Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԳ

Այդ վարի լեռնէն ի վար ջուրն ի շինուդ մէջն անցանէր.
Թուխ մանուկ մի դուրս ելեր ձեռքն ու զերեսն է լըւացեր. Լըւացեր ա՜յ լըւացեր,  դարձել ի ջուր հարցունք եղեր.
– 
Ջուր,  դու ո՞ր լեռնէն կուգաս,  իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։ –  Ես ի յայն լեռնէն կուգամ որ հին ու նոր ձիւն կայ վերան։

–  Ջուր,  դուն ո՞ր առու կ՚երթաս,  իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։ –  Ես ի յայն առուն կ՚երթամ որ փունջըն շատ է մանուշկին։
–  Ջուր,  դուն ո՞ր այգի կ՚երթաս,  իմ պաղո՛ւկ վըրիկ ՚ւ անուշիկ։ –  Ես յայն այգին կ՚երթամ որ տէրն ի մէջն է այգեպան։

–  Ջո՛ւր,  դուն ո՞ր պախճան կ՚երթաս,  իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։ –  Ես ի յայն պաղչան կ՚երթամ որ պուլպուլն քաղցր եղանակէ։
–  Ջո՛ւր,  դուն ո՞ր տունկ կու ջըրես,  իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։
–  Ես ի յայն տունկըն ջըրեմ որ տակըն խոտ բերէ գառին։

–  Ջո՛ւր,  դուն ո՞ր աղբիւր կ՚երթաս,  իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։ –  Ես ի յայն աղբիւրն երթամ որ գայ քո եարըն ջուր քըմէ,
Դէմ գընամ դունչըն պագնեմ,  սիրովըն հապա գինանամ։