Հայրէններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ/Լ. ՍՐՏԵՐԳ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ

* * *

Ա՜յ իմ կարմիր վարդ որդեակ,

Քեզ կասեն, թէ խիստ դեղնեցաւ,

Ա՜յ իմ շուշան սպիտկ,

Քեզ կասեն՝ արեամբ ներկեցաւ,

Աչերդ աղաւնոյ, որդեա՜կ,

Քեզ կասեն, թէ խաւարերաւ,

Շրթունքդ էր շուշան, որդեա՛կ,

Քեզ կասեեն, թէ արիւն ծրեցաւ,

Ձեռքդ էր հրաշագործ, որդեա՛կ,

Քեզ կասեն, թէ յոյժ թուլացաւ,

Տեսիլդ գեղեցիկ, որդեա՛կ,

Քեզ կասեն, թէ տգեղացաւ:

 

Դու էիր աննման, որդեա՛կ,

Որ բնւին չկայր քեզ նմանակ,

Թէ ասեմ Աբէլ պատարագ,

Նա ծառայ, դու տէր անքատակ,

Թէ ասեմ ազնիւն Իսահակ,

Նա տգեղ, դու լոյս արեգկ,

Թէ ասեմ Յովսէփն քատակ,

Նա յետին, դու նախկին զաւա՛կ:

 

Գ/ԼԱ

* * *

Կաքաւն ի քարին նստէր,

Կու ձգեր պղտոր արտըսունք,

Հրեշտակն ի վերովն անցաւ,

Թէ՝ «Ի՞նչ կու լաս, իմ հաւ թեււոր»:

 

Դարձաւ ու ճուապ յերետ,

Հա՜յ, գնայ, իմ ծուռ դատաւոր,

Ձագուքս ի բնէն առին,

Ո՛չ ի սար գիտեմ, ո՛չ ի ձոր:

 

Քո ձագն ի Անի տեսայ,

Ի Անի ու Սուրբ Նշանի,

Քո ձագտ՝ ի ծախողին գրկին,

Կու նյէր ի դէմ գնողին,

«Ծախեցէք ու մի՛ վախէք,

Վա՜յ հազար իմ կորսընօղին»:

Գընօղն ալ հարցունքս ընկաւ,

Թէ՝, «Քեզ ո՞ր մարտիկն է բերեր»:

Զիս մարիկն չի բերեր,

Գետ յորդան յաղբիւրն է բերեր,

Քաջ արձիւն՝ ծիծ տվել,

Սոս բազան է կըսկըցուցել:

 

Գ/ԼԲ

* * *

Ելեալ կարկաջէր կաքաւն,

Ելեալ կարկաջէր կաքաւն,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Ու գանգատ առնէր ձագերուն,

Ելայ ի սարերդ անկայ,

Ելայ 'ւի սարերդ անկայ,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Ի կանաչ դաշտըն նայեցայ,

Իջայ յորոգայթ անկայ,

Իջյ յորոգայթ անկայ,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

ի վարմի մէջըն պատեցայ,

Եկին, զիս ի վեր առին,

Եկին, զիս ի վեր առին,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Զմահաբէր սուրըն ցըցուցին,

Այս իմ կարմըրիկ կըտուցս,

Այս իմ կարմըրիկ կըտուցս,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Որ փողքովս ի վեր կըտրեցին,

Այս իմ կարմըրիկ արիւնս,

Այս իմ կարմըրիկ արիւնս,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Որ գետին ի վայր վաթեցին,

Այս իմ կարմըրիկ տօտիկս,

Այս իմ կարմըրիկ տօտիկս,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Կոճերովս ի վայր կըտրեցին,

Այս իմ հատ ու մատ փետրիկս,

Այս իմ հատ ու մատ փետրիկս,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Մէկ ի սար եղեւ, մէկ՝ ի ձոր,

Ա՛յն, որ ի սարերն անկաւ,

Ա՛յն, որ ի սարերն անկաւ,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Զայն ելւ քամին ու տարաւ,

Ա՛յն , որ ի ձորերն անկաւ,

Ա՛յն, որ ի ձորերն անկաւ,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Զայն ելաւ հեղեղն ու տարաւ,

Զինչ սուրբ Գրիգորի նըման,

Զինչ սուրբ Գրիգորի նըման,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Զիս ի խոր Վերապն իջուցին,

Առին ի թեփսին դըրին,

Առին ի թեփսին դըրին,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Ի մօջլիսն ի շուրջ կու ածին,

Զինչ սուրբ Յակովկայ նըման,

Զինչ սուրբ Յակովկայ նըման,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Մասը-մասըն կըտրատեցին,

Ըզլօշն ինձ պատանք բերին,

Ըզլօշն ինձ պատանք բերին,

Հաւեր, է՜, հաւեր, հաւեր, է՜,

Ու կարմիր գինով թաղեցին:

 

Գ/ԼԳ

* * *

Կաքավն ի քարին նստել

Ու գանգատ կայնէր հաւերոն,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Որ գանգտ կանէր,

—Ի բարձր ի լեռունքդ ելան

Ու յյտ կնայ մարգերտ հայեցայ,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Գնացի յորոգայթ ընկայ՝

Ի վարմին մէջն յապռին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Եկին, զիս ի վեր առին,

Զիմ երկու ոտքս կապեցին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Զայս իմ կարկըջան փողկունքս

Յակնջէ-յկանջ զենեցին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Զայս իմ վարդագոյն արիւնս՝

Ի փողոցն ի վայր վաթեցին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Զայս իմ գրւական ոտւիս

Ի ծնգէ ի ծունգ կտրատեցին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Զայս իմ գոյնզգոյն փետուրս՝

Մէկ ի սար հանին, մէկ՝ ի ձոր,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Այն, որ իսարին ելաւ՝

Զայն ելեր հողմերն ու տարել,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Ու ա՛յն, որ ձորն իջել՝

Զայն ելել հեղեղն ու տարել,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Ու Արիոսի նըման՝

Զիմ աղիքս ի վայր վաթեցին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Ու սուրբ Գրիոգորի նման

Զիս ի խոր Վիրապն իջուցին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Սուրբ Երից Մանկանց նման

Զիս ի կրակն խորովեցին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Ու սուրբ Յակովկա նման

Մասըն-մասն բաժանեցին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ,

Ու լօշէ պատանք դրին

Ու գինով տարան թաղեցին,

Ա՜յ հաւեր, ա՜յ:

 

Գ/ԼԴ. ՏԱՂ Ի ՎԵՐԱՅ ԿԱՔԱՒՈՅՆ

* * *

Նըստեալ կայր ու լար

Կաքվուկն ի վերայ քրին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Ի բարձն լերունք ելայ,

Ի կանանչ մարգեր նայեցայ,

Իջի, որոգայթ անկայ՝

Ի վարմին ի մէջ ծովակին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Եկին, զիս ի վեր առին,

Զահաբէկ սուրըն ցըցուցին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Զայս իմ կարկընուկ վըզիւս՝

Ականջէ-ականջ զենեցին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Զայս իմ կարմըրուն արիւնս

Ի գետին ի վայր վաթեցին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Զայս իմ կարմրած կըտուցս

Կըրակին կածին հասուցին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Զայս իմ մանտրուքայլ ոտունքս

Ի ծընկացս ի վայր կըտրեցին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Զայս իմ գունզուն փետուրս

Մէկ ի սար հանին, մէկն՝ ի ձոր,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Զայն, որ ի սարերն ընկեր,

Զայն ելեր քամին ու տարեր,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Զայն, որ ի ձորերն ընկեր,

Զայն ելեր հեղեղն ու տարեր,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Եւ սուրբ Գրիգորի նման

Զիս ի Խոր Վիրապն իջուցին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Եկին, զիս ի վեր առին,

Մէճլիսին հաւսար ցուցուցին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Եւ սուրբ Ակովկայ նմա

Մասըն-մասըն կտրատեցին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Եւ զլօշն ինձ պատանք դրին

Ու կարմիր գինով թաղեցին,

Ա՜յ հաւեր,

Ու գանգատ կաներ

Ձագերուն թռչնուն,

Ես ձայն զԵրեմիային ածեմ,

Նախահօր եւ մօրն Եւային:

 

Գ/ԼԵ. ՈՂԲ ԿԱՔԱՒՈՒ

* * *

Նըստեալ կայր ու լայր կաքւուկն,

Նըստեալ կայր ու լայր կաքւուկն՝

Ի վերայ քարին, ա՜յ հաւեր,

Ու գանկատ կանէր ձագերուն,

Թըռչունք, ա՜յ հաւեր,

Ի բարձր լերունք ելայ,

Ի կանաչ մարգեր նայեցայ,

Թըռչունք, ա՜յ հաւեր,

Իջի, յորոգայթ անկայ՝

Ի մարմին մէջն ի ծուղակին,

Թըռչունք, ա՜յ հաւեր:

Եկին, զիս ի վեր առին,

Զահաբեկ սուրըն ցըցուցին,

Զայս իմ կարկըջուն վզիկս

Յակընջէ-յականջ զենեցին,

Զայս իմ կարմրուկ արիւնս

Ի գետինն ի վայր վաթեցին,

Զայս իմ մանրուքայլ ոտկունքս

Ի ծնկացս ի վայր կտրեցին,

Զայս իմ կարմրած կտնուցս

Կրակին կածըն հասուցին,

Զայս իմ գունզգուն փետուրս

Մէկն ի սար արին, մէկն՝ ի ձոր,

Զայն, որ ի սարն էր ընկեր,

Զայն իջեր քամեկն ու տարեր,

Զա՛յն , որ ի ձորն էր ընկեր,

Զայն ելեր հեղեղն ու տարեր,

 

Եւ սուրբ Գրիգորի նման

Զիս ի Խոր Վիրապն իջուցին,

Եկին, զիս ի վեր առին,

Մէճլիսին հաւսար ցըցուցին,

Եւ սուրբ Յակովկայ նման

Մասըն-մասըն կտրատեցին,

Զլօշն ինձ պատանք դըրին,

Ու կարմիր գինով թաղեցին,

Ես զայն զԵրեմիային ածի,

Նախահօրն ու մօրն Եւայի:

 

Գ/ԼԶ. ՏԱՂ ԿԱՔՎՈՅ ՈՂԲ ԱՍԱՑԵԱԼ Է

* * *

Նստեալ կայ լայ կաքվուկ ի քարին,

Ահաբեկ լինէրր ի ձեռն որսորդին,

Գանկատ կու այնէր թռչնոց,

Գնալու տեղիկ մի չունիմ,

Երթամ ես ի յո՞ւր կենամ,

Որ հանգիստ, ուրախ բնակիմ:

Ի բարձր լերունք ելայ,

Ի կանանչ մարգեր նայեցայ,

Եջի, որոգայթն ընկայ՝

Ի վարմին միջին ծովակին,

Եկին, զիս ի վեր առին,

Զահաբեկ սուրըն ցուցուցին,

Զայս իմ կարկըչուն վզիկն

Ականճէ-ականճ զենեցին,

Զայս իմ կարմրուկ արիւնս

Ի գետինն ի վայր վաթեցին,

Զայս իմ մանտրուքայլ ոտունքս

Ի ծնկացն ի վայր կտրեցին,

Զայս իմ կարմրած կըտունցս

Կրակին կայծըն հասուցին,

Զայս իմ գունէգուն թեպուրսն

Մէկն սար հանին, մէկն՝ ձոր:

Այն, որ ի սարերն ընկեր,

Զայն ելեր քամին եւ տարեր,

Այն, որ ի ձորերն ընկեր,

Զայն ելեր, հեղեղն է տարեր,

Եւ սուրբ Գրիգորի նըման

Զիս ի Խոր Վիրապն իջուցին,

Եկին, զիս ի վեր առին,

Մաճլիսին հաւսար ցուցուցին,

Եւ սուրբ Յակովկայ նըման

Մասըն-մաս կտրատեցին,

Եւ լօշ ինձ պատանք դրին

Ու կարմիր գինով թաղեցին:

 

Գ/ԼԷ

* * *

Բըլբուլն էր նստել վարդուն,

Հէնց կու լէր՝ ինչ մարթ մեղաւոր,

Հրեշտակ յերկընքօվն անցաւ,

Է՞ր գոյ լաս, իմ հաւք թեւաւոր:

Տարին տասներկու ամիս

Իմ սիրած յարն կու տանիս,

Վախիմ, թէ զիս էլ տանիս,

Խեղճ իմ մէր, որդի չունի:

Իմ մէրն, որ որդի բեր՝

Ասեմ՝ Ես մեռայ, տարէք, թաղեցէք,

Իմ յար տանէ դուս չը գայ,

Ձեզ հալալ, տարէք, թաղեցէք:

Փըթած փետ ե՞ր չբերէ…

 

Գ/ԼԸ

* * *

Պուլպուլ նստէր վերայ ցախին

Ու լաց կասէր վերայ վրդին,

Իմ գեղեցիկ վարդս է տարած,

Զիս անողորմ է լացուցած:

Հաւքերն ամէն վրաս էկած,

Զիս անողորմ են լացուցած,

Թէ՝ Դու ի՜նչ խիստ մեղաւոր ես,

Որ քո սիրոյն վարդն է տարած,

Գնայ ի վեր՝ սարերն, հառչէ,

Միթէ լսէ Ստեղծօղն քեզ,

Այն վարդին հոտն բուրէ,

Քոյ այրած սրտիկ հովցընէ:

 

Պուլպուլն ելաց, լալով ասաց,

թէ՝ Իմ սրտիկս է խիստ խոցած,

Վարդս տարած…

 

Գ/ԼԹ. ՏԱՂ ՊԻՒԼՊԻՒԼԻ

* * *

Պիւլպիւլն էր կայնէր քարին ճօթին,

Կուտ կուտէր, այրիւն կու հեղար,

Իմ տէրս վէրէվէս անցաւ

Ըսաւ, թէ՝ Ի՞նչ գու լաս, ի՞նչ չես լար,

Իմ հաւք թեւաւորս:

Ձագերս ի ծօցէս տարեր են,

Ես մէ ղէրիպ բէքէր մ'էյի,

Ան պաղջրին պատին թառեցա,

Էրնէկ կու տայի ան մարդուն,

Օր ան պաղջին բանլիքն ի վրան,

Բացեց ու պաղչան մտաւ,

Վարդ քաղեց,

Թէփսին շարեց,

Յատ ղրկեց՝ եարին նամօլա:

Առաւ ու բարձին դրեց,

Շեղմէքին էրեսն ի վրան:

Փուշն անկաւ ոսկի սնտուկ,

Մէջն կար ղէրիպ ճնճղուկ,

Ոսկի սնտուկը կոտրեցաւ,

Ղէրիպ ճնճղուկը թռաւ,

Վարդին թէրին թառեցաւ,

Փուշ ունի, պոջը արիւնաւ:

Անգէտնն իմ շալակս եմ առեր,

Թ՜ռ, կըսէ, յոտւիս կը ցաւի:

Զարհուրած աջերս լացուցի,

Յինարատ ձեռւներս ջարդէցի:

Անու՜շ: