Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՍ ԿԱՏԱՐԵՑԻ ԻՄ ՊԱՐՏՔՍ
(«Ի հաշիւ» վաղուան գրականութեան)

Կռի՞նչը սարսափահար անծեղներու թէ՝ խենթ մը հոն նստեր՝ երկաթի մը ծայրովը, ապակի կը քերէ։ Գիշերն ալ, ուշ ատեն, այն դրան կողմերէն, ա՛տ ձայնը, ա՛տ ճչոցը։

Մէկը, սրտնեղ քիչ մըն ալ, պուտ մը ջուր թափեցէք ըսած էր, ան դռնէն ելլողի մը, որ տան կնիկը պիտի ըլլար շէմքին վրայ պուտ մը ջուր, քուրո՛ւկ, տխուր ազդարար մըն է այն ձայնը, որ աղէկ չի խօսիր, ըսել պիտի ուզէր։

Ատ կնիկն ալ, նունու հարսնուկ մը տակաւին, գոգնոցին ծայրովը աչքերը սրբելու վիճակին մէջ, մոռցեր էր ըսուածը, չուզեր ալ, մոռցած պիտի ըլլար, բնական էր։

Մարդուկը որ կը տքար հոն, հորթուկ մը, որ ախոռէն կը պոռար, երկու փնչփնչացող պզտիկներ, որ տանը մութ՝ կատուին անկիւններէն, ան տեղուանքը կծկտած, ասոնք ալ անհամարձակ բայց շատ անմեղուկ պահանջներ մը կ’ընէին, դգալ մը ապուր, փշուր մը հաց, բան մը որ ակռայի տակ գար, խեղճը անանկ կոյր շուարքի մը մէջ կը ձգէին, որ կոխած գետինն ալ չէր կրնար տեսնել։ Ո՞ր մէկուն ու ի՞նչ ըսել այն մէկէ աւելի խօսող ու հառաչող վանդիւններուն։ Առտու մը, նույն դրան պատմութիւնը միշտ, այո՛, երկնկեկ ճաղ մը նետուած է հոն, որուն քովերը, փոքրիկ խլէզներ մէկ քանի, փսկայ խաղեր մը կ’ընեն։ Սայլ մըն է կ’ըսեն, որ անիւ չունի սակայն, ու տղաքը զարմացած, անհոգ տղաներ, մէյ մըն ալ կը ցատկեն անոր վրայ։

Հայրդ ասոր վրայ պիտի դնեն, Կարապե՛տ, հայրդ գերեզման պիտի երթայ հիմա, կ’ըսէ մէկը աւելի պզտիկի մը, որ մէջերնին ուլի մը անհանդարտ շարժունութիւնը ցուցնողն է, շատ միամիտը ապահովապէս։

Հայրդ հող բերել պիտի երթայ, գիտե՞ս է՛հ, կը պատասխանէ այն մէկը իր գզող [1] գլուխը քերելու ձեւ մը առած, «աս օր էրթայ նը վաղն ըլ կուգայ զհար»։ Մայրիկին սորվեցուցածը կը կրկնէր։

Պահէ մը ետքը, որչա՛փ, չգիտցուիր, երբ ներսի հիւանդը խռխռուկներէն դադրած, այն անանիւ սայլակով, ըսուած տեղը կը տանէին, ան տղեկն ալ իր քրոջը հետ, ուրիշ ճամբով մը, իրենց պարտէզին կողմը կը վազէր։ Ախոռին լացող հորթուկին ծամ մը խոտ կը բերէին, անոր ալ մայրը շաբաթներ առաջ մեռեր՝ մարդ երեսին հայող չէր եղած։

* * *

Ալ ոչ ձայն, ո՛չ ստուեր մը այն դրան կողմերէն։ Տան կնիկը, եթէ անմիջապէս չի մոռցաք անունը, իր թեւատ ձագուկներովը, ներս քաշուած, դրան էտին, ինքնիրենը, միայն ինք, նորինոր բոյն մը կը շիտկռտէ, որբերու յարմարած աշխարհք մը, որուն արեւը երդիքին աղկաղկ շարուեղը պիտի ըլլար, լուսունկայ մըն ալ, եթէ պէտք էր, ինքը աս այրին, բնականաբար։

Այստեղ, աս ցածկեկ դրան ներսը, վիճակը առջի օրերու, ինչ որ ալ ըլլար, կը մեծնային պզտիկները, ինչո՞ւ չէ, մայր մը տասը որբ շահեր է։ Աղջիկը արեւդի թուփին պէս կը «լէննար», տղան ալ, հեռու չար աչքերէ, օրէ օր գետափի ուռենիին արագ աճումը կը ցուցնէր։

Քա՞ր էին, որ չի մեծնային։ Մայրերնին շատ պէտք չունէր դաշտին չորս ծայրերը փէշ հովելու։ Տունէն դուրս իր շուքը մինչեւ ան արտը, անկէ ալ շատ շատ մօտի էգին, այդ չափը մրջունի արշաւանք մըն ալ չէր։

Լուսահոգին, երբէ՛ն ի վեր, հոն քարին տակ քնուկ, արտի, այգիի պէս մաս մը հող կալուածներու հետ, քիչ մըն ալ դրամ ձգած էր, աւելցուքը իր երբեմնի ցորենի առեւտուրով շահածներուն, որուն չափը, տոկոսի չափը, ինչ որ ալ ըլլար, կ’օգտէր իրենց տարեկան լիցքին [2] ու կ’աւելնար ալ եթէ ազգականներէ ոմանք ատ դրամը գանձելու նազոտ, բայց միշտ պատրաստ ծառայութիւնով մը, այնքան անխիղճ չըլլէին որ անոր երբեմն ամբողջութիւնն ալ իրենց պուկը [3] հրէին։

Աղէկ էր վիճակնին, Մուռեցին [4] ըսէինք թէ՝ բանի կարօտ չէր քաշեր, միայն, ատեն ատեն, իր կորուսած բարձընկերին յուշքովը, վաղորդայնի մը համար, անոր խել խօլ ծրագրածները մտքին մէջ, խորունկ ախ մը կ’արձկէր։ Հայրը ողջ մնար, ու մէյ մըն ան տղուն պօյ-պօսը տեսնէր։

Տղան ալ, իրաւ որ, լեռը բեռցնէիր, ը՛հ, չէր ըսեր։ Հօրը տղան ճիշդ, անոր բելիար հասակը, մսուտ երեսները, անոր սեւ պեխն ու խոշոր խոշոր աչքերը։ Աւելին, որ տղան տարիներու շարքի մը ետեւէ, մօրը ըմբռնած ու գործադրած ջանքերու մը հետեւանքովը, քիչ մըն ալ թուղթէ, գիրէ կը հասկնար։

Գեղին դպրոցը, Մուռեցիին տղան, օր մը իր ըղձոտ աշխատողի պատմութիւններովը, գեղացի նեղմիտներու հոգին կը խտխտցնէր։ Ու կամաց կամաց ձեռքը արհեստ մըն ալ անցուց, վարպետ նաճար մը, որ փայտին վրայ իր զարկած ուրագէն բուռ բուռ կայծ կը ժայթքէր։

Ձմեռը աս արհեստովը կ’զբաղի, միւս ատեններն ալ ժամանակ կը գտնէ, ինքն ալ իր պապենի հողը կը խառնշտկէ։

Այս պայմաններով, այն գեղը, Կարապետին պահած տունը այն առաւելութեան մէջ մատնանիշ կ’ըլլուի, որ պզտիկ թէեւ, բայց մէջը եղ ու մեղր բնտռողը, հաւուն կաթը կը գտնէ։

* * *

«Հոս չիկար նէ, ըսէիր, ուրիշ տեղ երթայինք, տղա՛ս, գեղին նախիրը չէր որ պիտի գնէինք, աղջիկ մը վերջապէս, եօթը գեղ, եօթը քաղաք կ’անցնէինք, ուզածդ կը գտնէինք» օրանին նէննին, որ քսան, քսանըհինգ տարիներէ վերջը, ան մօրը բերնին մէջ ուրիշ երգի մը կը փոխուի։ Մայրերու սովորական հծծիւնը տղոց ականջին։ «Տունը հարս մը, տունը դրախտ մը, ա՛լ մեծցեր ես, ալ ժմներ ես, քու պիսեկներդ հիմա պլիկ պլիկ թոռներ կը գրկեն, փա՛ռք Աստծու, ինչերնիս պակաս էր, ես քու սիրուտ, քեզի համար, կէնճութիւնս մեռուցի, ու դուն հիմա քու մայրդ աս ահուզարովը կը հատցնես»։

Շրջուած է պատկերին երեսը, տունը հարս մը բերելու խնդրով, մօրը պահանջին, աղապատանքներուն հանդէպ, տղային յամառ մերժումները, անանկ կ’երեւար թէ՝ կերած մեղրերնին բերուընուն մէջ, կծու քացախ մը պիտի դարձնէին։

Ստիպումներ՝ աւելի լուրջ, համոզողի աւելի կակուղ շոյանքներով, ուրիշ մօտաւորներու կողմէ ալ, բոլոր ատ երգերը սակայն քառաղի ու տասնաղի, Կարապետին ականջը գգուող խաղ մը, խօսք մը չունին երբէք։

Չի կարգուիր, պահ մը անանկ կը հասկցուի թէ՝ մէկը կը սիրէ, քաղքըցի աղջիկ մըն է ուզածը, կը պնդէ ուրիշ մը, վերջին մըն ալ դիտել կուտայ որ տղան, արտասահման գնալու հաւանականութիւնով, չուզեր եղեր աղջկան մը ոտքը խրիկ ձգելու անգթութիւնը ընել։

Հաւանականութիւններ ամենքն ալ, որ գոյնով ալ շատ իրարմէ չեն որակուիր։ Բայց վերջին ենթադրութեան մը վրայ ապահովուելու համար, կրնայիք ըսել որ աս տղան որովհետեւ մեկ կողմէն իր մօրեղբօրը ներշնչած սոսկումները ունէր ամուսնացածի մը կեանքին վրայ, մարդ մը որ իր կնոջը զոհը եղած էր ու միւս կողմէն որովհետեւ աղւոր երիտասարդի հմայքին մէջ, ուր որ ալ երեւար, իր շուրջը այնքան մօտիկ իր մորթին վրայ կանացի շունչերու տաք հպանցը, գրգռիչ խղուըրտիւնը կ’զգար. բնական կ’ըլլար որ, իր իսկ բառերը գործածելով, միայն մէկու մը հետ չուզէր մազի թելով մը իր ճահիլութիւնը բահաւանդել։

Ու ասոր հետ մէկտեղ, տղան ամէն բանով ալ հօրը պիտի նմանէր, չէ՞, յամառ բնաւորութիւնը, իր հօրը պատմութեան մէկ խոշոր վերնագիրն էր, ինչ որ հիմա ինք տարբեր մագաղաթի մը վրայ կ’ուզէր փոխադրել։ Հայրն ալ անանկ ուշ ու տհաճ ամուսնութիւն մը փակեր էր կ’ըսէին, որ հարսնիքին օրը, գեղին բոլոր կրիաները ծառներուն վրայ շուլլուեր էին։

* * *

Ոսկի ձուկը, ոսկի կարթով վերջապես, Կարապետ կարգեր էր արդէն քոյրը, մեծ քոյրերը որոնք էրկան մը երթալէ վերջը, չուզեն աչք տնկել ետեւնին թողած հօրենական ժառանգութեան, այս կերպով անոնք պզտիկ աղբրտոց առջեւ, ակնածանքին հետ, անոնց վրայ տեսակ մը ազդեցութիւն կը պահեն, միւննէթ որ ամէն աղբօր համար հեշտ չէր կոխել, անցնիլը։

Կարապետ ապահովուելէ յետոյ, թէ՝ իր քոյրը միշտ իրեն անձնուէր պիտի մնայ, հարսը տուն բերելէն ետքն ալ ժառանգութեան խօսք չպիտի ընէ, մալ չպիտի կիսէ, կուտայ ինքն ալ իր հաւանութիւնը, բայց աղջիկը դուրսէն ըլլայ, այսչափն ալ Կարապետին՝ իրեն պայմանը։

* * *

Աղջիկը դուրսէ՜ն, լեզուն կը դառնար նէ, թող ամպէն ու արեւէն ուզէր, քոյրն ալ մօրը չափ պատրաստ՝ ուզուած կողմը, արտուտին թեւաբախումովը պիտի թըռէր։

Աւուր մէկը, մայր ու աղջիկ ելան, օտար գեղ անցան։ Տունը հարս մը, ու անպատճառ օտար գեղէ։

Աս ալ ճաշակի տեսակ մը աս երիտասարդին մէջ, որ կ’երեւակայէր թէ՝ օտար ծառին խնձորը աւելի անուշ պիտի ըլլայ ու խոշոր ալ մանաւանդ որ երկու խածով չպիտի հատնի։

Իր գեղին մէջ, իր քովիններուն տեսքէն, վայելքէն յափրացածի զզուանքը ունի, անոնց մէկուն վրայ իր սիրտը կեանքի մը մէջ չ’զգար, իր գեղին աղջիկներուն բոլորին ալ մէկ մէկ պատմութիւնը կրնայ ըսել։ Իր ուզածը օտար գեղի մէջ, ու թող կ’ուզէ ան օտարինն ալ աղքատ աղջիկ մը ըլլայ։

Դիմացի գեղը մայր, քոյր իր երեւակայած խնձորենին կը բնտռեն։

Անոնք գիտեն թէ՝ ո՛ւր կ’ըլլան գեղին աղջիկները, քանի որ հոն գացած օրերնին տօնական օր մըն ալ չէ։ Գեղին աղբիւրին վրայ աղջիկներու անհաշտ պէսպիսութիւն մը պիտի գտնէին, Մուռեցին իր աղջկանը հետ աղբիւրին գլուխը կ’երեւայ ուր սկսած է արդէն մրջիւնի եռուզեռ մը ու կը կասկածիս որ, անոնք իրենց լայնփոր կուժերովը աղբիւրին ջուրը պիտի ցամքեցնեն, այնքան արագ կը լեցնեն, այնքան արագ կ’երթան ու գացողը այնքան արագ կը դառնայ։

Անոնց վրայ մէյ մը Աստծու արեւը կը նայի, մէյ մըն ալ գաղտուկ աս երկու կնկան որսկանի աչքերը, որոնք ատ երեւցածներուն գլուխէն մինչեւ անոնց ոտքերուն բութ մատը, աչք կշտացնելու տեղ կը բնտռեն։ Կ’սպասեն ժամերով, ինքզինքնին չի մատնելու համար, երբեմն անոնց մէկ քանիներէն խմելու ջուր կ’ուզեն։ Մուռեցին վերջին մէկ հատին մազերը շոյելով, իր աղջկանը երեսին կը նայի։ Գտած են աղբիւրին վերեւ, աղբիւրին դիցանուշը։

Տեսա՞ր աղջիկը, Հոռմիկ, մազերէն մարլ կը կախուէր։

Տեսայ, մա՛յր, մազերը կ’ըսես ու պօյը չես ըսեր, շան աղջկան պօյն ըլ հերուընիկ մորճիկ կըլմանէր։

Տեսա՞ր ինտոր կուժ լեցուց ու լեռայ չափ կուժը փէճ (ուս) նետեց։

Երեսներէն ըլ լոս կը ցօղար, մա՛յր։

Եա էն աղկէկ խնտուըտո՞ւքը, շէնք շնորհք, կուժ լուալ ու լեցնելուն կե՞րպը, քովը ուրիշներն ըլ կային։

Բոլորը մէկդի, ատ աղջիկը մէկդի, ո՞րը ըլլէր, մա՛յր, ո՜ր աղջիկ, նշանուած չէր երեւար, գիտես։

Նշանուա՜ծ, չեմ կարծեր, նշանուած մը իր կուրծքն ու ճակատը բան մը կ’ունենայ։

Գործի օր, սի՞ւս ալ պէտք էր, Հոռմիկ, պարկեշտ աղջիկ մը, կարելի է աղքատ ալ, ո՛վ գիտէ։

Աղքատ ալ, մուրացկան ալ, ատ աղջկան իզը չի կորսնցնէինք, մա՛յր, պարտէզն եկերինք, շողգամ չի ծրարէինք փէշերնիս։

Մայր ու աղջիկ այս խօսուըռտուքներով, ատեն չեն կորսնցներ, ուղղակի ան աղջկան հետքին վրայ, անոր ետեւէն, գեղին անդի՛ ծայրը, ցածկեկ դրան մը առջեւ ոտք կը քաշեն։

Խաւրծիլի պէս թարմուկ կին մը իրենց դիմաւորողը կ’ըլլայ, ներս կը հրամցնէ, Մուռեցին վայրկենապէս ինքզինք ներկայացնելու կերպ մը գտնելով, Նաճար Կարապետին մայրը կը ճանչնայի՞ր կ’ըսէ, քուրո՛ւկ, աս ալ իմ աղջիկս էր, ու մէկտեղ՝ ձեր տունը բնտռեցինք։ Նաճար Կարապե՜տը, ի՞նչպես չպիտի ճանչցուէր, գեղերուն մէջ ճախրակին լիսեռը շինող արհեստաւորն ալ անուն ունի։

Անակնկալը անբացատրելի վարանքի մը մէջ կը դնէ դիմացինները որոնք չեն ալ գիտեր թէ՝ եկողներուն տաք բան մը հրամցնելու համար, չոր խռիւնե՞ր վառէին թէ՝ իրենց միսն ու մատները։ Աղքատ տնուոր մը, ունեցածնին ալ ի՞նչ պիտի ըլլայ, անոնք՝ մայր մը, աղջիկ մը, «աւուր բաներ, աւուր կերեր են»։ Նաճարին մայրը, իր աղջկանը հետ ատ իրիկունը աս ցածուկ առիքին տակ հիւր կը բռնուին։ Շատ խօսքերէ վերջ, կնկայ փէշերով հաւքուած ու ծրարուած շատ մը խօսքեր մաղել, շատ մաղելէ վերջը, երկու կողմն ալ իրար հասկնալու բան մը չեն ձգեր։ Ատ իրիկունը անմիջապէս խօսք-կապ մը տալով, լուսաբացին կանուխ իրենց տեղը կը դառնան։

Խօսք-կապը՝ շուտով մը՝ կանխեցին տալ այն կասկածանքներովը թէ՝ այդքան դժուար հեւքերով բռնուած թռչունը գուցէ անգամ մըն ալ ձեռքէ պիտի ելլէր։

Լուսիկ օտար գեղացիի տրուա՜ծ, այս դէպքը մէկէն գեղին ճահիլներուն մէջ կապոյտ զայրոյթի մը ցնցումը կը ծնի։

Ի՞նչ ըսել է, որ օտար աղուէս մը իրենց հաւբունին էն գեղեցիկ վառեկը թռցնէ։ Իրենք մեռե՞ր են, կրնայի՞ն մարսել մանաւանդ երբ իրենցմէ շատեր ալ աղջկան ետեւ, առաջքը անոր սէրովը խանկրած՝ ու մայրը սակայն իրենցմէ մէկուն հետ ալ չէր ուզեր համաձայնիլ, մայր մը՝ որ գիտէր ու ակռան սեղմած կ’սպասէր թէ՝ իր աղջիկը օր մը անտարակոյս, իրեն վայել, իրեն արժէքովը սակարկող գնորդը պիտի ունենար։ Տղան աղւոր, տղան բանւոր, տունը մեծ, շէնլիքը քիչ, կեսուրը տինճ, կեսարը մեռած, իրենց ո՞ր մէկը այսչափ նպաստաւոր պայմանները մէկտեղ պիտի ունենար։

Այդ լակոտներուն զայրոյթը իր առաջին փուլին մէջ, կրնայ ըլլալ որ, օր մը տխուր հետեւանքի մը մէջ ցոյցի գայ, այն դէպքերուն, պատմութիւնովը, որ շատ լսուած է ու շատն է որ գինիին ու արնին կարմիրը մէկտեղը խառնելով գրեր են բարքերու վայրագ զըմռսուած յատկանշութիւնով մը, որ գեղը ու գեղացիին մէջ դեռ երէկի նոր պատատովը կը մնայ։

Աղջիկ մը օտար գեղ հարս տարուած՝ շատ անգամ ան օտար գեղացիէն առեւանգուածի, անպատուուածի գաղափարովը կը կատղեցնէ իր գեղացիները, անանկները մասնաւորապէս որ աղջկան բոլորը վարմ մը լարելէ յետոյ գլխնին ալ պատրանքին դէմը ջախջախեր են։

Լուսիկն ու մայրը ահա խօսք-կապի այն դէպքովը իրենց դրացիներուն հոգուն վրայ սանկ մութ մութ ամպեր մը ստեղծեցին։ Ամբողջ գեղը շաբաթներով իրենցմով կ’զբաղի, հարս, աղջիկ աղբիւրին գլուխը, պառաւները ժամուն ճամբան, ու ճահիլներն ալ ուր որ հանդիպէին։

Կարապետ բան մը չգիտէր դէմիններուն տրամադրութիւններէն, ամիս մը ետքը հարսնցուին կաղանդ պիտի տանին, ու մայրն ալ քոյրն ալ միասին ճամբայ կ’իյնան։ Յունվարի ձիւնին վրայ, աղուէսի մը թաթերովը կը քալէ աս տղան իր նշանածը առաջին անգամ տեսնելու բոց երազներովը։ Բեւեռի սառոյցներուն վրայէն ալ կրնայ բոպիկ քալել ու կրնայ չի մսիլ երբէք։ Ամէն քայլափոխի կը յուսայ, սրտատրոփ՝ աղջիկ մը տեսնել դիմացը, որուն թեւերը հրեշտակի մը թեւերուն փողփողումը ունենան ու դէմքովն ալ վաղուան արեւին ցոլքը նսեմացնող ճառագայթումը պահէ։

Ճամբուն մէջ ինքն ալ իր պատկերը նշանածին աղւոր աչքին մէջ կախարդող պատկերի մը հմայքովը տեղաւորելու ու նշանածին սիրտը առաջին տեսութեամբը բռնկցնելու համար, պահ մը իր մայրը, քոյրը, հայելիի մը ծառայութեան մէջ կը դնէ ու կ’ուզէ ապահովուիլ անոնց վկայութիւնովը, թէ աղւոր շիտկե՞ր է ֆէսը, շատ կարմի՞ր են երեսները, վզնոցին փաթտուածքն ալ ուրիշ կերպով չէ՞ր ըլլար արդեօք, որ բաճկոնակին տակէն սիւսլի կոճակները երեւային։ Ու մայրը ամէն բերանը բանալուն, նոր ծնած կովու մը գուրգուրանքովը, տղուն երեսն ու ճակատը կը լզէ, աղւոր ես, տղա՛ս, «Աստուած չար աչիչ, չար նազարէ պահէ», միեւնոյն իմաստով տաքուկ փաղաքշանքներ մըն ալ քրոջը կողմէն։

Գեղը ժամի մը ճանբայ ու հիմա սակայն աշխրքին միւս ծայրը կ’երեւայ։ Պահ մըն ալ ու աներանցը տունը ահա։ Լուսիկը ցուիքին եզերքէն նազոտ պահպռտուք մը կ’ընէ լուսնակին պէս, որ ամպի մը էտին կ’անցնի յանկարծ։

Առաջին խուսափուկ տեսքը նշանածին, անոր աչքերուն քովընտի ժպիտը, որ խպինքի մը ծերպէն իր երեսին վրա կուգայ, կը շողուըղտայ, Մուռեցիին տղուն ամբողջ էութեանը մէջ հիացումին սարսուռը կը լեցնէ։ Կարապետ վայրկեան մը այն պատրանքին մէջ կը տապլտկի, իբր թէ՝ իր ծնած օրէն մինչեւ ատ օրը խլուրդ մը ապրելէ ետքը, հիմա յանկարծ իր աչքերը արեւին դէմ կը բացուէին։

Ան իրիկունը գեղին քահանան ու զոքանջին կողմէն բարեկամներ մէկտեղուած, երկու խնամիներն ալ ծունկ ծունկի, նշանտուքն անգամ մըն ալ ընդունած պաշտօնական հանգամանքին մէջ կ’ամրցնեն, քահանան կ’օրհնէ, միւսները կը շնորհաւորեն, «թագ պսակի հասնին, մէկ բարձով մէկ բաղդով ծերանան», մինչեւ լոյս, մինչեւ արեւծագ կեր խում, ու առտուն ալ իրարու դունչ փինչ լզուըռտելէ ետքը, գոհունակ տպաւորութեամբ Կարապետ իրեններովը իր տեղը կը դառնայ, Լուսիկն ալ իր նշանուած աղջկայ այդ զարդովը ու անսովոր հրապուրանքի ու հպարտութեան մէջ, աղբիրին գլուխը կ’երեւնայ։ Թա՜... ։

Ան ո՞վ է որ, աչք ունի ու աչքին մէկ ծայրովը գոնէ չպիտի ուզէ դիտող մը ըլլալ Լուսիկին գեղանազ շնորհքին ու հտպիտներուն։ Ձեռքերը վարդագոյն հինայով նախշած է անիկա, ու ճակատն ալ դաստակն ալ ի՜նչ վառվառ զարդեր, ան ինչչա՜փ ճոխ նշան։

«Է՛հ, քուրո՛ւկ, կ’ըսէ աղջիկ մը քովինին, հոգուն յատակէն կերկերուն շունչ մը քաշելով, դուն քուն, բաղդըդ արթուն»։

«Անանկ է, մարի՛կ, անանկ է, վրայ կը բերէ ուրիշ մը, նշանածն ալ կ’ըսեն թէ՝ զէնկին տղայ մըն է, ձեռքը արհեստ ունի, մէր մը տղայ մըն են, Նաճար Կարապետը»։

«Մըյա՜... էռջի պսակին ըլ հարսնիք պիտի ընեն, կ’ըսեն։ Տէ՛հ, տէ՛հ, կը պոռայ վերջին մը հեռուէն, սֆթայի խնդացողը սօղի խնդացողը չէ եղեր, գործերնուդ գացէք»։ Ամռած [5], տնմնայ աղջկան մը կողմէն արտայայտուած կսկծանք մը աս վերջինն ալ։

Ի՛նչ կ’ըսէին ըսէին սակայն, Լուսիկ իր սիրածը գտեր էր։

* * *

Քանի մը ամիս վերջը այդ նշանտուքի օրէն, գեղին վարժապետը, Մոռեցիին ձեռքը նամակ մը կը կարդայ.

«Սիրելի մայրիկս,

Վստահ եղիր թէ՝ հանգիստ քուն մը կը քնանամ հիմա։ Ճանբուն մէջ նեղող մարդիկ չիկան հոս։ Պարապը չի մնալու համար, մեծ ագարակատիրոջ մը քով աշխատութեան մտեր եմ, որ եթէ ուզածս ալ չէ, բայց զիս կ’ապրեցնէ վերջապէս։

Քանի մը շաբաթէն կարելի է Եգիպտոս անցնիմ, ուրկէ հին ծանօթ մը մեր գեղէն, շնորհքով գործ մը գտնելու խոստումը կը գրէր անցեալները։ Նշանածս ապահովապէս չգիտեր ուր ըլլալս, աղէկ է որ չգիտնայ ալ, ես ատ կողմերը տեսնելիք չպիտի ունենամ կ’երեւի, բաղդ ճակատագիր այնպէս տնօրիներ են։

Բնական է որ ցաւէի ասոնք ձեզի գրելուս, բայց ձեռքէս բան մը չէր գար։

Հասկցուցէք նշանածիս թէ՝ իմ ճանբուս նայիլը պարապ բան մը պիտի ըլլար իրեն, թող խըսմէթը ուրիշ տեղ մը բնտռէ։

Ծննդավայրի ու քու կարօտդ, մայր իմ, ուզեմ չուզեմ պիտի տանիմ վերջապէս ահագին բեռի մը ծանրութիւնովը, կարելի է օր մը օտարութեան մէջ ալ մեռնիմ։ Ձեռքերուդ արցունքոտ համբոյրներ»։

Մնամ որդիդ
ԿԱՐԱՊԵՏ ՎԱՆԱՆՑ

13 Մարտ, Ատանա

* * *

Կ’երեւակայէիք թէ՝ Կարապետ թուղթի տեղ իրմէն կտոր մը մորթ քերթած ըլլալու էր այս տեսակ գիր մը պահարանի մէջ ծալլելու համար։

Ի՞նչ անցեր էր։

Լուսիկ անրջային պատկեր մը, իր գեղին մէջ ու հեռուներն ալ, չունէր իր զոյգը։

Պարկեշտուկ որբեւարիի մը կուշտին, խեցիին մարգրիտին կառչումովը խբուած՝ ուզած չէր անգամ օր մը դուրս նայիլ, գիտնալ կամ անդրադառնալ թէ՝ իրեն համար, իր քովերը, ծովը յուզողներ կան, որ չեն երեւար, որոնք սակայն յարմար առիթը կը լրտեսեն եղեր զինք որսալու համար, իր ապրած ջուրին մէջ սեւ մուր մը խառնելու։

Նշանտուքէն ետքը, Կարապետ ձեռքը ականջին կը տանի, ու ամէն օր ալ ականջին տակ, վէրք մը կը շփըտէ։ Նշանծին մօրը համար արտառոց զրոյցներ կը լսցնեն իրեն ամէն օր «արծող կնիկ մըն է եղեր, որ գիշերն ալ տուն չի մնար»։

Ասոնք կը լսէր այն տեսակ մարդերէ որոնց մտերմութեան մասին միտքը հովոտել, կասկածիլ իր ճակտին, յետոյ իր գերեզմանաքարին վրայ, յայտնի յիմարութիւն մը պիտի մշտնջենաւորէր։ Այս մտերիմները Լուսիկենց գեղէն էին, այն թուականէն գտած՝ երբ նշանուելէն ետքը, ինչպէս առաջ, հոն հիւսնի գործեր ընելու կանչուելով, իրկունները անոնց տունը, անոնց հետ մէյմէկ գաւաթ բան կ’երթար կը ճնկէր ու այնպէս ճանբայ կ’իյնար։ Կարապետ ատ գաւաթներով թոյն կը խմէր մութին մէջ։ Լուսիկին թեկնածուներն էին տղաքը, մէկը, երկուքն ալ ատ աղջկան մօրը համար, աչուընին դուրս ձգող աղտոտ գորտերը։

Օր մը, նշանուած տղան, ան իր սիրուած բարեկամներուն քովէն տուն կը դառնայ, այնքան յուզուած որ նոյն օրը, Լուսիկէն խրկուած «բարեւի խնձորը» գրպանէն կը հանէ ու խենթի մռմռուկով մը ճանբուն վրայ արծող այծի մը առջեւը կը նետէ։

Հիւսնին մտերիմները յաջողեր էին։ Մայրը աս եղածներէն բան մը չէր կրցած կռահել, միայն Լուսիկն էր որ ատենէ մը ի վեր փեսին երեսը չէր տեսներ ու աս ալ ի՞նչ կասկածէր։

Կարապետ իր մօրը որեւէ իմացում մը չըներ, կը խորհի թէ՝ մօրը այն նկատմամբ խոստովանանք մը ընելով, մայրը կարելի է նոր հանգոյց մը պիտի հնարաւորէ։ Խելք մը՝ աս ուղղութիւնով, ու նախապաշարում մը այնպէս թէ՝ «գէշ աղջիկ մը մայրն է միշտ» ինք որ գեղեցկին վրայ դեռ ուրիշ մթութիւններ ալ ունի գանկին մէջ, վերջին խելքը տուն կը կանչէ, ու մէկ շունչով Ատանա կ’իյնայ։

Մայրը արդէն տղուն անհետանալուն կսկիծներովը թել մը դերձան եղած՝ արցունքին կաթիլները արնի կաթիլներ կը թափէին երեսէն վար։ Նամակը հասնելէն ամիս մը ետքը, բուռ մը ոսկոր, զինք գերեզման կ’իջեցնեն։

Երկրորդ գրութիւն մը, մօրը հասցէին միշտ, որով Եգիպտոսի մէջ, ատամնաբոյժի արհեստին տիրանալը կ’իմացնէ, մայրը՝ կը հասկնայիք թէ՝ ալ այս նամակը չի կարդար։ Կարապետ շիք միւսի մըն է հոն, դրամ կը շահի, ոսկիներու հետ կը խաղայ, իր քաղքենիի տարազովը, որ խոշորկեկ քիթին վրայ ոսկի ակնոցովը ամբողջացած կ’երեւայ, ճէնթըլմէնի մը հովերը կուտան իրեն։ Սիրուն պուպրիկներ իր շուրջը, իր գլխուն վրայ ու ոտքերուն տակ, սատանի թռչկոտութիւններով, շատոնց արդէն մոռցունել կուտան իրեն թէ՝ հոն իր մօրմէն ետքը, իրեն համար էրող մրկող քոյր մը կայ, որուն հասցէին գոնէ իր կեանքէն ու կացքէն խապրիկներ մը գրէր։

* * *

Կարկտնուկ, չիթ գոգնոցով աղջնակ մը հոն՝ փլփլկած տունի մը դրան առջեւ, ձեռքը աւել մը բռնած է, որուն ծայրը գետինը քսելու ատեն, ետեւ գճկի, ալ անգամ մըն ալ չի կրնար ողն շիտկել։

Նիհարուկ, քայքայուած աղջիկ մը, շարժելու ջանքի մը մէջ, ստուեր մըն է արդէն, ու մորթին մէջէն ոսկորներուն ջխջխկոցը կը լսուի։

Մազերը անխնամ, անհիւս թնճուք մը միշտ միշտ կուրծքին վրայ կը թափի, ան ատեն, որ պիտի ծռի գետինը, ու գետնէն բան մը պիտի վերցնէ։ Մազերը այդ շարժունութիւնով, ծոծրակին կողմէն անանկ ղեղին միս մը կառփած մորթ մը նշաւակ կ’ընեն, զոր ոգիացնելու համար, մատէդ արին ալ հանես ու վրան գոյն տալ փորձես այդ ծոծրակը նորէն բանի մը չպիտի նմանի։

Ալ պիտի իշխէի՞ք աղջկան դէմքին վրայ հայուածք սեւեռել, խեղճին հուրն է գացեր մուրն է մնացեր։

Կին մը կ’անցնի ատ միջոցին, աղջկան ձեռքէն աւելը առնելով, անոր ան պաղ օդին դուրս չերեւալու մեղմուկ թելադրութիւն մը կ’ընէ։ Բարի կնիկ մըն է, իր շարժուձեւերը մօր մը խանդաղատանքէն աւելի բան մը ունին։

Աս կնիկը բաժնուելու ատեն անգամ մըն ալ կը կրկնէ ըսածը, «անկողնէն նոր ելեր ես, աղջի՛կ, դուրսը շատ մի՛ երեւար»։

Դուրսները սեւերեսները կան, ըսել պիտի ուզէր, ուր անոնք մարդը մեռցնելու համար, երբ դանակը չի գտնեն, ըղունկնին կը գործածեն։ Կարապետին քոյրն էր այդ բարի կնիկը։ Ան ատենէն ի վեր որ իր աղբարը անյայտացեր էր Լուսիկէն մերժուած լակոտներուն սադրանքներէն, ինք տակաւին իր հարսնցուին համար, առջի օրուան եռ գուրգուրանքովը կ’ապրի։ Աս հանդիպումներով երբեմն Տալը լեզուանիութիւն մը փորձելու վիճակին մէջ, է՛հ, Լուսի՛կ կ’ըսէ, ինչո՞ւ պիտի մտմտայիր, չե՞ս լսեր որ «ջուրին տարածը, հովն է բերեր»։

Լուսիկն ալ խելք ունենար ու խորհէր թէ իր սիրականը տանող ջուրը Նեղոսի պէս ջուր մըն է եղե՜ր…։

Հանգչեր էր գիւղին տղոց սիրտը, բայց ամենեւին բան մը չէր անցեր ձեռքերնին։

Աղջիկը ինքզինք, իր միսը կերեր, անոնց էն կատաղիին բերանը խածօն չէր տուեր։

Կարապետին երազովը, արեւին տակ, ան իր ոսկի թերափին պաշտանքովը միայն կ’երերար ու որոշեր էր մնալ այնպէս, եթէ նոյն իսկ իր միսէն ետքը, իր ոսկորներուն հալիլը զգար։

Հալեր էր այսպէս ու սակայն օր մը ինքզինքը մէկուն չէր յայտներ, որ փորձուէին իր փէշերուն, ու վեր՝ հետզհետէ իր կուրծքին վրայ կորեկ ցանել։

Հիմա այս աղջիկը իրենց բրշակին նեղկեկ երդիքներէն, դէմի լեռներուն թռչունները, անոնց անցքը ու անոնց միտքէն անցածը կրնայ սերտել։ Քսան, քսանը մէկ տարեկան աղջի՜կ մը։

Բայց եթէ աս ցաւերուն մէջ կար հատ մը, որ մահու չափ դժուար, ու կ’սպառնար զինք ողջ ողջ գերեզման նետել, յիմար մօրը մռմռթուկն էր, որ անկողնէն ելլելէն ի վեր կախեց ու կախեց ականջին, աղջի՛կս, ա՛լ չի տարուիր աս վիճակը, գեղը դատախազ կայներ է, կարգէ, խալըսիր կ'ըսեն».

Ժամէն դարձաւ այս խօսքը, աղբիւրէն եկաւ, աս խօսքը, աս տռտռուկը միշտ։

* * *

Կ’անցնի երեք-չորս ամիս, գեղին պատտկտիքներէն յիսունն անցուկ հլլկած ծերուկ մը դուրս կուգայ, Լուսիկենց տունը կը հարցնէ։

Այս մարդը մինչեւ ատ տարիքը ամուրիի կեանքը ապրող այն սոսկալի խառնուրդներէն է, որոնց միայն ճկոյթին պատմութիւնը գիշեր մը, երկու գիշեր լուսցնելով չի հատնիր։

Ու հիմա ո՞վ գիտէ, ի՛նչպէս իր փտտած կոճին մէջ փոսուռային կայծի մը պոռթկումը զգալու երանութիւնով, ոտքի վրայ կուգայ՝ հասուկ աղջիկը կը բնտռտէ։

Հասցէն ալ ձեռքն է շիտակ, Լուսիկենց տունը ու Լուսիկը ահա։ Կը հասնի առաջին վայրկեանին անմիջապէս, խոստումներու մանր ու խոշոր հատիկները ափ մը աւազով ալ համրուին, վերջ չեն ունենար։

Շատ դուռ ճանկռտեր է, շատ քարոզ իր ունեցածին ու մեծ մարդու համբաւին վրայ, բայց ինքզինք տեղ մըն ալ չէ բռնցուցեր։ Ճուհար որ աղքատ տնուոր մըն է, հասուկ աղջիկ ունի, չպիտի՞ հաւնէր իրեն։

Աղքատ այրի մը, չպիտի՞ ուզէ որ աղջիկը վերջ մը բերէ պարապ սպասումին, ու գայ իր ճոխ տունին մէջ, խաթունի բարձի մը կռթնի։

Մեր աս տուժիկը, չերկնցնէինք, քանի մը այցելութիւններով, կը յաջողի վերջապէս, նշանը կուտայ, ու տասնհինգ օր վերջը, Լուսիկ պսակի կը քաշուի այնպէս, ինչպէս դանդաչող գինով մը որ քաշած տեղդ կուգայ ու երեսիդ ալ չնայիր։ Մայրը գոհ մնա՞ց եղածէն, է՛հ, գոնէ ան էլին լեզուէն ազատեցան։ Թոնիրին եզերքը աս մտմտուքներուն մէջ, դեռ իրեն համար ալ կը խորհի նոր չիթ մը փոխել գլխուն վրայ, եթէ բաղդը իր երեսին ժպտի ու իր ձեռքն ալ համտերտ խնդրող մը երեւան գայ։ Խաւրծիլի պէս թարմ միս ունի դեռ, մինակ առնել, նստիլ չըլլար, եթէ առաջները անհիմն էին իր պատիւին շուրջը դարձած զրոյցները, վաղը ալ անոնցմէ օձիքը չպիտի ազատէ։ Տրտում լռութեան մը մէջ, ինքն իր մէջը տարուբերուելու վայրկեանի մը, դռան ճռինչը յանկարծ դուրսէն եկողի մը ներկայութիւնը կ’իմացնէ, վեր կ’առնէ գլուխը, ծալուած թուղթ մը կը նետուի առջեւը, ու թուղթը տուողը անձայն, ոչ իսկ բառ մը ըսելով, կ’անյայտանայ։

Ո՞վ պիտի խրկէր այս գիրը, դուրսը ո՛չ բարեկամ, ոչ ազգական ունի։ Շատ կը յոգնեցնէ միտքը, առեղծուածը չի լուծուիր։

Բարին, կ’ըսէ ու նամակը գրպանը կը նետէ։

* * *

Դէմի տօնը Ս. Սարգիս՝ առաջին անգամն է, Լուսիկ մարանցը տունդարձ կ’երթայ։ Առջի օրը, առաջին անգամ մօրը ձեռքը իր ափին մէջ՝ անսիրտ համբոյր մը կ’ընէ, որ չի զսպուած փղձկումով կը վերջանայ։

Լուսիկ ի՞նչ չունի ատ արցունքներովը իր մօրը ձեռքը լուալու։ Ճակատագրին մուրը իրեն ու մօրը համար, այսօր աւելի սեւ կ’երեւայ երէկինէն։ Մայրը, հոս՝ լքուած առանձնութեան մէջ խշխշալու ատեն, ինքն ալ անդին գիժ ծերուկին խեչափառի ճանկերուն մէջ կը ճզմուի։ Պիտի փոխուէ՞ր վիճակը, երբ յայտնէր, երբ գոնէ մօրը յայտնէր ան մարդուն կուշտը իր համր, անխոստովանելի թշուառութիւնը։ Ու միւս կողմէն խորհելու ատեն, երբ գլխուն մազերուն, երբ ամբողջ մարմինին հրդեհուիլը կ’զգար, Կարապետը իրա՞ւ է որ անգամ մըն ալ հովին թեւերուն վրայ պիտի տեսնէր։

Այս արցունքոտ քմըտուքներուն ետեւէն մայրը միեւնոյն էմէքտար վարժապետը կը կանչէ ու գիրին մէջ բնտռել կուտայ մխիթարութիւնը։ Այս նամակին վրայով ալ երէկ, առջի օր խօսք բանալու ատեն չէր գտեր տակաւին։

 

«Օրիորդ Լուսի Աւետիսեան,

Մօրս մեռնելէն ի վեր, երեք տարիներ անցեր են, վէրքերուս բերանը գոցուած չէ տակաւին։ Անոր մահուանէն յետոյ այն որոշման եկայ, որ չի դառնամ ծննդավայրս, թէեւ զայն կարօտցած ըլլամ եւ որուն եթէ քարն ու գուղձն ալ ձեռքս անցնին, խնձորի մը պէս պիտի շփեմ երեսիս։

Ատեն մը աս որոշումս պինդ պահելու համար ես զիս գործիս մէջ մոռցնելու փորձը ըրի։ Այդ կերպով կը մոռնայի երկիրը, իրաւ, բայց ճար չեղաւ որ սիրտս անհանգիստ պահող բանը վերջանար, այդ բանը մօրս մահը ըլլալը հաւատացի, բայց չէ՛, Լուսի, քու անմեղութիւնդ էր ան, որուն հաւտցեր էի եւ որ խոստովանիլը ինծի անգամ մը դժուար եկած էր ու կ’ուշանայի խոստովանելու։

Այս մեղքս քաւելու համար, չորս տարիներու չարչարանք մը անցուցի, քեզմէ հեռու մնալով ու բոլոր ուժովս աշխատելով որ սրտէս դուրս պոռթկալու եկող սիրուս ձայնը լռեցնեմ։ Հոս նոր արհեստ սորվեցայ, դրամի տէր եղայ, փառք Աստծու, բայց նոյն խռոված հոգին ունիմ։

Երբ վերջին պահուն գեղէն եկող մը հասկցուց որ իմ ճամբուս, ինծի կ’սպասես, ատ իմացումը, աւելի նոր կրակ մը եղաւ ինծի։ Այդ կրակը մարելու համար, եթէ ճար ճամբայ գտնես, գրէ, հասկցուր ինծի թե՝ ներեր ես ըրածիս։ Որով ես ալ քեզ, քու մօրդ հետ հոս բերել տամ, քեզի հետ երջանիկ կեանք մը կ’ապրէինք»։

ԿԱՐԱՊԵՏ…

 

Մայր ու աղջիկ նամակին ընթերցումէն ետքը, երկու քարերու պէս, քով քովի, իրարու երես կը նային միայն, երկուքն ալ համրեր, «ի ծնէ» համրեր երկուքն ալ։ Շատ վերջը աղջիկն է լռութիւնը խզողը, որուն լեզուն, մատ մի միսի կտոր, մահաբոյր թուրի մը պէս կը խրուի մօրը կուրծքին։ «Ինչո՞ւ չի համբերեցիր, ինչո՞ւ աս ձիւնը բերիր գլխընուս, աղջիկդ եթէ հոտած դիակի մը պիտի ծախէիր գերեզմանն աւելի աղէկ տեղը չէ՞ր կը կարծես»։

* * *

Եգիպտոսի Առաջնորդարանին բակը մեծ բազմութիւն մը խռնուած է, որ Առաջնորդ Հայր Սուրբին ու կարգ մը ուրիշ փչուած փորերով պատուաւորներու ներկայութեանը, դիազննութեան գործողութիւն մը կը դիտէ։ Հոս ատամնաբոյժն ալ իր դիրքին վրայ կ’երեւնայ։

Տոքթորը մինակ կը կատարէ գործողութիւնը, ինչ որ կը մատնէ թէ՝ աղքատ մըն է այն քճքճուածը։ Շատերը հետեւանք մը լսելու անձկութիւնով, երկինքէն վրանին քար ալ թափի, չպիտի շարժին։ Անձայն, շնչահեղձ սպասում մը։

Ժամ մը կ’անցնի չանցնիր, Տոքթորը իր արնոտած գործիքները սպասաւորին յանձնելէն ետքը, Առաջնորդին կը դառնայ, կը յայտնէ վարպետի վճռող շեշտով մը, « վախէն մեռեր է »…. ։

Իրիկուան մօտ, բզքտուած միսերուն կտորները կտաւի մը մէջ կը լեցնեն, գերեզման կը փոխադրեն։ Դէպքը մոռցուած էր։

* * *

Միւսիւ Կարապետ թղթատարին կ’սպասէր ու ոչինչ չէր առներ, սպասաւորը վերջին շաբթուն՝ իր թանկ բռատիկը [6] կ’ուզէ, նամակ մը ու Լուսիկէն ապահովապէս։ Լուսիկին պատասխանը, բայց ինչո՞ւ այդչափ ուշ։ Բարեւ շատ բարեւներէն ետքը, աղջիկը կ’իմացնէ միւսիին թէ՝ իր մայրը տունէն հեռանալու փափաք չըներ. ինք առանձին պիտի գայ, եթէ ճանբու ծախք մը ունենայ։

Նամակին մէջ կը յիշէ երեք-չորս տարիներու կրած հոգիի տառապանքը ու երազները այն կարմիր-կրակ, որ ամէն գիշեր իր գլուխը կ’այրէին ու ինքը բան մը չընելով, իր ճակատագրին վրայ ու կորուստին ետեւը լացող մը կը մնար միայն։

Ուրիշի մը հետ ամուսնանալը յայտնող ակնարկ մը չըներ այս տողերուն մէջ, քանի որ կասկածելի բարեբաղդութիւնով մը, աս պատասխանը գրելու պահուն, ծերուկ ամուսինը արդէն շաբթուան մը հանգածը եղեր էր։

Լուսիկին աս յայտնութեան վրայ մարդուն սիրտը թունդ ելած, ճանբու ծախքը պէտք եղածէն շատ աւելի խրկեր էր անոր։

* * *

Եգիպտոսի այրող արեւին մէկ շատ տաք օրը, կէս օրին, որ ատեն, կ’ըսուի, Արաբ ֆելլահը հաւկիթը ձեռքի վրայ բռնելով կը խաշէ, միւսիւ Կարապետ տանը վերնայարկը ելեր, ճակտին համար բուռ մը պաղ հով կը բնտռէ։ Յիմարի բնտռտուք մը պարզապէս, ներսէն եղած հրայրքը ինչո՞վ պիտի մարէր։ Տանը այդ բարձրութեան վրայ կայնած՝ Լուսիկին հէնց ստուերը տեսնելու անհուն ըղձանքովն ու անձկութիւնովը, դանակ ալ զարնէր սրտին՝ կաթիլ մը արին չպիտի ելլէր։

Ինչո՞ւ չեկաւ, ճանբուն ծախքը պակա՞ս մի խրկեր էր։ Մայրն ալ չըլլէ՞ր արգելք մը։

Ատ իսկ միջոցին, ատամնաբոյժին սպասաւորը Աղէքսանդրիայէն դարձած՝ տարօրինակ բաներ մը կը պատմէ։ Հայ աղջնակ մը իր բնակավայրէն մինչեւ Աղէքսանդրիա, ո՞վ գիտէ ինչ ահռելի չարչրկանքներով հասեր, անկէ Գահիրէ տանող ճանբուն վրայ, խումբ մը Արաբ աւազակներու կը հանդիպի, որ զինքը մօրմէ մերկիկ կողոպտելէ ետքը, պիտի անհետացնեն ալ եղեր, բայց փախեր է, ու աս խուճապին մէջ, ետեւէն պարպուած հրազէններուն գոռումէն վախնալով, հոն մէկէն ընկած տեղը կը մնայ։

Տոքթորը ահա այս ահաբեկ աղջկան՝ Լուսիկին դիակն էր որ կը կտրտէր ատամնաբոյժին իր իսկ ներկայութիւնովը ու այն բակէն, անոր առջեւէն շիտակ գերեզման կը խրկէր։ Միւսիւն նոյն պահուն ճանչնար գոնէ իր զոհը ու փառաւոր թաղումով մը, խորունկ փոսի մը մէջ, անոր հետ ունեցած իր անել, անիրաւ հաշիւներն ալ հողէր գոնէ։

Անկէ վերջը, կ’ըսեն, աս զգայնիկ փափկանկատ միւսիւն Լուսիկին մօրը ապսպրանք մը ընելով, ըսած է եղեր, Ե՛Ս ԿԱՏԱՐԵՑԻ ԻՄ ՊԱՐՏՔՍ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1902



[1]            Թնճկած մազեր։

[2]            Տարեկան պաշար, պարենաւորում։

[3]            Կոկորդ։

[4]            Կնիկները երբեմն իրենց գեղերուն անուններովը կը յորջորջուին։

[5]            Թօշնած։

[6]            Կորուստ մը գտնողին տրուած միւժտէն: