Ա՜Խ,
ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ,
ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ
«Թագաւորն
ի՛նչպէս,
Մամի՛,
թագաւորն
ալ
մա՞րդ
է
մեզի
պէս,
ու
ի՛նչպէս,
ան
ալ
հաց,
ապուր
կ՚ուտէ՞,
ջուր
կը
խմէ՞,
բնակած
տունն
ալ
ի՛նչչափ
մեծ
ու
աղուոր
արդեօք»:
Հարցումներ
միշտ,
այս
կարգի
տղայ
հարցումներ
մը
մեզնէ:
Մէկը
կը
թողէինք,
միւսին
կը
վազէինք,
բայց
շատ
աւելի
թագաւոր
Ապրայի
մը
առասպելական
ապրելակերպն
էր
մեր
երեք
պզտիկներուս
ալ
մինչեւ
մազերուն
ծայրը
հետաքրքրող
պարագան:
Դրացի
Մամիկը,
քիչ
մը
մեզի
ազգական
ալ,
ձմեռ
երկար
գիշերները,
շատ
լաւ
էր
հասկցեր
երեք
փոքրիկներու
սեղմ
մը
իր
փէշերուն
կապելու
գաղտնիքը:
Նա
ամէն
իրիկուն
նոր,
պղպչուն
ծրար
մը
կը
բանար
մեզի,
որ
մենք
երէկինէն
քիչ
մը
աւելի
արագ
ու
խանդավառ
սիրով
մը
վերջացնենք
մեզի
բաժին
հանած
աշխատութիւնը:
Գիշերը
կէս
չեղած
տակաւին,
խճէճի
ահագին
բլուր
մը
կը
լմնցնէինք:
Մամին
երբեմն,
թէեւ
ուրիշ
դրացի
փոքրիկներ
ալ
կ՚ունենար
մեզի
հետ,
բայց
երեք
եղբայրներ
անոնց
հինգին,
տասնին
չափ
գործ
կը
տեսնայինք
մենք,
որովհետեւ
հոգիի
սէրով
մը
կ՚աշխատէինք,
անոնք
մինչդեռ
մի
ո՛րեւէ
բանի
փոխարէնով
կուգային
Մամիին
ծառայութիւն
մը
ընել:
Տարիքը
առած,
բայց
շատ
ժիր
կնկուկ
մը
աս
մամին,
որ
ինք
մինակը
սա
չափ
սեփական
հող
կը
մշակէր,
հարուստ
էր,
իր
մեծ
դժբաղդութիւնը
այն,
որ
իր
բոլոր
գործերը
ուրիշներու
ձեռքով
պիտի
կատարուէին,
իր
կէնճ
կէնճ
տղաքը,
իր
կակաչ
կարմիր
հարսները
ամէնքն
ալ
հուրն
ու
ջուրը
տարեր,
ինքն
անոնց
ետեւէն
մինչեւ
կէս
մէջքով
գերեզման
թաղուողն
էր,
որ
ողջ
կը
մնար
տակաւին:
Օր
մը
ես
ալ
մեռնէի
ու
խալըսէի
աս
տէրտերէն.
ես
քար
կապայ
եմ
խածէր՝
կ՚ըսէր,
բայց
մեր
ինչո՛ւն
պէտք
որ
անոր
տէրտին
տեսակները
ուզէինք
գիտնալ:
Մերը
այն
ծրարները,
Մամիին՝
սիրունիկ
հէքեաթները,
որոնց
մէկուն
կամ
միւսին
մէջ
աղւոր
աղւոր
բաներ
մը
կ՚ելլային
անպատճառ,
աղջիկ
մը,
որ
արեւին
հետ
կը
մրցի,
ան
հովիւ
տղան,
որ
կ՚ընէ
չընէր,
թագաւորին
փեսայ
կ՚ըլլայ,
այն
միւսը,
որ
դէպի
արեւելք
երկար
ճանբորդութիւն
մը
կ՚ընէ,
Արեւին
իր
ցաւերը
պատմելով՝
անկէ
դարման
կը
խնդրէ
ու
կը
յաջողի
ալ:
Մեր
ուզածները
ահա,
որ
նոյն
ատեն
կը
սիրէինք
հաւտալ
թէ՝
ամէնքն
ալ
ապրուած
ստոյգ
իրականութիւններ
են:
Մամին
ալ
արդէն
մեզնէ
ուրիշ
կերպ
չէր
սպասեր:
Ուրիշ
կերպ
չէր
սպասեր,
իրաւ
է,
բայց
ըսի՛
թէ
մեր
երեքներուս
ալ
ուզածը
ու
շատ
փնտռածը
թագաւորի
մը
ինչպէսն
ու
իրականութիւնն
էր
աւելի:
Մենք
կը
սիրէինք
աւելի,
որ
նա
իր
մեղր
ու
շաքար
«կար
ու
չիկարին»
ետեւէն
անպատճառ
սանկ
սիւսլի
սալթանաթլի
փառաւոր
ծիրանազգեաց
մը
դուրս
բերէ,
թագաւոր
մը,
որ
մեր
ալ
խելքին
պառկէր
ու
մօտերնիս
անմիջապէս
իրականութիւն
մը
շօշափէինք,
աչքերով
քիչ
մըն
ալ
անոր
պօյ
պօսը
տեսնայինք:
Թագաւոր
մը,
որ
իր
տղան
կարգելու
համար
քառսուն
օր
ու
քառսուն
գիշեր
հարսնիք
բռնել
կուտայ,
էժտէհէրի
պէս
ձիերով
կը
պտտի,
ինք
ու
իրենները
ոսկի
կը
հագնին
ու
մէկ
կտորէ
շողուն
ադամանդով
մը
տունի
մէջ
կը
բնակին:
Անհուն
զօրութիւն
մը
ունի
ան,
հէնց
որ
մօրուքը
չանչէ,
լեռները
ոտքի
կ՚ելլան
ու
քաղաքներու
վրայ
կ՚իյնան,
միայն
շրթունք
մը
շարժելով
կրնայ
աշխարհքը
կործանել:
Ու
մենք
պզտիկներս
անգամ
մըն
ալ
կը
կրկնէինք
մեր
հարցումները,
ան
ալ
մա՞րդ
է
մեզի
պէս,
Մամի՛,
ճիշտ
մեզի
պէս
քիթ,
բերա՞ն
ունի:
Դրացի
կնկուկը,
իրիկուն
մը,
ա՛լ
կ՚երեւայ
լմնցած
տեսնելով
խճէճին
դէզը,
որուն
մենք
վերջին
հատն
ալ
բամպակի
վերածեր
էինք,
կամ
կ՚երեւայ
մեր
հարցումներուն
կարճ
խօսքով
վերջ
մը
բերելու
համար,
«Է՜հ,
ի՛նչ
գիտնամ,
ըսաւ
օղո՛ւլ,
ես
ալ
մէկէն
տեսեր
ե՞մ
մի
թագաւորը,
թագաւոր
մը
վո՞վ
տեսած
կ՚ըլլի,
ան
մարդու
չերվար,
էրվայ
ալ,
մարդ
անոր
երեսին
չիշխեր
հայելու,
հապա
օր
մը
դուն…»։
—
Հա՛,
ես
նորէն
կ՚ըսեմ
այնպէս,
ան
ալ
մեր
գեղին
պզտիկ
թագաւորը
ըսել
է,
չէ՞ք
տեսնար,
անոր
ալ
հէնց
հովը
աշխարհք
կը
շրջէ,
ան
ինչ
հրաման
որ
ընէ,
անիսէթ
կատարուի
պիտի,
հէնց
ըղունկին
երեսը
կը
գրէ
ու
կ՚ըլլին
բաները,
թուր
թֆէնկ
ունի,
իրենն
է
գեղը,
գեղին
հողն
ու
ջուրն
ալ
իրենն
է,
մենք
ամենքս
ալ
ծառաները
անոր,
ո՞ր
բերնէ
ընկեր
է,
որ
անոր
առաջքը
բերան
բանայ
կամ
ան
խօսք
մը
ըսէ
ու
մէկը
թէրս
պատասխան
մը
տայ
անոր:
Ան
իր
մարդերով
գիշերներն
ալ
մեր
դռուըներուն
առաջքը
կէրվայ,
ու
շատ
հեղ
ալ
էրդիքներուն
վրայէն
կ՚անցնի,
ես
աս
աչքերովս
քանի՛
քանի՛
անգամ
տեսեր
եմ,
հանդիպեր
եմ
անոր
որ
գլոխը
շիշ
սիվրի
քէչէ
մը,
վրան
ալ
գայլի
փօսթ
մը
առած
կը
պտտի,
ոտքէն
գլուխը
փիր
սիլա
ու
կրակ,
կրակ
ամէնքը:
Հասկցա՞ք
մի,
տղաքս,
իմ
գիտցածս
այսչափ
միայն,
դուք
միայն
թէ՝
խելօք
եղէք,
անոր
խոնախին
առջեւէն
շատ
մի
անցնիք,
անցնիք
ալ
նէ,
աչուընիդ
շատ
փէնճէրէները
մի՛
ձգէք,
ես
ձեզի
կ՚ըսեմ,
որ
դուք
անոր
դռան
շուներուն
ու
շանձագտոց
պիլէ
քար
քէսէկ
մի՛
նետէք,
ձեր
անիսէթ
մուժմէհէլ
կ՚ընեն»:
Ան
իրիկունն
ահա
Մամին
ի՛նչ
հրաշէկ
անուր
մը
կ՚անցնէ
մեր
շլլիքին,
ու
մենք
վայրկեան
մը
իր
ըսածներուն
վերջինին
շեշտովը
ի՛նչ
մութ
բարդ
խոհերով
մեր
հոգիին
խափանուիլը
կ’զգանք
ու
ա՛լ
չենք
իշխեր
անգամ
շունչ
հանել:
Մամին
մատնանշած
այն
զալըմ
շահապը,
գեղին
մեծ
Աղան,
որ
հունա
այնքան
ալ
մեր
մօտը
կ՚ապրի
ու
մենք
երեք
պզտիկներ
ա՛լ
ամէն
մանրամասնութիւնով
կը
հասկնայինք
թէ՝
ով
պիտի
ըլլայ
ան,
որուն
մէկ
հրամանն
ալ
լեռները
կը
դողացնէ:
Ան
իրիկունը
աւելի
սոսկալի
յայտնութիւն
մը,
երբ
այս
կնիկը
յանկարծ
վեր
կ՚ելլայ
տեղէն
ու
իր
սեւ
գոգնոցին
տակէն
ծրար
մը
քակելով,
մէջէն
արիւնի
լայն
լերդ
ցայտքերով
կէտկիտուած
շապիկ
մը
կը
քաշէ,
կը
նետէ
առջեւնիս,
ու
առանց
խօսելու
վայրկեան
մը
շեշտ
մեր
երեսին
կը
նայի,
—
ա՞ս
ինչ,
Մամի՛,
ա՛ս
ինչ
ըլլի,
կը
ծեքծեքեմ
ես
աչքերս
այն
շապիկին
վրայ
լայնցնելով,
—
Դէ՛հ,
գացէ՛ք
տէ
հասկցէք,
կ՚ըսէ,
տղաքս,
գացէք
տէ
դուք
ըլ
էն
անօրէնին
մարիֆէթը
հասկցէք,
էն
Աղան
սպաննեց,
գլխաւորիս
շապիկն
է
աս,
երսուն
տարի
է
որ
հուքումէթը
կը
տանիմ,
աչքերնին
կը
կոխեմ
էս
շապիկը,
է՛ս
արիւնով,
ու
նորէն
օգուտ
չէրաց
ու
չիներ:
Ու
վերջին
խօսքը,
որ
այս
դժբաղդ
այրին
արին
արցունքի
մը
մէջ
կը
հծծէ,
դեռ
մինչեւ
հիմա
ալ
միտքս
կը
մնայ
ու
չեմ
մոռցեր
—
«Ա՜խ,
Աստուա՜ծ,
Աստուա՜ծ,
վաղը
էս
շապիկը
պիտի
հագնիմ
գամ
դէմդ,
ան
ատեն
տեսնամ
թէ՝
դո՞ւն
ալ
կոյր
պիտի
մնաս
էն
փաշին
ու
էն
անօրէն
դատաւորին
պէս»:
«Արեւելեան
Մամուլ»,
1909