Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԵՂԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՌԻՒՆԵՐԸ. ՔԻՒՐԴ ԽԱԹՈՒՆՆ ՈՒ ՀԱՅ ՏԻԿԻՆԸ
(Ցեղային պատերազմներու պատճառները. Կնոջ դերը քիւրդ կեանքին մէջ. Ցեղի ազնուացման խնդիրը. Հայ հարստահարութեան ներքին մէկ կողմը. Ճորտութեան իրաւունքը)

Թուենք նախ ցեղապետական կռիւներու հիմնական պատճառները.

1. Պետական կազմի ու ցեղապետական իշխանութեան գաղափարը.

2. Հողային սահմաններու պաշտպանութիւնն ու ընդարձակման ջանքը.

3. Պատերազմը նկատուած հարստութեան աղբիւր.

4. Հերոսական փառքի սէրը. յաղթականի մեծութեան վայելքը. անկախութեան ժառանգական բնազդը. ուրիշ տարբեր կեանքով ապրելու անսովորութիւնը։

Մենք թէ ուղղակի եւ թէ անուղղակի խօսեր ու դեռ կը խօսինք մեր առաջ բերած այս հիմնական պատճառներու վրայ. բայց կայ եւ մի այլ պատճառ, որուն արժէքը այնչափ նշանակալից է, որ աւելնալով միւսներուն վրայ կը լինի.

  5րդ՝ Կանանց հարց ը։

Քիւրդերու մէջ կանանց հարցը սեռային բնազդական հակումներէ, գեղագիտական հաճոյքներէ զատ՝ կը կազմէ նաեւ ցեղային պետական յօրինուածին մէկ մասը։ Ցեղապետութիւնը կանգուն պահող ու կործանող սիւներէն մէկն ալ մի այլ ցեղի հետ եղած ամուսնական խնամիութիւնն է։

Շատ քիչ կը պատահի որ ազնուական Քրդուհին գեղեցիկ լինի. այդ պարագային ցեղապետը կամ ժառանգները անոր արժանանալու համար անհրաժեշտ կը դառնայ ոչ միայն լինել գեղեցիկ, այլեւ տէր դիրքի, հարստութեան, անուան, որպէս զի կարող լինեն դիմադրելու ուրիշ զօրեղներու մրցմանը. հետեւաբար՝ եւ թշնամութեանն ու յարձակմանը։

Քիչ չէ պատահեր որ քիւրդ գեղուհին ամուսնութեան երթալով՝ չը փոխէ ցեղապետական իշխանութեան դիրքը՝ բարձրացնելով կամ դաւաճանութեամբ անկումի տանելով. որովհետեւ կնոջական իր սովորական իրաւունքներէն զատ՝ ունի եւ քաղաքական՝ տիկնութեան իրաւունքը. ինչքան արժէ Տէրը, նոյնքան եւ արժէ Տիկինը, թէ այդ եւ թէ ուրիշ ցեղերու համար։

Գեղանի քրդուհին կ՚ապրի սովորաբար փառքի վիպական երազներով, ու շատ անգամ ցեղապետութեանց այս ու այն տիկնութեան մէջ մնալէ յետոյ, կ՚երեւակայէ միշտ, շուտով անցնիլ գեղեցիկներէն գեղեցկի, հզօրներէն հզօրի ձեռքը, որ դառնայ ընդհանուր ցեղապետութեանց կռուածաղիկ ու քրդական բանաստեղծութեանց նիւթը։ Տեսակ մը Տիկնային տիրապետութիւն՝ բոլոր ցեղերու վրայ։

Հակառակ պարագային՝ տգեղ Քրդուհին իր ցեղապետական դիրքի շնորհիւ ամուսնանալով ո եւ է ցեղապետի հետ, թէեւ իր հօր ցեղի, խնամիական պաշտպանութիւնը կընծայէ այդ ցեղապետին, բայց միեւնոյն ժամանակ պակաս մը կը թողու իր քիւրդ ամուսնու գեղագիտական հաճոյքներու եւ սիրային զգացումներու մէջ, այս հանգամանքներուն, ամուսին ցեղապետը եթէ յարգանքի պակաս մը ցուցնէ եւ կամ սիրային լիառատ վերաբերմունքի կասկած մը արթնցնէ Քիւրդ խաթունի մէջ, վերջինս օգտուելով իր Տիկնութեան իրաւունքէն ու իր հօրենական ազդեցութենէն, վրէժը կը լուծէ անմիջապէս ցեղապետէն, եւ հետեւաբար ցեղէն։ Որով՝ այս ու այն պարագային՝ Քիւրդ Հեղինէները երբէք ետ չեն կենար Տրովական պատերազմներ առաջ բերելէ Քիւրդ ցեղապետութեանց մէջ։

Բայց փրկութեան ճանապարհը գտնուած է. քիւրդ ազնուականը գերազանցօրէն բարձր կը գտնէ ունենալ հայ ցեղէ կին, որ իր գեղեցկութիւնով, շնորհով, եւ ուրիշ արժանաւորութիւններով Քրդուհիէն անհամեմատ բարձր է։

Բարձրութեան առաջին պայմանը կը կազմէ իրեն համար այն՝ որ նա կարող է նախ ազնուացնել իր ցեղը ։

Ցեղի ազնուացման մասին մեծ գաղափար ունի նա. եթէ կը հաշուէ իր արաբական ձիերու մամն ու պապը սերունդէ սերունդ, ի՞նչպէս հաշուի չառնէ իրենը. ի՞նչպէս ցեղերու մէջ չը պատմուի որ նա խլեց, արեան ու կրակների մէջէն բերաւ իրեն համար հայ գեղուհին։

Իսկ հայ գեղուհին, հայ աղջիկը կ՚ատէ Քիւրդը ընդհանրապէս. որ նա հրի ու սրի ճարակ կը դարձնէ իր ազգի զաւակները, կը յափշտակէ հարստութիւնը ու աշխատանքի արդիւնքը. որ նա քրիստոնեայ եկեղեցւոյ սրբութիւնները իր աւարին նիւթ կը դարձնէ, որ խաղաղ կեանք չունենալով՝ աստանդական ու արկածախնդիր է, որ նա վերջապէս հայ չէ ու հայու շատ արժանաւորութիւններէ դուրս՝ ցեղով, կրօնով, բարքերով ու սովորութիւններով տարբեր՝ Քիւրդ է։

Իսկ քիւրդը այնքան կը սիրէ հայուն, որ նա չի կրնար ապրիլ առանց անոր. իրեն անհրաժեշտ է անոր շնորհը, անոր զարգացումն ու մարդավայել վարքն ու բարքը. եւ անպատճառ կուզէ զայն ունենալ։

Իսկ երբ կերթայ բերելու, եւ կը տեսնէ որ ոչ մի միջոց չօգներ այդ յաջողցնելու, ոչ սովորութիւնը, ոչ համոզմունքը, ոչ կաշառը, ոչ յաղթութիւնը, կը դիմէ զայրոյթի սարսափահար միջոցներուն, նա կը կատղի երբ Հայ աղջիկը հայ կինը չի գնահատեր իր գեղեցկութիւնը, իր քաջութիւնն ու ազատութիւնը։ Նա հաշուի չը դնելով կրօնը, ազգային տարբերութիւնը, բարքերու հեռաւորութիւնը, իրեն համեմատութեան կը դնէ իր կարծիքով «ֆըլայ»ի հետ՝ որ օրն ի բուն անասուններու հետ դաշտը բանելով՝ երեկոները անասուններու ընկերակցութեամբ ետ կը դառնայ ու ախոռը կը պառկի. եւ իր թափած քրտինքներով ձեռք բերած վաստակը՝ իր թուլութեամբ քանի մը ժամու ընթացքին կուտայ քիւրդին ու ինքը կուլայ երախայի մը պէս, կամ կ՚երթայ Թիւրքին դիմելու, որ զօրք բերէ քիւրդին հարուածէ։

Քիւրդը իր հաշիւներու մէջ կիսամիջոց չը ճանաչելով, իր բարքերու մէջ խղճալու ու գթալու իրեն անյայտ առաքինութեանը ծանօթ չէ. հայ կնոջը այդ վիճակի մէջ տեսած ժամանակ՝ կամ կը թափէ անոր վրայ իր բուռն կիրքերու անարգ ուժը, կամ անոր գլուխը քարերուն զարնելով փշուր փշուր կ՚ընէ, ու կամ իր նիզակով ու սրով անոր փորը ճեղքելով, այդ «ֆըլայ» սերունդը կը հանէ իր ոտքի տակ կը ձգէ ու կը ճմռէ, ու ինքն իրեն կ՚ըսէ. «Դէ գնա՛ սովորիր, թոյլ անասուն, «ֆըլան» քիւրդ քաջ տղամարդէն վեր դասելը»։

Այս երկու իրարու կողմէ չը հասկցուած սկզբունքներու դարաւոր պատկերն է որ կը ներկայացնէ մեզ քրդական հարստահարութիւնը։ Հայերէ այն մասը որ կը գտնուի զանազան ցեղապետութեանց մէջ, ցեղական կռիւներու ժամանակ կը հարստահարուի իբրեւ այդ ցեղի մէկ մասը եւ մասամբ ալ իբր օտարացեղ ու ստրուկ. այս տեսակի հարստահարութիւններն ալ կապուած են նաեւ մասամբ մը ցեղապետական ճորտական իրաւունքներուն, որ կը գործադրուին իրենց մանրամասնութեանց մէջ՝ ճորտ հայերու եւ քիւրդերու վրայ [1] ։

Իսկ պատճառներէն յետոյ՝ Ցեղապետական իրենց միջի կռիւներու արդեանց մասին ամփոփ եզրակացութեան գալու համար՝ կրնանք համառօտակի ըսել։

Քիւրդ կռուի շրջանները կը ներկայացնեն կատարեալ անիշխանութեան պատկեր մը, թիւրք կառավարութիւնը գործնականապէս չի միջամտեր ցեղային կռիւներուն, շատ շատ խաղաղարարի դեր կ՚ստանձնէ միայն հաշտարար համոզումներով։ Իսկ այս կռիւներու մէջ մէկ ցեղը կը ցրուի ու կը գաղթէ զանազան տեղերը՝ մինչեւ կրկին զօրանալը. ոտքի տակ կ՚երթան երկու կողմերու հայերը. կը սնանկանան ու կը քայքայուին տնտեսապէս եւ քաղաքացի այն վաճառականներն ու արհեստաւորները, որոնք պարտուած ցեղի հետ առեւտրական կապեր ունէին։ Ահա այստեղ է որ ընդհանուր կաշկանդիչ շղթան ամենի վրայ կը վերջացնէ իր գալարումներու հետեւանքը, իսկ վրէժը աւելի խոր արմատ կը ձգէ եւ մշտական կը դառնայ, յաջորդական աւերները շարունակելի ընել տալու համար։



[1] Ճորտական իրաւունքներու եւ պարտաւորութեանց մասին կարդալ «Օսմ. Լօյտ»ի 1909 տարւոյ 188, 189, 190, 191 համարներու մէջ (Մուսուլի թղթակցութիւն). ինչպէս եւ շատ մը հարստահարական պատմութիւնները՝ որ հրատարակած են գիրքերն ու լրագիրները. Ինչպէս՝ ճորտ Հայու ծախելը, անոր եւ տիրոջ մեծ տօնական օրերուն, ծնունդի ամուսնութեան դէպքերուն որոշ յատկացուած նուէրներ տալն. հողի արդիւնաբերութենէն տասանորդի պէս բաժին հանելը. Տէրերու հիւրընկալութեան համար սովորական բառով ըսելով «բաց դուռ» ունենալն եւ ուրիշ զանազան անուններով ու ձեւերով տուրքերը՝ ինչպէս տեղ մը խաֆիրութիւն, ուրիշ տեղ ընծայատարութիւն, գլուխ ողջի, գլուխ անուշի եւայլն։

Շատ տեղեր Ազգային սեփականութիւն՝ վանքերն ու եկեղեցիներն ալ ճորտական պարտուց եւ իրաւանց տակն են։ Այսչափը կը բաւէ արդէն։