Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳՈՒԹ

Եւ փաթթըւած չուխաներու մէջ ջերմին,
Քանի՜ հեշտանք, երբոր ձիւնին խօլ խաղեր
Միջոցին մէջ կը դիտէի, եւ բուքին
Պըտոյտքներուն առջեւ հոգիս կը բերկրէր…

Անձնասէրի այս անտարբեր հըրճուանքէս
Զիս տըխուր ձայն մ’ըսթափեցուց. էր տըկար
Կոտրած շամբի մ’հեծկըլտացող ձայնին պէս.
Զայն սառնօրէն հեգնեց բնութիւնն անարդար:

Այդ` հաշմանդամ աղքատ մըն էր. ձիւներուն
Վրայ կը սողար. հին քուրջերու ծակերէ
Միսերը մերկ կը դողային… Դեռ շողուն
Կայծ մը յուսոյ թողուց որ ձեռքն երկարէ:

Ո՜հ, այն ատեն տեսայ նըկարն գարշատես
Մոռացօնքիս. եւ ողորմանքէ մ’առաջ, հին
Սիրոյ մը հեշտ բորբոքումէն, աչքերէս
Ձեռքին երկու արցունք ինկան… դողացի՜ն:

14 դեկտ., 1902