ՏԱՆԻՔԻՆ
ԱՂՋԻԿԸ
(Հովուերգութիւն)
Արեւը
Խաչօ-Մելիքենց
բլուրն
ի
վար
արագ
արագ
իր
մուտքը
կ՚երթայ:
Ծղրիթները
ասկէ
անկէ
վերահաս
գիշերին
սուգը
եղերերգելու
անսիրտ
սկսուածք
մը
կ՚ընեն:
Իրիկուն
կը
պոռայ
աքաղաղը,
ժամկոչն
ալ
իր
փայտէ
կոչնակին
բութ
թիք
թաքովը
կլոր
կլոր
իրկուն
կը
«ձէնէ»:
Ծառաստանին
շուքը
պարուրած
է
արդէն
հունա
արագիլին
ալ
թառը,
որ
կիսաւեր
տունի
մը
ծխանին
կատարքը
շիներ
է:
Արագիլին
բոյնը,
երբէն
ի
վեր
է,
ինք
չիկայ
հոն,
ու
անտէր
բոյնը
շաղփաղփ
ճղճղուկներուն
հով,
հանգիստ
զբօսավայր
մը
կը
մնայ:
Քիչ
մը
ետքը,
ցորեկի
ամայութիւնը
կեանքոտ
ժխորի
մը
տեղ
կուտայ,
նախիրին
գոռում
գոչումը
պիտի
սկսի:
Նոր
ծնածները
խաղալէն
խեղկտալէն
իրենց
մայրերը
պիտի
դիմաւորեն,
հորթը,
ուլը,
գառնուկը,
ուռուցիկ,
կաթնածոր
ուրերու
[1]
վրայ
պիծակներու
պէս
պիտի
փակչտին:
Ուրերը
ուռուցիկ
ու
կաթով
լեցուն,
զմրուխտ
սէզերուն
հետ
վայրի
բաղեղին
ու
խնձոր
[2]
խլորեկներուն
անուշ
հիւթովը
շէնցած
են:
Բակին
տեսարանը,
ոչխարներու
բակին
եռուզե՜ռը,
այն
պահուն,
երբ
մայրերն
ու
ձագտիքը
կարօտցած
իրար
կը
գտնեն
յանկարծ:
Անդին
ծերուկ
մաման
բո՛ւֆ
բո՛ւֆ
փիլաւին
կրակը
կը
հրահրէ.
ծխաններէն
վեր
մուխերուն
ծառ
ծառ
վերելքն
ու
կազմած
ճիւղերը,
այնչափ
մօտը
կանանչ
ծառաստանին,
կապոյտ
ծառներով,
կապոյտ
անտառի
մը
պատրանքը
կուտան:
Բանւոր
տղաքը,
հարսները
յոգնածի
նազոտ
կոտրտուքներով,
իրենց
մեծերէն
դիժար,
իրաւացի
պահանջներ
մը
կ՚ընեն:
Պահանջներ,
կատակներ
ու
պզտիկ
հարսին
անճրկութիւնը
ակնարկող
հեգնութիւնները
շաչող
ծիծաղներով
ընդմիջուած,
երկինքէն
անցնող
ճուռակներուն
ցրուուն
ճռինչները
կը
յիշեցնեն:
Կեսուրը
հարսին
մէկուն
հիւսքը
կը
շոյէ
բուխ
գորովանքով,
այն
միւսին
մատին
պատատը
կը
կապէ,
ուր
մանգաղը
հետք
մըն
է
ձգեր,
պզտիկ
հարսին
խոստում,
երդում,
որ
Շաբաթ
իրիկուն
մարանցը
խրկէ:
Զուա՛րթ,
զուա՛րթ,
զուա՛րթ,
դաշտէն
տունը
այսպէս,
տունէն
դաշտը
ծծղերես:
Տարին
որ
կ՚անցնի,
յաջող
տարի
մըն
է
եղեր,
լոպը,
մարախը,
սերմնաքաղը
վնաս
մը
չեն
տուեր
ցանուածին,
մէկը
տասը,
մէկը
տասնհինգ
ու
աւելի
արդիւնք
կը
խոստանայ,
մանգաղին
արծաթ
բերնին
վրայ
ոսկի
հունձք
մը
ու
նմանը
քիչ
անգամ
տեսնուած:
Երդիքին
տակ,
ճրագլուսուն,
բանւոր
ընտանիքը
իր
մեծերովը
պզտիկներովը
լայն
առանձին
շրջանակներով
սեղաններ
կը
բոլրեն,
դգալներուն
շարժքը,
ելեւէջքը
դարբնոցին
մուրճերուն
գործունի
շարժունութիւնը
ճիշդ:
Կ՚ուտեն,
հեւալով
կ՚ուտեն,
արտորնօք
ու
ախորժով
կը
թխմեն,
չոր
հացին
պատառը
շաքրէ
կարկանդակի
մը
համովը
կը
հալի
բերուընուն
մէջ,
ու
կարմիր
կուժին
զուլալ,
պաղ
ջուրը
ծարւած
եղջերուին
խանձումովը
բերուընուն
բռնած՝
կարմրդարի
գինիէն
ալ
անուշ,
կազդուրիչ
է
կ՚ըսեն:
Հալալ
վաստակ,
հալալ
վայելք:
Սեղանը
կը
վերջանայ,
փշրանքները
կը
ժողվուին,
հէնց
ատ
փշրանքներէն
խոշոր,
ահագին
սակառներ
կը
լեցուին:
Քրտինքով
օծուած
աշխատութեան
հացն
է,
որ
չսպառիր,
ու
դեռ
ատ
հացին
յետին
թափթփուքներովը
փողոցին
անօթի
շուներն
ալ
պիտի
կշտանան:
Հացէն
ետքը
հանգիստ
մը
տանիքին
վրայ:
Այդ
անծածք,
աղուոր
ննջարանը
գեղացիին,
որուն
մէկ
ծայրէն
միւսը
նետ
նետես
գետին
չիյնար,
դուր
դաշտի
մը
երեւոյթը
ունի,
ուրկէ
ծոթրինին
հոտովը
խնկուած
իրիկուայ
հովերը
կը
ճամբորդեն
եւ
որուն
վերօքը,
իրենց՝
աս
արեւորդիներուն
ընտանի
լուսնակ
քեռին
[3]
է
որ
կեցեր
հոն
այնքան
մօտ,
կաղամախիներուն
գլուխը,
վկայ
մը
կ՚ըլլայ
տանիքին
բազմութեան
անցուցած
աշխատալի
օրուանը,
վկայ
մը
անոնց
խորունկ
քունին:
Տանիքը,
անկողիններու
երկայնքին
փռուած,
ու
քարի
չափ
կարծր
բարձը
մէջքերնուն,
որուն
ա՛լ
վարժուեր
էին,
կը
թողուն
պահ
մը
վարինները
ու
իրենց
վերի
դրացիներուն՝
լուսունկային
դիմացը
կը
թարթեն
աչուընին:
Ու
վայրկեան
մը
լուսունկային
դարձած,
անոր
հետ
իրենց
հեռաւորներուն
բարեւ,
շատ
բարեւներ
կը
խրկեն,
կարօտով
բարեւներ,
սիրավառ
ոսկի
ժպիտով
բարեւներ:
Մեղադրանքներ,
խոստովանանքներ,
կրակ
ու
բոց
երազներ,
զոր
արտայայտող
բառը
ոչ
լեզուի
վրայ
կայ,
ոչ
գիրքի
մը
փաթը,
ծրարւուկ,
ամէնքը
ան
իրենց
լուսնակ
քեռիին,
ծերուկ
լուսնակ
քեռիին
ծիրանափայլ
փէշը
նետելով
թեթեւցած,
մխիթարուած՝
անկողին
կը
մտնեն:
Ժամերը
կը
սահին
մեղմով,
յարդգողը,
եօթնաղբարը
ա՛լ
նոյն
տեղերը
չեն
երեւնար:
Իրիկուայ
թեթեւ
հովերը
յոգնած,
ուժաթափ
հոն
կանաչ
տերեւներուն
ծոցը,
թաղին
քնացողներէն
աղուորին
ծոցը,
իրենք
ալ
աղաչողի
փսփսուքներով,
հանգիստ
մը
կը
փնտռեն:
Արթուն
մնացողը
այն
բուն
է,
կ՚երեւայ,
որ
այն
կողմը
լքուած
աւերակի
մը
ամայութիւնը
կուլայ,
այն
ծղրիթները,
այն
«գիշերի
ձայները»,
որ
մանկանց
օրաններուն
ու
պառաւանց
անկողիններուն
համար
գինովցնող
քներգը
կ՚երգեն:
Տանիքին
անդիի
ծայրէն,
այն
անշարժացած
անկողիններու
շարքը,
ծալուող,
ճմռթկուող
վերմակի
մը
զգոյշ,
մեղմիկ
դբռտոցքը
կը
լսուի
անձկոտ,
անհանգիստ
շարժումի
մը
նշանները
կան
այն
կողմը:
Այն
կողմն
ալ
աղջիկ
մըն
է
քունին
դէմ
ոգորողը,
երէկ
ալ,
այսօր
ալ
արթուն
կը
մնայ,
կ՚սպասէ,
որ
իր
սիրած
տղուն
հարէնը
կալերուն
դիէն,
մէյ
մըն
ալ
լսէ,
այն
ձայնը,
մէյ
մըն
ալ
առնէ
ու
խբէ
իր
էրած
հոգիին
մէջ
ու
այնպէս
նետէ
իր
գլուխը
բարձին:
Ամէն
գիշեր,
երբ
արար
աշխարհք
քուն
կ՚ըլլայ,
հոն
լուռ
ցուիքներուն
եզերքը,
դաշտերու
այն
սիրահալ
աղջիկն
է,
որ
«թարթիչ»
վրայ
չի
բերեր»,
արթուն,
միշտ
արթուն,
երկու
քուրուըտոց
[4]
խորհուրդ
կը
հարցնէ.
օր
մըն
անոնք
ալ
իրենց
ցաւերը
ունէին,
իրեն
պէս
բռնի
նշանուածներ՝
չսիրածներուն
հետ:
Ինք
ալ
հիմա
այն
տեսակ
տարտով
մը
կը
մրկուի,
«փախի՞լ
իր
ուզածին
հետ՝
թէ
ճակատագրին
համակերպիլ»:
Աչքերը
սեւեռած
շեշտ
ան
երկու
քուրուկներուն,
ականջն
ալ
կալերուն
կողմը,
իր
սիրած
տղուն
կողմը,
կ՚սպասէ
երկար,
գիշերին
բոլոր
մթութիւնը
իր
հոգիին
մէջ
լեցնելով,
կը
սպասէ
երկար
իր
անկողնին
մէջ
քարացած
պատասխան
մը,
արձագանգ
մը
իր
թնծկանքներուն
—
երբե՛ք,
երբե՛ք:
Ու
խեղճ
աղջիկը
այսօր
աւելի
ջախջախուած
քան
երէկ,
կուրծքը
գիշերի
հովին
առջեւը
բաց
ձգելու
վիճակին
մէջ
կը
դնէ
յուսահատ,
հովին
հիւրընկալը
կ՚ըլլայ,
ատ
հովը
շունչը
գուցէ
իր
սիրած
տղուն,
իր
բամպակ
լանջին
վրայ
կը
սեղմէ,
անոր
հետ,
գիշերն
ի
բուն
անոր
հետ,
անվերջ
համբոյրներ,
անհուն
սրտազեղում
ու
կարօտի
փարումը
իր
ուզածին
հետ,
այնպէս
կը
լուսցնէ
գիշերը
տանիքին
աղջիկը:
«Մասիս»
1902
[1]
Ուր
-
կթան
չորքոտանիներուն
ծիծը։
[3]
Մայրերը
երբ
իրենց
պզտիկներուն
լացը
պիտի
դադրեցնեն,
մատով
անոնց
լուսնկան
ցուցնելով
կ՚ըսեն.
«Լուսնկայ
քեռի
(մօրեղբայր),
մեր
տունն
եկուր,
մեր
մօտն
եկուր,
չամիչ
բեր
Կարապետին,
նուռ
ու
խնձոր
բեր
մեր
տղային,
չէ
նը,
ա՛ռ,
ձեր
գիւղը
տար»։
[4]
Զոյգ
մը
լոյս,
հարաւի
կողմը։