Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅԺՄԵԱՅ ԻՍԿԱԿԱՆ ՔԻՒՐԴԻՍՏԱՆԸ
(Քիւրդ ցեղերը. Արաբական ազդեցութիւնը. կրօնապետների յարաբերութիւնը ցեղերու հետ. իրենն զբաղմունքը. Կիսանկախ դրութիւննին. միատարր բնակչութիւնը. Օսմանեան պետութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ Քիւրդ պետութիւն մը հիմնելու ձգտումը. Քիւրդերը Ասորիներու հանդէպ. Թիւրք հին րէժիմը Քիւրդերու նպատակներուն անուղղակի քաջալեր)

   Այժմեայ իսկական Քիւրդիստանը կը տարածուի Պաղտատէն մինչեւ Մուսուլ, Ճուլամերիկ եւ Էլ Ճըզիրէ [1] ։

Բնակութեանց շրջաններն ու քաղաքներն են, Րէվէնտիւզ, Համամ-Ալի, Ճէպէլ-Հէմտի, Քէրքիւք, Ջըմջըմա, Սիւլէյմանիյէ, Մէմուրէթ իւլ Հէմտիյէ, Շէհրէզօր, Մէնտէլի, Մէրկեա, Սիլահիյէ, Րանեա, Հալէպչէ, Քէօյսանջակ, Հօրման, Պանա, Սագըզ, Սէրտէշտ, Սօվուջպուլագ, Արպիլ։

Քիւրդ ազգաբնակութիւնը զուտ ամփոփուած է այս շրջանը, ուր չի գտնուիր ուրիշ ազգութենէ բնակութիւն։ Այժմեայ իսկական Քիւրդիստանի մէջ կը բնակուին հետեւեալ ցեղերը.

1. Ճավ աշիրաթ։ 2. Տըզէ։ 3. Պուճտար։ 4. Մանգօր։ 5. Հավրաման կամ Հաճիճի։ 6. Խօշնա։ 7. Լագ։ 8. Շէյխ-Պուզէնի։ 9. Շուան։ 10. Համաւանդ։ 11. Գըլ։ 12. Դաւուտէ։ 13. Թարապանի։ 14. Զանկանա։ 15. Ջապարի։ 16. Սարայի։ 17. Մէնդըմի։ 18. Սմայիլ-Իւզէրի։ 19. Նանագալի։ 20. Սիան։ 21. Մամա-Սէնի։ 22. Մամսօլ։ 23. Սուրջի։ 24. Սըն։ 25. Պըլպաս։ 26. Մամաշ։ 27. Շիրվանի։ 28. Պերզընջա-Սաադաթի։ 29. Սէյդան։ 30. Աքօ. 31. Միրաւտալի։ 32. Քիլիսէ-Աշիրաթի [2] ։

Ըստ «Օսմանիշէր Լօյտ»ի 1909 թուականի 188, 189, 190, 191 համարներու մէջ հրատարակուած Մուսուլի թղթակցութեան։

«Քիւրդերը նստակեաց են եւ թափառաշրջիկ (նօմատ)։ Նստակեացները գիւղացի քիւրդերն են, որոնք կը բնակուին պզտիկ քաղաքներու եւ Քիւրդիստանի գիւղերու մէջ։ Յետոյ կուգան թափառաշրջիկ քիւրդեր որ կը կոչուին Քօչար ։

Նստակեաց Քիւրդերը յաճախ միացած են ցեղերու (tribus) մէջ՝ բաշխուած շատ մը գիւղերու վրայ՝ խումբ խումբ իրարու մօտ ինկած։

Օրինակի համար՝ Ճուլամերիկի կողմը կը գտնուին քսան գիւղեր՝ որ բնակուած են Սէլլահի կոչուած ցեղէն. Սղերդի մօտ Պօհտանի աջ եզերքին են Շիրուան, Խարզան. Պօհտանի ձախ եզրը՝ Ճզիրէի մօտ Տիգրիսի ձախ ափին՝ հիւսիսային արեւելեան ուղղութեան վրայ Շէրնախցիներն են։ Մամուններու դիմաց դէպի աջ եզր՝ Մուսուլի հիւսիսային արեւելքը կը գտնուին Գօյաններ, Սլօպիներ, Սինտիներ, Պարվալիներ եւլն. ։

Թափառաշրջիկներու (նօմատ) համար ալ միեւնոյն բանն է.

Ճուլամերկի կողմը կը գտնուին Հարտօշիներ, Շըկակներ, Սօրաններ. Սղերդի մէջ Հարունաներ, Հավէրքիններ. Ճզիրէի մէջ Միրաններ, Տայաններ, Քաչաններ, Պաթուաններ. Մուսուլի մէջ Հաճիաններ, Հարտօշիններ, եւ այսպէս շարունակաբար մինչեւ հռչակաւոր Ճաֆի՝ որ բռնած ունին Սուլէյմանիյէի ամբողջ պարսկական սահմանագլուխը՝ մինչեւ Պաղտատի շրջակայքը, մօտիկ 15, 000 տուն, եւ Համավէնտներ՝ որոնք կը դաւաճանեն ներկայիս տեղական կառավարութեանը։

Այս ցեղերէն ամէն մին ունի իր շէֆը կամ աղան, եւ ցեղի կամ գիւղի ամեն մի ճիւղը ունի իր աղան որ կը կոչուի ռէիսպի (սպիտակ մօրուք) իր մասսայի գլխաւորը։

Միրաններ, Տաեաններ, Քաչաններ, Հաճաններ, Հարտօշիններ «Համիտիէներ» են (կը պատկանին Համիտիէ գնդերուն)։ Այս բոլոր ցեղերը, յունիս, յուլիս, օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներին կ՚ապրին քիւրդիստանի բարձր լեռները, տարուան մնացեալ ամիսները կ՚անցունեն այսպէս։ Միրանները Տիգրիսի աջ եզերքին վրայ՝ Ճզիրէի, Նիսիպի եւ Սինճարի միջեւ. եւ միւսները ձախ եզերքի ամբողջ երկարութեամբ։

Քրիստոնեաները մեծ մասամբ Նեստորականներն են, որոնք կը բնակուին վերին եւ ստորին Տիարիի լեռները, Պէրվարի, Պազ եւ Ճէլա։

Յետոյ կուգան Հայերը Վանէն մինչեւ Սղերդ։ Սղերդէն Խարզանի եւ Շիրվանի մէջ Յակոբեանները (Jacobites) կը բնակուին։ Պօհտանէն սկսեալ Քաղթէացիներու գիւղերն են Պօհտանի, Շէրնախի, Գայանի մէջ եւայլն, մինչեւ Ամէտիա, Աքրա եւ Էրպիլ։

Այս բոլոր Քրիստոնեաները կը բնակուին այն գիւղերու մէջ որոնք ցրիւ ինկած են այս լեռներու մէջ։ Այս խեղճ մարդիկ երկու տէր ունին ծառայելու, նախ՝ անոնք հպատակներ են Օսմ. կայսրութեան (գոնէ անուանապէս), միեւնոյն ժամանակ քիւրդ աղաներու ստրուկներ…

Այս քրիստոնեաներու մէջ կան նոյնպէս միւսիւլմաններ, որոնք ճորտ են բայց փոքր թիւ կը կազմեն»։

Այս ցեղերը՝ բոլորը զինուած են, սկսեալ տասը տարեկանէն. ըստ Քիւրդական աղբիւրի՝ միայն Ճավ աշիրաթը որ աշիրաթներու գլխաւորն է, կարող է հանել մինչեւ քառասուն հազար ձիաւոր. (թէեւ չափազանցութիւն կ՚երեւի)։ Այս ցեղերը կը կառավարուին աղաներով եւ Շէյխերով։ Կրօնով մահմետական են ու կը պատկանին Սիւննի ճիւղին։ Շէյխերն ալ Սաատաթ Պէրզընճա ճիւղին։

Ասոնք իրականութեան մէջ կիսանկախ դիրք ունին. ձեւականութեան համար՝ որոշ քանակութեամբ զօրք կու տան Նիզամիէի համար։

Կը խօսին Քիւրդ լեզուով, կը գրեն արաբական տառերով ու Քիւրդ լեզուով։

Կինը ազատ է Քիւրդ ցեղին մէջ, եւ երեսով բաց։ Ունին նահապետական կեանք. գլխաւոր գործերն են խաշնարածութիւն, երկրագործութիւն նուազ չափով, եւ ասպատակութիւն, բաց ի ուրիշ մանր մունր զբաղումները [3] ։

Ասպատակութիւնը Քիւրդերու մէջ արհեստ է, եւ կը համարուի միեւնոյն ժամանակ քաղաքական առաքինութիւն մը. անոր աւազակային կազմը՝ քաղաքական իշխանութիւն նշանակութեան մէկ աղաւաղումն է։

Իսկական Քիւրդիստանը մօտ լինելով Արաբիայի, հաւանական է որ այժմ անոնք մի խառնուրդ են կազմած եւ արաբներէ՝ շնորհիւ կրօնական մերձեցման։

Սաադաթ անուանեալ Շէյխերը, իրենց չեն համարիր Քիւրդ, այլ Մուհամմէտ Մարգարէի ցեղէն, անոնք ամենեւին նոյն իսկ Քիւրդ հռչակաւոր պէգերի ու աղաներին ամուսնութեան համար աղջիկ չեն տար ու առներ. ցեղը կը համարուի սուրբ, եւ ամուսնական խնամիութիւնը պահուած է իրենց մէջ։

Սաադաթի ցեղը, մարգարէի ցեղական նուիրագործութեամբ միայն Շէյխ է, ուր իր ազդեցութիւնը ադով է զօրեղ, ինչպէս եւ տիրապետութիւնը Քիւրդ ցեղի վրայ կրօնական լինելէ զատ, շատ անգամ կ՚ստանայ Քաղաքական հանգամանք։ Բոլոր Շէյխերը Սաադաթ չեն։ Սաադաթ է օրինակի համար՝ իրենց ըսելովը, Շէյխ Ուպէտուլլահի ցեղը, որի որդին այժմ Շէյխ-Ապտիւլ Կատէրն է, (այժմեայ Օսմ. Ծերակոյտի ժողովի անդամ)։

Էլիզէ Րըքլիւն, Ճուլամերիկը կը համարէ Քիւրդիստանի մայրաքաղաքը, կամ այսպէս ըսելով գլխաւոր քաղաքը, շինուած մի լեռան ծայրին, որ կը տիրէ մեծ Զապ գետին աջ եզերքին։ Ամէտիան որ փոքրիկ քաղաք մ՚է մի ցեղի, կը ծառայէ զօրանոցի հարկէ օսմանեան), որ կը հսկէ շրջապատի Քիւրդերուն։ Նա նոյնպէս կ՚ըսէ. «Երբ միւսիւլմանները տիրեցին Միջագետքին, նեղութիւն յանձն չառին գրաւելու Ճուլամերիկի լեռնային շրջանը, որ կը գտնուի Վանի եւ Ուրմիա լճի միջեւ, ուր Նեստորականները ունէին իրենց բերդերը ու կարեւոր հաստատութիւնները։ Իրապէս անկախ, Քրիստոնեաները իրենց կը համարէին յարձակման անենթարկելի. բայց 1843ին, շրջապատի միւսլիւման Քիւրդերը քաջալերուած թիւրք իշխանութիւններէ, յարձակեցան Նեստորական գիւղերի վրայ, բոլոր պաշտպանուողները սրէ անցուցին, կիները գերի տարուեցան, եւ տղաները թլփատելով բռնի մահմետականացուցին» (երես 354)։

Դարձեալ. «Այն լեռնադաշտերը ուր Քիւրդերը խմբուած են հոծ ցեղերով, մասնաւորապէս մեծ Զապի աւազանը, անոնք կը կազմեն մի ազգութիւն, եւ բաւական ուժեղ. այնպէս որ հանդէպ թիւրքերի եւ պարսիկների, մի զատ պետութիւն կազմելու փառասիրութիւնն ունէին։ Այն խռովութիւնները որոնք տեղի ունեցան այս վերջին կէս դարին, եւ մասնաւորապէս ռուսական վերջին արշաւանքէն սկսեալ, անոնց մեծ մասը իսկապէս նպատակ ունէին քաղաքական ազատութիւն ձեռք բերելու։ Նոյն իսկ փորձեցին կազմելու «Քիւրդական լիգա» (երես 342)։

Րաֆֆին իր «Տաճկահայք»ի մէջ կ՚ըսէ. Պէտիր-Խան բէգը կոտորեց Մար-Շիմոնի ասորիներէն մինչեւ տասը հազար (երես 53)։ Այսպէս Պօհտանի Քիւրդերը կը կամենային միանալ իսկական Քիւրդիստանի հետ, գուցէ կործանելով ու ջնջելով Ասորեստանը։ Բայց որքան որ թիւրքական հին րէժիմը երբեմն թէ՛ ստիպուած եւ երբեմն կամաւ թույլ տուաւ Քիւրդերուն, առանց ոեւէ քաղաքակրթական ուրիշ պայմանների հիմնելու աւազակային իշխանութիւն, բայց շատ անգամ ալ արշաւեց անոնց վրայ, շատերին բռնեց, բանտարկեց, աքսորեց ու զսպեց։ Այնուամենայնիւ այս կիսատ միջոցները իսկական Քիւրդիստանը թողել են մինչ ցարդ կիսանկախ, եւ վայրենի վիճակի մէջ։ Իսկական Քիւրդիստանէն դուրս, Քիւրդերը տարածուեր են շատ տեղեր. ասոնց մարդահամարը չըկայ։ Էլիզէ Րըքլիւն իրենց թուահամարը կու տայ հետեւեալ քանակութեամբ (երես 362).

«Քիւրդ ժողովուրդները մօտաւորապէս կը հաշուին։

Թիւրքական Քիւրդիստան եւ Ասիական Թիւրքիայի ուրիշ գաւառները 1, 300, 000

Պարսկաստան (չը հաշուած Լօռիներ եւ Պախտիարները 500, 000

Աֆղանիստան եւ Պէլուջիստան 5, 000

Ռուսական Անդրկովկաս   13, 000

Ուրեմն գլխաւորապէս Քիւրդերը կը գտնուին Թիւրքիոյ մէջ, եւ որոշ չափով Պարսկաստանը։ Իսկական Քիւրդիստանի էութիւնը պարզելէ յետոյ, մենք կ՚անցնինք այժմ իրենց հայրենիքէ դուրս տարածուած քիւրդերուն։



[1] Քիւրդիստան կամ Քուրդիստան. Երկիր Առաջաւոր Ասիայի մէջ՝ բաժնուած Պարսկաստանի եւ Ասիական Թիւրքիայի միջեւ, գլխաւորապէս այն ամփոփ շրջանը որ կը գտնուի Տիգրիսի ձախ եզերքի եւ լեռներու կատարի միջեւ, որուն միւս զառիվայրը կերկարաձգուի Իրանի լեռնադաշտին վրայ, շատ խորտ ու փորտ երկիր մը, բայց շատ գեղեցիկ ու շատ լաւ ոռոգուած Քապուր (Khabour), Զապ ու Տիալահ գետակներէ Տիգրիսի ձախը։

Այս հողը կը փոխարինէ Հին Մետիյային, մեծ մասով Ասորեստանին ու փոքրիկ մասով մը Հայաստանին։

«Nouveau Larousse Dict. Univ. Encycl. »

[2] Տեղեկութիւններու աղբիւրների մը մասը առնուած է Շէյխ-Ուպէսուլլահի որդի Շէյխ Ապտիւլ Կատէրէն, եւ քիւրդ քլուպի վարչութեան անդամ՝ Շէյխ-Հիւսէյն էֆ. զատէ Էօմէր էֆ. իէն։

[3] «Քիւրդիստանը լերանց շղթաներու շարք մ՚է, տարածուած մին միւսի ետեւէն, եւ երբեմն զատուած արգասաւոր դաշտերով, որոնք կ՚ոռոգուին գետերէ։

Այս լեռները ընդհանրապէս ծածկուած են անտառներով, ուր կաղնին գխտոր ունի, եւ որը այս երկիրներու գլխաւոր հարստութիւնը կը կազմէ։ Ձմեռը այս լեռներն անգործածելի են առատ ձիւներուն պատճառով որ զանոնք կը ծածկեն։

Երկրագործութիւնը այնտեղ գրեթէ ոչինչ է, եւ մենք ադոր պատճառը կը գտնենք հետեւեալին մէջ։ Ընդհանրապէս այս երկիրները արգասաբեր չեն, շատ տեղեր կան ուր հող կը պակսի մինչեւ այն աստիճան՝ որ դուք կը տեսնէք գիւղացիները իրենց կռնակին տոպրակներով հող բարձած՝ եղած տեղերէն կը տանին դնելու մերկ ժայռերու վրայ, այսպէսով ստեղծելու արուեստական դաշտեր եւ պարտէզներ, ուր երբեմն հեղեղային անձրեւը քշելով կը տանի հողը ցանքսի հետ։ Այս դրութիւնը շատ գործածական է Տիարիներու մօտ՝ Նեստորական լեռներու մէջ։

Երկրի գլխաւոր բերքերն են. ցորեն, գարի, եգիպտացորեն, ծխախոտ, բրինձ, երբեմն ալ բանջարեղէններ. ընկոյզ, գխտոր, սէմաք (le semmak), խաղող, խնձոր, տանձ, սալոր, դեղձ եւայլն։ Այստեղ շատ կը գտնուի մեղր, եւ մէկ քանի շրջաններու մէջ կը պարապուին շերամաբուծութեամբ։

Բնակիչները գրեթէ իրենց բոլոր հագուստներու համար հիւսուածքները իրենք կը գործեն, ու ասկէ զատ՝ կը շինեն սիրուն գորգեր ու թաղիքներ՝ որ շատ յարգի են։

Քիւրդիստանի ջորիները նշանաւոր են իրենց գեղեցկութեամբ ու ճկունութեամբ՝ վազելու համար դէպի անմատչելի լեռները, ասկէ զատ այնտեղ կը սնուցանեն այծը որոյ կեաժը (mohair) այնչափ հռչակաւոր՝ կ՚արտահանուի Անգլիա։ Կը սնուցանեն նոյնպէս կով եւ էշ։

Վայրի կենդանիներէն կան արջ, գայլ, աղուէս, նապաստակ, շնագայլ, վագր, եղնիկ, սկիւռ եւ դեռ ուրիշ շատ տեսակները։ Կաքաւը առատութեամբ կը գտնուի այստեղ»։

(Օսմանիշէր Լօյտ. 1909)

Մոլդքէ իր 1838ի տեսութեանց մէջ նկարագրելով երկրի գեղեցկութիւնն ու հարստութիւնը, կը մատնանշէ հանքերը որոնք ամենեւին չեն շահագործուած, եւ որոնց զանազան գոյնէ ջուրերը (հեղուկները) կը գունաւորեն երկրին ժայռերը, բղխելով ու հոսելով։

Ծ. Հ.