Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՂՔԸՑԻԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
ԴՐԱՑԻՆԵՐՍ

Սիրելիդ իմ Անտոնեան, մինչեւ հիմայ հեռապատկերները կամ զենիթը դիտել, քննելու ատեննիս, չեմ յիշեր որ ապուշ փիլիսոփային պէս, օր մըն ալ չեղաւ որ աչք մըն ալ անմիջապէս սա քովիններուս վրայ պտտցնէի, որոնք իմ շատ մօտս են, ու ես անոնց դուռներուն ճրճռոցին հետ անոնց օրաններէն հասած ճիչերը կը լսեմ։ Անոնց շատերուն անուններն ալ միտքս կը մնան։ Փակուած դուռներուն ետեւը կեանքը անոնց՝ ինտո՛ր կ՚անցնի, գիտեմ, ինչպէս հարկաւ իրենք ալ իմիններս գիտցած պիտի ըլլան։

Իմ դրացիներս: Անոնցմէ այս անգամ ներկայանալին ծերուկ դարբին մը պիտի ըլլար, շատ թիփիք դէմք մը, ու կ՚ապրի տակաւին: Ես եկայ, ծերացայ, մազ մօրուք ճերմկցուցի, ու կամաց կամաց դագաղիս ծայրերը կը տեսնեմ: Պէյրոս աղբար կ՚ապրի բայց, ու որոշեր է կարծես որ ինք մնայ, միշտ մնայ իր մումիայի կեանքովը ու վաղը անհետացած սերունդի մը յետին շառաւիղը ինքը ըլլայ վերջապէս:

Ութսուն տարիներու հովեր անցեր են վրայէն, բայց նա այն մարդը ութը տարեկաննոցի մը շէնշող զուարթութիւնը կը պահէ, որ կրնայ, երբ գործի չերթայ, հունա քիչ մըն ալ լերան թիթեռնիկներուն հետ խաղալ:

Երկայն, շիփ շիտակ հասակ մը ունի, ծուռ՝ ծռած ոչ մէկ կողմ, ոչ մէկ խոթութիւն: Ծոծրակէն մինչեւ կրունկները որմնադիրի կապարալար մըն ալ կախուի, տեղ չպիտի դպնայ չուանը, որեւէ ցցուածք, կորութիւն արգելք մը չէ ուղիղ գծին:

Կանգուն հասակի մը վրայ միշտ տինճ գլուխ մը կը բռնէ, աչքերը առանց ակնոցի կրնան ասեղին ծակին հետ անոր ծայրն ալ տեսնել: Գլխուն սեւ մազերն ու պեխը դեռ անոնք են ապահովապէս, որ այնինչ տարիքին, այնինչ օրը, այնինչ աղուոր օրը իր նշանածին առջեւէն ժամը պսակուելու կ՚երթար:

Բուն Խարբերդցին է Պէյրոս աղբարը. աշխարհք ձեւ փոխեց, արար աշխարհ հագուստ կապուստի ձեւ, գոյն փոխեց, գեղացիին յետինն ալ քիչ շատ ճաշակի նորոյթով երեւաց, բայց աս դրացիս պահեց, շատ զգուշաւոր խնամքով պահեց ինչ որ ունէր, ինչպէս ինք ան իսկ մնացեր է ինչ որ էր երբեմն իր անձրեւի ու կարկուտի դէմ տուող կաշիին մէջ:

Հագածներուն ամբողջութենէն պակասը շարունակ բաճկոնը եղած է, որ օր մըն ալ չէ երեւցուցած կուրծքին: Ըսի՞ թէ այդ կուրծքն ալ ամէն օր դարբնոցին կայծերովը խարանուած, փուռի մը ներքնակողմի յատակին չափ տարիներ ու տարիներ դիմանալ գիտցեր է ինչպէս անձրեւին, կարկուտին, նոյնչափ ու աւելի այն կայծի տարափներուն, որ օրը օրին իր վրայ կը նետուին, կուրծքին կարմիր միսերուն հետ շատ հեղ երեսներուն ու պեխին վրայ ալ ճէնճ մը մխացնելով: Այս վիճակը, ամառը, այնպէս ձմեռը, ու աս է բոլոր կեանքին մէջ:

Գրել կարդալէ չի հասկնար: Քահանայի մը հանդիպելուն, սուրբի մը երկրպագելու պէս ծունկ ծռելու կերպ մը կ՚ընէ, որ ատեն, երբեմն բուն կերպը մոռցած կամ շուարած՝ կուրծքին վրայ խաչի ձեւ մը կ՚ըլլայ ըրածը:

Կեանքին մէջ աղօթքէն ետ կեցած չունի երբեք, աղօթք, միշտ աղօթք, իր ըսածին նայելով, ան ծառները որ հովերուն առաջքը գլուխ կը ծռեն, աղօթք կ՚ընեն, ծիծեռնիկները որ վերերը կը սաւառնին, աղօթելու համար պիտի ըլլայ անտարակոյս, դեռ ան հաւն ու ձագն ալ երբ ջուր խմելու ատեննին վեր վեր կը շիտկեն կտուցնին, Աստծու կ՚աղօթեն:

Ու այսպէս կանուխ առաւօտով՝ շուկայէ առաջ, իրկունն ալ շուկայէն տուն դառնալուն, ժամ պիտի մտնէ անպատճառ, ուր խաչ մը մերկ՝ միս կուրծքին վրայ՝ ու շառաչուն համբոյր մը քարերուն որ խաչի նշաններ ունին, համբոյր, երկրպագութիւն եկեղեցիին դռան մինչեւ խաչանիշ դրանդիին, իր կլորած աղօթքին կերպն է որ կրնայ երբեմն մինչեւ տունը, մինչեւ շուկան ալ երկնցնել տակաւին, վրայէ վրայ կոտրտած Հայր Մեր մը կծկելով, քակելով, իր շուրջն անգամ չնայելու ինքնամոռաց մեքենականութեամբ մը իր իսկ անունն ալ մոռնալով ապահովապէս:

Իր բոլոր գիտութիւնն է՝ Ս. Գիրքէն՝ պատմութիւնը Հայր Աբրահամի, ու մասնաւոր նախասիրութեամբ մը՝ պատմութիւնը Յովսէփ Գեղեցիկի վարքին, արարքին, որոնք կը յիշէ ան ատեն մանաւանդ, երբ իր դարբնի արհեստին շատ հին, շատ նախաւոր ու սուրբ արհեստ մը ըլլալը պիտի հաստատէ պատմութիւնովը Թովբէլի, որ երկաթ ծեծող դարբիններու առաջին փիրն է եղեր:

Անգամ մը, մեռելի տուն մը ցաւակցութեան գացած՝ ես ալ հոն գտնուեցայ: Քանի մը հնուկ դէմքեր անդէնի հոգերով կորացած ու ճմռթկուած՝ թողեր էին որ ինք, աս Պէյրոս աղբարը խօսի: Ես շատ լսեր եմ զինքը, բայց նորէն հիմա ալ անոր խօսելու միամիտ կերպերուն չախորժողը ես չպիտի ըլլայի: Ամէնքն ալ գլխընին կախ ու խորունկ մտմտուքներով, աս երիտասարդ ծերուկին մտիկ կ՚ընեն, որ անցաւոր աս աշխարհիս կեանքէն յետոյ՝ յաւիտենական եղող էնդի դէմին վրայ իր համոզումները իբր յանձնարարելի ճշմարտութիւններ, ծերերուն մասնաւորապէս ունենալու ստիպողականութեան մը վրայ կը ճառէ: Ես մէջ կը մտնեմ որ ինք իր յայտնութիւններուն քիչ մը աւելի տէր մնալու իր բոլոր թափը, իր բոլոր պաշարը գործածէ, ինչպէս պիտի սիրէի լսել, երբ հին փապարաբնակ քրիստոնեայ հաւատաւոր մը ըլլար խօսողը՝ իր ոսկրացած հաւատալիքներուն վրայ:

Դուն մեռնիս նը ո՛ւր պիտի երթաս, կ՚ըսեմ, Պէյրոս աղբար:

Արդարիմ նը՝ խնկենի ծառին շուքը, մեղաւորիմ նը՝ դժոխքին կրակները:

Է՜, դուն քեզի համար ի՞նչ մը գիտես, արդա՞ր ես, մեղաւո՞ր ես:

Էտի Աստծու գիտցածն է, ա՛յ օղուլ, ես ի՞նչ գիտնայի:

Արդար մարդն ինչպէ՞ս է:

Սուտ չի խօսար, հարամ հալալ չի խառներ, պաք կը կենայ, աղօթք կ՚ընէ, իշտէ՛ իմ գիտցածս:

Դուն սուտ չե՞ս խօսեր երբեք, արհեստաւորին առաջին սերմայէն չէ՞:

Սուտ ամէն մարդ կը խօսայ, եավրո՛ւմ, էտի իմ գիտցածս չէ ըսի եա:

Ըսել է ստախօսներուն Աստուած ալ կը ներէ երբեմն:

Դուք անհաւատ էք զաթի, անհաւատ, անհաւատ:

Անհաւատ ինչո՞ւ, դրացի, ես ալ քեզի պէս ժամ կ՚երթամ, աղօթք կ՚ընեմ:

Ժամ կուգաք նը խաչ կը հանէ՞ք, ծունկ կը չոքի՞ք, պաք կը պէյէք, որո՞ւ կը հաւտըցնէք, հիմակուանները բոլորն ալ անհաւատ:

Ըսենք թէ շիտակ արքայութիւն գացիր, Պէյրոս աղբար, հոն ի՞նչ պիտի ընես:

Հրեշտակներուն հետ քէֆ տի քշեմ:

Ուրի՞շ :

Հայր Աստուած տի փառաբանեմ:

Հապա թէ Մարիամ խաթունը (մեռած կինը) դէմդ ելլայ, կարօտը առնելու համար ուզէ երեսներդ պագնել…

Ես ալ իրեն երեսները…

Մեղք չէ՞ բայց, Աստծու առջեւ կնկայ երե՜ս…

Մեղք ինչո՞ւ, մարդ մը որ իր կնիկը սիրէ նը մե՞ղք կ՚ըլլի:

Ըսել է, կը յուսաս թէ խաթունդ պիտի տեսնաս, կը սպասես որ անոր հետ սիրուըտիս ալ:

Երկուքս մէկտեղ գտնուինք նը, զաթը կ՚ըլին էտոնք, չէ, էկէր որ զատ զատ տեղեր եղանք նը, եաման է հալերնիս:

Յետոյ կը խորհրդածէ.

Մեր ատենը կնիկ ըսուած մի հէ՞տտը ունէր որ մինչեւ իսկ իր էրկան դէմ չէնկէ ցռուկ բանար, ձէնով բերանով տան մէջ տղայ ըսուածի մը հետ խօսար, տղայ մ՚ըլ պապուն դէմ լեզու թրջոտէր, կամ տէրտէրի մը, վարդապետի մը շուք տեսնուելու ատեն խաչ չի հանուեր, դուք կէօյէ բա՞ն գիտէք:

Դուն որ շատ բան գիտես, Պէյրոս աղբար, ինչո՞ւ հապա աղջիկ թոռներդ դպրոց չես խրկեր, մեղք են, աղջիկ են, աշխարքինն ինտոր, քուկիններդ ալ անանկ:

Հը՜մմ…

Հը՜մ, որ ի՞նչ:

Գնա՛, կէօզըմ, գնա՛, գործիդ գնա՛, Պէյրոս աղբարը չօճուխ զան չանես: Անապատի Կարապետ վարդապետ մը կար նը գիտե՞ս ինչ կ՚ըսէր, վաթսուն եէթմիշ տարի կայ ըսածս. վարդապե՜տ հիմակուաններո՞ւն պէս. հիմակուանները անճախ աղվընիկ խաղցնեն, անճախ բայն ու փետատը ձեռուընին՝ ժամ, կրօնք քակեն. անանկներուն կրօնաւոր ըսողին եօթը տարի ապաշխարանք կայ, ապաշխարա՜նք. հատ մը ունէինք որ անճախ չաղայ չօլուխ շատցուց, ա՛լ պաշխա շնորհ մի, պաշխա մարիֆէթ մը ցցո՞ւց ժողովուրդին. իմ ըսած վարդապետս իշտէ պատարագ կայնելու ատենը ոտքերը գետնէն թիզ մի վեր կը վերցուէին, ան կ՚ըսէր որ սկիզբ իմաստութեան վախ Աստծու. կարդալ մարդալն ի՞նչ տ՚էնիմ, աղջիկ մի կարդայ որ ի՞նչ, ինչ ըսես նը էն կարդացողներուն մընէ կ՚ելլայ, մեր Մարիամ որ կարդալ չէր գիտեր նը կնկութիւն չէրա՞ց, ձէնը դուրս ելա՞ւ. ես որ իրեն գլխաւորն էի, անոր չէնկէին վարի թարաֆը պիլէ չի տեսայ ամենեւին, չի տեսայ, չի տեսայ: Դպրոցն ալ Հայու ըլլի նը, նէ իսէ կ՚ըսես, էկօ տես որ էն ալ չի կայ, մեր աղջիկները էն փրոտներո՞ւն խրկէի, էն պաք ուտողներուն. շլլիքը տակը մնար Պէյրոս վարդապետին որ՝ օր մը էն փրոտ ըսուածը ինք թօրէթմիշ ըրաւ, անունն ալ անունս չըլլէր, որ հոգ էր:

Բայց կ՚ըսեն, որ օր մը դուն ալ ժողովարան գացեր ես եղեր:

Մեղա՜ ըսէ, մեղա՜, մեղա՜, Պէյրոսն հոն անանկ տեղեր ոտք չի դներ, քէֆդ հայիր:

Ինչո՞ւ, Պէյրոս աղբար, Ժողովարան ինչո՞ւ չերթաս, չէ՞ որ հիմա հոն կ՚երթան, հոն կը լսեն, հոն կ՚աղօթեն:

Հը՜, հիմա էկօր ու բերանդ պագնիմ, զաթի պիրէտի փրոտ, պիրէտի ժողովարանճի, պատուելի՛, նէ՞ արիէրսըն, Աստուածդ կը սիրես նը ընծիս մի քրքրեր, հերիք է:

Աս ալ լսէ ու լմնցնենք, Պէյրոս աղբար, դուն ի՞նչ կ՚ըսէիր անոնց որ բոլոր տղայ, աղջիկ անոնց դպրոցները լեցուցեր են:

Համբերէ՛, սպասելու եղիր որ անոնց պօյը վաղը տեսնաս, դուն էլ փրոտ չե՞ս մէկէր, պաք չե՞ս ուտեր:

Պահք ուտող մը փրո՞տ անմիջապէս, դրացի, քիչ մը սափըթմիշ կ՚ընես. գինի խմելն ալ պահք ուտելու պէս մեղք չէ՞:

Ամենեւին, ամենեւին, գինի ըսուածը Քրիստոսայ բաժկին է, գինին մե՞ղք է խմելը, սէրսէ՛մ, դուն չե՞ս խմեր:

Պէյրոս աղբար քրքիչ մը շինելով իր շուրջը, կը մեկնի շուտ մը: Ես ալ իրեն հետ կ՚ելլամ: Նա շիտակ իր գործին կ՚երթայ, իր դարբնոցը, ուր Խաչօն եւ Գօգօն, երկու ժմնած տղաքները, սալին վրայ դէմդեմի ու մէյմէկ ահագին մուրճ ձեռուընին՝ թի՛ք թաք, թի՛ք թաք, հրաշէկ երկաթ մը կը ձեւաւորեն:

Հայր ու տղաքներ կը ծեծեն ու կը ծեծեն երկաթը, բայց դեռ օր մըն ալ ան ծեծուածները ոսկիի ու արծաթի չեն կրցած փոխել, բանի մը չեն տիրացած, միշտ խեղճ դարբնոցապետը իր խանութին մէջ իր տղաքներով, ու միշտ խեղճ, որ օրը օրին շարունակ կռիւ մը կը մղեն կեանքի դժբախտութեան հանդէպ: Աղքատ կ՚ապրին, աղքատ ծներ են արդէն, աղքատ Սագոյենք, կ՚երեւի Պէյրոս աղբօր հայրն ալ ատ անունով ճանչցուած, ինչ որ մինչեւ հիմա չի ջնջուելիք խարան մը կը մնայ իրենց ամէն մէկուն ալ շլլիքը խեղդող մղձաւանջի մը խորհրդաւորութիւնով՝ Խաչօն ու Գօգօն, իրենք չունին հայրերնուն ոյժը, իրենք չեն այնպէս: Երկուքն ալ ճերմակ քունքերով ծերեր կ՚երեւնան արդէն, վատուժ, քայքայուած, ու ծերութիւն մը այդքան կանխահաս՝ խանձարուրէն ժառանգած կարծես:

Ասոնց ձեռքը մուրճին ծանրութիւնը լողքարի մը չափ ծանր կը զգացուի, մուրճը հեշտ չեն կրնար գործածել, ու կը սպասեն որ սալին վրայ վերջին հարուածը իջեցնողը հայրերնին ըլլայ:

Գօգօն այն տեսակ ծանրութեան մը հետ խաղալու ատեն շատ անգամ ճուկ ճուկ կ՚ըլլի ու կտոր կտոր կ՚ընէ մէջքը, թեւերը ու ամբողջ մարմինը: Իր դերբուկ հասակը մուրճին կոթին հազիւ երկու երեք անգամին չափ ու ոչ աւելի, ճշմարիտ ծաղրանկար մը կը ներկայացնէ, որ կը շարժի ալ: Թաղեցի պզտիկներուն խոռոզն է ան, «Խոռոզ Գօգօն» ըսած են իրեն, որ խանութէն դուրս ապրելու ատեն, ելլել պտտելու պահերուն, խոռոզի մը սիգանքները կը պահէ պորտ նետելով, կոնքերուն վրայ, իրանին աջ ձախ շարժում մը տալով, որ ատեն երբեմն թիզ մը անդին մնացած յետոյքն ալ լեցուն՝ ուռուցիկ տոպրակի մը ծանրութիւնովը ետեւէն քաշելու ծիծաղելի հեւք մը կը պահէ:

Ինքն իր ծանրութիւնը չի կրցող կրողը մտածել անգամ մըն ալ գործիքին ծանրութեան տակ, որ ամէն վեր առնելու, վար իջեցնելու ջանքով վրէժխնդիր դէմքի մը ահռելիօրէն ցասկոտ ծամածռութիւններն ու կծկումները կ՚երեւցնէ. դուրս կ՚իյնան աչքերը ու լեզուն ալ դուրս ձգած, նոյն ատեն, անոր արմատը այնպէս մը պինդ կը խածնէ այնչափ մը ժիր ու ձգտուած, որ այն պզտիկ միսի կտորն ալ հնդկահաւի մը քիթին պէս կ՚երերայ այս մեր դարբին աքաղաղին ամէն մէկ շարժումին:

Հիմա երեսունէ աւելի տարիքի մը մէջ, կարգուիլ չէ ուզած, չի կարգուիր որ մեծ աղբօրը Խաչօին զաւկըները ապրցնելու միշտ տրամադրելի առաքինութիւն մը պահէ կ՚ըսեն, բայց շիտակը ըսելով ան է աւելի ստոյգը, որ իրեն պէս խոռոզի մը հաւնող հաւի չի հանդիպեր տակաւին։

Երկու աղբար, հայրերնին ալ երեք հոգի, մանգաղի պէս գործիք մը հազիւ ամբողջ օր մը վատնելով կրնան շինել, գլուխ հանել, ու միշտ ալ գէշ շինողներն են իրենք. ու ան հայր դարբինն ալ երբեմն ինք առաջին համաձայնողն է իր այն խոռոզին ու անճրկուկ Խաչօին հետ, ինչպէս ինք կուտայ անոնց այն տեսակ անուններ մը որ արհեստը ներկելու համար, քիչ մըն ալ յաճախորդին հետ աչքկապուկի խաղեր մը ընեն: Պէյրոս աղբար պողպատի այնինչ չափով կտոր մը խոբին ծայրը դնելով ունելիին բերանը տալու ատեն, երբ այն վիճակով կտորը հնոցը կը մխէ կասկածոտ յաճախորդի մը աչքին տակ, անմիջապէս ակնարկ մը կ՚ընէ փքոցը քաշող աշկերտին որ թափը ուժգնացնէ. «Ժի՛ր տղայ, ժի՛ր, ժի՛ր, բա՛ց, խբէ՛, ոտքերդ մէկ կողմ մի՛ ծռեր, թեւերդ ալ զոյգ գործածէ»: Ասոր հետեւանքն այն, որ հնոցին մէջէն, քովերէն, փոշիի ու կայծերու յորդում մը դուրս կը պոռթկայ, ուսկէ հնոցին քովը ու աչքերը շեշտ պողպատին կտորին վրայ պահող գիւղացին մէկդի կը փախի, ու դարբինը հեշտ պատեհութիւն մը կ՚ունենայ այն կտորը, 20-40 փարա արժող պողպատի ծայր մը, ածուխին մէջ անյայտացնելով, սոսկ եռցած խոբը ծեծելու: Յաճախորդը ոչինչ կը գիտնայ եղածէն. վարպետը անոր վրայ ափ մը մոխիր սրսկած, շուտով մուրճին տակ ձգած կ՚ըլլայ արդէն:

Պէյրոս աղբար այս կերպերն ալ իր տղաքներու հրիտակելով մէկտեղ, դեռ շատ ուրիշներ ալ անշուշտ, նորէն առտուայ իրիկուայ ճաշը առանց խաթեղի կերած է ու կ՚ուտէ: Զատիկի առաւօտուն ալ նոյն հին ապայովը իջած եկեղեցի, հագուստի մաս մը որ ասկէ 40-50 տարի առաջ ապրող գիւղացին կը կրէր:

Բայց դեռ աս չէր, հոս անմիջապէս չէր վերջանար անոր դժբախտութիւնը: Մեծ տղան չորս հասուկ աղջիկ ունի, որ կրնան ըսել թէ արեւն ուսկէ կ՚ելլէ եւ ուր կը խաղայ չեն գիտեր: Միշտ տունն են, տունէն չեն կրնար զատուիլ, աւելն ու ճառուտը ձեռքէ չեն ձգեր, ու շարունակ տունին երեսէն աղտեղութիւն մը կը ստըկեն, որ հաւն ու ձագը կը թողուն ետեւնին: Էրկու աքաղաղ բակին մէջ հաւերու մեծ բազմութիւն մը կը շահին, ու ան իրենց միւս ցեղակիցը սակայն, Խոռոզ Գօգօն, հատն մըն ալ չի պահեր:

Աղջիկները աղտեղութեան տեսակ մըն ալ միւս երկու մանչերուն ետեւէն կը վերցնեն, որոնց մեծն ալ, պզտիկն ալ համր ծնած են: Մեծը 18-19 տարեկան ճիւաղ մըն է, սոսկալի ցուցանք մը իր բոլոր ամբողջութեան մէջ, որ եթէ երբեք պահ մը դուռը բաց կամ ինքզինքը վայրկեան մը թոյլատրուած գտնէ, ա՛լ կարելի չըլլար բռնել, կը փախի ինչպէս ողջ թաղուած մը գերեզմանէն կը փախի ու հետապնդողին ձեռքը հեշտ ալ չիյնար: Պզտիկ համրը առայժմ դեռ գետինին երեսէն սողալու տարիք մը ունի: Աս երկուքն ալ արտակարգ ճաշակով հափհափողներ, առջեւնին ինչ որ նետուի, ինչ որ գտնեն, հացի կտոր ու նոյն ատեն կաշիի, թիթեղի ու ապակիի կտորներ ալ, շաքարի կտորի մը պէս կը ծամեն ու կ՚ոռնան, կը ճչեն ինչպէս հէքեաթին դեւերը կ՚ընեն իրենց մէկ ախորժած ճաշին վրայ:

Իրենց տունը, որուն դուրսի առաջին դուռն ալ իր փոր տուած դրանդիներով հիմա կամ պահէ մը վերջ փլելու հակամէտ վտանգաւոր ծռուածքը ունի, ինքնին իր փորոքին մէջ բնակող խեղութիւններուն յամառ կեանքն ու կայունութիւնը կը խորհրդաւորէ կարծես, տուն մը իր ներքնակողմի քայքայումներովն ու մթութիւններովն ալ շատ նման էր տէրերուն, մէկ օրէն միւսը անմիջապէս չի կործանիր տակաւին, կանգուն կը մնայ որ հէնց անցորդը սարսռացնէ, ինչպէս Պէյրոս աղբար ու իր խեղճութիւնները իր դրացիները կը լացնեն:

Խաչօին կնիկը՝ աս ալ հիւանդ մը, աս ալ խեղճ հաւ մը այլապէս, որ անդարմանելի ու խոշոր ուռ մը ծածկելով իր վզին չիթերուն ներքեւը, տարուէ տարի ինքն ալ ահա այն տեսակ հաւկիթներ ածեր է, կասկածելի ցեղայնութեան մը տգեղութիւնը մշտնջենաւորելով:

Ասոնց մէջ ծայրայեղօրէն արգահատելիները այն աղջիկներն են, այն ողորմելի խեղճերը, որ հակառակ քիչ մը իրենց բարեկազմիկ ձեւոյքին ու բանուկ ձեռքերուն, խնդրող մը չեն ունեցած ու չեն ունենար տակաւին: Երկուքը մանաւանդ չափազանցապէս հասուցած տանձեր, ո՞վ գիտէ օր մը ի՛նչ ըղունկներով պիտի փրցուին ու վերջն ալ ի՛նչ տեսակ անակռայ ու հոտած բերաններու մէջ պիտի ծամուին:

Խնդրողներ չեն ունեցած, ու ասի անոր համար որ համրերու այլանդակ սերունդ մը կը ներկայացնեն, թէեւ իրենք ազատ եղած ըլլային համրութեան մը պէս աղջկայ համար մանաւանդ մեռցնող խօթութենէ մը: Ասոնք երկու ուրիշ մօրաքոյրեր ալ ունին հոս հոն ամուսնացած. արի տես որ իրենց մօրը կարգին այն միւսներն ալ մէկէ աւելի համր մանչեր ծներ են, որոնց կուշտին աղջիկ ծնածները՝ մանչերուն դժբախտ, տարօրինապէս դժբախտ զոհերը կը մնան:

Պէյրոս աղբար ահա իր ութսուն տարեկաննոցի քամակովը այս դժբախտութիւնները կը կրէ. դեռ սակայն օր մըն ալ, երբեք օր մըն ալ տառապանքին յոգնութիւնը չէ զգացած. գոնէ կ՚ապրի տակաւին, ինչպէս խարխլած պատերու վրայ իր տնակը կ՚ապրի: Ինչի՞ն վերագրել տոկալը անոր այնքան ծանր ու անհանդուրժելի թշուառութեան մը բոլոր տեսակներուն: Քիչ մը իր ապուշի անզգայութեան հանելով բաժին, մնացածը՝ բարոյական արիութեան մը, մնացածը՝ իր կրօնահայեցութեան ըմբռնումի կերպերէն ապահովուած չէ՞ր ըսուեր:

Ինչ որ ալ ըլլայ, լման հաւատաւոր մըն է իմ դրացիս, որ կը սիրէ ապահովուիլ թէ մէկ անգամ, շատ հեղ միայն մէկ անգամ սըթղը պիւթիւն աղօթք մը ընելով առանձին կամ հասարակային բազմութեան մը հետ, դժոխք մը չարիք կը չէզոքացնէ:

1906