Հայրէններու բուրաստանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՏՈՒՆԻՆԵՐ [1]


Ես այս գիշեր դուրս ելայ մութ գիշեր, չիկար լուսընկայ.

Իմ եարն ալ վերէն ի վար, ձեռքն ունէր ոսկուն մաշալայ։

Թեւէս բռնեց տուն տարաւ, դուռը դրաւ՝ ախիկն ի վըրան.

Սփռեց էպիւշիւմ խալի որ վործած տեսերկու տարի.

Ձըգեց սէրասէր սէտիր, իշլէմէ բարձերն էր վըրան.

Ձըգեց խուշ թիւյիւ տէօշէկ, մարգըրտէ եոռղան ի վըրան։

Սազեց խուշ թիւյիւ տէօշէկ, մարգըրտէ եոռղան ի վըրան։

Սազեց ի ոսկուն սեղան, հաւ խորւած՝ կաքաւն ի վըրան.

Բերաւ նըռան հատ գինի, որ գոյնը զիր գոյն կը նմանի.

Ինծի որ խողող պիննար, ես պապիս մառանէն կ՚ուտ՚ի.

Ինծի որ եար չիպիննար, ես ալ հոս ի՞նչ բան ունէի։

 

******

Ես աս գիշեր դուրս ելայ. մութ գիշեր, չիկար լոսընկայ.

Բռնեցի բարակ ճամբէն, հետ գացի ու հետ լուսացաւ։

Ծառուկ մը ծաղկած տեսայ, խիստ կարմիր խնծորն էր վըրան.

Իմ տԷ՜ր ողորմած Աստուած, դո՛ւն պահես խնծորն ի ծառին։

Սեւ օձը պատին տըկէն աչք կ՚անէ կարմիր խնծորին,

Իմ տԷ՜ր ողորմած Աստուած, դո՜ւն պահես խնծորն ի ծառին։

 

******

Ճէպէդ ու ծոցէդ կ՚ուզեմ, էճապ նո՞ւռ տի տաս թէ խնծոր։

—Եկուր քեզի նուռ մը տամ, կոտրէ՛ տես քանի՞ հատ ուին,

Ամէն հատի պագ մը տուր, էւէլը հէրամ թէ պիտի։

Նուռ կայ՝ հազար հաի ունի, հազար պագն ո՞ւսկի կու լինի։

—Երկու սէրն որ մէկ լընի, հազար պագը թէզ կու լընի։

 

******

—Մարի՛կ, Աստուծուդ սիրուն, ան աղուորն ինծի եարար է։

—Երթամ, գիր անեմ խրկեմ, տեսնամ թէ պապուկն ի՞նչ կ՚ըսէ։

—Հընչաք գիր անես խրկես, ան աղուորն ինծի ո՞վ կուտայ,

Ունի պէզիրկեան բեռներ, կու բեռնայ, կ՚ելլէ ու կ՚երթայ։

 

******

—Ջըրի՛կ, ո՞ր ակնէն կուգաս, իմ պաղուկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։

—Ես ալ ան ակնէն կուգամ, հին ու նոր ձըներ կայ վըրան։

—Դարձի՛ մեր պաղչան երթանք, վարդ ու նուռ ունիմ ջըրելու.

Վարդս ու նուռըս ջըրելու, ու ռահանս է կոզ կապելու։

Քաէիմ ու թեստէ անիմ, արմաղան ղրկեմ խարիպիս.

Առնէ ու քնթին դընէ, թիւլպէնտին փաթերը շարէ։

 

******

—Մարի՛՛կ, ի՞նչ արի քեզի, ինձ ճամբու դըրիր թէ՝ գընա՛.

Ոչ պագ մը պաշար դըրիր, ոչ երկու ծոցուդ նաւալայ։

Մարի՛կ, դուն ինչո՞ւ կուլաս, դուն ի քու տունը տի կենաս.

Թող երթայ խարիպը լայ, տուն չունի՝ ո՞րտեղ տի կենայ։

 

******

Հա՜յ իմ խատուտիկ հարսնուկ, դուրս կ՚ելլես՝ գօտիդ մի՛ կապեր.

Կապես ալ նէ՝ թուլ կապէ, որ հովը տարուբեր անէ։

Հա՜յ տարուբեր , տարուբեր, գէշը տար ու անուշը բեր.

—Ես ոչ գիշուն տանողն եմ, ոչ աղուոր կուտան որ բերեմ։

—Գիշուն աղուոր մ՛որ չիտան, տասը գէշ տա՛ր, աղուոր մը բե՛ր։

 

******

—Հա՜յ իմ խատուտիկ հարսնուկ, ջրեզերքին դուն ի՞նչ բան ունիս։

—Նստեր եմ բարակ ճամբուս՝ կը նայիմ կարմիր ճամբորդուս։

Փրթաւ խարիպըս կուգայ, ճակտին ի մորթէն քըրտընած.

Հանեցի ծոցուս չիրվէն, ժողվեցի քրտինքն երեսէն։

 

******

Ես այսօր պաղչան գացի, նըռնենին ի վեր նայեցայ,

Իմ եարն ալ պառկուկ տեսայ, լաֆուռ շալ եոռղանն էր վըրան։

Լաֆուռ շալն որ դէն տարի, ծով աչօքն ասաց թը՝ գընա՛,

Գընա՛ գիշերով եկուր, հաւը քուն ու մարդ չիմանայ.

Մենք ինչեխ տիւշման մ՚ունինք, մրջինին գալը կ՚իմանայ։

 

ԱԿՆԱՅ ԱՆՏՈՒՆԻՆԵՐ

Խալտեցայ խալատ մ՚ըրի, իմ ծոցուն բազան թըռուցի,

Ելայ ետեւէն գացի, կէս ճամբէն պագիկ մը առի.

Ան պագին քաղցրութենէն բըռընկեր իմ սիրտս ու կ՚երի.

Ինձ կուտան շէռպէթ թը խըմէ՚.

Ես ան շէռպէթն ի՜նչ ընեմ, իմ վառած կըրակն է քենէ։

 

******

Աստղիկ մը երկնուցն ի վար կու սիրէ ձկնակն ի ծովուն.

Ո՛չ աստղիկն է վար գալու, ո՛չ ձկնակն ի վեր գընալու։

 

******

Խալտեցայ խալատ մ՛ըրի, պագիկ մը գէշէն ուզեցի.

Ան գէշն ալ ի նազ ելաւ  Չեմ ի տար, անունս կ՚աւըրի։

Աղուոր մը՝ ներսէն ի դուրս Ի՞նչ միննէթ կ՚ընես ատ գիշուն,

Պագիկն աղուորէն ուզէ՛, ան գիտէ խահրը կտրիճին։

 

******

Ծոցիկդ  առաւօտ նըման, առւօտուն շաղերն է ի վրան.

Երթամ բարկ արեւ լինիմ, գամ ցաթեմ շաղերըդ ժողվեմ։

 

******

Երթամ թուխ ամպիկ լընիմ, գամ ցաթեմ քու երդիցդ ի վրայ։

Ցածնամ ու ցօղիկ մը տամ քու ճերմակ կրծոցդ ի վըրայ.

Արթըննաս ու վեր իյնաս Ցօղի՛կ, աս ի՞նչ որ  կու ցօղաս։

—Ես անտեղ խարիպ մ՚ունիմ, ան կուլայ ու հոս կու ցօղայ.

Ցօղա՛, թուխ ամպիկ, ցօղա՛, ցօղալուն ատենն է հիմայ։

 

******

Երթամ խաժ կաքւուկ լընիմ, գամ թառիմ քու վէնճիրէիդ,

Իժուան ահ ու զար ընեմ, ֆիղանէս քունըդ չիտանի.

Որու քուն տանի տանի, իմ ու քու քունը չիտանի։

 

******

ԱՆՏՈՒՆԻ

Լուսընկան սարէն փըթաւ, զէտ կանաչ մոմը վառեցաւ.

Մէկ ճոթն ալ ի ծովն իջաւ, թուխ ամպը կարմըրեցաւ։

Պիւլպիւլն ալ պաղչան իջաւ, վարդենուն թուխը  թառեցաւ։

Բացաւ իր շիշէ բերնակ ու կանչեց դէմ որ լուսացաւ։

 

******

 

ԱԿՆԱՅ ԱՆՏՈՒՆԻ

Պիւլպւիւլն ի վարդին սիրուն չի լինիր գիշերն ալ ի քուն.

Ոչ գիշերն կու լինի քուն, ոչ ցերեկ կը մընայ արթուն։

Պիւլպիւլն ի վարդին շըքոյն կուտ կ՚ուտէ ՚ւ արցունք կու թափէ.

Կուտ կ՛ ուտէ ՚ւ արցունք կու թափէ, բունիկն ու տեղիկը կ՚ուզէ։

 

******

Պիւլպիւլն ի պաղչէն իջեր, վարդերուն թըփերն է թառեր,

Ինչ վարդ կայ՝ գլխուն դըրեր, անուշիկ հոտէն քընացեր,

Խորեատն եկեր ու վարդն է քաղեր։

 

******

ԱԿՆԱՅ ԱՆՏՈՒՆԻՆԵՐ

Թուխ աչք ու կամար ունքերդ զէտ ըզծով կու զարնէ ալի.

Բերնիկդ ի շիշայ նըման, որ վարդին ջըրովն է ի լի։

 

******

Սուխախովդ ի վար կուգի ու մէկ մի ինծի ձան կուտայ.

Դառնամ ի յետիս նայիմ, իմ եարն է կայնած շար շապկաց.

Զլաչկիկդ թուլումուլ կապեր, կէս ճակտիկըն թողեր ի բաց,

Թուխ աչուին ծարուր քաշեր, ատ քաֆրիկդ ելեր յօրինաց։

 

******

Աս աշխըրքիս ի վըրայ դու մատնի՝ ես ակն ի վըրայ.

Որտեղ պաղ աղբիր մը կայ, դու կանաչ՝ ես ցօղն ի վըրայ.

Խնծոր ես ծառին ճիւղին, ես կանանչ թըփիկն ի վըրայ.

Վախեմ թէ աշունը գայ, քեզ քաղեն, թուփըս չորանայ։

 

******

Երկու եարուկ զիս կ՚ուզեն, չի գիտեմ թէ ո՞րն է սիրուն.

Մէկը ցորեկուան արեւ, մէկալն ալ լուսին գիշերուն.

Լուսին, չեմ սիրեր ես քեզ, դուն սորվեր ես խոռ կենալուն.

Երթամ արեւը սիրեմ որ ծագէ լուսն առաւօտուն։

 

******

Ստեղծօղ, քու ստեղծած ծառան մի՛ մատներ ի ձկռըն սիրուն.

Թէ ձեռքն ի սիրուն ձըգես, մի՛ ձըգեր ի հալխին լեզուն։

 

******

Զիմ եարն իսմէ զատեցին, թոռմեցայ զէտ վարդի տերեւ,

Գընամ ի յօտար երկիր, չիցաթեց իմ սիրտն ալ արեւ։

 

******

Իմ հոգուս հոգի իմ եար, քանի իմ քովէն գընացեր,

Հոգիս ի մարմնուս ելեր ի մահուն  դուռըն գընացեր.

Վաղուէն մինչեւ իրիկուն կուլայի ու զքեզ կ՚ուզէի,

Գիշերը մինչեւ ի լուս քո սիրուն ես քուն չունէի։

 

******

Երթամ աղաչեմ Աստուած որ ինծի տայ աղըւնու թեւ,

Թըռչիմ ի հավան ելլիմ իմ եարին երդացն ի վերեւ,

Աչերուս արցունք թափեմ զէտ թաթաւ ու զէտ անձրեւ.

Իմ եարս ալ ի դուրս ելաւ, կարմիր էր զէտ վարդի տերեւ։

 

******

Երնէկ ես անոր կուտամ այս գիշեր ի ծոցդ է պառկեր,

Գրկիկը միջացդ ածեր ու բերնիդ բոլորն է պագեր։

 

******

Դէմ առաւօտուն լուսուն որ զօհալ լուսը մեծ կ՚ելլէ,

Իմ եարս ալ ի քուն եղեր ու մտկունք դըրեր գընալու.

Ձեռկունքս ալ ի դէմ առի, բռնելու հէնց արգիլելու.

Իլաց ու լալով ասաց՝ Գընալու եմ, չեմ կենալու։

 

******

Գընամ ու գընամ կ՚ըսեմ, հէնց ասեմ որ աւտալ չունիս.

Պաշրիկս ի յեփոց դըրի, դեռ աւատ չաւատ կու նայիս։

 

******

Թէ նուշ թէ շաքար ուտեմ, առանց քեզ իմ հալն է հարամ,

Թէ ապրիմ քըսան տարի, կու քաշեմ հազար տարու ղամ։

 

******

Ջուր կամ գինի պիտէի, որ ի քո սիրտըդ մտնէի,

Ներքեւ լեզուիդ անցնէի ու  ամէն տէրտըդ գիտնայի։

 

******

Եկու որ սիրենք իրար ու դընենք նըշան մատանի.

Ասկից ու հազար տարի, իմ ու քու սէրըն չըհատնի։

 

******

Բանամ զարծըթէ խաֆէսն, մո՛ւտ ի ներս ու տէվրան արա՛։

Պագիկ տանք ու պագ առնենք, մարդ ըզմեր սէրըն չիմանայ։

 

******

Ո՜վ իմ աղուոր լուսերես, ո՞ւր երթաս, քու ժամն է հէրամ.

Դարձիր մէկ մի իս նայէ, ահա ժամ ու լութֆի քէրամ.

Ուրտեղ ժամ նը՝ ան տեսնեմ, քեզ համար կօյնիմ ես ի ժամ,

Աղօթք աղաչանք անեմ մինչեւ քո ծոցուդ տիրանամ։

 

******

ՍԻՐՈՅ ԱՆՏՈՒՆԻ

Գամ կայնիմ ի քո դիմաց, լամ՝ լալով անեմ քեզ իմաց,

Ինծի գէմ սէր չէ պակաս, կամ ի քո սիրուն կարօտած։

 

******

Քո սէրն իմ սրտիս միջին հէնց մըտեր զէտ ոսկի բեւեռ,

Գնացեր ի սրտիկս ի ներս, լուկ փեռչին եղեր կեռումեռ։

 

******

Տեսայ իմ հոգուս հոգին որ կ՚երթար ի պաղչան ի վար,

Մանըր մանըր կու քալէր, կու քաղէր ծաղիկ նունուֆար։

 

******

Էպըրշում խալի ձըգեմ, ոսկի թել տօշէկն ի վըրայ,

Բարձիկ մը սուֆրա դընեմ, տապըկած կաքաւ մ՚ի վըրայ։

Շուշայ մի գինի բերեմ, ան  խըմեմ քու սիրուն վըրայ,

Հագնիմ ի շարէ շապիկս, որ շարէ ծիծերս երըւայ։

 

******

Սիրե՛մ այդ սիրուն երեսդ որ լուսին ի մօտն է գերի.

Պագնե՛մ ատ բարակ պռկունքդ որ շէքէրն ի քովն է լեղի։

 



[1]           Կոմիտաս վարդապետի ձեռագիրներուն մէջ որ Պոլսէն ղրկուեցաւ Փարիզ՝ Կոմիտասեան Յանձնաժողովին, գտնուեցաւ փոքրիկ հաւաքածու մը Ակնայ ժողովրդական երգերու. գիրը իրը չէ, հաւանօրէն իր Ակնցի աշակերտներէն մին է որ այդ երգերը հաւաքած եւ օրինակած է իրեն համար։ Այդ տետրակէն կ՚առնեմ քանի մը անտունիներ որ գեղեցիկ են եւ դեռ անտիպ, կամ որ շահեկան փոփոխակներ են արդէն ծանօթ անտունիներու։