Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

87. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳՕՆԻԱԼԵԱՆ.

Ծն. Կեսարիա 1877ին։ Կրետէ կղզին 7 տարի դերձակութիւն ընելէ վերջ՝ Սահմանադրութեան հռչակումին Պօլիս կուգայ եւ կը շարունակէ իր արհեստը, որուն մէջ ունէր եզական համբաւ։ 1913ի Լօնտօնի ցուցահանդէսին մրցանակ ստացած էր, ճերմակ ապրշումով կտրած (եւ կարերն անտեսանելի) սմօքինկի մը համար։ Դաշնակցական։