞ր, որ կարող ըլլար ըմբռնել, անդրադառնալ թէ՝ դեռ ինք յայտնի մշակ մը՝ ու էւել ոչինչ կպցուց իր անունին վրայ: Իր ետեւէն զինք մարդ ճանչնալու փորձուողները շատ աւելի իր մէկ քանի երկչոտ ազգականներն էին, որոնք, խեղճերը, հազար ու մէկ պատճառներ ունէին զինք քիչ մըն ալ մարդու անունով փաղաքշելու: Ի՛նչ ընէին, վաղը Աստուր նորէն կը կատղի, նորէն կ՚ելլէ կավառ [4] մը կը փլցնէ ու նորէն իրենց ճինսը պիտի ըլլի տուժողը:

Շվոտի ձագը մարդու խորհուրդ չի հարցուցած՝ երա՞զ կը տեսնէ թէ հաւահմայէ մը կ՚արտօնուի, չգիտցուիր, կը փնտռէ, կը գտնէ ուզածը, կը նշանուի ու ժամանակ վերջը ազգական ըսուածներէն հէնց հարսնառի ներկայութիւն մը կը խնդրէ ու կը փակէ խնդիրը: Դէմի չի համակերպողն ալ ան աղջիկը չպիտի ըլլար հարկաւ, որ իր հարուստ ծնողքին յանկարծական անհետացումէն ետքը, մօրքրոջ թեւին տակ գացեր էր թառիլ, ինչ որ յետոյ ասոր ալ ետեւը լալու դժբաղդութիւնը իր սուգն աւելցուցած՝ վաղին սոսկումէն աւելի բան մը կը մտմտար, որ տեղէն խախտած ժայռի ահագնութիւնով, շիտակ իր վրայ, իր բոյնը տրորելու կ՚սպառնար: Վարդեր՝ հասուկ աղջիկ, գիտէր այս բոլորին վախճանը, այնպէս որ, դուրսէն եթէ հորթուկի բառաջ մըն ալ լսէր, գիտէր թէ զինք իր մութ խոռոչէն լոյս աշխարհք հրաւիրող ձայնը պիտի ըլլար:

***

Այդ ձայնն էր, որ Տեբօ-Աստուրէն կը հասնէր իրեն, որու շնորհիւ վայրկեան մը եւ ոչ աւելի վերջը, անոր հետ մէկ արին, մէկ մարմին, գոնէ ինչպէս տէրտէրը յանձնարարած էր ու սըկէ դեռ աւելի թունդ, աւելի հանդիսաւոր խօսքը շեշտուած…

Սկիզբները իրար եթէ հեռուէն տեսած էին, քիչ մը ամչցածի կամ քիչ մը վախկոտի հապճեպով, թէեւ տղին համար չի հարմարած մտածութիւն, հիմա աւելի մօտէն, երես երեսի, մէկ բարձի վրայ, զիրար աւելի մօտէն գնահատելու լայնկեկ պատեհութիւնը կար իրենց: Հաւնած էին, գգուանքին չափն ու ուժգնութիւնն ալ մէկէն միւսը, ամբողջութեամբ տեղը: Թէեւ իրաւ է, որ կինն է միշտ իր հինգ մատները էրկանը դէմ ճրագ ընողը ու վառողը, կնոջ մատուցումը միշտ աւելի շատ կը փախի:

Աս տարին ահա անմիջապէս Տեբոյենց տղին բրշակը շէն կերպարանք մը կ՚առնէ, հաւ, կով կը պահուի, օրուան առտուն անոր բխերիկէն ալ կապտորակ բարակ մուխ մը կը ծառանայ, դուռը բանուկ ճռինչ կ՚երկնցնէ, նշան՝ թէ հոն մարդու մուտք, ելք, մարդու ստուեր կը խաղայ:

Ու հոն կ՚երեւան մէկ-երկուքը իր հին ընկերներէն ու նորերէն ալ անանկները, որ ստիպող պէտքով մը գեղին ան օտար մեծ հողտերէն իբր ընտանի դէմքի մը, ապսպրանք մը ընելու իր վարժ լեզուին միջնորդութիւնը կը խնդրեն, բոլորն ալ դուրս գալու ատեննին չեն զսպուիր հռչակելու, թէ Վարդեր այդ երբեմնի ամայութեան մէջ լքուած փեթակին թագուհի մեղուն եղած է, ու կ՚աւելցնեն, անոր ոեւէ մէկ հպումը, շունչը, աչքերը, փէշերուն հովն ու պզտիկ շարժձեւն անգամ իրենցմէ ինչքան ալ բեւեռուն աչքերով դիտուած, երբեք երբեք իրենց միտքը վայրկեան մըն ալ չի մթնցնէր:

Աստուր անգամ մը ծնած օրն է խնդացեր՝ կ՚ըսէին, նախանձի հով արտայայտութեամբ, անգամ մըն ալ հիմա, որ իր աղուէսի անյոյս ծակին մէջ խանըմ խաթուն մը ունի: Այս խանըմ-խաթունին, այս փեթակին թագուհիին, իրենն էին տունին հոգը ամբողջ ու այն ծանր ծանր աշխատութիւնները, որոնց տեսակը, եղանակին համեմատ, դաշտը պիտի երթար գտնէր: Գարունը քաղանքը, խոտունցը, միւս ատեններն ալ հասկաքաղ, բամպքաղ ու վառելիքին հաւքտուքը՝ հեռուն տափաստաններու երեսէն, իր գիշերուան քունը կիսող չարչրկանքներն էին:

Զուարթ համակերպողն էր գեղի կնկան ճակատագրին: Գեղը, այդ առանձնուկ միջավայրը, ուր չես գիտեր, թէ որ մեկնակէտէ սկսած է կնոջ մը ճամբորդութիւնը փշոտ կարկառուտներու վրայէն եւ ո՞ւր օր մը պիտի վերջանայ այն:

Գեղը եթէ էրիկ մարդ հող չի խառնշտկեր, չուզեր աղօրիք երթալ, չուզեր ամառ գիշերուան ջուրի ջրտուքի վազել, աշխատութիւններ, զոր նորէն կինը պիտի հասնէր կիսել, դուք ալ կարծեմ ինծի հետ հաւանող մը պիտի ըլլայիք, որ էրիկ մարդ ըսուած այդ գլէթները [5], անանկները մասնաւորապէս որ հողագործ տուներու մէջ չեն ապրիր, տարին անգամ մը կաղամախի պէս կտրտուէին ու ժիր կնձնիի մը պէս ալ մարագին առիքին տակ սիւներու գործածուէին:

***

Աստուր, որ ճուվէլէկ մըն էր, հիմա ծուլցած մանաւանդ քիչ մըն ալ կնկանը դէպ ի ամէն աշխատութիւն պատրաստ վազքերէն, մարագը նետել փակելու չափ աւելորդ մը կը դառնայ հետզհետէ: Արեւամոլի այս մեղկ մէկուսիկ փախչտուքներով գործէ, երկարկեկ ժամանակ մը կը թողու ետին ու դէպի հարսանիքին առաւօտը եօթերորդ տարիի մը կատարէն կը հայի: Այսչափ ատենի մէջ երկու տղեկներու մահը լացեր են միայն, ու ալ ուրիշ առիթով ոչ իսկ կոյր կասկամ [6] մը կ՚անցնի իրենց տանիքէն: Կ՚ապրէին, ինչպէս գեղին ճուվէլէկ տնուորը կ՚ապրի, ամէն պարագայի տակ, հացը Վարդերէն՝ ոսկորն ալ Աստուրէն:

***

Օրին մէկը, աշխարհքիս կրկնուած պատմութիւնը միշտ, կինը գէշ երազէ մը կ՚արթննայ: Աստուր շեղում մը ըրած է, ամիսին շատը դէմի մօտակայ գեղը կ՚անցնէ, նոր Գեղ, որ Շնթիլէն Սեւ Գետակով միայն բաժնուած, վերջին տեղէն վազող ծեր մը մինչեւ հոն չի յոգնիր: Յիսուն-վաթսուն տարի առաջ, Թլկատինէն ծնան շէնիկ մըն է եղեր, տասը-տասնհինգի չափ հողվար տուներու համախմբում մը:

Աստուր հոն է շարունակ, ուրկէ գլուխը կ՚ելլէ, ոտքը չելլեր, ու ամէն ատեն ալ ջանքեր մը ունի կնոջը հաւտցնելու, թէ հոն ծանօթ հողտէր տան մը «ճըռճըռը [7] քաշելու» կ՚երթայ, շահաւէտ գործ, զոր լմնցնելէն ետքը, դեռ իրեն ուրիշ խոստումներ ալ կ՚ըլլան, որ ուրիշ աւելի փոր կշտացնող զբաղումներ պիտի տրուին: Այդ պատճառով ցերեկէն ետքը մեծաւորին աչքէն հեռանալ շատ հաճելի մարդավարութիւն չէ եղեր: Ու իր տունն ալ ի՞նչ ունէր, որ Վարդեր երեսի վրայ պիտի ձգէր:

Կինը առաջին առիթներով կը հաւատայ այս ըսուածներուն թէեւ, որ այն տարաժամ մեկնումներուն ու անյայտացումին ստիպողութիւնը կը բանաձեւեն, կը բացատրեն երբեմն կրակ երդումներով շեշտուած, բայց ա՛լ օր մը, վերջ ամէն միամիտ համբերութեան, ամիսներու շարքի մը ետեւէն, կը ծակի միտքը ու հոն մէկ վայրկեանէն միւսը այնքան մը բան կը լեցուի, որ խեղճը ջաղացքի քարի մը չափ ծանրցած, նստած կայնած տեղը, քթին վրայ թառող ճանճին անգամ քը՛շ ըսելու սիրտը չունենար:

Ի՛նչ էր աս եղածը այսչափ յանկարծ, ու ի՛նչ է ան, որ նոր պիտի ըլլի, իրերու այս աստիճան փոխուած կասկածելի երեւոյթէ մը ետքը: Ինքը ե՞րբ աղօթելու ատեն, երեսն արեւելք չի դարձուց, ե՞րբ մեծ կրակի մը վրայ ջուր թափելու պահուն Աստուած չ՚իշեց, կիրակնամուտքին ե՞րբ թել անցուց ասեղը ու կիրակնամուտքին խունկ չի ծխեց մեռածներու հոգուն: Աստծու հետ այսչափ կպչուն յարաբերութեան մէջ, դուռ դրացնի հետ հաշտ, Աստուրին հանդէպ ալ ի՞նչ թերութիւն պիտի ըլլար գործածը: Ալ ի՞նչ մեղք պիտի ունենար, որ հիմա մէկ օրէն միւսը, կրակ կ՚առնէ գոգնոցը ու բոյնին մէջ, բուն իսկ իր նստած տեղը, սեւ օձի մը գլուխը տեսնելու արհաւիրքներով պաշարուած կը գտնէ իր միտքը:

Երէկ կը նայէր, այսօր կը նայի, ամէն գիշեր շունչը կը բռնէ ու կը սպասէ, որ մէյ մը սա դռան ձայնն առնէ: Աստուր աս գիշեր ալ չի դառնար, ու ինք ատ գիշերին համար ալ յոյսը կտրած՝ գլուխը բարձին վրայ կը նետէ, քուն չըլլար, դիւահար ըլլալու սոսկումներ կ՚անցնէ, բարձին վրայ, անկողնին մէջ, կարիճներու զեռում մը կայ:

***

Վարդեր ուշ անդրադարձաւ, բայց լսեց վերջապէս, ու հիմա ընդարձակը լսած է, իր մօտը ու իրմէն հեռուն անցած դարձածներուն վրայ:

էրիկը դէմի նոր գեղը հարս մը կը սիրէ, Շուշանը, ու կ՚ըսեն, ու լսած է նաեւ, որ այդ հարսին հետ այնքան կսկուծ յարաբերութիւն շիտկեր ու ձեռքոտեր է որ, կասկած կայ թէ, լքանէ զինք շատ չանցած, ու զայն իրեն տեղացու [8] մը բերէ: Շուշանը Վարդերին տեղացո՞ւ մը: Ան չէ՞ ատ հարսը, որ էրիկը հողը դնելու երկրորդ առտուն, ձեռքը հինա դրած է եղեր, միւս օրն ալ տղային մէկուն հետ զոյգ մը արծաթ ապռճան ապսպրեր է քաղաքը: Շուշան այն երես ելած հարսներէն, որոնց տեսակը ծանօթ թուականէ մը շաբաթ մը վերջը անմիջապէս սա Նոր Գեղին ու ան հիներուն մէջ ալ սունկի պէս բուսան: Շուշանը բոզ մըն է:

Աստուրին կինը լսած էր այս բոլորը ու վերջին մէկ-երկու ամսուան մէջ մանաւանդ, ալ ոեւէ նոր յայտնութիւններու պէտք չէր տեսներ:

Հիմա ինքն է, որ կրնայ մէյմէկ յիշել, թէ ինչո՞ւ իր մարդուկը երբեմն տուն հանդիպելուն, հեւնիհեւ ներս կ՚իյնար ու հովի պէս դուրս կը խոյանար. ամէնէն չնչին դիտողութիւն մը ուշացումները, մոռացումները ակնարկող, անոր պատճառ կուտար, որ զինք ոտքին տակ քարի մը պէս սղկէր. կերակուրը չէր հաւներ, վրան մոռցուած ճերմակեղէնը փոխելու պահուն հագուստին մէկը-երկուքը խելագարի մը ըղունկներով բզիկ բզիկ ընելու բարկանքներ մը կը ցուցնէր:

Շատ գիշերներ անկողին չէր գար, գալու ատենն ալ արիւնոտ կսմիթներու ու կռուփներու տակ, կուրծքն ու միսերն ալ իրենը չէին ըլլար:

Կը յիշէր հիմա մօտաւորապէս այն նշանակելի օրուան իրիկունը, որ էրկանը հետ սեղան նստելու բաղդաւոր հանդիպումով, երբ կերակուրը կը լմննար, ու մարդը դուրս թռելու պատրուակ մը գտած՝ զինք մինակ կը ձգէր, ի՞նչ եղաւ իր սիրտը, աչքերն ի՞նչպէս դարձան յանկարծ, ու ի՛նտոր մահուան քրտինքներով անկողին ինկաւ, որ ատեն դրացիներուն ժմնցուցած հում կաթին, հում հաւկիթին ու տարած խնամքներուն շնորհիւ, միայն կրցաւ աչքը բանալ, ուշաբրիլ, ամբողջ շաբաթի մը մեռածութենէն ետքը:

Անցուց, տարաւ ասոնք լռին ինքն իր մէջը, ինքզինք ուտելով. չեղաւ ատեն մը, որ տէրտ լար մէկու մը, միայն անգամ մը Կարմրիի տէր Թորոսը Շնթիլ եկած տեսնելով, տուն կը տանի գաղտուկ մը, «թուղթ հայիլ» կուտայ, ուրկէ սեւ հաւի արինով գծգծուած երեք թղթի ծրարիկներ առնելով, ինչպէս թելադրած էր քահանան, թուղթին մէկը իրենց դռան շէմքը կը թաղէ, երկրորդը կ՚այրէ, միւսն ալ Սեւ գետակին եզերքը ջուրն ի վար կուտայ: Այդչափ, ու աւելի բան մը չէր ըրածը: Այդ փորձով, օրը յիսուն ծունկ ալ աղօթելէ ետքը, կ՚սպասէր, որ Աստուր ինքնիրենը խղճմտութեան գայ ու «վազն անցնի ան խարայ սէվտայէն», որը, կասկած չունէր թէ մէկ օրէն միւսը իրենց օճախը պիտի մրեղէր:

Աստուր, աղնծուած սիսեռ, սպասել, որ անոր վրայ թափած արցունքը, անձրեւները, նոյն իսկ արիւնը սեւ հաւին, կանանչ ծիլ մը երեւցնեն, վերադարձ մը իրենին կուշտը, սրտի պարապ հատնում մը պիտի ըլլար: Մարդն արդէն այնքան մը առաջ տարեր, հասունցուցեր էր բանը, որ Շնթլցիներուն կաղն ու կոյրն ալ լարուած հետաքրքրութիւնով սպասող կ՚երեւան թէ Տեբօ-Աստուր եթէ ոչ այսօր, ալ վաղը անպատճառ Նորգեղցի Շուշանը Վարդերին տեղացու պիտի բերէ:

Այսօր վաղը ու ահա ի՛նչ որ կ՚սպասէին: Բոլոր գեղացիք ցնցումի վայրկեանի մը մէջ խորունկ մռնչիւն մը կը պարպեն կուրծքերնէն:

«Չի բուսնէիր բարով, Աստուր, մէրդ քեզ պիտի ցկնէր նը, թո՛ղ բուռ մը քար ծնէր»: Ու տարեւորները, որոնք տակաւին իրենց պսակին նարօտը իրենց գտակին փաթը կը պահեն սրբութեան խնկոտ կտորի մը արժէքովը, «Փիճը՛, փի՛ճը, կ՚ըսեն, ե՞րբ լսուած էր, որ փիճի մը կոխած անցած տեղը խոտ կը բուսնի»:

***

Թող կ՚ուզէ սակայն ան լերան եօթը գլխէ դեւերն ալ իրենց օձ-գլուխ ձիերն հեծած՝ այն փիճին վրայ գան ուղղութեան հրաւիրող կոչ մը ընեն, հետեւանք չպիտի ունենայ, տէրտէր, եկեղեցի, իշխան, առաջնորդարան թող կ՚ուզէ հունա Մաստառին կատարը մոռենի մըն ալ այրի, հետեւանք չպիտի ունենայ: Աստուր Շուշանը իր ուզած ու սիրած կինը հռչակելով, իր խղճին հետ հանգիստ, անառիկ ոեւէ ձեռնձգութենէ, Շուշանին բիբին մէջ հիմա իր պատկերը կը տեսնէ: Վարդերն ալ արձակուած աղախին մը հունա, ամէն տեղ, բաց գերեզմանի մը փնտռտուքովը կը թափառի, էրկանը կողմէն իր վզին կախած դատապարտութեան թղթով մը, որուն մէջ սեւագրուած միակ ամբաստանութիւնն էր, թէ ինքը, օր մը, տունին ու դաշտին գործերը շատ ծանրացած մէկ օրը, իր կարելիք լաթերուն մէկ մասը ստիպողաբար դրացի աղքատ կնոջ մը յանձնելէն յետոյ, կը խոստանայ եղեր անոր ափ մը ցորենով փոխարինութիւն մը ընել. բոլոր տարիին մէջ մէկ անգամ հանդիպած գործ մը որ Աստուրին կինը ամենաչնչին վարձքով մը ուրիշին ընել տալու պարագային տակ կը գտնուի, ինչ որ այդ միեւնոյն ատեն, ուրիշ դրացնուհի մըն ալ, ջլդիկ ջատուկ, Վարդերին երեսին կատուի ճանկ մը նետած ըլլալու համար, ո՛վ գիտէ երբէն մնացած հաշուով, Աստուրին ականջը կը հասցնէ: Կինը աւազի հատով մը մեռցնելու համար ան էրիկ մարդուն ալ բնտռած պատեհութիւնը: Այս դէպքով, միայն այս խայտառակ պատրուակով, գողի անունը կ՚ամրցնէ կնոջ ճակտին, գող մը, կար ձեւ չգիտցող կին մը, որուն ինքը մինչեւ ան օրը համբերելու առաքինութիւնն ունեցեր է եղեր:

Ու խեղճ Վարդեր, երբեմնի այս խանըմ խաթունը, ծրար մը լաթեղէն միայն անութին տակ, ամբողջ տունին մէջէն իրեն բաժին հանուած սեպհականութիւնը, գեղին փափկանկատ քէհեաներուն միջամտութիւնով, որ վերջին պահուն արդար իրաւունքի մը պաշտպան դուրս գալու վիճակին մէջ կը գտնուին, տունէն դուրս հրուելու պահուն, հազիւ վրայ կը բերէ ըսել. «Դո՛ւն, Տեբոյենց տղան, ըրիր ըրածդ, Աստուած ալ քեզի ընէ, ու տիլէկ կ՚էնիմ որ՝ անանկ ֆառշ ու մալամաթ ըլլիս, անանկ խաղք խայտառակ՝ որ երեք աւուր տղացկանը պիլէ, փորուն վրայ սողալով քու սէյրդ կայնի»: Ու ոչինչ անկէ վերջը, անկէ վերջը գեղացին կամաց-կամաց ինքզինքը տափկցած իրողութեան մը առջեւ կը գտնէ: Կ՚ըլլի եղեր, աշխարհքի վրայ չի պատահած բան չկայ եղեր, կամ արդէն ի՞նչ էր եղածը: Մարդ մը, որ ձեռքին տգեղցած վարդը կը նետէ, հիմա պահ մըն ալ թարմուկ շուշան մը կը հոտուըտայ: Շիտակ խօսքին ի՞նչ ըսել:

***

Լքուած կնկուկան փէշը այն դժբաղդութենէն յետոյ, հանդիպողը երկու տեսակ բան նետեց, մէյ մը պատառ մը չոր հաց, քիչ մըն ալ հոտած լորձունքով թրջուած մխիթարող խօսքեր, որոնց ինք պատասխանելու համար դժուար թէ այն հացի փշրունքն ալ տեղ կրնար հասցնել:

Հոգ մ՚իներ, Վարդեր, խե՜ղճ աղջիկ, հոգ մ՚իներ, Աստուած տահա պէթէրէն պէյէ, օ՛ղուլ:

Տահա ըսել է ասկէ պէթէ՞րն ըլ կայ, ի՞նչ էնիք, ի՞նչ կրնայինք, ճակատնուս գիրն էր, պիտի տանէաք, ասկէ պէթէրն ըլ կայ եղեր:

Հըպը ի՞նչ կ՚ըսես եա, սէֆիլ, աշխարհքի մարդ չի՞ք, եա օր էլլէր ուրիշ բան մըն ալ էնէր:

Ալ ի՞նչ մնաց օր չէնէր պիտի, Ե՛ղնար, ըսել է ձեզի քուրի ձէն կուգար եղածը, ալ մնը՞ց չէրածը, ո՞ր մէկդ իմ տեղս ըլլէիք նը ջուրին հորը չէիք նետուեր գիշերուայ մը ցորեկուայ մը մէջ: Աստուած տուշմընիս գլոխը չբերէ է՛տ գալիքը:

Կ՚ըսեն, է՛ն վերջն ըլ աղու տուեր է եղեր, հա՞:

Էն սկիզբը, է՛ն վերջը աղուի պէս բաներ, հրամեր ես, հիմա եթէ էսի պիտի ըլլէր է՛ն վերջս, հազար անգամ աղէկ էր օր է՛ն սկիզբը ի՛նչ էր նը ըլլէր խալըսէի: Մեռնելէն դիժար տէ՛րտ ըլ կայ եղեր, քորս, մեռնողը ե՞րբ ամէն օր, ամէն սէթ մուխ կ՚ունենայ գլխուն վրայ. գլոխս կրակ, կուրծքս կրակ, գոգնոցս ու բոլոր փէշերս կրակին մէջ: Ո՞ւր էր էն հոգիս առնող հրեշտակը, ո՞ւր էր, չէ՞ք լսեր օր հիմա ես անոր ոտքը՝ ես երթայի, խօսք մը հասկցնէի:

է՛, դուն ինսե՞խ (ինչպէս) ֆարղին չի գացիր, աղջիկ, աղուն ինտո՞ր տուաւ:

Ամէն օր իրկուայ հացերնիս ճրագլուսուն կ՚ուտէինք, է՛տ իրիկունն ըլ, ինտոր եղաւ, մութին նստանք, բանճար եփեր էի, չի թողուց օր ճրագ վառիմ, էճէլէ տեղ պիտի երթամ, ըսաւ, ինք մինակ ցամաք հաց շվռտեց ու դէպի դուրս նետուիլը մէկ էրաց: Ո՞ւր կ՚երթաս, ըսի, արի մարդ (էրիկ մարդ), քիչ մըլ տունդ առ նստիր, ես ըլ ինսան եմ, կնկայ աշմախ (դնջկապ) կապեր իմ, իրկուն կ՚ըլլի, էրկայ ճամբուն կը հայիմ, էտին չի դարձաւ հայաւ, խութին ու թզպէքն ըլ էճէլէ տունը թողուց: Տէնէրը էլայ, որ էրթած կողմը հասկնամ, բան մը չերուաց աչքիս, մութ էր, տանիքը քիչ մը առի, կեցայ, մէկ ըլ ահա լսեցի օր հեռուէն հեռու շուներու խորունկ ձէն մը կուգայ, Նոր Գեղայ շնուին իրար կը բզքտեն, ըսի մտքովս, նորէն Նոր Գեղը, նորէն Շուշանին դուռը: Տանիքէն վար էջայ չէջայ, սոնին տակը հաւու պէս շօլրայ ինկայ:

Ըսել է, Վարդեր, ի՛նչ եղաւ նը էտ իրկունը եղաւ:

Ճիշդ էտ իրկունը, հրամեր ես, կերակուրին վրայ մկնդեղ ցաներ է, ես չիմ իմցեր: Թէզ մի փէշերը ժողվեց, հերտկաւ օր էտ սէթին լէշիս տէր չըլլի զահար: Դրացները վրայ հասան, հում կաթ, հում հաւկիթ խմցուցին, աչքս բացի, չորս-հինգ օր խելք չի կար գլոխս, վերջն ըլ կամաց կամաց տեսայ օր մազերս բուռ բուռ ձեռքս կը մնան:

Խեղճ մէսիմ, է, ինչ էնես, այ օղուլ, ի՞նչ կայ օր երկինքէն կուգայ, էրիկ մարդէն կ՚ելլայ ու կնկան գլխուն չընկնիր:

Կը խորհէի թէ ո՞ր էրիկ հէչ տարիին մէջ օր մը երկուք իր կնիկը չի ծեծեր, ատոր համար ըլ խօսք ինել կ՚արժէ՞ր կ՚ըսէի, էկօ տես օր արին-երես մարդը հասկցաւ քի ծեծելէն չիմ սատկիր, մէկ անգամէն հընցեղ (այնպէս) բան մը էնիմ օր, ըսենց, մէկ նէֆէսով խալըսի:

Անա՛մ, անա՛մ, անա՛մ, (արգահատանքի արտայայտութիւն մը):

Իշտէ է՛ս ըլ է՛ս չէշիտ, քուրուկս, Աստուած հախ դատաստան ինէ:

Հիմա ի՛նչ պիտի էնես, ի՛նչ կը խորիս որ պիտի էնես: Լսեր իմ օր կ՚ըսեն քի դուն ըլ քու գլխուդ ջուր տաքցնես եղեր պիտի, շիտա՞կ է:

Է՛հ:

Իրաւ կ՚ըսիմ, աղջիկ, լսած օրս ըլ խնտացեր իմ ու հէմ հախ տուեր իմ:

Ի՛նչ ինիմ հըպը, Եղնար, քո՛րս, տարի մի է էլին դուռը, էլին ձեռքը հայելէն երեսս էտիս դարձաւ, ա՛լ օր հիմա ձեռքը տալէն փրթեր գետինն ինկեր իմ նը, վո՞վ կը մեղդրէր ըզիս: Առնող մը ըլլի նը իրիկուայ վաղուընկայ չիմ հայիր:

Է՜, հեչ Աստուրն ըլ միտք չե՞ս բերեր, կինէ քեզ առնելու ըլլի նը չե՞ս երթար, անխելք աղջիկ, օր ինք ուզեց նը, դուն ըլ երթալու եղիր, թող Շուշանն ըլ պէյէ, քեզ ըլ. էս քանի տարեստանը քանի՜ քանի՜ էրիկ մարդ կայ օր մէկին տեղը էրկուք իրեք կնիկ չի պիյեր, բանդ հայիր, Վարդեր, խելքդ տո՛ւն բեր, հիմա դուն ըլ չե՞ս կարօտցեր Աստուրը:

էտ տեղտանը մի հարցնր, Եղնա՛ր, հոգիս, գիտիմ օր էտ մարդը գլխաւորս չէ՛ ալ, գիտիմ օր տուշմընիս պէս ու տահա գէշ բան մըն է ինծի համար, է՛հ:

Նորէն ի՞նչ, անխելք, էհը ո՞րն է:

Նորէն աչքս էտիս կը մնայ, էնոր վրայ կը խորհիմ, հէնց որ շուքը տեսնըմ, աչքերս կը կսկծան, ես ներեր իմ իրեն, բայց էն մէկուն, է՛ն դռուին մնացած քէ՛ծ շանը, էն քէծմնոտած [9] շանը, Շուշանին, հէմի հէնց փէշին շուքը տեսնայի, արինը մօրս կաթին պէս անուշ պիտի խմէի օր՝ էրիկ մի տէրտով սատկեցնելէն, մենծ տուն մի ունուֆաղ ընելէն վերջը, հիմի ալ մեր բոնը տարտըղնող արնտէրն եղաւ: Ա՛լ վազ անցանք, մայրիկ, հիմակ ըլ վազ անցնիք ըսի տէ, մենք ըլ մեր գըլխուն ճարը հայիք, մարդուն մէկն ըլ ինծի մուշտէրի ելեր է, կ՚ուզէ առնել, բայց Տեբոյենց էդ գէշ տղան մէջ է ինկեր, մարդուն, ըզիս առնող մարդուն խօսք կ՚ապսպրէ, տէկէնէկ կը ցուցնէ քի, էտ կնկան բոլորը չպիտի երթըս, էս մտքով հուքումէթը էրզուհալ ըլ տուեր է եղեր: Էկէր կ՚ըսէ քի, երկու կնիկ առնիմ, պէյիմ նը, երկու հարիր տարի մնայ ես էտ բանը խապուլ չեմ էներ, պողազիս չուանը ձեռքովս կ՚անցնիմ, ես ամենեւին էտ տեղանցը չպիտի ըլլիմ, ամմա, Եղնար, դուն կ՚ըսես քի, դուն ըլ ուրիշներուն պէս ըրէ, ձէնդ վէր դիր, չէ , չէ՛, չէ՛ գլուխս վէր կ՚առնիմ կը դնիմ, ձէնս վէր չեմ դներ, Շուշանը ինծի հետ կնիկ ըլլի՜, իմ խումաս ըլլի՜, Աստուած խելք տա քեզի… ես գիտեմ ընելիքս…

   ***

Անցած Բարեկենդանին, պատընկնուկի [10] օրը «արեւ բարի» օր մը, Շնթլցիները ուտիքի վերջին գնտիկին [11] քէֆը կ՚ընեն:

Տանիքներուն վրայ, ուրիշ ամէն տեղերէ աւելի, գինիի տիկփոր դոյլերը արագիլի վիզերով ու գլգլուն միշտ, Մայիսի հեւքոտ արագիլին ստեպղին կտուցովը մոռցուած երջանիկ տարիներու Բարեկենդանքը կը յիշեցնեն: Գինին՝ գոմուց չամիչ խաղողինը, Խոխի մեղրիկ ողկոյզինը, Կարմրդարի արեւունը, Ծառուկինը, Վարդաթիլինը, ջուրի առատութեամբ կը հոսի ամէն կողմ: Վայրկեան մը՝ շահագրգիռ, որ ատեն, թուխ կապոյտէն ետքը, գինիին կարմիրն է որ կը վառի բոլոր այն հանդիսաւորուած պատկերներուն վրայ, ուր հոս տղայ մարդու կէծկըլտուն աչքն է, հոն կանացի շիկնոտ երեսներ մը անուշ: Կարմիրին շեշտը ուրիշ կողմեր ալ, գոգնոցներու վրայ, փէշերու ու կնկայ մինչեւ բումբերը ծածկող լաթեղէններու վրայ: Այս մեծ գոյնին հետ մէկտեղ, որ մեծ հարսնիքի մը սիրուած պաշտօնական երանգն է հոս, ինչպէս միւս գեղերը, Շնթլցի բարեկենդաններուն շատերը հինին ըղձոտ յուշքովը, անդին՝ լայնկեկ բացավայր մը գրաւած՝ գոմշուկներու կատաղի պայքար մը կը ծափահարեն:

Անոնց անասուններն ալ գինով, որով կը մտածես թէ վայրկեանին խենթութիւնը մարդուն ու միւսներուն մէջ շարժառիթի տարբերութիւն մը ունի միայն, ու ատ օրը մարդերը կարելի է քիչ մը աւելի զուարթ անասուններ, որ գինիին ծնցուցած ցնորքներուն անձնատուր՝ օդին մէջ թռչուններ խլելու ձեւեր մը կ՚առնեն, ուրիշներ, աւելի խենթերն ալ գետնին վրայ այն կողմը, հովթռուկ ճանկռտուքներով՝ հողը գրկելու ու երկրագունտը տանձի մը թեթեւ փոքրութեան մէջ կեղուել, կրծելու դիւային շարժունութիւն մը կ՚երերցնեն: Բայց պահեցէք սոսկումնիդ:

Բոլոր այս ժամանակներուն, իւղոտ կարմիր ձայներէ հիւսուած ոռնում մըն ալ մէջ ընդ մէջ, որուն մէկ հեղձ արձագանգը քայլ մը հեռուէն գեղջուկ պարուհիներու խումբերէն կը ղրկուի, իրենց այս հոգիացած բարեկենդուորներուն ներսի բոցերուն մեծ շունչը՝ երգը պիտի ըլլար ամբողջ գեղացիին վայրագ մէկ համերգը, որ տարիին մէջ մէկ անգամ միայն դուրս կը պոռթկացնեն իրենց բրդոտ կուրծքերէն:

Այս վիճակով ահա պահ մը անոնք մեծ հոսանքով մը ակնարկուած մրցավայրը հապճեպ արշաւանք մը կ՚ընեն: Տեսարանը հոս աւելի խելայեղիչ հանգամանք մը ունի: Ցլամարտի տեսարան մը կատարեալ:

Երկու գոմշուկներ՝ գառագեղէն արձկուած ամեհութիւններ, այնչափ ալ սոսկալի որ ուրիշ ատեն բզէզ հովիւ մը զիրենք փայտէ սամիի [12] մը տակ կը գճկեցնէ, ան ատեն մաշուած ցուլի մը չափ խոնարհ, հիմա ան իսկ հլու, խոնարհ գոմշուկներն են, որ երկու հատով լայն հրապարակ մը կը լեցնեն:

Բոլոր ձմեռը ճարպ ու միս, առիւծի ուժ մը թխմեր են իրենց կաշիին տակ, ամբողջ ձմեռը, ու աս օրուան համար տէրերուն փառքը ցուցադրելու պատրաստուած: Պախուրցներն հանուած են գլխներէն, ոչինչ կայ արգիլող:

Նախայարձակը խարաճէհէննէմը կ՚ըլլայ, ու ահա դիմացինն ալ իր վէս, սրտոտ կեցուածքէն ետքը, ջղուտ ոստիւնով մը իր խոյանքը կ՚ընէ:

Գլուխ գլխի ուժգին հանդիպում մը առաջին բախումով, լեռի մը փլուզումը ուրիշ լեռի մը վրայ, որուն առաջին ահաւորութիւնը խուլ մռնչիւն մըն է: Իրար ետ ետ կը մղեն, ծունկ կը դնեն իրարու առջեւ, պճեղներու տակ գետնին երեսը խրամներ կը բացուին, շարժումն անգամ մըն ալ, մէկը քիչ մը տեղի կուտայ, ընկրկում մը, դիմացինը քաջալերուած է ասկէ, բայց դեռ կորուստ չի կայ հաւասարակշռութեան: Մէյ մըն ալ որ առաջինէն աւելի հզօր թափով ուժերնին ճակտի վրայ ամփոփած՝ միշտ առաջացում, միշտ ճակատ ճակտի, եղջիւրներու շաչիւնէն բոցեր մը կը ժայթքեն: Աչուընին միս արին կը դառնայ, ու պահ մը ալ մէկզմէկ չի տեսնելու կուրութիւնը կ՚ունենան, կը կորսնցնեն ուղղութիւնին, հարուածը երկար եղջիւրներու սուր սուր ծայրովը իրարու փորի շիտկեր են:

Գերագոյն վայրկեան մը երկու կողմին ալ, երկու այս ճախնածին հրէշները պահ մը իրենց անհեթեթ զանգուածներով քրտինքի ու իրենց մորթին երեսէն ծնած շոգի ամպերուն մէջ կը կորսուին:

Խարաճէհէննէմ ինչքան սպառնացող, ահարկու, իր մրցակիցը սակայն անանկ չերեւար. վերջինը դանդաղելու ձեւ մը կ՚առնէ, տկարի մեկուսացում մը, որ իրեն սուղի կը նստի ու միւս կողմէն սըվոր տէրն է որ ձեռքին հաստ ձողովը, որուն մէկ տեսակը Խարաճէհէննէմին տէրն ունի, միջամտելու անզսպութիւն կը ցուցնէ յաղթական կենդանիին քթին, բերնին ծանր հարուածներ տալով: Կռիւը հոս այսպէս անորոշ վիճակի մը մէջ, հեռուէն ճչուն աղաղակ մըն է, որ լսելի կ՚ըլլայ, հասէ՜ք, հասէ՜ք, հասէ՜ք:

Ամբոխը այն ձայնին կողմը մէկ քալքով տեղափոխութիւն մը կ՚ընէ, մեծ աղբիւրին գլուխը: Այստեղ, աղբիւրին առջեւի աւազանին մէջ, երկու բաներ, երկուքն ալ ջրթաթախ, երեսնին ցեխ, անճանաչելի ըլլալու աստիճան քճքճուած դիմայեղութիւններով, վայրկեան մը մոռցնել կուտան գոմշուկներուն կատաղութիւնը: Նայադներո՞ւ կռիւ, դլփիններո՞ւ կռիւ թէ՝ կնկայ կռիւ, որ է՛ն սարսափելին է արեւին տակ:

Երկուքն ալ կին կ՚երեւան ապահովապէս, մէկուն կուրծքը վերէն վար խզտուած՝ արիւնոտած ծիծերու առականք մը ու դեռ ուրիշ մերկութիւն մը, ան ուղղութեամբ: Մազեր, քուրջի կտորներ, քակուած գօտի մը ջուրին մակերեսը, շատ բաներ ու արիւնի հետքեր ալ:

Ձայնը մարած է մէկուն, ու սա գնդակահար եղած ջրագռաւի մը յուսահատութիւնովը կը թալթլայ աւազանին երեսը:

Ու Վարդեր հարիւրաւորներու աչքին տակ, կ՚ըսէ իր ան ջախջախուած տեղացուին. Դե՜հ, հիմա ե՛լ, գնա՛, ուր պիտի երթայիր նէ, անպատիւ կնիկ, ես կուրծքիդ վրայ գրեցի գրածս, եթէ Աստուր շան պէս լզելու ըլլի գրածներս, ես նորէն պիտի գրեմ:

***

Մէկ-երկու շաբաթ չանցած՝ Վարդեր ինքն ալ իր ձեռքովը ամուսին մը գտնէ, լման կին, լման էրիկ: Ո՞վ հաւնեցաւ, ո՞վ պսակեց, ի՞նչպէս, ատոր ատենը չէր հիմա: Բաց գերեզման մըն էր բնտռածը, Աստուած երեսին հայեցաւ ու նորէն բաց դռնակ մը ցցուց իրեն:



[1]            Խժիկ սոխրացք։ Աղջիկ մը եթէ համբերութիւն չունենայ, եւ սոխրացքը կերակուրին մէջ խառնելէ առաջ, ուզէ անկէ համ մը առնելու համար մաս մը բերանը տանիլ, սանկ աղջկան մը համար լաւ գաղափար չեն կազմեր դրացիները ու կը սպասեն որ անոր հարսնիքը ցուրտ օրի մը հանդիպի։

[2]            Առնել մնալ սպասել երկար ատեն։

[3]            Փայտէ կլորիկ սեղանիկ մը։

[4]            Ջուրի աւազանի թումբ։

[5]            Գլէթ ծանրաշարժին գաղափարը տուող անուն մը, զոր ծոյլ եղողներուն կուտան։

[6]            Կասկամ բու։

[7]            Բամպակը կուտէն զատող հին մեքենայ մը։

[8]            Երկրորդ կին մը առաջի մեռածին տեղացուն ըսել կ՚ըլլայ։

[9]            Ձեռքոտած։

[10]          Հինգշաբթին։

[11]          Քէօֆթէ։

[12]          Սամի լուծին մէկ մասը։