Հայոց Հարցի վաւերագրերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ ԵՐԿՐՈՐԴ
1878

1878 թուականի յունվարի 7-ին Բօլգարիայի Կազանլիկ քաղաքը հասան սուլթան Աբդուլ-Համիդի լիազօրները, Սերվէր եւ Նամիկ փաշաները՝ ռուսաց բանակի գլխաւոր հրամանատար մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեվիչի հետ հաշտութեան բանակցութիւններ սկսելու համար: Կ. Պօլսի հայութիւնը լարուած ուշադրութեամբ հետեւում էր դէպքերին, որոնք իրար յաջորդում էին տենդային արագութեամբ: Վերջնականապէս ջարդուած Թիւրքիան ստիպուած էր ընդունելու այն պայմանները, որ թելադրում էր յաղթող Ռուսաստանը. իսկ այդ պայմանները բերում էին օսմանեան բռնապետութեան նոր անդամահատութիւններ, նոր ազատութիւն նրա լուծի տակ հեծող քրիստոնեաներին: Եւ Կ. Պօլսի հայերը, Ներսէս պատրիարքի ղեկավարութեամբ, սկսեցին, թէեւ մի քիչ ուշ, եռանդով գործել, որպէս զի նոր ստեղծուող քաղաքական պայմանների մէջ մոռացուած չը մն այ թիւրքահայը իր դարաւոր արիւնոտ հարցով:

Բանակցութիւնները Կազանլիկում որոշ հետեւանքների չը յանգեցին: Ռուսական բանակը առաջանում էր Կ. Պօլսի ուղղութեամբ: Յունվարի 14-ին գլխաւոր հրամանատարի բանակետղը փոխադրուեց Ադրիանուպօլիս, ուր գնացին եւ թիւրքական լիազօրները: Այստեղ էր յունվարի 19-ին ստորագրուեցին այն պայմանները, որոնցով հաստատւում էր երկուպատերազմող կողմերի մէջ զինադադար: Այդ պայմանները որոշում էին բոլոր այն հիմքերը, որոնց վրայ պիտի կառուցուէին ապագայ հաշտութեան մանրամասնութիւնները:

Հայերի համար մեծ անաջողութիւն էր որ իրանց հարցը տեղ չը գտաւ զինադադարի պայմանների մէջ: Բայց ուրիշ կերպ չէր էլ կարող լինել, քանի որ միայն այդ պատմական վաւերագիրը ստորագրելուց յետոյ էր որ հայերը քաղաքագիտական լուրջ քայլեր սկսեցին անել:

Սկզբում այդ քայլերը թողնուած էր անելու Անդրիանուպօլսի առաջնորդական տեղապահ Գէորգ վարդապետ Ռուսճուգլեանին, որ եւ իր յիշողութիւնների մէջ այսպէս է ներկայացնում իր սկսած եւ վարած բանակցութիւնները:

1
ՔԱՂՈՒԱԾՆԵՐ ԳԷՈՐԳ Վ. ՌՈՒՍԱՃՈՒԳԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԻՑ [1]

Հարկ կը լինէր ինձ ըստ քաղաքական պարտականութեանց ներկայանալ կրանտիւք Նիքօլայի եւ քօնթ Իկնաթիէֆի բարի գալուստ մաղթելու: Մինչդեռ կը սպասէի պատեհ առթի ահա Փիլիպպուպօլսոյ նախկին ռուսական հիւպատոս Մ. Կիրօֆ հայասէր բարեկամս, որ պուլղարական գործերուն մէջ դեր ունեցած էր, իբր խորհրդական ռուսական դեսպանի յԱդրիանուպօլիս եկած էր: Խնդրեցի որ բարեհաճի քօնթ Իկնաթիէֆի զիս ներկայացնել եւ Հայաստանի ապագայ վիճակին համար ստոյգ տեղեկութիւններ առնելուշնորհ ընել: Մ. Կիրօֆ ընդունեց մեր այս առաջարկութիւնն եւ հետեւեալ գիշեր ներկայացուց զիս քօնթ Իկնաթիէֆի, ինքն թարգման լինելով մեր խօսակցութեանց, ապահովելով միանգամայն զքօնթն թէ իբր գաղտնապահ կրնայ խօսիլ մեզ հետ: Ըստ օրինի նախ փութացինք ջերմ բարեմաղթութիւններ ընել ի բարօրութիւն կենաց Ռուսիոյ Կայսեր, որ ի սէր քրիստոնէութեան պատերազմ հրատարակեց յազատում արեւելեան քրիստոնէից եւ աստուծապարգեւ յաջողութեամբ ազատեց պուլղար քրիստոնեաներին, ինչպէս նաեւ ասիաբնակ հայերն, որք մի քրիստոնեայ ազգ են ոչ նուազ հարստահարեալ եւ թշուառ քան զպուլղարն, եւ շարունակելով խօսքս, ինչպէս կը լսեմք, ըսի, Ռուսիոյ բանակն Հայաստանի մէկ մասը գրաւած է, ընդ որս Կարս եւ Կարին եւ գուցէ ուրիշ գաւառներ եւս. քաղցր է մեզ յուսալ, թէ Հայք եւս, ինչպէս պուլղարք, այն ազատութիւնը կը վայելեն եւ որքան փափաքելի է մեզ գիտնալ այն, քանզի մեր ամեն յարաբերութիւնք ընդ Կ. Պօլսոյ խզուած լինելով՝ բնաւ տեղեկութիւն մը չեմ կարող ստանալ Հայաստանի մէջ բնակող մեր եղբարց վրայ:

Առ որ քօնթն պատասխանեց թէ, այո՛, Ռուսիոյ բանակն մինչեւ Կարին յառաջացած է եւ գրաւած է. Հայաստանի այդ մասն այժմ ազատութիւն կը վայելէ, բայց հայ ժողովուրդն ազգովին կամ Հայաստանի մեծ մասը պիտի չկարենայ գտնել առայժմ այն ազատութիւնը, զոր ունեցած են պուլղարք, վասն զի հայք ան պատրաստ գտնուեցան եւ Հայաստանի մէջ դարձած են մեռեալ տարերք. ես երեք տարիէ ի վեր հայոց դատին պաշտպանն եւ փաստաբանն եղած էի, թողունք գաւառացի հայոց աղքատութիւնն եւ անտարբերութիւնն, մանաւանդ ցիր ուցան պանդխտութեան դատապարտեալ վիճակն. մի նչեւ իսկ Կ. Պօլսոյ հայոց ողջախոհ եւ գործօն մասն՝ սկսեալ Նուպար փաշայէ, արգելք եղած են իմ բարենպատակ գործոցս. բայց մի՛ վհատիք, կը յուսադրեմ զՁեզ, քանի որ Թուրքիոյ հպատակ էք: Ապագային յուսով՝ այս վայրկեանէս սկսեցէք պատրաստ լինել, պատրաստ դաստիարակութեամբ, ուսմամբ եւ քաղաքագիտութեամբ, պատրաստ՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս, պատրաստ՝ ներքին կազմակերպութեամբ, պատրաստ եղիք այն օրուան համար՝ յորում քաղաքականութիւնն պիտի առաջնորդէ զձեզ յազատութիւն, եւ ես պատրաստ եմ միշտ օգնել ձեզ. պատրիարքնիդ թող ժամանավաճառ չլինի, թող սկսէ գործելու, ժամ է:

1878 Յնվր. 20 թուականաւ հաղորդեցին Ս. Պատրիարքին ինչ որ լսած եւ հրահանգ ընդունած էի քօնթ Իկնատիէֆէ, խնդրելով միանգամայն որ եթէ արժան կը դատէ շարունակել մեր բանակցութիւնը ի մասին Հայաստանի հարստահարեալ հայ ժողովրդեան՝ փութայ հրահանգել զմեզ յայն, ապահովելով զինք թէ Ռուսական Իշխանութեան հետ մեր յարաբերութիւնն մշակուած է ի շնորհս Մ. Կիրօֆի՝ մեր մտերիմ վաղածանօթ բարեկամին, չփախցնել առիթը ձեռքէն: Մեզ համար յայտնի չէ թէ ի՞նչ կերպով յաջողած է Ներսէս Պատրիարք, կամ ի՞նչ զուգադիպութիւն եղած է որ իմ նամակս ստանալէ տասն օր վերջ Վսեմ. Ստեփան փաշա Ասլանեան եւ Նուրեան Յովհաննէս էֆ. Բ. Դրան կողմանէ մասնաւոր պաշտօնով մը Ա. Պօլիս եկան Սաֆֆէթ եւ Սէրվէր փաշաներու տրամադրութեան տակ, Ա. Պօլսոյ մէջ մն ացած հիւանդ թիւրք զօրքերն ի Կ. Պօլիս փոխադրելու. այս երկու անձինք Պատրիարքէն յանձնարարեալ մի այլ պաշտօն եւս ունէին գաղտնի, եւ որք 1878 Յնվր. 31 թուակիր Պատրիարքին յանձնարարականաւ իբր խորհրդական Հայկական Խնդրոյն ինձ ներկայացան: Մեր վսեմ. խորհրդականաց պատմեցինք քօնթ Իկնատիէֆի հետ մեր տեսակցութեանց արդիւնքը. նոքա եւս յայտնեցին մեզ Ս. Պատրիարքի գաղափարներն եւ հրահանգն թէ՝ Պատրիարքն կը փափագի եւ կարտօնէ Ռուսիոյ դեսպանին եւ կրանտիւք Նիքօլայ Իշխանին ներկայացնել Հայոց թշուառ եւ հարստահարեալ վիճակն, եւ Ռուսիոյ Կայսեր գթութիւնն հայցել. որոյ ի շնորհս միայն հայերն, իբրեւ Արեւելեան քրիստոնեայ ազգ, պիտի կարենան ազատութեան հասնիլ, նման պուլղարաց:

Եւ որովհետեւ տասն օր անցած էր յորմէ հետէ Ս. Պատրիարքին տեղեկագրած էի, առանց սպասելու պատասխանին, փութացի Ռուսական Իշխանութեան հետ մեր յարաբերութեան թելն ամրապնդելուջանարար լինել, ուստի այս նպատակաւ եւ խորհրդով մեր բարեկամ Մ. Կիրօֆի եւ հաւանութեամբ քօնթ Իկնատիէֆի՝ դարձեալ ներկայացայ կրանտիւք Նիքօլայ Իշխանին եւ խնդրեցի որ ըստ ռուսական սովորութեան բարեհաճի իր կողմանէ պաշտօնեայ մը ղրկել վաղն յերկեղեցի մեր, ուր բարեմաղթութիւնք պիտի կատարուին Ռուսիոյ Կայսեր կենաց եւ պաշտօն ի հանգիստ հոգւոց ի պատերազմին անկեալ ռուս զօրաց:

Այս միջոցին կրանտիւք իշխանին քով կը գտնուէր Իկնաթիէֆ դեսպանն, որ արդէն գիտէր իմ ներկայանալուս պատճառն եւ որոշեալ ժամն, եւ Կ. Պօլսոյ այժմեան դեսպան կոմս Նելիտօֆ: Սոքա երեքն բաւական ջերմ խօսակցութիւն մը ունեցան միմեանց հետ ռուսերէն լեզուաւ, ապա կրան տիւք իշխանն այսպէս պատասխանեց մեր հրաւէրին. «Շատ գոհ եմ հայ հասարակութենէն, սիրալիր ընդունելութիւն մը ըրած են եւ կընեն մեր զօրաց, իւրեանց տուներն բանալով նոցա առջեւ եւ ամեն պարագայի մէջ դիւրութիւններ ընծայելով նոցա. ես կը սիրեմ հայերը եւ կը յարգեմ. այդ բարեմաղթութեան օրն ես անձամբ կը փափագիմ ներկայ գտնուիլ Ձեր եկեղեցին, բայց օրն պէտք է անորոշ մնայ, վասն զի պատերազմի մէջ եմք. յետաձգեցէք առ այժմ. ես կորոշեմ եւ օր առաջ կիմացնեմ Ձեզ». առ այս պատասխան շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցայ:

Այս լուրն հաղորդեցին մեր վսեմ. խորհրդականաց թէ այսպէս խոստում մը առած եմ կրան տիւք իշխանէն, եւ իշխանի մեր յեկեղեցի գալէն յառաջ պէտք էր զիրենք ներկայացնել քօնթ Իկնատիէֆի, թէեւ դժուար էր: Վասն զի չէին կրնար տեղ մը երթալ առանց գիտութեան եւ հրամանի Սաֆֆէթ եւ Սէրվէր փաշաներու, այլ հակառակ ամէն հսկողութեան՝ յաջողեցանք գիշեր մը գաղտնաբար ներկայացնել Նուրեան էֆէնտին քօնթ Իկնատիէֆի, եւ Ասիաբնակ հայ ժողովրդեան թշուառ եւ հարստահարեալ վիճակն յայտնելով՝ Ռուսիոյ Կայսեր գթութիւնն խնդրեցինք. մէկ ժամ ունկնդրութենէն վերջը խոստացաւ կրան տիւքի հետ խօսելով յաջող ելք տալ մեր խնդրոյն, պատուիրելով որ երկուօր վերջը դարձեալ գիշեր ատեն, նոյն ժամուն, ներկայանանք իրեն՝ Ստեփան փաշան եւս մէկտեղ առնելով: Կատարեցինք իր առաջարկութիւնն եւ մեր երկու խորհրդականաց հետ ներկայացանք քօնթին, որ յայտարարեց թէ «տեսնուած եմ կրան տիւքի հետ եւ մինչեւ մէկ աստիճան յաջող է Ձեր խնդիրն. Կայսեր հետ բանակցութեան մէջ եմք. մէկ երկու օրէն Կայսեր հաւանութիւնն եւ հրահանգն կը յուսամ որ պիտի ընդունիմք: Աղօթեցէ՛ք որ Աստուած յաջողէ»:

Այս գեղեցիկ յուսադրութեան վրայ յուզուելով սիրտերնիս՝ խնդրեցինք դարձեալ թախանձանօք՝ Կայսեր գթութիւնը առ Հայ ժողովուրդն կեղեքեալ եւ ուրախութեամբ մեկնեցանք:

Այս տեսակցութեան արդիւնքը անմիջապէս տեղեկագրեցի Ներսէս Ս. Պատրիարքին՝ ռուսական մասնաւոր թղթատարի միջոցաւ եւ, ի պատասխանի իմ տեղեկագրութեան՝ մի շնորհակալութեան գիր ընկալայ նորին Սրբազնութենէն:

Ինչպէս կրան տիւք Նիքօլայ խոստացած էր մեզ յառաջագոյն՝ փետրվար 8-ին հաճեցաւ գալ յեկեղեցի մեր. նորին Բարձրութեան ընկերացած էին քօնթ Իկնատիէֆ, կոմս Նելիտօվ, 16 ժէնէրալ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեայք. յետ բարեմաղթութեան, որ շատ կանոնաւոր տեղի ունեցաւ, հրաւիրեցի զնորին բարձրութիւնն յառաջնորդարան ուր թէյ պատրաստուեցաւ. ներկայ գտնուեցան նաեւ Ստեփան փաշա Ասլանեան, Յովhաննէս էֆ. Նուրեան, որոց համար Սաֆֆէթ փաշա թույլատուութիւն ըրած չէր ներկայ գտնուիլ բարեմաղթութեան. անշուտ ինչպէս կը ցանկայինք իսկ, այս տեսակցութեան նիւթն Հայաստանի Հայ կեղեքեալ ժողովուրդն պիտի լինէր. ի մէջ այլոց կրան տիւք այնպիսի հարցումներ ուղղեց ինձ Հայաստանի աշխարհագրական դրից եւ բնակչաց վիճակին նկատմամբ, որ զինքն գոհացնելուչափ տեղեկութիւններ չունէի, ուստի այս յարմար առիթ եղաւ ինձ Ստեփան փաշան եւ Նուրեան էֆէնտին կրան տիւք Նիքօլայ իշխանին ներկայացնելու. ուստի նորին բարձրութեան պատասխանեցի թէ «Ձեր մեծութեան այս հարցման լիովին տեղեկութիւններ կրնան տալ Կ. Պօլսոյ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովոյ երկու ատենապետներն՝ Ստեփան փաշա եւ Նուրեան էֆէնտին, որք հոս կը գտնուին Սաֆֆէթ փաշայի քով. եթէ հրաման կընէք անմի ջապէս կրնան գալ եւ ներկայանալ»: «Այո՛, կը փափաքիմ տեսնել, թող գա՛ն», պատասխանեց Դուքսն. եւ անմիջապէս նորին մեծութեան թիկնապահներէն մի ն ղրկուեցաւ Սաֆֆէթ փաշայի տուն, ուր մեր խորհրդականք լուր կը սպասէին արդէն ի մէնջ: Սաֆֆէթ փաշա այս բարձրագոյն հրամանին չկրնալով դէմ դնել, կարտօնէ որ ներկայանան:

Կրան տիւք սիրով ընդունեց մեր վսեմ, խորհրդականներն եւ առաւել քան կէս ժամ խօսեցան մէկտեղ եւ պաղատանօք խնդրեցին Հայաստանի ազատութիւնը. ի պահուն երբ մեծ դուքսն Նիքօլայ կը մեկնէր՝ դարձեալ կրկնեցի որ չմոռանայ Հայ տառապեալ ժողովուրդն. այն ատեն իմ ձեռք սեղմելով ըսաւ. «ո՛չ ես եւ ո՛չ եղբայրս՝ Կայսրն չեմք մոռնար զձեզ»:

Հետեւյալ օր քօնթ Իկնատիէֆի երթալով, կրան տիւք Նիքօլայի ներկայանալու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու համար՝ հրաման եւ ժամադրութիւն խնդրեցի. սիրով ընդունելով որոշեց օրն եւ ժամ. եւ որոշեալ ժամուն երբ ներկայացանք նորին բարձրութեան՝ Իկնատիէֆ եւ Նելիտօֆ կոմսերն դարձեալ հոն գտնուեցան. յանուն Հայ հասարակութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին այս մեծ պատւոյն զոր ընծայեց ազգին որ այժմ լի է յոյսով եւ սիրով առ բարեխնամ ռուս կառավարութիւնն. Յայնժամ իշխանն համակրանօք սեղմեց ձեռքս եւ ըսաւ. «Հայոց սիրալիր ընդունելութենէն շատ գոհ մնացի եւ Կայսեր՝ եղբօրս անմիջապէս հեռագրեցի իմ գոհունակութիւնս թէ՝ այսպիսի ընդունելութիւն, սէր եւ համակրութիւն չտեսայ ոչ ի յոյնս եւ ոչ յայլ ազգս. յետ մի քանի աւուրց պիտի մեկնիմ քաղաքէս յԱյ-Ստեէֆանօ ուր մօտ պիտի լինիմք ի Գում-Գաբու ձեր Պատրիարքին. գրէ Պատրիարքին թէ ձեր խնդիրն եւ յոյսն ի դերեւ չի պիտի ելնեն, անհոգ եղիք, եղբօրս հետ բանակցութեան մէջ եմք»:

Այս կէս պաշտօնական յարաբերութիւններն աւելի յոյս տուին մեզ. ուրախութեամբ մեկնեցայ. յետ երկուց աւուրց քօնթ Իկնատիէֆ հրաւիրած էր զիս առ ինքն, փութացի. «աչքդ լոյս, գոչեց քօնթը, գործերնիդ յաջող է, Կայսեր հաւանութիւնն ստացանք եւ Ձեր խնդիրն պիտի անցնի ի կարգս յօդուածոց ռուս-թուրք դաշնագրութեան մէջ. ընդ փոյթ պարտիք մի ծրագիր ներկայել կրան տիւք իշխանին թէ՝ ի՞նչ են Հայոց իղձն ու փափագն»:

Ներսէս Պատրիարքը, իր լիազօրներին ուղարկելով Ադրիանուպօլիս, միաժամանակ դրեց եւ պաշտօնական դիմումների հիմնաքարը, որի վրայ պիտի կառուցուէր հայոց հարցի նոր կերպարունաւորումը: 1878 թ. փետրվարի 1-ին ինն եպիսկոպոսներ, որոնց թւում եւ, անշուշտ, ինքը, Ներսէսը, ուղարկեցին Ալէքսանդր II կայսրի անունով հետեւեալ աղերսագիրը.

2
ԱՂԵՐՍԱԳԻՐ ԹԻՒՐՔԱՀԱՅ ԻՆՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԻ ՅԱՆՈՒՆ ԱԼԷՔՍԱՆԴՐ Բ. ԿԱՅՍՐԻ

Տէր Արքայ,

Այն պատերազմէն յետոյ, որ վախճան առաւ Ձեր Կայսերական Մեծութեան զինուց յաղթութեամբը եւ որ ամենէն աւելի փառաւորն է, թող ներուի Թուրքիոյ Հայոց եկեղեցական գլխաւոր պաշտօնէիցս ներկայացնել իրենց զարմացումը, յարգանքը եւ խոնարհ շնորհաւորութիւններն յոտս Ձեր Կայսերական Մեծութեան Աթոռոյն, որոյ հետ կը միանան նաեւ Հայոց ազգի ուխտն եւ փափագներն:

Տէր Արքայ, Ձեր զէնքերն յաղթանակեցին այնպիսի մի ժողովրդեան, որ քաջ պատերազմի կ ժողովրդոց մին է, որով Ձեր Կայսերական զօրութիւնը նոր փայլ մը ստացաւ աշխարհի վրայ: Ձեր սուրը յաղթանակ կանգնեց թէ Եւրոպիոյ եւ թէ Ասիոյ մէջ եւ Ձեր զօրապետներն ուզէնքերը, ինչպես Պուլկարիոյ դաշտաց մէջ իրենց ամենամաքուր արիւնն թափեցին, նոյնպէս թափեցին Հայաստանի այն հինօրեայ հողոյն վրայ, որ մեր ծնուելն տեսաւ եւ զոր մեր հայրերն ի սկզբանէ դարուց իւրեանց քրտամբք եւ արտասւօքն ոռոգեցին:

Տէր Արքայ, Ձեր խոստումն երն ամենուն համար էին. Ձեր խնամքը պէտք է ամենուն համար հաւասար տարածուի. Հայերն ալ ունին այնչափ իրաւունք, որչափ ունին Թիւրքիոյ միւս քրիստոնեայ հասարակութիւնք՝ այն հոգատարութեան որ կը գործէ աշխարհի վրայ առանց շահասիրութեան, եւ այս անշահասիրութիւնը ամենէն աւելի գեղեցիկ յատկութիւնն է իշխանի մը, որ աշխարհի զօրաւորն է եւ զոր Աստուած մեծութեան տիտողոսով պսակած է:

Այո՛, Տէր Արքայ, Հայերն այս նշանաւոր պարագայի մէջ, յորում իրենց կրօնակից եղբարց վիճակն կորոշուի, կը համարձակին Ձեր Կայսերական Մեծութեան զօրաւոր պաշտպանութիւնն հայցել:

Նոքա ալ վշտացած են, նոքա ալ կը յուսան խառնաղանճ վայրենիներէ շրջապատեալ եւ Եւրոպայէն հեռի մի անկիւն նետուած, իրենց տառապանքներն աւելի անգթաբար կը գործուին, քան թէ միւս քրիստոնէից, առանց իրենց աղաչանքներն լսելի լինելոյ:

Ինչ բան որ այսօր կը խնդրենք եւ ինչ բան որ համարձակութիւն առած կը հայցեմք Ձերդ Կայսերական Մեծութենէն յանուն նոցա, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Եւրոպական Թիւրքիոյ քրիստոնէից վիճակին նմանութիւն: Եթէ Եւրոպական Թիւրքիոյ գաւառաց միեւնոյն ինքնօրէն վարչութիւնն, միեւնոյն երաշխաւորութիւններով տրուի Հայոց հասարակութեան, այն ատեն նոցա սրտեռանդն ցանկութիւններն լսուած պիտի լինին եւ վախճան պիտի ստանան իրենց ընդ երկար նահատակութիւնքն:

Տէր Արքայ, խիստ դառն է մեզ համար որ խաբուինք մեր յուսոյն մէջ, բայց այս կարելիութեան չեմք ուզեր հաւատալ միայն Ձեր վեհանձնութեան վրայ ունեցած հաւաստիներուս շնորհիւ:

Կաղաչեմք Ձեր Մեծութիւնը հաճիլ ընդունելոյ մեր սրտաբուղխ օրհնութեան հետ մեր խորին յարգանքներն, ընդ որոյ պատիւ ունիմք լինել,

Տէր Արքայ,

Ձեր Կայսերական Մեծութեան

ամենախոնարհ եւ ամենահնազանդ ծառայք [2]

Պատրիարքարան Հայոց Կ. Պօլիս

1/13 փետր. 1878

Ինչպէս յայտնի է, այս դիմումերի հետեւանքով էր որ Սան-

Ստեֆանօի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնների պայմաններից մէկը դարձաւ հայոց հարցը եւ թիւրքաց լիազօրները, յամառ դիմադրութիւնից յետոյ, կարողացան դուրս գցել տալ այդ պայմանից ամեն ինչ, որ կարող էր որոշ, կոնկրէտ պարտաւորութեան ձեւ ունենալ. նրանք մերժելով մերժեցին խօսք բաց անել ինքնավարութեան մասին [3]: Եւ երկու կողմերի համաձայնութիւնը կանգ առաւ այն խմբագրութեան վրայ, որով լոյս տեսաւ փետրվարի 19-ին ստորագրուած դաշնագրի 16-դ յօդուածը: Ահա նրա բառացի թարգմանութիւնը.

3
ՍԱՆ-ՍՏԵՖԱՆՕԻ ԴԱՇՆԱԳՐԻ 16 ՅՕԴՈՒԱԾԸ

Նկատելով որ ռուսական զօրաց Հայաստանի մէջ գրաւած, բայց Թուրքիոյ վերադարձուելիք տեղերէն մեկնիլը կրնայ կռիւներու եւ երկու տէրութեանց բարեկամական յարաբերութիւններուն վնաս բերող կնճիռներում ծնունդ տալ, Բ. Դուռը պարտաւորութիւն յանձն կառնու՝ Հայոց բնակած գաւառներուն մէջ տեղական պիտոյից պահանջած բարւոքումներն եւ բարենորոգումներն առանց այլ եւս յապաղելու գործադրել, եւ Քիւրդերուն ու Չէրքէզներուն դէմ անոնց ապահովութիւնն երաշխաւորել [4]:

 

Շատ նշանակալից է որ այստեղ բերուած «բարւոքումների եւ բարենորոգումների» անորոշ խոստումը առաջին իսկ քայլից հայ գործիչներն ըմբռնեցին այն մտքով թէ Հայաստանը այդ յօդուածով պիտի ստանայ ինքնավարութիւն: Այսպէս, դեռ Սան-Ստեֆանօի դաշնադրութեան ամբողջութիւնը պաշտօնապէս չէր հրատարակուած, դեռ գերմանական լրագրներից մէկը միայն կարողացել էր այդ դաշնագրի բովանդակութիւնը պատմել, այն էլ որ շատ մեծ հարազատութեամբ, եւ ահա հայոց հարցի նշանաւոր գործիչներից մէկը, Գրիգոր Արծրունին, մարտի 10-ին «Մշակի» առաջնորդողի մէջ ասում էր թէ հայերին խոստացուածը նահանգական ինքնավարութիւն է, այսինքն՝ «քրիստոնեայ նահանգապետ, սեփական քաղաքային եւ գիւղական վարչութիւններ, կայքերի եւ անձնական ապահովութիւն, կալուածների ազատելը քուրդ եւ թիւրք բէյերի աւատական իշխանութիւնից, սեփական կամ խառն դատարաններ, դատաստանի առջեւ քրիստոնեաների եւ մահմեդականների հաւասարութիւնը, ուսումնարանների ազատութիւնը, ամբողջ երկրից Թիւրքիային տրուող տարեկան որոշուած հարկը, որ հիմն ած լինէր հաստատ եւ անփոփոխ հիմքերի վրայ եւ ոչ թէ կամայականութեան վրայ: Դաշնագրի երկրորդ կէտին, այն է որ հայերին տրուելուէ ապահովութիւն չէրքէզների եւ քուրդերի դէմ, Թիւրքիայի հայերը կարող են հասնել միայն նրանով որ կը պահանջեն Թիւրքիայից իրանց սեփական տեղական պահապան զօրք ունենալուիրաւունքը»:

Միեւնոյն ինքնավարական սկզբունքն էր, 16-դ յօդուածից յետոյ էլ, թիւրքահայ գործիչների ցանկութիւնը: Մարտի 15-ին Խորէն արքեպիսկոպոս Նարպէյը, որ Ներսէս պատրիարքի կողմից պատգամաւորի պաշտօնով Պետոգրադ էր գնացել, ներկայացրեց Ալէքսանդր II Կայսրին պատրիարքարանում մշակուած մի ծրագիր, որի բովանդակութիւնն այսպէս է պատմում ինքը Նարպէյը.

4
ԱԼԷՔՍԱՆԴՐ II ԿԱՅՍՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՐԱԾ ԾՐԱԳԻՐԸ

Ա. Տալ Հայաստանի ընդհանուր կառավարիչ, հայ-լուսաւորչական յազգէ, մարզպան եւ վալի անուանակոչութեամբ եւ աստիճանաւ միւշիւրի, որոյ ընտրութիւնն լինի ի Սուլթանէ, համահաճութեամբ Կայսերն Ռուսաց:

Բ. Կուսակալք եւ գաւառապետք՝ լինիցին հայ-լուսաւորչականք ազգաւ, ընտրեալք յերեսփոխանական ժողովոյ Հայաստանի եւ վաւերացեալք ի Բ. Դրանէ:

Գ. Բարեկարգարանն լինիցի ի ձեռն Հայոց, յորոց լինիցին եւ քաղաքապահ զինւորքն:

Դ. Դատաստանատունք բացցին եւ վարեսցին օրինօք քրիստոնէից ընդ նախագահութեամբ հայ դատաւորաց Քադըք եւ այլ կրօնական պաշտօնեայք չունիցին անդ մասն եւ բաժին:

Ե. Ջնջեսցին արտօնութիւնք քիւրդից, չորպաճըյից եւ տէրէպէյից:

Զ. Նոր եւ արդար բաշխումն հարկաց:

Է. Բարեկարգութիւն վաքըֆի եւ քննութիւն կալուածական եւ հողային:

Ը. Զինաթափութիւն տաճկաց եւ առ հասարակ ի Հայաստան:

Թ. Պատրաստութիւն կանոնագրաց ի կառավարութիւնն երկրին, զոր վաւերացուսցէ Սուլթանն հաճութեամբ Ռուսիոյ:

Ժ. Երաշխաւորութիւն ինքնավարութեան Զէյթունի, ըստ հնադարեան վարչութեան [5]:

Միաժամանակ պատրաստուեց մի համառօտ «Ծրագիր Կազմակերպական Կանոնագրի Օսմանեան Հայաստանի», որի մէջ սահմանւում էր ինքնավարական կազմակերպութիւն հայկական նահանգների համար եւ այդ ծրագիրը յատուկ պատուիրակութեան ձեռքով (Խրիմեան արքեպիսկոսպոս եւ Մինաս Չերազ քարտուղար) ուղարկուեց եւրոպական վեց մեծ պետութիւնների կառավարութիւններին մինչեւ Բերլինի Վեհաժողովի գումարումը: Դրա հետ միասին Ներսէս Պատրիարքը ներ-կայացնում էր՝ 1) Մի առանձին Յիշատակագիր (Մեմորանդում), որի մէջ ապացուցւում էր թէ ինչ պատճառներով ինքնավարութիւնը Հայաստանի համար մի արդար եւ օրինաւոր անհրաժեշտութիւն էր, 2) Հայաստանի վիճակագրութիւնը եւ 3) Հայաստանի քարտէզը:

5
ԾՐԱԳԻՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԱԳՐԻ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ

Ա.

Օսմանեան Հայաստանը, ըստ ներփակեալ աշխարհացուցին, կը պարունակէ Էրզրումի եւ Վանի վիլայէթները, Տիարպէքիրի վիլայէթին հիւսիսային մասը, այսինքն Խարբերդի սանճագին արեւելեան մաս (որուն սահմանագլուխն է Եփրատ արեւմտեան կողմէն), Արղանայի սանճագը եւ Սղերդի սանճագին հիւսիսային մասը, որք կը կազմեն Մեծ Հայաստանի տաճկական մասը, որպէս նաեւ Րիզէի նաւահանգիստը՝ Տրապիզոնի եւ Պաթումի միջեւ, տուրեւառը դիւրացնելու համար:

Հայաստանի վարչութիւնը պիտի յանձնուի Հայ ընդհանուր կառավարչի մը, զոր Բ. Դուռն պիտի անուանէ երաշխաւոր պետութեանց հաւանութեամբը: Նորա բնակավայրը պիտի լինի Էրզրում:

Ընդհանուր կառավարիչը պիտի ունենայ գործադիր իշխանութեան բոլոր ստորոգելիքը, նահանգին ամբողջ ընդարձակութեանը մէջ հանրային ապահովութեան եւ կարգապահութեան պահպանութեանը պիտի հսկէ. տուրքերը պիտի հաւաքէ, եւ իր պատասխանատուութեան տակ պիտի անուանէ վարչական գործակալները. ինք պիտի կարգէ դատաւորները, պիտի գումարէ ընդհանուր ժողովը եւ անոր պիտի նախագահէ, եւ նահանգին բոլոր վարչական ճիւղերուն պիտի հսկէ:

Հինգ տարուան համար պաշտօն ստանձնելով, ընդհանուր կառավարիչը չը պիտի կարենայ հրաժարուիլ Բ. Դրան կողմէն,   առանց հաւանութեան երաշխաւոր պետութեանց:

Կեդրոնական վարչական ժողով մը պիտի հաստատուի, որուն պիտի նախագահէ ընդհանուր կառավարիչն եւ անոր պիտի անդամակցին՝ 1. Ելեւմտից Տեսուչը, 2. Հանրային շինութեանց Տեսուչը, 3. Մի օրէնսգէտ խորհրդական, 4. Հանրային զօրութեան հրամանատարը, 5. Քրիստոնեայ դպրոցներու Վերատեսուչը, 6. Մահմէտական դպրոցներու Վերատեսուչը: Սա ալ պիտի անուանի ընդհանուր կառավարչէն, այլ նահանգին մէջ Շէրիի օրէնսդրութեան գլխաւորին առաջարկութեամբ:

Նահանգը սանճագներու եւ ասոնք այլ գազաներու պիտի ստորաբաժանուին. ընդհանուր կառավարիչն պիտի անուանէ սանճագներու կառավարիչները եւ գազաներու փոխ-կառավարիչները:

Կառավարիչներն եւ փոխ-կառավարիչներն ընդհանուր կառավարչէն կարգուած գործակալներ են, եւ ամեն կերպով զինքը կը ներկայացունեն նահանգին ստորաբաժանումներուն մէջ. ընդհանուր կառավարչէն կարգուած երկու խորհրդականներ կ’օժանդակեն նոցա՝ իւրեանց վարչութեան մէջ:

Բ.

Նահանգին ընդհանուր կառավարութեան անկ ըլլալով հանրային կարգապահութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանել, ընդհանուր եկամուտներու 20%ին չափ գումար մը ամեն տարի պիտի վճարուի Կայսերական գանձուն:

Նահանգին մնացած եկամուտին մէջէն քաղաքային ու դատական վարչութեան եւ ոստիկանութեան եւ բանակի պահպանութեան պէտք եղած ծախքերը դուրս հանելէ յետոյ, մնացորդը սապէս պիտի գործածուի.

1. 80%ին պիտի յատկանայ հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ուրիշ հանրօգուտ շինուածոց հաստատութեանը եւ պահպանութեանը.

2. 20%ին պիտի յատկանայ դպրոցներու հաստատութեան եւ պահպանութեան. բարձրագոյն դպրոցներու յատկացեալ գումար ները մէկդի դնելով, մնացորդը իբր նպաստ պիտի բաշխուի մահմէտական եւ քրիստոնեայ դպրոցներուն, անձն իւր կրօնի մնայուն հասարակութեան թուոյն համեմատութեամբ:

Գ.

Մահմէտական օրէնսդրութեան գլխաւոր մը պիտի կարգուի, զոր Վեհափառ Սուլթանը կ’անուանէ եւ որոյ պաշտօնն է նահանգին մէջ բոլոր Շէրիի դատարաններուն վրայ հսկել:

Շէրիի դատարանները լոկ մահմէտականաց իրարու հետ ունեցած վէճերը պիտի ճանաչեն:

Հասարակ դատարանները պիտի դատեն քրիստոնէից, կամ մահմէտականաց եւ քրիստոնէից մէջ պատահած բոլոր քաղաքային, եղեռնական եւ վաճառականական դատերը: Ամեն դատարան պիտի բաղկանայ երեք դատաւորէ, որոնց մէկը նախագահի պաշտօն պիտի վարէ. ընդհանուր կառավարիչը կ’անուանէ դատաւորները եւ կ’որոշէ այս դատարանաց նախագահները:

Գազային փոխ-կառավարիչը եւ իւր խորհրդականները հաշտարար դատաւորի պաշտօն պիտի վարեն:

Յատուկ կանոնագիրներով պիտի որոշուին Շէրիի եւ հասարակ դատարանաց եւ հաշտարար դատաւորաց թիւը, իրաւասութիւնը եւ ստորոգելիները: Քաղաքային Օրինագիրք մը եւ Եղեռնական Օրինագիրք մը պիտի խմբագրուին Եւրոպայի իրաւագիտական  արդի սկզբունքներուն համաձայն:

Դ.

Կրօնի կատարեալ ազատութիւն պիտի լինի:

Անձնիւր հասարակութիւն պիտի հոգայ կղերին եւ կրօնական հաստատութեանց ծախքերը:

Ե.

Նահանգին հանրային զօրութիւնը կը բաղկանայ՝ 1. Ոստիկանութենէ մը եւ 2. Բանակէ մը:

Քիւրտերը, Չէրքէզները եւ միւս թափառիկ ցեղերը մէկդի թողլով, բանակը պիտի բաղկանայ՝ 1. Հայերէն՝ եւ 2. նահանգին մէջ հինգ ամէ ի վեր բնակութիւն հաստատած ոչ-հայ տարրէն:

Ոստիկանութեան պաշտօնն է նահանգին ամբողջ ընդարձակութեանը մէջ կարգապահութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանել:

Ասոր հրամանատարն է ոստիկանապետ մը, զոր կանուանէ ընդհանուր կառավարիչն, նահանգին հանրային զօրութեան ընդհանուր հրամանատարին առաջարկութեամբ, եւ որ անոր անմիջական հրամանին տակ կը գործէ:

Բանակը պիտի դրուի հանրային զօրութեան ընդհանուր հրամանատարի հրամանին տակ եւ իւր պաշտօնն է ի հարկին օգնել ոստիկանութեան:

Սովորական ժամանակի մէջ գործող բանակը պիտի բաղկանայ 4000 զինուորէ, ի բաց առեալ այն կանոնաւոր բերդապահները, զորս Կայսերական կառավարութիւնը կրնայ իւր ծախքովը դնել նահանգին բերդերուն եւ ամրոցներուն մէջ:

Զ.

Ընդհանուր ժողովը պիտի կազմուի հետեւեալ կերպով՝

Անձնիւր գազա պիտի յղէ երկու պատգամաւոր, մէկ մահմէտական եւ մէկ հայ, զորս գազային մահմէտական եւ քրիստոնեայ ժողովուրդները կ՛ընտրեն յատկապէս:

Պատգամաւորները սանճագին գլխաւոր քաղաքին մէջ գումարուելով, միատեղ պիտի ընտրեն երկու խորհրդական առ սանճագ, մէկը քրիստոնեայ եւ միւսը մահմէտական:

Ընտրող եւ ընտրելի են հաւասարապէս.

1. Նահանգին բոլոր բնակիչները որք 25 տարին լրացուցած են, կալուած մը ունին, կամ ո եւ է ուղղակի տուրք մը կը վճարեն.

2. Զանազան կրօնից պաշտօնեաները եւ կղերը.

3. Դասատուները եւ դաստիարակները, ճանաչուած կրօնական հասարակութեանց գլուխներն իրաւամբ անդամ պիտի լինի այս ժողովին, մի գլուխ անձնիւր կրօնի համար:

Տարին անգամ մը ընդհանուր ժողով կը գումարի նահանգին գլխաւոր քաղաքին մէջ, նահանգին ելմտացոյցը (budget) եւ տուրքի բաշխումը քննելուեւ ստուգելուհամար: Ընդհանուր կառավարիչը պարտաւոր է տարեկան ելմտական տեղեկագիր մը ներկայացնել անոր:

Տուրքի հաւաքման եւ բաշխման դրութիւնը պիտի բարեփոխուի երկրին ճոխութեանց զարգացումը դիւրացնելու նպատակաւ:

Ընդհանուր կառավարիչը եւ ընդհանուր ժողովը հինգ տարին անգամ մը համաձայնութեամբ պիտի որոշեն՝ ըստ վերոյիշեալ տրամադրութեանց՝ Բ. Դրան յանձնուելիք գումարները:

Է.

Երաշխաւոր պետութիւնները միամեայ պաշտօնով Համազգային Յանձնաժողով մը պիտի կարգեն, որպէս զի հսկէ սոյն Կանոնագրին գործադրութեանը, որ Դաշնագրին ստորագրուելէն երեք ամիս յետոյ ի գործ պիտի դրուի [6] ։

6
ՅԻՇԱՏԱԿԱԳԻՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՆԴՐՈՅՆ ՎՐԱՅ

Արեւելեան խնդիրն ահա մտաւ նոր կերպարանց մէջ, որ լուծումն կը պահանջէ անյապաղ եւ վերջնական: Եթէ մինչեւ ցայսօր դարէ մը ի վեր առկախեալ մնացած էր իբր սպառնալիք, այդ սպառնալիքն, կրնամք ըսել, թէ ահա շառաչեց այսօր:

Դիւանագիտական յարդարմունք իրաւախոհութիւնք բարենորոգմունք պահանջեալք կամ խոստացեալք առ ոչինչ այլ ծառայեցին, բայց ի յապաղել տալ առ վայր մի զայդ շառաչումն, բայց եւ ծառայեցին միանգամայն իրենց ընդունայնութեամբն արդարացի երեւցունելու զսա ամենուն աչաց: Վերջին պատահեալ դէպք, այնու իսկ զի պատահեցան զայս անխուսափելի երկսայրաբանութիւն դրին առաջի Եւրոպիոյ, թէ կամ այն է, որ պէտք է անհետ կորընչին իրենց ետեւէն ընդ քարշ տանելով բոլոր իրենց հետեւանքները, եւ կամ այն է որ պէտք է իրենց արդիւնքը յառաջ բերեն լի եւ անթերի:

Եւրոպիոյ աչալրջութեան չէ կարելի այլ եւս իւրոց շահուց նկատեալ փրկութեան ելքը ուրիշ կերպ լուծման մէջ բնտռել՝ քան անթերի լուծման մէջ, այսինքն է, յայնմ որ բանաւորն է, որ բնականն է որ կարելի՝ եւ դա խնդրոյն բնութենէն իսկ յառաջ կը բղխի:

Արեւելեան խնդիրն է՝ խնդիր տկարացման Օսմանեան ինքնակալութեան, յոր ընդխառն կնճռեալ է նաեւ քրիստոնէից մահմէտականաց հետ բնակութիւնն ի զանազան կողմանս Թուրքիոյ: Այն որ խնդրոյն մարմաջեցուցիչ կողմն է, այն որ զվտանգն մօտալուտ կընէ, այն որ Եւրոպիոյ պահպանողական շահուց վնաս կը սպառնայ իւր հապճեպ լուծմամբն, ահա այդ կնճռումն է, այդ բնակակցութիւնն, որ անհնարին դարձած է, այլեւս տեւել արդի պայմանաց մէջ: Մեծամեծ աղէտներ են, որոց դա ձայն կուտայ:

Թուրքիա բազմաթիւ պետութիւններ ունի իւր դրակից՝ մեծ կամ փոքր: Ցարդ դրակցութեան կամ նիւթական շահու խնդիր՝ բնաւ պատրուած եղած չէ կամ առիթ տուած չէ դարէ հետէ լուրջ մաքառմանց: Միւս կողմանէ, Թուրքիոյ զուտ ի մահմէտականաց բնակեալ կողմանք՝ զերծ մնացած են արեւելեան խնդրոյն յուզմանէն: Աստի պէտք է զհետ բերել թէ որ եւ է դղրդման մը կամ հապճեպ լուծման մը վտանգն կը փարատի, եթէ հնար ըլլայ գիտել թէ ինչ եղանակաւ կարեն մահմէտականք բնակիլ ի միասին ընդ քրիստոնեայս:

Եւրոպական պետութիւնք որ զՂրիմի պատերազմն մղեցին ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ ընդդէմ Ռուսիոյ, հասուեղան թէ իրենց լոկ յաղթութեամբք՝ վտանգն չփարատիր իսպառ, եւ արեւելեան խնդիրն զիւր վերջնական լուծումն չգտներ երբէք. ուստի քրիստոնէից վիճակին վրայ խորհելու զբաղեցան: 1856-ի Խաթթի Հիւմայունը արտայայտութիւն եղաւ այդ աշխարհագիտութեան. աշխարհագիտութիւն խաղաղութեան եւ նախատեսութեան: Չեմք կարող ըսել որ այդ բարենորոգմանց մէջ չեն գտնուիր եւ ծիլք այն սկզբան թէ ապահովել պարտ է քրիստոնէից իրենց ստացուածքը, կեանքը եւ պատիւը եւ զհաւասարակցութիւնն ընդ մահմէտականս:

Այդ ժամանակէն ի վեր ատեն ատեն նորանոր բարենորոգմունք հրատարակուեցան նոյն ոգւով յղացեալ, որք զնախորդ բարենորոգմունսն կամրացունէին, եւ վերջինն, - իսկ գերագոյն ճիգն հաւասարակցութեան եւ ձուլման իսկ, - կատարուեցաւ, հրատարակմամբ Օսմանեան Սահմանադրութեան:

Սակայն այս ամենայն ճգունք ոչ յայլ ինչ կը յանգէին, բայց զիւրեանց ապիկարութիւնն ցուցընելու: Տակաւին կը հեծէ քրիստոնեայն զիւր ստորնութիւնն մահմէտականին առջեւ, եւ աշխարհավարական կամ քաղաքական հաւասարակցութիւնն ոչ այլ ինչ նկատուած է, բայց բառ սին: Ամենուրեք ուր իշխանութիւնն ի ձեռս մահմէտականաց է, նոյն անյեղլի եւ անփոփոխելի արգասիք եւ օրէնք անզօր գտնուած են զքրիստոնեայն պաշտպանելու յերեսաց մահմէտականին:

Նոր օրէնսդրութիւնք եւ արդարութեան գործոյն երաշխիս տալու ջանք՝ զիսլամութեան ոգին մղած են մինչեւ յիւր վերջին ամրութիւնսն, բայց նա անց զամենայն պատ ի պատ հնարս ի գործ դրած է զայդ օրէնսդրութիւնսն եւ զայդ երաշխիս ի դերեւ հանելու:

Զոր օրինակ, եթէ վճռատու դատաւորն քրիստոնեայ ոք կարէ լինիլ, զվճիռն գործադրող ձեռքն մահմէտական է միշտ:

Բարձրագոյն Դուռն, չարամտութիւն կը լինի եթէ զհակառակն ըսեմք այսօր, իւր բարի կամաց հաւաստիքն տուաւ, սակայն զանկարելին խոստացած եղաւ: Ի բաց առնելով մտօք որ ինչ ըստ աշխարհագիտականին հաւասարակցութիւն կը քարոզուի եւ կը պաշտպանուի, կարող չէ մահմէտական իշխանաւոր մը, առանց դրժելուիւր կրօնից, ընդունել եւ գործադրել զայս երկուս սկզբունս՝ զխղճի ազատութիւն, եւ զփոխարինիչ արդարութիւն երկուէական կիրառնութիւնք որ եւ է կառավարութեան մէջ:

Ազատութիւնն խղճի ոչ այլ ինչ կը նշանակէ ի Թուրքիա, բայց ազատութիւն քրիստոնէի ի մահմէտականութիւն դառնալու: Երբէք մահմէտական իշխանութիւն մը չէ հանդուրժած եւ չհանդուրժեր որ իսլամ մը ի քրիստոնէութիւն դառնայ եւ ոչ իսկ քրիստոնէի մը կը ներէ զայն եթէ առ ժամանակ մի մահմէտական եղած լինի: Չէ հնար օրինակ ի մէջ բերել, որ այդպիսի ինչ դարց ներուած ըլլայ երբէք:   Խղճի ազատութեան սկզբունքը գործադրելի է միայն քրիստոնեայ զանազան եկեղեցեաց մէջ իրարու վերաբերմամբ:

Նոյնպիսի է եւ փոխարինիչ արդարութեան համար: Արդարութեան ատենի մէջ կրօնքն չունի ամենեւին ազդեցութիւն (բայց եթէ երբ օրէնքն նորա ամբողջութեան մասն է), ցորքան վէճը քրիստոնէից մէջ է. բայց երբ մահմէտական է վնասապարտն առ քրիստոնեայն, առանձնաշնորեալ է նա միշտ առաջի արդարութեան, որ չընդունիր եւ պիտի չընդունի, բայց զմահմէտականին վկայութիւնը միայն:

Այդ երկու իրաց մէջ միանգամայն կը տիրէ արտաքոսղական ոգին, որով տոգորուած է ամեն մահմէտական իշխանութիւն, այնու զի իշխանութիւն է այն իսկապէս կրօնական: Զայդ երկուսն միայն յիշատակեցինք աստ առ ի լաւագոյն եւս դուրս ցայտեցունելու զարդիւնս դրութեան մը, յորում մահմէտական պաշտօնավարն, որչափ եւ լուսաւորեալ ոք ըլլայ եւ բարեսէր ի բնէ, ստիպուած է հպատակիլ՝ ի պատճառս իւր կերպարանացն զոր կը կրէ, եւ որ իրեն զգալի եւս կըլլայ իւր յանցանկելոց հետ ամենօրեայ վերաբերութեամբք:

Անիրաւութիւն է զմարդիկ ամբաստանել, զի անկարելիութեան մը առջեւ կը գտնուիմք: Եւրոպիոյ հզօր ներգործութիւնն ադոր հետ բախեցաւ եւ կասեցաւ. եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ պետական մարդոց իմաստութիւնն եւ հայրենսիրութիւն անդ խորտակեցաւ: Մարթ է ըսել եւս համարձակօրէն թէ նորանոր բարենորոգմունք՝ նոր փախստեան տեղի՛ք եւ նոր շփոթից առիթք են, եւ բնաւ թէ խնդրոյն լուծումն տալու բաւականք:

Եթէ մահմէտական իշխանութեան այս արտաքսողական ոգին ակնյայտնի ինչ է եւ աներկբայելի եւ ճակատագրական, եթէ իրաց բնութեան իսկ մէջէն է, եթէ ապստամբ է յամենայն դարմանոյ, եթէ նոյնիսկ մահմէտականաց կրօնից ոգին է, եւ եթէ այդ կրօնքն է ամեն մահմէտական պաշտօնէից աշխարհավարական դաւանութիւնն, որով իրենց կառավարական բնութիւնն աստուածպետական կը դառնայ, կը հետեւի ուրեմն, որ Թուրքիոյ քրիստոնէից խնդիրն, ինչպէս ի վեր անդր կոչեցինք, իբր մեծի արեւելեան խնդրոյն մարմաչեցուցիչ վէրք, չկրնար գտնել զիւր լուծումն, բայց եթէ, քրիստոնէից եւ մահմէտականաց բնակակցութեան պայմանը փոփոխելով:

Քրիստոնէական իշխանութիւն մը կարէ միայն հաստատել զհաւասարակցութիւն. դա միայն կարէ յակաստանի դնել զարդարութիւն. դա միայն կարէ հիմն ել զազատութիւնն խղճի. ուստի եւ դա հարկ է որ փոխանակէ զմահմէտական իշխանութիւնս ամենայն ուր խռնեալ են քրիստոնեայք:

Այդ վիճակի մէջ կը գտնուին գրեթէ ամենայն գաւառք եւրոպական Թուրքիոյ եւ յԱսիա՝ Հայաստան եւ Կիլիկիա:

Այս լուծումն է զոր ըստ իւրեանց կարգի կուգան այժմ Հայք թախանձել ի Թուրքիոյ:

Ոչ միայն կը հաւատան թէ համանման այլոց քրիստոնեայ ժողովրդոց Թուրքիոյ իրաւունս ունին եւրոպական պետութեանց խնամարկութիւնն ընդունելու, այլ եւ կը հաւատան, որ իրենց վիճակի բարւոքումն է այսուհետեւ մին յանհրաժեշտ պայմանաց արեւելեան խնդրոյն լուծման:

Զիւրեանց անկախութիւնն կորուսանելով Հայք ի հինգ դարուց հետէ, իրենց մէկ մասն ցրուած է ընդ երեսս երկրի՝ խոյս տալով յերեսաց բարբարոս հրոսակաց որ ի Հայաստան արշաւեցին. սակայն մեծագոյն մասն յարեալ մն աց յիւր հայրենի աշխարհին մէջ, եւ անդ գիտցաւ իւր սրբավայրից հետ պահել եւ զպաշտամունս ազգային յիշատակաց:

Աւելի քան զերկու միլիոն Հայք կը բնականան ի Մեծն եւ Փոքրն Հայս: Այլ այսօր իսկ շրջապատուած են վայրենի ասպատակողներէ, որ չեն թուրք, բայց մահմէտական են, եւ արձակ համարձակ դարերէ ի վեր կը գերեն, կը պղծեն, կը կոտորեն: Եթէ Բուլղարք եւ Յոյնք նեղուած են յԵւրոպականն Թուրքիա, կրկին նեղուած են Հայք յԱսիա յերեսաց այդ վայրենաց, զուրկ մնացեալ ի դուզնագոյն անգամ որ եւ է լուրջ կառավարութենէ, եւ յԵւրոպացւոց խուզարկութենէ: Կարեմք ըսել, որ այն որ պարբերական ինչ դէպք են ի Ռումելիա, մնայուն վիճակ է ի Հայաստան, եւ այս ժողովուրդը, որոյ համար կրցաւ Անգղիոյ մեծագոյն քերթողն վկայել թէ աշխարհի ամենայն ազգաց մէջ սա է թերեւս որոյ տարեգիրք ամբիծ մն ացած են յեղեռանց, այդ ժողովուրդը հանապազօր կը տեսնէ ԺԹ. դարուս կորովութեան մէջ իւր յարկաց կործանումը, իւր պատւոյն անարգութիւնը, իւր սրբավայրից կոխումը: Վկայ են այդմ բազմաթիւ եւ մեծահատոր տեղեկագիրք որովք հայոց պատրիարքարանն ի տասն ամաց հետէ հեղած զեղած է զպաշտօնարանս Բարձրագոյն Դրան, եւ որք թարգմանուած եւ հրատարակուած են առաջի եւրոպացւոց:

Հայք եղած են թերեւս բոլոր արեւելեան քրիստոնէից մէջ միակ, որ Ղրիմեան պատերազմէն ի վեր, եւ յանդիման իսկ հանդիսաւոր խոստմանց թողուած են երթալ իրենց յուսովն ապրիլ: Ուզեցին յուսալ, որչափ Եւրոպիոյ եւ նոյնիսկ թուրքաց մէջ գտնուած են մարդիկ, որք յուսով կապրէին, եւ յայս մի ջոց ժամանակի, որչափ իրենց ձեռքն էր, բարեյօժար եղած են ամենեւին ոչ մի արգելք կամ խոչընդոտն յարուցանել կառավարութեան առջեւ: Բարձրաձայն կարեն ըսել զայս թէ Բարձրագոյն Դուռն ամենեւին չունի եւ որ դոյզն ապստամբութեան նշմար արձանագրած ի ստգտանս հայոց: Իբր բարեմոյն որբիք, սատար եղած են նմա ի յաջողութիւն իւր ամեն դարէքման եւ բարենորգման ջանից: Սակայն այսօր աչօք կը տեսնեն իրենց ակնկալութեանց չարաչար ջախջախումը: Սակայն հաւատս ունին իրենց ապագային վրայ եւ կ’ակընկալեն յուսով լաւագոյն օրեր տեսնելուիրենց խնդրած վարչական կարգօք, որ միայն կարող պիտի լինի փրկել զիրենք, փրկել նաեւ զԱրեւելս յապագայ եւ ի ծանր շփոթից: Ռուսիոյ խնամարկութիւնը արդէն տարածուած է իրենց վրայ. այդ խնամարկութեան կը մն այ մասնակից լինել նաեւ միւս եւրոպացի պետութեանց: Իսկ ի՞նչ կարէ հանդիպիլ եթէ տակաւին թողուին Հայք անցելոյն պէս մահմէտական պաշտօնակալաց նեռօք: Ոչ ինչ այլ բայց առաւելապատիկ ծանրանալ իրենց վիճակին: Ճնշման ամեն պատճառաց վրայ պիտի յաւելանայ նաեւ մոլեռանդութիւնը, զոր ծաւալած է արդէն մահմէտական ժողովրդոց ամեն դասումէջ արդի պատերազմն, որ հետեւեցաւ Կոստանդնուպօլիսի դեսպանական ժողովոյն, եւ որ մղուեցաւ յանուն ազատութեան քրիստոնէից: Անդուստ կրօնամոլ մսլիմանք յԵւրոպական Թուրքիոյ կանցնին ահա եւ պիտի անցնին Ասիա, իւրեանց հետ բերելով իրենց անյագուրգ մն ացեալ ատելութիւնն:

Եւ մինչդեռ Հայք պիտի տեսնեն իրենք զիրենք, այսը՝ քան զաշխարհն որոց տիրացաւ Ռուսիա, մատնեալ հալածանաց եւ աւերածոց յանդիման նոցա Ռուսիոյ նոր ձեռք անցուցած սահմանաց մէջ պիտի սկսին իրենց երեկեան վիճակակիցքն նոր կեանք վարել, հովանաւորեալ յօրինաց ընդ քրիստոնեայ կառավարութեամբ:

Պիտի չհանդուրժեն անշուշտ Թուրքիոյ Հայք իրաց այս վիճակին:

Հեռի են նոքա քաղաքագիտական փառասիրութենէ, որ ինչ կը խնդրենն, այս է. Թուրքական Հայաստանի մէջ քրիստոնեայ ինքնօրէն կազմաւորութիւն մը ունենալ, նոյն երաշխեօք ամրացեալ որով Լիբանանն է, եւ այդ ձեւ վարչութեան տակ հայ պաշտօնաւորօք մատակարարուիլ, որք կարող են հաւասարակշիռ պահել զմահմէտականս եւ զքրիստոնեայս, մնալով միշտ, ինչպէս էինն միշտ հաւատարիմ հպատակ Սուլթանին: Կը խնդրեն զայս յանուն իւրեանց կրած վշտաց, յանուն սենսականագոյն շահուց Թուրքիոյ, կը խնդրեն նաեւ յանուն խաղաղութեան արեւելից եւ յանուն շահուց զոր ունի Եւրոպա վերջնական լուծմամբ Արեւելեան խնդրոյն [7]:

 

Կոստանդնուպօլիս 2/14 մարտ 1878

7
ՎԻՃԱԿԱԳԻՐ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ

 

Օսմանեան Հայաստանն կը պարունակէ՝

Ա.

Էրզրումի եւ Վանի վիլայէթներն, ի բաց առեալ այն երկիրները զորս Այ-Սդեֆանոսի Դաշնագիրն որոշած է թողուլ Ռուսիոյ: Այս վիլայէթներուն բազմամարդ կեդրոններն են Կարին, Բաբերդ, Երզնկա, Մանազկերտ, Մուշ, Բաղէշ եւ Վան:

Այս երկու վիլայէթներու բազմամարդութիւն է, ըստ Հիճրէթի 1294 տարւոյ Օսմանեան կայսրութեան պաշտօնական տարեցուցին
  (Սալնամէ) . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . 2, 066, 000

Դուրս հանելով Ռուսիոյ թողուած մասին
ժողովուրդը . . . . . .. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .. . . . 366, 000

                                                                             --------------

                                                                             1, 700, 000

Համեմատութիւն զանազան ցեղերու

Հայք

  1, 150, 000

Թուրք

  400, 000

Թափառիկ Քուրդ

  80, 000

Զազա կամ Տըմպըլիկ, որք իրենց յատուկ լեզու եւ կրօն ունին

  35, 000

Եզիտի, որք արեւապաշտ են, յատուկ լեզու ունին եւ մեծաւ մասամբ թափառիկ են

  13, 000

Գնչու կամ թափառիկ Չինկեանէ

3, 000

Յոյն եւ Հրեայ

  5, 000

Ասորի

  14, 000

 

1, 700, 000

 

Այս երկու վիլայէթներն կը պարունակեն 109 վանք [8]:

 

Բ.

Տիարպէքիրի վիլայէթին հիւսիսային մասը, այսինքն Խարբերդի սանճագին արեւելեան մասը (ում սահմանագլուխ է Եփրատ արեւմտեան կողմէն), Արղանաի սանճագը եւ Սղերդի սանճագին հիւսիսային մասը: Բազմամարդ կեդրոններն են Խարբերդ, Ակն, Չմշկածագ, Բալուեւ Սղերդ:

 

Բազմամարդութիւն ըստ պաշտօնական Տարեցոյցին

  664, 600

Դուրս հանելով վիլայէթին մնացած մասին համար

  302, 300

 

362, 300

 

 

Համեմատութիւն զանազան ցեղերու

 

Հայք

  180, 000

Թուրք

  130, 000

Թափառիկ Քուրդ

  40, 000

Զազա

  2, 300

Եզիտի

  2, 000

Ասորի եւ Քաղդէացի

  8, 000

 

362, 300

 

Այս վիլայէթը կը պարունակէ 48 վանք:

 

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՑՈՒՑԱԿ

 

ՆԱՀԱՆԳՔ

Հայք

Թուրք

Քուրդ

Յոյն

Ասորի

Զազա

Եզիտի

Գնչու

Էրզրում եւ Վան

1150000

400000

80000

5000

14000

35000

13000

3000

Տիարպէքիր

180000

130000

40000

-

8000

2300

2000

-

(Հիւսիսային մաս)

1330000

530000

120000

5000

22000

37300

15000

3000

 

Գումար

 

Հայք

  1, 330, 000

Թուրք

  530, 000

Քուրդք

  120, 000

Զանազան ցեղեր

  82, 300

 

2, 062, 300

 

8
ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱԶՄԱՄԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Շատ դժար է Տաճկաստանի Հայոց թիւը ճշդիւ որոշել եւ աւելի դժար է վաւերական պաշտօնագիրներով հաստատել անձնիւր վիլայէթի բնակիչներուն թիւը: Ո եւ է կանոնաւոր ազգահամար տեղի ունեցած չէ: Օսմանեան կառավարութեան հրամանաւ 1845-ին կատարուած ազգահամարն ալ, որ Պ. Ուպիչինիի եւ իրմէ յետոյ Տաճկաստանի վրայ խօսող հեղինակաց հաշիւներուն հիմ եղած է, խիստ անկատար է, թէեւ անկէ յառաջ կամ այնուհետեւ կատարուած բոլոր ազգահամարներուն կանոնաւորագոյնն եղած լինի: Տաճկաստանի մէջ, ընդհանրապէս ժողովուրդը զգալի հակակրանք մը կը տածէ ազգահամարի դէմ, եւ ոչ-մահմէտական հպատակներն միշտ նկատած են զայն իբր սկզբնաւորութիւն գլխահարկի եւ պէտէլաթի տուրքերուն ծանրացմանը: Իրենց գրեթէ անփոփոխ կանոնն է կարելի եղածին չափ պակաս թիւեր ներկայացունել ազգահամարի գործակալներուն, կառավարութիւնը չունենալով ծննդոց տօմարներ կամ ստուգելու ուրիշ ո եւ է ազդու միջոց մը:

Պ. Ուպիչինի 1845-ի ազգահամարի յենլով 2, 500, 000-ի կը հանէ Տաճկաստանի Հայոց թիւն, որոնց 400, 000-ը Կոստանդնուպօլիսոյ եւ Պալքանեան թերակղզիին մէջ եւ մն ացորդը Ասիոյ մէջ:

Սակայն Օսմանեան կայսրութեան բոլոր մասերուն մէջ, զոր օրինակ Ռումանիոյ մէջ, ուր վերջերս աւելի կատարեալ ազգահամար մը կրցած է տեղի ունենալ, ստուգուած է որ 1845-ի ազգահամարին թուանշանները իրական կամ արդի բազմամարդութենէն շատ վար են:

Այսպէս

 

Եգիպտոս 1871-ին ունէր ժողովուրդ [9]

5, 200, 000

Թունուզ 1876-ին [10]

  1, 500, 000

Սերվիա 1876-ին

  1, 300, 000

Ռումանիա 1873

  5, 000, 000

Գումար

13, 000, 000

 

Մինչ Պ. Ուպիչինի կը դնէ

3, 200, 000 Եգիպտոսի եւ Թունուզի համար.

1, 000, 000 Սերվիոյ համար.

4, 000, 000 Մօլտօ-Վալաքիոյ համար.

8, 200, 000 Գումար.

 

Հոս կը նշմարենք 4, 800, 000 հոգիի յաւելում մը կամ գրեթէ 60% միջին յաւելուած մը:

Ուրեմն ինչո՞ւ համար երեսուն տարի յառաջ կատարուած ազգահամարի մը 2, 500, 000 թիւը այսօր ալ ճիշդ պիտի նկատուի Հայոց համար: Գաւառացի Հայոց մեծագոյն մասը գիւղերը կը բնակի, եւ Թուրք գիւղացիներն, Հայոց հետ չկարենալով մրցիլ, կ’երթան քաղաքաց մէջ կենդրոնանալու համար, ուր համեմատաբար աւելի դիւրին ապրուստի միջոցներ կը գտնեն հանրային պաշտօններ վարելով, հարկահանութեամբ եւ զինուորական ծառայութեամբ, որոնցմէ զրկուած են միւս ցեղերը: Արդ, գիւղական կեանքը միայն նպաստաւոր է ժողովուրդին աճման, մանաւանդ աղքատ երկրի մը մէջ ուր ճարտարարուեստութիւնը ոչինչ է կամ շատ քիչ զարգացած: Այս տեղափոխութիւնն է որ Կրետէի, Պուլկարիոյ մէջ եւ այլուր նուազեցուցած է մահմէտական տարրը, մինչ քրիստոնեայք չեն դադրած աճիլ պարբերական շփոթնելու եւ պատերազմներու հակառակ: Ասկէ զատ, Հայոց մէջ խստիւ պահպանուած սովորոյթ մը կայ, որով աղջիկները եւ մանչերը կ’ամուսնացնեն իսկոյն, երբ չափահաս լինին. որդիները եւ թոռները իւրեանց հայրերուն եւ պապերուն հետ միեւնոյն տան մէջ կը բնակին, միատեղ կ’աշխատին, ապրելու կամ զաւակ ապրեցնելուհամար քիչ նեղութիւն կը կրեր կամ բնաւ չեն կրեն, զի ընտանիքն, որքան նուազ յաջող վիճակ ալ ունենայ իւր ապրուստը կրնայ ճարել: Երբ տան գլխաւորը մեռնի, երիցագոյն անդամը կը յաջորդէ նմա, եւ աւելի գործօն կամ աւելի հարուստ անդամները յայնժամ կը մտաբերեն հաստատուիլ այլուր եւ նոր խումբեր կազմել երբ թոռները, ծնօղաց մահուամբ ընտանիքի հայր լինելով, գերադաստանին գործերը վարելուկը կոչուին:

Ուստի մենք համամիտ պիտի լինէինք նոցա, որք հայաբնակ տեղերուվրայ յաւէտ կամ նուազ գոհացուցիչ տեղեկութիւններ ստացած լինելով, կը հաւաստեն թէ Հայոց թիւն 31/2 միլիոնը կը հասնի, եթէ քուրդերուն դրացնութիւնը աստ եւ անդ զարգացման ծանր խոչընդոտ չը լինէր, եւ եթէ բազմաթիւ ընտանիք, գնող չըլլալուն՝ չը կարենալով երկրագործութեամբ ստանալ տուրքի համար պահանջուած դրամը, չը հարկադրուէին մայրաքաղաք յղել իրենց անդամն երուն մէկը կամ երկուքը, որք իրենց զաւակները սնուցանելուհոգը իրենց եղբայրներուն կամ ազգականներուն թողլով, նոյնպէս յանձն կ’առնուն ամբողջ ընտանիքին համար շահիլ այն ստակը, որով տուրքը պիտի վճարուի [11]:

Ուրեմն այդ հաշիւը կ’իջեցունեմք 3, 000, 000-ի, որով 1845-ի ազգահամարին արդիւնքը 1/2 միլիօն կամ 20% յաւելցուցած կը լինիմք, յաւելում մը զոր պէտք է վերագրել մասամբ ծնեալներուն մեռեալներէ բազմաթիւ ըլլալուն, մասամբ ալ պաշտօնական ազգահամարին թերութիւններուն:

Այս 3, 000, 000 Հայերը սապէս կը բաժնուին. 400, 000 ի Կոստանդնուպօլիս եւ Պալքանեան թերակղզիի միւս մասերուն մէջ, այդ թիւը Պ. Ուպիչինիի ընդունածն է, զոր մենք ալ կը պահպանենք: Եւրոպական Տաճկաստանի Հայերն գրէթէ բոլորն ալ կը բնակին քաղաքաց մէջ, ուր վաճառականութեամբ եւ ճարտարարուեստութեամբ կը զբաղին, եւ մենք պատճառներ ունիմք հաւատալու թէ իրենց թիւը զգալապէս աճած ըլլալու չէ:

600, 000 Փոքր Ասիոյ եւ Կիլիկոյ մէջ. 670, 000 Փոքր Հայաստանի մէջ (Սըվազի վիայէթ եւ Կեսարիոյ սանճագ), եւ 1, 330, 000 Օսմանեան Մեծ Հայաստանի մէջ, որ կը պարունակէ Էրզրումի եւ Վանի վիլայէթներն, Տիարպէքիրի վիլայէթին հիւսիսային մասն, այսինքն Խարբերդի սանճագին արեւելեան մասը (ում սահմանագլուխ է Եփրատ արեւմտեան կողմէն), Արզանաի սանճագն եւ Սղերդի սանճագին հիւսիսային մասն:

Եւրոպացի ուղեւորներն, որք սովորապէս Պալքանեան թերակղզիին եւ արեւմտեան Փոքր Ասիոյ կ՚այցելեն, հաւատացած եւ հաւտացուցած են թէ Հայերն, որ կը պատահէին գրեթէ ամենուրեք, հաւասարապէս ցրուած էին Օսմանեան կայսրութեան մակերեւոյթին վրայ: Սխալ է այդ: Մեծամասնութիւնը դեռ կը բնակի իւր հին հայրենեաց հողին վրայ: Սակայն պէտք չէ դատել քաղաքաբնակներուն թիւէն, որպէս Կրետէի ժողովուրդին վրայ շատ թիւր գաղափար կը ստանայ մարդ եթէ իւր հաշիւը հիմն է գլխաւոր քաղաքաց վրայ, ուր մահմէտականք մեծամասնութիւն ունին, կամ Պուլկարիոյ եւ Հէրզէկօվինի ժողովուրդին վրայ, եթէ մարդ Ադրիանուպօլիս, Ռուսճուք եւ Մօսթար միայն տեսնէ:

Նոյնպէս ակներեւ է որ Հայաստանի մէջ, որպէս Տաճկաստանի ուրիշ շատ մասերուն մէջ, քրիստոնէից եւ մահմէտականաց համեմատութիւնը մեծապէս փոխուած է 1845-էն ի վեր: Մինչ քրիստոնեայ ժողովուրդը ամեն տարի կ’աճի յաւէտ կամ նուազ ընդարձակօրէն, նուազում կը նշմարուի մահմէտականաց մէջ:

Այս նուազման պատճառները զանազան են.

1. Զինուորագրութիւն.

2. Մահմէտականաց խռնումը քաղաքաց մէջ:

3. Իւրեանց գաղթումն ի մայրաքաղաքն եւ այլուր թուրք պաշտօնատարաց ծառայութեանը մէջ մտնելու կամ ո եւ է կերպով ապրուստ ճարելու համար:

Եթէ այսօր կանոնաւոր ազգահամար մը կատարուի Օսմանեան Հայաստանը կազմող նահանգաց մէջ, պիտի յայտնուի որ թուային կարեւորութիւնն մահմէտականներէն Հայերուն անցած է:

Սա եւս դիտելի է որ Հայաստանի մէջ բնակող մահմէտականաց մէկ մասը սերունդէ է: Սոքա շատ տեղերումէջ պահպանած են իւրեանց ցեղի բարքերն, լեզուն եւ սովորոյթները, եւ հազուագիւտ չէ նոցա մէջ գտնել այնպիսի անհատներ, որք դեռ այսօր իւրեանց հայազգի հօր կամ պապուն անունովը կը կոչուին Մարկոս-Օղլու Մուսթաֆա, [12] Տէր-Գրիգոր-ՕղլուՄէհէմմէտ:

Նոյնպէս են Հայաստանի մէջ հաստատ բնակութիւն ունեցող քուրդերն: Դիւրին է Մամգցի, Մանդըքլի, Սիլվանցի, Ռոշկունցի անուններուն մէջ նշմարել Մամգոնեան, Մանդակունի, Սլկունի, եւ Ռշտունի հին Հայ գերդաստանաց անուններն: Անոնց շատերը քրիստոնէութեան սովորութեանց շատերուն կը հետեւին, եւ չեն կարող նկատուիլ իբր մահմէտական:

Հոս ընթերցողին մտացը կրնայ խնդիր ներկայանալ թէ ինչո՞ւ թուրքերն այսքան զանց առած են մեծ բազմութեամբ գրաւել Հայաստան գաւառներն: Նոյն իսկ կլիմային խստութիւնը այս երկիրը իւր զաւակներուն պահպանած է: Թուրքը, բնապէս ծոյլ եւ հեշտասէր, Փոքր Ասիոյ, Եւրոպական Տաճկաստանի եւ Ասորիքի բարեխառն կամ տաք երկիրները նախ ընտրած է յաւիտենական ձիւներով ծածկուած լեռներէ եւ ծովուն մակերեւոյթէն մի քանի հազար ոտք բարձր լեռնադաշտներէ: Արդէն հարկ ալ դատած չէ հաստատուիլ անդ քաղաքականութեան կամ նախատեսութեան համար, քանի որ քուրդերն եւ ուրիշ այնքան բարբարոս ցեղեր հոն են, բնակիչները շարունակ նեղելու եւ անկարողութեան դատապարտելու համար:

Ասոր համար բաւ էր աչք գոցել նոցա չարագործութեանց առջեւ եւ ի հարկին քաջալերել զայնս: Այսպէս վարուեցաւ նա, եւ գուցէ այս միակ պարագայն է, ուր կարելի չը լինի ամբաստանել Թուրքն իբր զանցառու կամ իբր գրութիւն չունեցող [13]:

 

Բերլինի վեհաժողովի նախօրեակին պետութիւնների ներկայացուցիչներին մատուցուեց ոչ պաշտօնական կերպով եւ մի այլ ծրագիր, որ կազմել էր հայազգի նշանաւոր պետական գործիչ Նուբար փաշան: Այդտեղ էլ համարեա միեւնոյն գլխաւոր հիմունքներն էին դրուած, բայց տարբեր խմբագրութեամբ ու մի շարք մեղմացումներով:

9
ՔԱՆԻ ՄԸ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄՏՑՈՒԵԼԻՔ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՄԱՆՑ ՎՐԱՅ

Եւրոպիոյ պետութիւնք բաղձալով յԱրեւելս իրաց կարգ մը հաստատել որ տեւողութեան յոյս մը տայ, ինչպէս Պալքանեան նահանգաց, նոյնպէս նաեւ Փոքր Ասիոյ այն մասին վրայ որ Հայկական ցեղին խանձարուրքն է, իրենց աչքը դարձուցին: Նոյն ինքը Բարձրագոյն Դուռը զգաց թէ օգտակար չէ այս ճարտար, աշխատասէր եւ հանճարեղ ազգը թողուլ այն խեղճ վիճակին մէջ յորում կը գտնուի, հեռուԵւրոպայէն եւ իրեն ներկայացուցիչներէն: Աւելորդ է խօսիլ աստ այն հայ ժողովրդոց վիճակին վրայ, որք իրենց հայրենիքը թողած չեն, աւելորդ մանաւանդ երբ բաղդատեմք զայն իրենց հայրենակցաց վիճակին հետ որ կովկասեան կողմերը կը բնակին: Բարձրագոյն Դուռը, այն ու միայն որ Այ-Ստէֆանօի նախաշաւիղ դաշանց մէջ պայմանագրուած է Հայաստանի վարչութեան մէջ բարենորոգումներ մտցունել, այնու միայն որ պարտաւորութիւն վրան առած է այդ աշխարհին բնակիչները պաշտպանել քուրդերու դէմ, հաստատութիւն եւ խոստովանութիւն տուած է թէ յոռի վարչութեան տակ կը հեծեն Հայք եւ թէ քուրդերու վայրենի ցեղերուն ձեռք թողուած են:

Հայերը աչք չունին աշխարհավարական վիճակի, աշխարհավարական անկախութեան. ուզածնին սոսկ քաղաքային ազատութիւններ են, եւ այնպիսի կարգադրանք, որ երաշխաւորէ իրենց անձին ապահովութիւնը, իրենց գոյքը, իրենց կանանց եւ իրենց դստերաց պատիւը, իրենց կենաց իրաւունքը վերջապէս: Այդ քաղաքային ազատութիւնք որ հրատարակուեցան 1840 թուականէն Կիւլհանէի Խաթթի-Շէրիֆով, եւ վերահաստատուեցան յաջորդ Խաթթերով, եթէ իրօք գործադրուած ըլլային, այդ հայոց աշխատաւոր ցեղը տարիներէ հետէ փոխած կլլային իրենց երկրին երեսը: (Ռուսահայոց Երեւանայ նահանգը կրկնած է իւր բնակիչքը 30 ամաց մէջ):

Հայոց ազգը անիրաւ չգտնուիր եւ կը ճանչէ Վեհ. Սուլթանին եւ իւր մեծանուն նախորդաց առատամիտ դիտաւորութիւնները: Թէ որ այս դիտաւորութիւնք դատարկ եւ ապարդիւն մն ացին, եթէ սահմանեալ բարենորոգմունք մեռեալ տառ մնացին, պատճառն է այն որ այդ բարենորոգմանց գործադրութիւնը աւանդուեցաւ կարգ մը պաշտօնէից որ անոնց կարեւորութիւնը չէին ըմբռներ, անոնց հարկաւորութիւնը չէին տեսնէր, եւ կամ թէ հակառակ իսկ էին անոնց՝ իրենց կրօնական համոզմամբք կամ անձնական շահախնդրութեամբ:

Ինչպիսի ալ ըլլայ բարենորոգմանց բնութիւնը, որոնք պետութիւնք պէտք կը համարին այդ մտացի ցեղին համար, որ բնական թարգմանն է գաղափարաց ընդմէջ Արեւելից եւ Արեւմտից, առաջին աչքէ չվրիպեցնելու խորհրդածութիւնը կ՚իյնայ պաշտօնէից ընտրութեան վրայ, որք զանոնք պիտի գործադրեն. առանց ատոր աւելորդ է խօսիլ բարենորոգմանց վրայ: Արդ որովհետեւ պաշտօնեայք կընտրուին մասնաւոր եւ առանձնաշնորհեալ դասէ մը, նոր կարգադրանաց կատարեալ յաջողութեան էական պայմանը կը կայանայ յայսմ որ ընդհանուր կառավարչի անուանումն ըլլայ ուրիշ դաս պաշտօնեաներէ, այսինքն քրիստոնէից մէջէն. եւ զի մեր խօսքը Հայաստանի վրայ է, ընդհանուր կառավարիչն ըլլալու է հայ:

Ինչ այլ ըլլայ այդ բարձր պաշտօնէին ազգը կամ բարոյականը, սնոտի է կարծել որ դժուարին գործոյ մը լրջօրէն անձնատուր ըլլայ, թէ որ ամէն օր ահա կասկածի մէջ է թէ յանկարծ կրնայ պաշտօնընկէց ըլլալ: Վեհ. Սուլթանն իւր գահակալութեան ճառին մէջ նշանակած է թէ կայսրութեան չարեաց սկզբնապատճառներէն մին է՝ պաշտօնէից յանկարծական ընտրութիւնը եւ ընկէցութիւնը: Վեհ. Կայսրն, ի շահ իւր հպատակաց, կրնայ շնորհել իւր Հայկական նահանգաց կառավարիչ մը, որ ապահովեալ ըլլայ իր պաշտօնը վեց կամ եօթը տարի վարելու:

Ընդհանուր կառավարչի ընտրութիւնը ամեն բարենորոգման, ամեն բարեքման առաջին պայմանն ըլլալով, պետութիւնք, կրնան, զօրութեամբ Այ-Ստեֆանօի նախաշաւիղ դաշանց (յօդ. ԺԶ) եւ հետեւաբար վթար տալուվեհ. Կայսեր գերագոյն իշխանութեան, գործակցիլ այս ընտրութեան իրեն հաւանակցութեամբը, ինչպէս կը գործադրուի այս ի Լիբանան, եւ այսու այդ անուանումը ամրապնդել ամենայն փափագելի երաշխաւորութեամբ:

Ընդհանուր կառավարիչը այսու պայմանօք անուանուելով եւ պատուէր ընդունելով Վեհ. Սուլթանէն որ իւր հրովարտակեալ բարենորոգմանց եւ կարգաց գործադրութեանը երթայ հսկելու, պէտք է որ ընդունած ըլլայ նաեւ ամեն հարկաւոր իշխանութիւն որ այդ գործը իւր յատուկ պատասխանատուութեան տակ կատարէ:

Բայց որո՞նք պիտի ըլլան այդ բարենորոգմունք եւ կարգքն: Հայոց ազգը կը համարի թէ դիւրաւ կրնայ մէկը ցուցընել զանոնք, բաւական է որ չարեաց աղբիւրները մի առ մի նշանակուին:

Առաջինը, բացայայտ է որ քուրդերու ասպատակութիւնք եւ աւարառութիւնք եւ աւարառութիւնքն են: Պէտք է զսպել այդ ցեղերը: Մինչեւ ցայսօր չեղաւ այդ. բայց չկար բան մը դիւրագոյն քան զայդ գնդաց հրամանատարներու համար. ուստի կամ միջոցք իրենց կը պակասէր եւ կամ կամք: Ժողովրդոց ապահովութիւնը յամրի դնելու համար ամեն վտանգէ, ստիպողական չէ՞, իմաստուն նախատեսութիւն չէ՞, իրենց իսկ յանձնել իրենք զիրենք պաշտպանելու հոգը: Եթէ քրիստոնեայ, եթէ մահմէտական, իրենց առաջին պէտքը ապահովութիւնը չէ՞:

Ընդհանուր կառավարիչն ուրեմն ունենալուէ իշխանութիւն ժանտարմայից գունդ մը կազմելու որ հսկէ եւ հասարակաց հանդարտութեան վրդովիչներուն դէմ պաշտպանէ երկիրը: Այս գունդը առանց զանազանութեան կազմուելու է մսլիմաններէ եւ քրիստոնեաներէ, այնպիսի դրութեան մը վրայ որ առաջուընէ դիւրաւ որոշուի թե ինչպէս պիտի կուտուի: Այս գունդին գլխաւորներուն անուանումը ընդհանուր կառավարչին յանձնուելու է, վասն զի ինքն է պատասխանատու վեհ. Սուլթանին երկրին թէ հանդարտութեանը եւ թէ բարեկարգութեանը համար: Մսլիման եւ քրիստոնեայ տարերաց ի մի գալն եւ միաբան հասարակաց շահուն պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համար աշխատիլն, այդ երկու տարրերը իրարու մերձեցունելու կերպ մըն է այդ մերձեցումն այնչափ աւելի դիւրին կըլլայ Հայաստանի մէջ, որչափ որ գիւղացի ժողովուրդը ըլլայ երկրակցութեան, ըլլայ թշուառակցութեան պատճառաւ, միեւնոյն պէտքերն ունի, ուստի եւ նոյն իղձերը:

Բաց ասկէ, կայսերական գնդից հրամանատարք, այն ամեն մի ջոցներուհամար, որ հասարակաց ապահովութեան կը վերաբերին, պարտին հնազանդիլ ընդհ. կառավարչին հրահանգաց եւ օգնել ժանտարմայից ի հարկին:

Նիւթական ապահովութիւնը այս կերպիւ հաստատուելէն վերջը, կարգը կուգայ գործառնութեանց ապահովութեան պաշտօնակալաց եւ յանձանձուողաց մէջ եղած ապահովութեանը. այսինքն է, արդարութեան կազմակերպութեանը: Արդարեւ առանց դատական կազմակերպութեան, ոչ գործառնութեանց ապահովութիւն կըլլայ, եւ ոչ էլ պաշտօնակալաց ունակութեանց, եւ սովորական դարձած կերպերուն դէմ ապահովութիւն, հետեւապէս չմնար. ապահովութիւն նաեւ դրուած կարգերուն եւ բարենորոգմանց տեւողութեանը եւ լրջութեան: Ներկայ արդարութիւնը վարչական մէճլիսներով կը կատարուի, որոց անդամն երը տասանորդ հաւաքողներն են եւ այնպիսիք, որք ուղղակի կամ անուղղակի կերպիւ վարչական գործոց կը խառնուին, առանց դատավարական օրինաց եւ կարգաց եւ ոչ առաջին տարերքը գիտնալու. ուստի օրինագիրքը իրենց ձեռքին մէջ գործիքը կը դառնայ քմահաճոյից օրինաւորութեան ձեւ մը տալով գործադրելու ժողովրդեան մը վրայ, որ իրենցմէ աւելի անտեղեակ է անոր:

Փափուկ կէտ մըն է առաջուընէ սահման մը որոշելը, թէ ինչպիսի բնութիւն պէտք է ունենայ դատական կազմակերպութիւնը, որ յարմար կերպիւ յօրինուած ըլլայ ժողովրդեան քաղաքային եւ առեւտրական յարաբերութիւնները կանոնաւորելու: Այս կազմակերպութիւնը չէ հնար կարի շատ երաշխաւորութիւններով շրջապատել, վասն զի ինքը պիտի լինի բոլոր վարչութեան կանոնաւորիչը: Բայց ինչ որ առաջուընէ մարթ է հաստատել, այս է որ կազմուելի դատարանք ամենեւին վարչական գործոց խառնուելու չեն, ինչպէս որ կընեն այժմու մէճլիսները: Ընդհանուր կառավարիչը պէտք է որ խնդիրը ուսումնասիրէ եւ ուսումնասիրել տայ ձեռնհաս մարդոց յանձնախմբի մը. ուսումնասիրութեանց արդիւնքը ներքոյ դնել այն իշխանութեան, որուն յանձնէ անոր գործադրութեան վճիռը տալ: Այսու եղանակաւ կ՚ապահովուի որ արդարութեան կազմակերպութիւնը ըստ կարելւոյն համապատասխանէ երկրին մտաւոր եւ ընկերական վիճակին: Արդարութիւնը իբր վարչութեան սանձ եւ վերաքննութիւն ծառայելով, ուսումն ասիրող յանձնախումբը պիտի կանոնագրէ թէ ցո՞րվայր ըլլալու է դատական իշխանութեան ձեռնհասութիւնը, եւ թէ մասնաւորապէս ո՞ր չափով պիտի կախումն ունենան վարչութեան պաշտօնեայք դատարաններէն՝ իրենց պաշտօններուն մէջ գործած զեղծման համար:

Ընդհ. կառավարիչն պարտի իշխանութիւն ունենալ արդարութեան նման կարեւոր գործոյն կազմակերպութեան համար օտար տարրեր օգնական կանչելու. ինքը դատելուէ թէ որքան չափով կատարելուէ զայդ: Հայք կը խորհին որ այս տարրը, որ մտաց եւ գիտութեան անկախութեանը պիտի ներկայացունէ, որ եւ է համեմատութեամբ մտնելու ըլլայ գերագոյն ատեան կազմող խմբին մէջ, երկրին ընկերական վիճակը պիտի չհակառակի, որով դատարանաց ձեռնհասութիւնը պիտի տարածուի զեղծումներ գործող պաշտօնակալաց վրայ, այլ ընդհակառակն այդ ընկերական վիճակը պիտի զարգանայ այդ վերաքննութեամբ: Բաց աստի կը խորհին եւս որ բարենորոգմանց լուրջ իրականացումը՝ այդպիսի ընդարձակեալ արդարութեան մէջ պիտի գտնէ իւր ճշմարիտ հաստատութիւնը եւ իւր ամուր նեցուկը:

Յետ միանգամ այս կերպիւ ժողովրդեան ապահութիւնը ժանտարմայից եւ արդարութեան կազմակերպութեամբն ամրապնդելու, ուշադրութիւնը կը դառնայ չարիքի մը վրայ, զոր ամեն անոնք, որ տեղեակ են Արեւելքի, արդէն նշանակած են. այն է հողային տրոց չափը, տասանորդը, եւ տասանորդի հաւաքելուն եղանակը: Տասանորդի բարձումը, եւ զայն գետնոյ տարածութեան եւ տեսակի վրայ առնուած հարկի մը փոխաբերելը անհրաժեշտ է: Տասանորդը հողային հարկի փոխաբերելը պատճառ եղած է որ Պոմպէյի նահանգին երկրագործական փարթամութիւնը աւելի քան զկրկինն աւելցած է 25 տարուան մէջ: Արդարեւ Հայաստան կալուածատօմար չունի. բայց կարելի է այդ թերին լեցունել ինչպէս որ ըրած են Հնդկաստանի եւ ուրիշ աշխարհաց մէջ որք այս փոխաբերութիւնը գործադրած են:

Այս երեք բարենորոգմունք եթէ լրջօրէն գործադրուին եւ շարունակուին, կը բաւեն կերպարանափոխ ընել եւ ծաղկեցունել երկիրը. բայց ապահովելու համար իրենց գործադրութիւնը եւ տեւողութիւնը, պէտք է որ ընդհ. Կառավարիչը կարող ըլլայ բաւական դրամ առ այն տրամադրել:

Ինչպէս ըսած եղանք արդէն, Հայք աչք չունին քաղաքական անկախութեան մը, եւ ոչ որ եւ է կերպիւ օսմանեան կայսրութենէն զատուելումի տումն . իրենց նպատակը բոլորովին հակառակն է: Չունին պահանջումն որ ըստ կամի եւ իրենց պիտոյից միայն յատկացունեն իրենց երկրին հասոյթը: Իրենց խնդրածն ուրիշ բան չէ, բայց իրաւունք ունենալ որ իրենք իրենց վրայ հարկ դնեն (յետ կայսերական գանձուն ընդհանուր հարկերը հատուցանելու), եւ այնու մասնաւոր հասոյթներ հայթայթեն նահանգին յատուկ սպասաւորութեանց համար, ինչպիսի են ժանտարմայութեանն, արդարութիւն, դպրոցք, ամեն կրօնից սուրբ հաստատութիւնք, հասարակաց շինութիւնք, հասարակաց շինութիւնք, եւ այլն: Մէկ կողմանէ հաւատացած են Հայք որ իրենց մասնաւոր եւ տեղական պիտոյից համար իրենք իրենց հարկելը՝ պիտի օգնէ որոշեալ բարենորոգմանց եւ բարեքմանց իրականացմանը, ապահովելով վարչութեան զանազան սպասաւորութիւնները որոնցմով պիտի կատարուին այդ բարենորոգմունք եւ պիտի պահպանուին:

Այս կերպիւ այս սպասաւորութիւնք որեւէ իշխանութեան հաճոյից չմատնուիր, որ կարելի է թէ տեղական պիտոյից եւ բարենորոգմանց իրականացման նոյն փոյթը եւ նոյն շահը չունենայ, ինչ որ տեղացին ունի:

Միւս կողմանէ, որովհետեւ կայսերական կառավարութեան շահը նոյն է ինչ որ են վեհ. Սուլթանին հպատակաց միահամուռ շահերը, կայսերական կառավարութիւնը պէտք է իմաստուն վարչութեան մը սկզբանց համաձայն գտնէ առնլով երկրէն միայն այն հասոյթները որ հարկաւոր են կայսրութեան ընդհանուր սպասաւորութեանց, եւ թողլով տեղական վարչութեան բաւականին չափ հասոյթ՝ մասնաւոր եւ տեղական պէտքերը լեցունելուհամար:

Իսկ թէ նահանգը ինչ ճամբայ պիտի գործածէ հաւաքելուիւր յատուկ մատակարարութեան սահմանեալ հասոյթները, կարելի է ըստ յետագայ եղանակին կատարել:

Ընդհ. կառավարիչն, եւ ըստ իւր հրամանաց, այլ եւ այլ գաւառաց կառավարիչք, իրաւունք ունենան իւրաքանչիւր գաւառաց գլխաւոր տեղերը ժողով գումարել, կազմեալ ի նշանաւորաց: Բայց թէ այս ժողովք ինչ եղանակաւ պիտի կազմուին, պէտք չէ հիմակուընէ սահմանել. ի սկզբան, ընդհ. կառավարիչը եւ գաւառաց կառավարիչք ընտրելուեն անդամ՝ նշանաւորներէն եւ վստահութեան արժանի եղող անձինքներէն: Ընդհանուր ժողովը որ նահանգին գլխաւոր տեղը պիտի հաւաքուի, գաւառային ժողովոց անուանած նուիրակներէն պիտի կազմուի: Այս ժողովքները, մանաւանդ թէ այս ընդհանուր ժողովը մէկ տնտեսութիւն միայն ունենայ, այն է, հարկաւոր հարկը բաշխել ըստ իւրաքանչիւր սպասաւորութեանց: Այս ժողովք կամ խորհուրդք մի ջամուխ ըլլալու չեն ոչ արդարութեան վարչութեան, եւ ոչ բուն վարչութեան մէջ: Երբ երկրին ընկերական վիճակը զարգանայ եւ փորձառու ըլլայ, այն ատեն վճռական կերպիւ սահմանուի, թէ այս խորհրդոց ինչ եղանակաւ պիտի ընտրուին անդամքն եւ թէ ի՞նչքան ընդարձակուելու են իրեն տնտեսութիւնք: Բայց կը թուի որ ի սկզբան, եւ այդ որպէս զի խառնակութիւն չծագի ժողովրդեան մը մէջ որ բոլորովին անփորձ մն ացած է ցարդ իւր յատուկ շահերը կարգադրելուիրեն տնտեսութեան վերոյնշանակեալ սահմանը խոհեմական է եւ խելքով:

Հայաստանի նահանգին կազմակերպութիւնը այս ընդհանուր գծերով ծրագրեալ այնպիսի է որ նահանգին բնակիչներուն բարեկեցութիւնը կ’ապահովէ, եթէ մսլիման ըլլայ, եթէ քրիստոնեայ, ամենքն ալ վեհ. Սուլթանին հպատակք, ամենքն ալ հաւասարապէս ցանկացողք որ լաւ յանձանձուին. այս կազմակերպութեան նպատակն է ամենուն բարեկեցութիւն ապահովել. ուստի մսլիման եւ քրիստոնեայ ժողովրդոց վերբերական համեմատութեան նայիլը, այս խնդրոյս մէջ երկրորդական կարեւորութիւն ունի. քաղաքական դրքին վրայ փոփոխութիւն մը չբերեր: Վարչութեան մէջ միայն նոր պաշտօնեաներ ըլլան, որոնք այս կամ այն կարգօք, եւ մանաւանդ արդարութեան կազմակերպութեամբ ստիպուած ըլլան ի գործ դնել այն բարենորոգումն երը զորս վեհ. Սուլթանը պիտի հաճի վճռել, եւ ոչ թէ թողուն որ մեռեալ տառ մն ան. ինչպէս եղած մի նչեւ ցայսօր խոստացուած բարենորոգմունք [14]:

 

Ներսէս Պատրիարքի «Ծրագիրը» նշանաւոր վաւերագիր է, որովհետեւ նրա մէջ հայ ազգը առաջին անգամ հանդէս էր բերում Եւրոպայի առջեւ իր քաղաքական իդէալների որոշ եւ կուռ ձեւակերպումը: Առաջին անգամ պաշտօնապէս յայտարարուեցին սկզբունքներ, որոնք այն ժամանակ եւ նրանից յետոյ էլ մի նչեւ այժմ կազմում են հայութեան նուազագոյն ձգտումն երը:

Այսպիսի պատրաստութիւններով էր Թիւրքիայի հայութիւնը ներկայանում Բերլինի Վեհաժողովին: Բայց մինչեւ Վեհաժողովի գումարումը տեղի ունեցաւ մի շատ կարեւոր քաղաքագիտական ձեռնարկութիւն, որ անմի ջական կապ ունէր եւ հայոց հարցի հետ: Անգլիան, ամեն կերպ աշխատելով չէզոքացնել Ռուսաստանի դերը եւ խլել նրանից նրա յաղթութեան պտուղները վայելելու հնարաւորութիւնը, առանձին պաշտպանողական դաշնագիր կնքեց Թիւրքիայի հետ:

10
ՊԱՇՏՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՆԳԼԻԱՅԻ ԵՒ ԹԻՒՐՔԻԱՅԻ ՄԷՋ [15]

Նորին կայսերական Մեծութիւն Սուլթանը եւ Նորին Մեծութիւն Մեծ Բրիտանիայի եւ Իրլանդիայի Միացեալ Թագաւորութեան Թագուհին եւ Հնդկաստանի Կայսրուհին, փոխադարձաբար ցանկութիւն ունենալով ընդլայնելուեւ հաստատելու բարեկամութեան այն կապերը, որոնք բարեբախտաբար գոյութիւն ունին երկու կայսրութիւնների մէջ, որոշեցին կազմել պաշտպանողական դաշնակցութեան մի դաշնագիր, որ նպատակ ունի ապահովելու ապագայում Նորին Մեծութիւն Սուլթանի հողերը Ասիայում:

Նորին Մեծութիւնները առ այս ընտրեցին եւ նշանակեցին իրանց լիազօրներ հետեւեալներին.

Նորին Կայսերական Մեծութիւն Սուլթանը–Նորին Գերազանցութիւն Սավֆէտ-փաշային, Նորին Կայսերական Մեծութեան արտաքին գործերի մինիստրին

Եւ Նորին Մեծութիւն Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իրլանդիայի Միացեալ Թագաւորութեան Թագուհին եւ Հնդկաստանի Կայսրուհին Մեծաշուք Աուստէն Հէնրի Լէյըրդին, Նորին Մեծութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին Բ. Դրան մօտ:

Որոնք, փոխանակելուց յետոյ իրանց լիազօրութիւնները պատշաճօրէն եւ ըստ օրինի, ընդունած են հետեւեալ յօդուածները.

 

Յօդուած 1. Եթէ Ռուսաստանը, իր ձեռքում պահելով Բաթումը, Արդահանը, Կարսը կամ նրանցից մէկնումէկը, այսուհետեւ երբ եւ իցէ փորձ անէ տիրելու Ասիայում Ն. Կ. Մ. Սուլթանի ունեցած այն երկիրներից որ եւ է մի մասին, որոնք խաղաղութեան վերջնական դաշնագրով պիտի որոշուեն, այն ժամանակ Անգլիան պարտաւորւում է միանալ Ն. Կ. Մ. Սուլթանի հետ, զէնքի ոյժով այդ երկիրները պաշտպանելու համար:

Ի փոխարինութիւն՝ Ն. Կ. Մ. Սուլթանը խոստանում է Անգլիային մտցնել անհրաժեշտ բարենորոգումն եր, որոնք յետոյ պիտի մանրամասնաբար որոշուեն երկու պետութիւնների մէջ եւ որոնք նպատակ ունեն Բ. Դրան քրիստոնեայ եւ այլ հպատակների բարւոք վարչութիւնը եւ պաշտպանութիւնը խնդրի առարկայ եղած երկիրներում եւ որպէս զի Անգլիան իր պարտականութիւնը կատարելու համար հարկաւոր եղած միջոցներն ապահովէ, Ն. Կ. Մ. Սուլթանը հաւանութիւն է տալիս նոյնպէս, որ Կիպրոս կղզին գրաւուի եւ կառավարուի Անգլիայի կողմից:

Յօդուած 2. Ներկայ դաշնագիրը պիտի հաստատուի եւ հաստատուած օրինակների փոխանակութիւնը պիտի տեղի ունենայ մի ամսուայ ընթացքում եւ եթէ հնար է՝ նաեւ աւելի շուտ:

Ի հաստատութիւն որի երկու կողմերի լիազօրները ստորագրեցին այս դաշնագիրը եւ իրանց կնիքները դրին:

 

Կ. Պօլիս, 4 յունիսի [16] 1878

Ստորագրուած. Սաֆվէթ.

–Ա. Հ. Լէյըրդ

 

Բերլինի Վեհաժողովը, որի նիստերը բացուեցին նոյն տարուայ յունիսի 1(13)-ին, չնդունեց հայկական պատգամաւորութիւնը եւ նկատի չառաւ նրա ներկայացրած ծրագիրը: Գլխաւորապէս անգլիական լիազօրների թելադրանքներով Վեհաժողովը բաւական համարեց նոր խմբագրական մի ձեւ ընդունելը Սան-Ստեֆանօի 16 յօդուածի համար, ինչպէս կարելի է տեսնել Վեհաժողովի պաշտօնական գրութիւններից:

11
ՔԱՂՈՒԱԾՆԵՐ ԲԵՐԼԻՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻՑ [17]

Արձ. 12

Նիստ յուլիսի 4 . Տ. ) 1878

Լօրդ Սօլիսբիւրի [18] այն ժամանակ առաջարկում է զբաղուել Սան-Ստեֆանօի դաշնադրութեան 16-րդ յօդուածով, որ վերաբերւում է Հայաստանին: Նորին գերազանցութիւնը պատրաստ էր ընդունելու այդ յօդուածի վերջին երեք տողերը, որոնք վերաբերւում են հայերին տրուելիք բարենորոգումն երին, եթէ Վեհաժողովն ընդունէր ջնջել այդ յօդուածի առաջին երեք տողերը, որոնց նայած, կարծես, ռուսական զօրքի հեռանալը կախուած է այս բարենորոգումն երը Բ. Դրան ձեռքով մտցնելուց: Եթէ ոչ՝ լօրդ Սօլսբիւրին մի ուրիշ նիստում պիտի առաջարկէ յատկապէս հայերի համար պատրաստուած մի յօդուած:

Կոմս Շուվալով [19] առանց պնդելուոր այս հարցը ենթարկուի վիճաբանութեան, որի համար ինքը բոլորովին պատրաստ չէ այսօր, վախ է յայտնում սակայն որ ռուսական զօրքերի հեռանալը, եթէ տեղի ունենայ նախ քան խոստացած բարենորոգումն երի ներմուծումը, կարող է լուրջ անկարգութիւնների ազդանշան դառնալ եւ խնդրում է բոլոր դիտողութիւնները յետաձգել մի նչեւ այն վայրկենաը, ուր Վեհաժողովը լրիւ կերպով կը զբաղուի Հայաստանի հարցով:

Արձ. 14

Նիստ 5 յուլիսի . Տ. ) 1878

Վեհաժողովն անցնում է 16-րդ յօդուածին, որ վերաբերւում է հայերին եւ որի մասին հարց եղաւ անցեալ նիստերից մէկում:

Այս առարկայի մասին լօրդ Սօլիսբիւրի մի առաջարկ բերեց, որ բաժանուեց բոլոր լիազօրներին: Նորին գերազանցութիւնը պահանջում է 16-րդ յօդուածի առաջին տողերի ջնջումը մինչեւ «pays» (երկիր) բառը եւ ցանկանում է աւելացնել հետեւեալ նախադասութիւնը.

«Նա [20] բացի դրանից համաձայնութիւն կը կայացնէ վեց ուրիշ ստորագրող պետութիւնների հետ այս պարտաւորութեան նշանակութեան եւ նրա գործադրութեան համար անհրաժեշտ միջոցների մասին»:

Նորին գերազանցութիւնը յարում է թէ հայոց շահերը պէտք է որ պաշտպանուեն եւ իր առաջարկութեան նպատակն է յոյսեր տալ նրանց թէ՛ անմիջական բարւոքումների կատարման եւ թէ՛ մի անգամայն այս բարւոքումն երի ընդարձակման մասին ապագայում:

Կարաթէոդորի փաշան [21] ընդունում է որ վերջին պատերազմի ժամանակ ըմբոստ ցեղերը լուրջ անկարգութիւններ առաջ բերին, բայց Բ. Դուռը, երբ տեղեկութիւններ առաւ, իսկոյն միջոցների դիմեց այդ անկարգութիւններին վերջ տալու համար: Լօրդ Սօլսբիւրիի առաջարկութիւնը թւում է թէ նկատի ունի ապագայում ձեռք առնուելիք նոր մի ջոցներ: Կարաթէոդորի փաշան կը ցանկար որ ի նկատի առունէին այն կարգադրութիւնները, որ Բ. Դուռն արդէն սկսել է եւ որ յօդուածին աւելացուէին հետեւեալ խօսքերը. «Բ. Դուռը պիտի հաղորդէ վեց պետութիւններին արդիւնքն այն միջոցների, որոնք արդէն ձեռք են առնուած այս ուղղութեամբ»: Այս յաւելումը թէ գոհացում պիտի տար օսմանեան կառավարութեան եւ թէ պիտի լրացնէր անգլիական լիազօրների ներկայացրած բանաձեւի իմաստը:

Կոմս Շուվալովը գերադասում է լօրդ Սօլսբիւրիի խմբագրութիւնը: Եթէ Բ. Դուռը միջոցներ է ընդունել եւ նրանց գործադրութեան մէջ չէ դրել, անօգուտ է յիշատակել դրանց:

Նախագահը [22] նկատել է տալիս թէ գուցէ դժուար լինի զսպողական միջոցներ գործ դնել անկախ ցեղերի դէմ եւ նորին պայծառափայլութիւնը կասկած է յայտնում Սօլսբիւրիի առաջարկած յօդուածի գործնական ոյժի մասին:

Կարաթէոդորի փաշան պնդում է իր առաջարկած յաւելման վրայ: Լօրդ Սօլսբիւրին խնդրում է յետաձգել վիճաբանութիւնը, որպէս զի ինքը ժամանակ ունենայ մի քանի փոփոխութիւններ մտցնել նախնական բնագրի մէջ:

Հարցը յետաձգւում է մի մերձաւոր նիստի:

Արձ. 15

Նիստ 8 յուլիսի . Տ. ) 1878

Ձեռնամուխ լինելով օրակարգի հետեւեալ կէտին, նախագահը նկատում է որ լօրդ Սօլսբիւրին յանձն էր առել ներկայացնել Վեհաժողովին օսմանեան լիազօրների հետ կայացնելիք համաձայնութեան արդիւնքը հայերին վերաբերեալ 16-րդ յօդուածի խմբագրութեան մասին:

Լօրդ Սօլսբիւրին կարդում է խմբագրութիւնը, որ կայացած է Մեծ Բրիտանիայի եւ Թիւրքիայի լիազօրների համաձայնութեամբ:

12
ԲԵՐԼԻՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ 61 ՅՕԴՈՒԱԾԸ [23]

Բարձրագոյն Դուռը կը խոստանայ առանց այլ եւս յապաղելու գործադրել այն բարւոքումներն ու բարենորոգումները, զոր տեղական պէտքերը կը պահանջեն Հայոց բնակած գաւառներուն մէջ եւ անոնց ապահովութիւն երաշխաւորել Չէրքէզաց եւ Քրդաց դէմ: Այս նպատակաւ ձեռք առնուած մի ջոցները պարբերաբար պիտի ծանուցանէ տէրութեանց, որք անոնց գործադրութեանը պիտի հսկեն:

Բերլինի Վեհաժողովը հիասթափութիւնների մի ամբողջ գումարում էր ամենից առաջ եւ ամենից շատ Ռուսաստանի համար, որ զգաց իրան խաբուած, յաղթողի իրաւունքներից զրկուած: Ռուսներից յետոյ հիասթափուած էին ե՛ւ բօլգարները, ե՛ւ ուրիշ բալկանեան ազգերը: Շատ ուժեղ էր հիասթափութիւնը եւ հայութեան մէջ: Առաջին րոպէին Կ. Պօլսի հայ շրջանակների, մամուլի եւ հասարակական կարծիքի մէջ տիրեց յուսահատութիւն: Ամենքն զգում էին թէ հայերը ոչինչ չեն ստացել:

Սակայն այս լքումը հետզհետէ սկսեց տեղի տալ մի յուսալից տրամադրութեան, որ գնալով բարձրացաւ, ընդգրկեց ամբողջ հայութիւնը: Եթէ հայերը Բերլինում չէին ստացել այն, ինչ ակնկալում էին եւ իրանց սրբազան իրաւունքն էին համարում, այդ դեռ ամենեւին չէր նշանակում թէ նրանք պիտի դէն գցեն, իբրեւ կատարեալ անպէտքութիւն, եւ այն, ինչ տուել էր Եւրոպան 61-րդ յօդուածով: Պէտք էր, ընդհակառակն, ջանք եւ աշխատանք գործադրել այդ յօդուածը գործադրելու, Թիւրքաց Հայաստանը բարեկարգելուհամար: Այս նպատակն էլ դառնում է հայերի քաղաքական ձգտումների կէտ նպատակին:

Եւ ազգային այս նոր տրամադրութեան հիմնաքար էր դնում Ներսէս Պատրիարքը՝ նոյն ամառը Ազգային Ժողովի մէջ արտասանած իր հռչակւոր ճառով, որի մէջ լուսաբանւում էր հայոց հարցի սկզբնաւորութիւնը եւ հայ ժողովրդի քաղաքական իդէալների համար ճանապարհ եւ ծրագիր էր ցոյց տրւում:

13
ԱՏԵՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Տ. Տ. ՆԵՐՍԻՍԻ Ս. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՕԼՍՈՅ ՅԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀԱՅՈՑ Ի 21 ՅՈՒԼԻՍԻ 1878 [24]

Տեա՛րք Երեսփոխանք.

Ամիս մ’առաջ սոյն այս պատկառելի ժողովին մէջ պատասխանելով հարցման մը, զոր ազգասէր ոմանք երեսփոխանք կ’ուղղէին ինձ ազգային խնդրոյն նկատմամբ., եւրոպական տէրութեանց քով մեր ըրած ջանքերը եւ գտած համակրական ընդունելութիւնը զկնի յառաջ բերելու, կըսէի ձեզի. «Ես չեմ միայն աշխատող, այլ ի՛մ է բոլոր պատասխանատուութիւն»:

Դեռ ժամը չը հնչեց՝ ամբողջ այս պատասխանատուութեան. զի կրկին է նա. մին այսօր Հայոց այս մեծ ժողովին առջեւ, եւ միւսը ազգին առջեւ, յանցեալն, ի ներկայն եւ յապագայն, եւ պատմութեան առջեւ:

Այո՛, ես այս պատասխանատուութիւնը շատ աւելի ծանր զգացի քան զոր կրնաք երեւակայել, եւ չը զգացի զայն՝ միա՛յն ձեր առջեւ՝ որ այսօրուան ազգը կը ներկայացնէք, այլ եւ զգացի՛ զայն՝ մեր Նախնեաց հոգիներուն ու յիշատակին առջեւ՝ որ կանգնեցին եւ որ պահեցին զՀայ ազգն ու զՀայաստան, եւ զգացի զայն՝ այն անհամար Հայ սերունդներո՛ւն առջեւ՝ որք պիտի յաջորդեն մեր սերունդին: Եթէ երկրորդն այս պատասխանատուութեանց շատ աւելի ծա՛նր է ու ահեղ քան զառաջինը, ներեցէ՛ք ըսել հիմակուց, ես այդ պատասխանատուութենէն բնա՛ւ չեմ վախնար. զի ամբողջապէ՛ս ունիմ պատասխանել, եւ խղճմտանքս անդորր է եւ զուարթ: Իսկ աւելի փափուկ է առաջին պատասխանատուութիւնս, այն որ կոչեալ եմ այսօր կատարել ձեր առջեւ. եւ եթէ իմ բացատրութիւններս գոհ չընեն զձեզ, ուրիշ բան չը՛ մնար ինձ ընել, այլ պատմութեան դատաստանին ապաւինիլ, որուն ենթարկեալ ենք ամենքս ալ, եւ՛ ես, եւ՛ դուք, եւ՛ որք այս շրջապատէս դուրս կը խօսին եւ կը գրեն:

Եւ զայս ըսելով ո՛չ թէ բնաւ նուազ կուզեմ զգալ ձեր դատելու իրաւունքն ուիշխանութիւնը, այլ զի յանուն ազգային պատկառելի շահուց, պէտք է նախամեծար համարիմ կրել դատապարտութիւն անիրաւ՝ նաեւ ազգիս կողմէն, քան թէ հրապարակել զամենայն: Եւ եթէ ամեն տեսակ հալածանք, դատապարտութիւն, պատիժ եւ փորձութիւն յանձս չէի առած առաջին օրէն, զգուշացուցանելով զայլս այն ամենէն եւ զիս միայն կէտ նպատակի ընծայելով, եթէ յանձս չէի առած զոհուիլ, ինչո՞ւ ուրեմն ձեռնարկեցի յայս գործ:

 

Տեա՛րք երեսփոխանք.

Հայկական խնդիրը, իր արդի ձեւին մէջ ինքիրմէ չծնաւ, այլ ընդհանուր Արեւելեան խնդիրէն ծագեցաւ: Ահաւասիկ ի՛նչպէս. Հայոց խնդիր մը կար տասն եւ աւելի տարիներէ ի վեր, մինչդեռ ո՛չ Հէրսէք-Պօսնայի խնդիր կար, ո՛չ Պուլկարաց խնդիր քաղաքական ձեւով: Հայաստանի Հայոց կրած հարստահարութեան խնդիրն էր այն. Ազգին ու Տէրութեան մէջ մնացած էր. եւ ազգը անընդհատ տասը տարի, իր յանձնաժողովներովը, իր Քաղաքական ժողովներովը, իր Երեսփոխանական ժողովներովը, իր Պատրիարքներովը, այս հարստահարութեանց բարձումը կը հայցէր Բարձրագոյն Դրնէն: Ահա՛ այս էր միայն Հայոց խնդիրը: Եկաւ Հէրսէք-Պօսնայի խնդիրը՝ եւ ապա Պուլկարիոյ խնդիրը:

Այս երկուխնդիրներուն մէջ խառնուած էր հարստահարութեան խնդրոյն հետ ազգային ինքնօրինութեան խնդիրն ալ: Այս գաւառները ապստամբութեան դրօշը պարզեցին իրենց օրինաւոր Տիրոջը դէմ: Արիւնահեղութիւնը Եւրոպայի միջամտութիւնը հրաւիրեց, եւ այս մեծ կայսրութեան դրացի ուրիշ մեծ կայսրութիւն մը յանուն քրիստոնէութեան ամենէն աւելի ձայն բարձրացուց: Տէրութիւնք ի ժողով գումարեցան ի Պօլիս: Ի՞նչ ըրաւ Հայոց ազգը. օրինաւորութենէն դուրս չելաւ. Հայերը զոհ էին որ Օսմանեան Տէրութեան ներքեւ էին. այլ իրենց վիճակէն դառնապէս դժգոհ էին. եւ որովհետեւ ընդհանուր քրիստոնէից վիճակը բարւոքելու խօսքեր կըլլային, Հայերն ալ ընդհանուր բարեկարգութենէն սպասեցին իրենց վիճակին բարւոքումը:

Ձեր Պատրիարքը, գիտէք արդէն, Տեա՛րք երեսփոխանք, պարապ չկեցաւ. աշխատեցաւ Բ. Դրան քով, աշխատեցաւ Դեսպանաց քով: Այլ դեսպանաժողովը փոխանակ ընդհանուր վիճակին բարւոքումը նկատողութեան առնելու, նկատողութեան առաւ միայն Հէրսէք-Պօսնայի եւ Պուլկարաց խնդիրները: Ասի անիրաւութիւն մըն էր մնացեալ քրիստոնեայ ժողովրդոց, եւ ներեցէք ըսել, թերեւս իմ սահմանէս քիչ մը դուրս ելնելով, օսմանեան կայսրութեան ալ քայքայումը կը պատրաստէր՝ ապստամբութիւնը քաջալերելով:

Օսմանեան կայսրութիւնը Դեսպանաժողովին այս որոշումը չընդունեց. եւ մեք Հայքս պատճառ չունէինք որ դժգոհէինք, տեսնելով Բ. Դուռը, որ կը մերժէր բացառիկ ու մասնաւոր շնորհումներ ու բարեկարգութիւնք, որոց արդիւնքը պիտի ըլլար մանաւանդ աւելի դառնացում մեր վիճակին. զի տուրքերն աւելի մեր վրայ պիտի ծանրանային, ինչպէս նա՛եւ այն տարերքն՝ որոնցմով կը բաղկանայ յոռին այս երկրին կառավարութեան մէջ: Այլ մեծագոյն չարիք մը ու աղէտք փրթաւ ընդհանուր երկրին վրայ. պատերազմը: Օսմանեան կայսրութիւնը այս մեծ պատերազմէն առաջ իր զօրութիւնը գործածած էր Հէրսէք-Պօսնայի եւ Պուլկարիոյ ապստամբութեանց դէմ եւ կանոնաւոր պատերազմ մղելով երկու իշխանութեանց հետ Գարատաղի ու Սերպիոյ՝ որոց օգնութեան կը սլանար ինչ որ պաշտօնական կերպարանք չունենալով Սլավ էր, ի լռութիւն դատապարտած էր անոնց զէնքերը: Հուսկ ապա Պուլկարիոյ արգաւանդ դաշտերը, եւ աւա՜ղ, մեր այնքան ազգայնոց արեամբն ուքրտինքովն ողողեալ մեր Հայաստանի օրհնեալ դաշտերը, անիծակուռ արհեստին քանդմանցն ու արհաւրաց տեսարան եղան: Օսմանեան ազգը իր ցեղին յատուկ բնազդովն ոգեւորած՝ պահ մը ետ մղեց ահագին թշնամին եւ յապուշ կրթեց զաշխարհ իր արիական դիմադրութեամբ ու վերջապէս տեղի տուաւ աւելի մեծ զօրութեան առջեւ, եւ Ռուսիոյ յաղթական բանակները մէկ կողմէն մինչեւ Հայաստանի մայրաքաղաքն եկան, եւ միւս կողմէն մինչեւ բոլոր Թուրքիոյ մայրաքաղաքն ի Պօլիս: Ժամը հնչեց խաղաղութեան: Երկուտէրութեանց բանակցութիւնն սկսաւ Քըզանլըքի մէջ եւ ընդհանուր պայմաններն կռեցան յԱդրիանուպօլիս: Անմիջապէս պիտի սկսէր դաշնադրութեան բանակցութիւնը:

Ոչ ոք կարող է բուռն զօրութեան դէմ, մանաւանդ երբ բարոյական զօրութիւն միայն ունի. եւ ո՛վ ալ ըլլայ չկրնար փոխել եղելութեանց ընթացքը: Մեծ խելք եւ մեծ հեռատեսութիւն պէտք չէր տեսնելու համար թէ երկրին վիճակը կը փոխուէր բոլորովին, եւ անոր հետ նաեւ անձնիւր քրիստոնեայ ժողովուրդի գոյութեան պայմաններն ալ կը փոխուէր: Մէկ խօսքով վտանգն ակներեւ էր ինձի համար եւ ամենուն համար, որ Հայոց ազգը պիտի կրնար անհետանալ իբր ինքնուրոյն ժողովուրդ, եւ եթէ իր գոյութիւնը չամրապնդէր, պիտի ոչնչանար: Հարստահարութեան խնդրոյն կաւելնար մեծ քան զայն խնդիր, ազգին գոյութեան ու չգոյութեան խնդիրը:

Այլ ընդհանուր պայմանաց մէջ Հայոց ազգին անունն անգամ չը կար եւ Դաշնադրութեան վիճաբանութիւնը այն պայմանաց սահմանին մէջ միայն կրնար ըլլալ: Գրեթէ յուսահատելու էր. եւ ես չգիտեմ թէ ի՞նչպէս չյուսահատեցանք: Անկարելի է նկարագրել ազգին մորմոքը՝ զոր թողէք ըսեմ, զգացի ի սիրտ եւ ի բովանդակ անձն իմ. միանգամայն զգացի ահեղն այն պատասխանատուութիւն՝ որ այն հանդիսաւոր ժամուն կը ծանրանար իմ վրայ. զի ազգն իր երեսփոխանական ժողովովը ազգին խնդիրն ինձի էր յանձնած մասնաւորապէս: Յաջողիլ անկարելի էր սովորական միջոցներով, ո՛չ ալ սպասելը ներելի էր: Կրնայի ի ժողով կոչել զձեզ, եւ այն ատեն բան մը չընելով ալ՝ ձեր առջեւ պատասխանատուութենէ ազատիլ. կրնայի գոնէ Քաղաքական ժողովով գործել: Պէ՞տք էր որ այնպիսի պարագայի մէջ՝ նայէի՛ միայն անձնական պատասխանատուութեանս ու ե՛ր առջեւ անպարտ ելնելով՝ խղճիս առջեւ պարտաւո՞ր մնայի:

Տեա՛րք երեսփոխանք. անշուշտ անհետացած չէ ձեր յիշողութենէն այն օրերուն յիշատակը: Օսմանեան ազգը՝ որ առատապէս հեղած էր իր արիւնն ի դաշտ պատերազմաց, այնքան զոհողութիւններէ ետքը իր պարտութիւնը տեսնելով, եւ այսքան չարեաց սկզբնապատճառ քրիստոնէութեան անունը մի շտ հնչելով իր ականջին, բնական էր որ արտաքոյ կարգի գրգռութիւնը մը զգար: Աւելի քան երբէք՝ պէտք էր խոհեմութեամբ ու շրջահայեցութեամբ գործել. այլ նաեւ ուժով եւ ազդու կերպով գործել: Ձեր Պատրիարքը մտածեց, խորհրդակցեցաւ: Իր շուրջն ունէր բոլոր Եպիսկոպոսական դասը՝ պատրաստ գործելու իրեն հետ յանուն ազգին, եւ յանուն ազգին զոհուելու եթէ պէտք ըլլար: Միացաւ իր Սրբազան եղբարց հետ՝ եւ որոնք արդէն իրենց կոչման օրն առաջի Աստուծոյ երդուեալ էին, նորէն երդուան նուիրել զանձինս Ազգին:

Օսմանեան լիազօր դեսպանք դեռ չէին ուղեւորած յԱդրիանուպօլիս, ես ու իմ սրբազան եղբայրակիցներս գործել սկսանք: Ազգին յայտնի էր այն ատեն ինչ որ ուզեցինք. այն է Հայոց յիշատակութիւնը Դաշնադրութեան մէջ. եւ յայտնի է այսօր՝ թէ այս յիշատակութիւնն եղաւ մասնաւոր յօդուածով մը: Արդեօք ճի՛շդ մեր ուզածին պէս եղա՞ւ յիշատակութիւնը. Ո՛չ. այլ քաղաքականութեան մէջ՝ «Երբ չես կրնար ընել ինչ որ կուզես, պէտք է ընես ինչ որ կրնաս»:

Աւասիկ Այ-Ստեֆանոսի Դաշնադրութեան 16րդ յօդուածը.

«Յօդ. 16. Նկատելով որ ռուսական զօրաց Հայաստանի մէջ գրաւած բայց Թուրքիոյ վերադարձունելիք տեղերէն մեկնիլը՝ կրնայ կռիւներու եւ երկու Տէրութեանց բարեկամական յարաբերութիւններուն վնաս բերող կնճիռներու ծնունդ տալ, Դուռը պարտաւորութիւն յանձն կառնու, Հայոց բնակած գաւառներուն մէջ տեղական պիտոյից պահանջած բարւոքումներն ու բարենորոգումներն առանց այլ եւս յապաղելու գործադրել, եւ Քիւրտերուն ու Չէրքէզներուն դէմ անոնց ապահովութիւնն երաշխաւորել»:

Այս յօդուածին ուժովը Քիւրտերուն ու Չէրքէզներուն հարստահարութեանց դէմ ապահովել էին Հայք. իրենց տասը տարիէ ի վեր արձակած աղաղակը վերջապէս արձագանգ կը գտնէր ու մեր յանուն Ազգին ներկայացուցած խնդրոյն մէկ մասը կը լուծուէր ըստ սկզբան՝ եւ համազգային իրաւանց կարգին մէջ կը մտնէր: Այլ մեր Ազգային խնդիրը Արեւելեան ընդհանուր խնդրոյն հետ նոր կերպարանք ու նշանակութիւն առած էր: Այս երկիրը մինչեւ այսօր կառավարուեցաւ Տաճիկ պաշտօնատարաց ձեռքով. եւ այսօր հասարակ եղած ճշմարտութիւն մըն է պաշտօնատարաց յոռութիւնը. այնպէս զի նոյն իսկ Բ. Դուռը եւ երկրին Վեհապետը քանիցս հռչակեցին զայն: Արդ՝ ճշմարիտ չէ ըսել մասնաւորապէս Հայաստանի համար՝ թէ Հայ ժողովրդեան պատուհասը Քիւրտերն են միայն ու Չէրքէզները, այլ պատուհաս մըն ալ անարժան պաշտօնատարներն են: Այս պաշտօնատարաց մէջ, Հայաստանի մէկ ծայրէն միւս ծայրը, գրեթէ եւ ո՛չ մէկ Հայ պաշտօնատար մը կայ:

Պատերազմէն առաջ մեր Վեհափառ Ինքնակալը, այս մեծատարած կայսրութեան միահեծան Տէր, սահմանադրութեամբ եւ հաւասարութեան սկզբունքով փորձեց լուծել Արեւելեան խնդիրը, կրօնքի խտրութիւնը վերցունելով քաղաքական ու վարչական խնդիրներու մէջ, ու Տէրութեան պաշտօնները հաւասարապէս բաշխելով իր ամեն կարգի հպատակաց, եւ անոնց մէջ մէկ հատիկ խտրութիւն մը ընդունելով՝ այն որ իւրաքանչիւրին կարողութենէն ուանձնական արժանիքէն կը ծագի: Հայոց ազգը ո՛չ դժնդակ ո՛չ ըմբոստ գտնուեցաւ այս հայրենասիրական վերջին ջանից. նամանաւանդ քանի՛ քանի իր զաւակունքը ինքզինքնին նուիրեցին գործին յաջողութեանը. ինչո՞ւ. վասն զի տեսան որ փառաւոր դեր

մը պահուած էր Հայուն՝ խնդրոյն այդ եղանակ լուծմանը մէջ. վասն

զի Հայն իր ինքնուրոյն եկեղեցիովն ուինքնուրոյն ազգութեամբը, որ չէ խառնուած ո՛չ օտար եկեղեցւոյ մը հետ եւ ո՛չ օտար ազգի մը հետ, ամենէն աւելի կրնար անխառն եռանդով աշխատիլ երկրին վերածնութեանը համար, եւ անոր՝ չեմ ըսեր գլխաւոր գործաւորներէն մէկն ըլլալ, այլ կը համարձակի՛մ ըսել՝ գլխաւոր գործաւորն ըլլալ, համակերպելով նաեւ՝ Աստուծմէ իրեն մենաշնորհեալ բնական տուրքովը պարագայից բերմանցն ու այլ եւ այլ ազգաց այլ եւ այլ բնաւորութեանցն ու բարոյից:

Գեղեցիկ էր այն գործը յոր ձեռնարկեց իր գահակալութեան օրէն մեր այժմուՎեհափառ Ինքնակալը, եւ ո՛չ ոք կրնայ մեղադրել զՀայս՝ որ յուսացին: Այլ փորձն ի դերեւ ելաւ. եւ պատերազմն ու թշնամւոյն յաղթութիւնը եկաւ նոր ուղղութիւն մը տալ Արեւելեան խնդրոյն եւ նոր եղանակ մը ներկայացունել լուծման:

Արեւելեան խնդիրն այլ եւս ուրիշ կերպով չէր կրնար լուծուիլ, այլ կամ, Աստուած մի՛ արասցէ, բաժանմամբ, կամ զանազան կարգի ժողովրդոց համար յատուկ ու մասնաւոր դրութեամբ վարչութեան. եւ այս ըսել է՝ «Որոշել այն գաւառները որոնք մէյմէկ ազգային յիշատակաց կեդրոններ են, եւ որք ի հնումն ազգի մը հայրենիքը կազմելով՝ դեռ այսօր բնակութեան տեղի են մն ացած նոյն ազգին անհատներուն գո՛նէ մեծ մասին, ուր վերջապէս բազմութեամբ են քրիստոնեայք եւ անոնց վարչութիւնը յանձնել այն ազգէն քրիստոնեայ պաշտօնատարաց՝ անփոփոխ եւ անվթար պահելով վեհ. կայսեր վեհապետական իշխանութիւնը. այսպէս՝ Հէրսէք, այսպէս՝ Պօսնա, այսպէս՝ Պուլկարիա, այսպէս՝ Յունական գաւառք, այսպէս՝ Հայաստան. եւ մնացեալ բոլոր գաւառաց մէջ անթերի պահել Տաճիկ պաշտօնատարներով վարչութիւնը, թէ եւ գտնուին հոն քրիստոնեայք, բայց ուր չեն այն քրիստոնէից ազգութեան օրրանք, եւ ուր սակաւաթիւք են սոքա»: Գաւառաց այս կերպ որոշումը՝ ըստ մեզ բնաւ քաղաքական կերպարանք կամ հետեւանք պիտի չունենար:

Մեր Ազգային խնդրոյն այս մասն է ահա՛ որ չէր լուծուած Այ-Ստէֆանօսի Դաշնադրութեան 16-րդ յօդուածին մէջ, այլ եւ ոչ բոլորովին բարձի թողի էր եղած. զի ինչ որ ընդհանուր կերպով վարչական բարեկարգութիւն ու բարւոքում տրամադրած էր յօդուածն այն, հոն պիտի երթար յանգէր վերջապէս. զի հո՛ն էր բարւոք վարչութեան խնդրոյն միակ կարելի լուծումը, եւ այլ ամենայն լուծում անհաստատ ու անիրաւ պիտի ըլլար: Եւ մենք ազգովին պարտաւոր ենք այն պետական աւագ անձանց, որ դաշնադրութեան այդ յօդուածը ստորագրեցին. եւ հոս բարեպատեհ առիթ կը գտնեմ այդ երախտագիտութիւնը յանուն ազգին յայտնելու իրենց, եւ որոց մին այսօր՝ իր շրջահայեաց, խոհեմ ուամոքիչ հանճարովը կը վարէ դժուար ուփափուկ պարագայից մէջ այս երկրին ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը:

Այ-Ստէֆանօսի Դաշնադրութեան 16-րդ յօդուածը երբ ձեռք անցուցինք, նոր ոգի առինք եւ աւելի եռանդեամբ սկսանք աշխատիլ: Մեր գործը չէր լըմնցած, այլ սկսած էր: Յայտնի էր որ Այ-Ստէֆանօսի դաշնադրութիւնը ինչպէս որ էր՝ այնպէս պիտի չմնար. իր զանազան տրամադրութիւնքը եւրոպական բովէն անցնելով փոփոխութիւններ պիտի կրէին: Մասնաւորապէս 16-րդ յօդուածն ալ անպատճառ փոփոխութեան ենթակայ պիտի ըլլար: Ինչ որ եւրոպական քաղաքականութեան շահուց հետ սերտ առընչութիւն ունէր Դանուբի հովտին ապագայ քաղաքական վիճակը, նոյն կերպով եւ թերեւս աւելի շօշափելի կերպով Եփրատայ հովտին ապագայ քաղաքական վիճակը առընչութիւն ունէր անգղիական շահուց հետ:

Որչափ ալ անշահասէ՛ր ըլլար եւ հայասէ՛ր միայն՝ այն զգացումը որ 16-րդ յօդուածին խմբագրութեանն առաջնորդած էր, Անգղիան պիտի տեսնէր այդ յօդուածը Եփրատայ հովտին մէջ նոր քաղաքական վիճակ մը կը պատրաստէ՝ որ կրնայ մասնաւոր կերպով զայն ստորագրող տէրութեանց միոյն քաղաքական շահուց տեսակէտին պատասխանել: Անգղիա պիտի չընդունէր զայս: Կամ յօդուածը վերցունելու պիտի աշխատէր, կամ փոխելու: Դիտմամբ կ’արտասանեմ վերցունել բառը, զի եղան քաղաքագիտաց շրթունք՝ որ հնչեցին այս բառը այլ անկարելի էր վերցունել. զի անմարդասիրութիւնն ու խժդժութիւնը անկարելի է Անգղիոյ ազատամիտ ազգին համար: Կը մնար միայն բարեփոխել յօդուածը այն կերպով՝ որ յօդուածը մնայ իբրեւ Հայոց համար խմբագրեալ յօդուած. Հայաստանը բարեկարգի Հայաստանի համար, եւ Հայկական խնդիրը չէզոքանայ, այսինքն՝ լոկ Հայկական խնդիր ըլլայ:

Բայց մենք ալ մեր կողմէն պէտք էր որ աշխատէինք. պէտք էր մեր մոռացուած անունը յիշեցնէինք՝ երբեմն մեզի հետ ապրող եւ այսօր կորսուած հին ուփառաւոր ազգերուն թոռանցը Եւրոպայի մէջ. պէտք էր գիտնար Եւրոպա որ Հայ ազգը կը զգայ ինքզինքը եւ գիտէ իր իրաւունքը պաշտպանել: Խորէն Սրբազան ուղեւորեցաւ ի Բէթէրսպուրկ, եւ Խրիմեան Սրբազան յԱրեւմուտս Եւրոպիոյ՝ իրեն թարգման ունենալով ազգային երիտասարդութեան փայլերէն մին՝ որ իր նորահաս ու միանգամայն հասուն հանճարովը մեր Հայոցս ապագայ գեղեցիկ յոյսերը պատկերացուց Եւրոպիոյ առջեւ, ինչպէս Խրիմեան Սրբազան ալ Հայաստանի փառաց սուգը ու դժբաղդութեան մէջ համբերատար ազնուութիւնը կը ներկայացնէր իր դէմքին վրայ, ինչպէս Խորէն Սրբազան ալ հին յիշատակներով թրթռուն եւ նոր յոյսերով բաբախուն սիրտը Ազգին: Ասոնք պատգամաւորք էին պաշտօնապէս Ազգին կողմէն. իսկ ամեն Հայուպարտքն էր գործակցիլ իրենց, եւ իմ իրաւո՛ւնքս էր այսպիսի պարագայի մէջ Հայութեան բոլոր զաւակացը դիմել, քանի՛ եւ ո՛ւր որ պէտք ըլլար: Որո՛ւն սիրտը Հայուանունով կը թրթռար եւ որ կարող կը զգար զինքը օգտակար ըլլալու Ազգին, գործակցեցաւ հոս ինձի եւ հո՛ն ազգային պատգամաւորաց: Եւ զի ջանքն ընդհանուր եղաւ, ընդհանուր եղաւ նա՛եւ համակրութիւնը որ ամեն կողմէն սկսաւ ծնիլ ու բազմանալ մեր ազգին համար. օրագիրք թարգման եղան այս համակրական զգացմանց, պաշտպան կացին մեր դատին գրեթէ առանց բացառութեան ամենուրեք, ժողովրդական ակումբներ կազմեցան եւ քաղաքական բեմերն իսկ որոտացին մեր Ազգային խնդրոյն վիճաբանութեամբ: Կրնայինք ըսել թէ Եւրոպիոյ զգացումն ի մեր կողմն էր. զգացո՜ւմ, աւա՜ղ, առաջուց գիտէի թէ այս դարուս մէջ շահը միայն կը խօսի եւ մանաւանդ շահը միայն պիտի խօսի այն ծերացեալ ուգործոց մէջ կարծրացեալ քաղաքագիտաց ակումբին մէջ՝ որ պիտի գումարէր ի Պէրլին: Այլ մենք շահն ալ ի մեր կողմ ձգած էինք: Քիչ մ’առաջ ըսի արդէն թէ ի՛նչպէս:

Տէրութեանց Աւագաժողովը գումարուած եւ արդէն մէկ քանի նիստ ըրած էր ի Պէրլին. ամեն կողմէ ամեն տէրութենէ յուսադրութիւնք ու պաշտօնական խոստումն եր ընդունած էի. յայտարարութիւններ՝ թէ ի՛նչ որ մի ւս քրիստոնեայ ժողովրդոց պիտի տրուի, պիտի տրուի նա՛եւ Հայոց. ձայն չունէին Հայերը եւ չէին կրնար ունենալ Աւագաժողովին մէջ, այլ –մինչեւ ա՛յս աստիճան էին մեզի տրուած յոյսերը– մեծ եւ ազնուախոհ ազգի մը, Գաղղիոյ Արտաքին գործոց պաշտօնեայն եւ առաջին լիազօր դեսպանը յանձն առած էր որ ի՛նք ներկայացուցիչ ու փաստաբան կանգնի մեր դատին՝ Աւագաժողովին մէջ, նա՝ որ եւ կատարեալ հաւանութեամբ ընդունած էր մեր խնդրոյն ձեւը, հոգին եւ գործնական եղանակը՝ ինչպէս որ առաջարկած էինք մեր պաշտօնական գրութիւններով:

Վերջապէս՝ աւագագոյնն այն աւագաց եւ ճարտարագոյնն ի քաղաքագիտաց Նախագահն իսկ Աւագաժողովին, որ եւ մասնաւոր ուշադրութեամբ քննած էր մեր խնդիրն ու մեր գրերն ամենայն՝ եւ մասնաւոր հոգատարութիւն յայտնած առաջին օրէն մեր դատին համար, պաշտօնական կերպով ներկայացուց եւ օրակարգն անցուց մեծ Ժողովին՝ Կ. Պօլսոյ Հայոց Պատրիարքին նամակը առ նոյն ինքն Նախագահն, Հայ պատգամաւորաց խնդրագիրը, Հայաստանի վարչութեան համար ծրագրեալ կանոնագիրը եւ Հայաստանի վրայ վիճակագրական տեսութիւն մը:

Այսպէս ահա՛ ներելի էր մեզ յուսալ թէ խնդիրն ի հիմանց պիտի քննուէր ուհիմն ական պիտի ընդունէր լուծում: Այլ ճիշդ այս միջոցին երեւան ելաւ գաղտնի դաշնադրութիւնը ընդ մէջ Թուրքիոյ եւ Անգղիոյ՝ Ասիոյ նկատմամբ:

Տեարք երեսփոխանք, ինձի չպատկանիր քաղաքական տեսութեանց մէջ մտնելով ըսել թէ ո՛րչափ յանցաւոր կրնան ըլլալ Հայերը որ չնախատեսեցին զայդ նոր քաղաքականութիւնը՝ զոր եւ ո՛չ մէկ տէրութիւն Եւրոպայի մէջ նախատեսած էր, եւ որուն մէջ յայտնի չէ՛ տակաւին, երեւակայութի՞ւնն արդեօք կամ թէ հեռատես քաղաքագիտութիւնը աւելի՛ մեծ դեր խաղացած է: Այլ այդ դաշնադրութիւնը՝ որ եթէ գործադրելի՝ անուրանալի բարիք մըն է Թուրքիոյ համար եւ Հայոցս համար ալ, արգելք չեղաւ որ Աւագաժողովն զբաղի Այ-Ստէֆանօսի Դաշնադրութեան 16-րդ յօդուածովը, բարեփոխէ զայն, չեզոքացնէ ու մէկ տէրութեան երաշխաւորութեան ու հսկողութեանը փոխանակ բոլոր մեծ տէրութեանց երաշխաւորութիւնն ուհսկողութիւնը դնէ, մինչդեռ միւս կողմէն ալ թուրք-անգղիական դաշնադրութեամբ՝ Անգղիոյ մասնաւոր պաշտպանութիւնն ապահովեալ էր Հայոց համար. այլ արգելք եղաւ որ Հայ ազգին խնդիրն ամբողջապէս նկատողութեան առնուի:

Որ եւ է անկողմնակալ մտածութեան համար ակներեւ է որ եթէ թուրք-անգղիական դաշնադրութիւնը Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովրդոց համար բարեկարգութեան ծրագիրը Անգղիոյ ու Թուրքիոյ կառավարութեանց համաձայնութեամբ որոշուիլ տրամադրած չըլլար, տէրութիւնք իրե՛նք զայդ ծրագիրը պիտի որոշէին:

 

Աւասիկ Պէրլինի Դաշնադրութեան 61-րդ յօդուածը.

 

«Բարձրագոյն Դուռը կը խոստանայ, առանց այլ եւս յապաղելու գործադրել այն բարւոքումն երն ուբարենորոգումն երը, զորս տեղական պէտքերը կը պահանջեն Հայոց բնակած գաւառներուն մէջ, եւ անոնց ապահովութիւնն երաշխաւորել Չէրքէզաց ու Քրդաց դէմ: Այս նպատակաւ ձեռք առած մի ջոցները պարբերաբար պիտի ծանուցանէ տէրութեանց, որք անոնց գործադրութեանը պիտի հսկեն»:

Տեա՛րք երեսփոխանք. եթէ այս յօդուածը ցաւալի բան մ՚ունի, այն է որ մեր խնդրոյն լուծումը ըստ մասին կը յետաձգէ. չկործաներ ազգին յոյսերը, այլ եւ չպսակեր նոյն հետայն: Եւ ո՞ր ազգ կրցած է յանկարծակի կերպով իր բաղձանացն ի կատար հասնիլ. դժբաղդութիւնն է միայն եւ մահ. որ յանկարծակի կրնան գալ անձի մը եւ ազգի մը վրայ. կեանքն ու բարեկեցութիւնը յամր կը ձեւանան: Եւ ասոր համար է որ կանիրաւեն անոնք որ կըսեն թէ՝ «Ինչո՞ւ սկսանք, եթէ պիտի չյաջողէինք. եւ թէ՝ յայտնի՛ էր որ պիտի չյաջողէինք. » զի օր մը յաջողելուհամար՝ այս օրէն սկսելուէր. եւ զի եթէ ապահով կերպով գիտնայի ալ առաջուց թէ պիտի չյաջողիմ բնաւ, դարձեալ պիտի սկսէի, եւ այն թո՛ղ գրէր ինձի ազգս ի դատապարտութիւն:

Բայց ոչ ինքնին ձեռնարկեցի ես յայս գործ. այլ յառաջ քան զիս եւ բուռն քան զիմս էր ազգին ընդհանուր փափագը. եւ ես պատգամ միա՛յն ընդունած էի զայն փափագն յառաջ վարելու: Արդ՝ երկու կարգ առարկութիւնք կան որոց ազդած ցաւը կ՚աւելնայ յիս իմ ցաւերուս վրայ. այս առարկութեանց մին է այն՝ թէ վասն զի քիչ խնդրեցինք, քիչ ընդունեցանք, թէ անկատար կերպով թարգման կացինք Ազգին իղձերուն եւ թէ նոյն իսկ այն կերպով վարուեցանք դիտմամբ եւ խորհրդով՝ որ անկատար կերպով պսակուին այդ իղձեր: Այս առարկութիւնը ազգայնոց ոմանց կողմէն է, եւ նոր ապացոյց մը կը հանդիսանայ այն չարեաց՝ որ Ազգին գերութեան վիճակը գործած է, յամառ անվստահութիւնը բնական յատկութիւն մ’ընելով ազգայնոց: Ա՜հ, եթէ այդ խիզախ վճիռն արձակողը գիտնար թէ անոնք որ աշխատեցան վեց ամի սներէ ի վեր, աշխատեցան ա՛յնպէս՝ որպէս ոչ երբէք աշխատած էին իրենց կեանքին մէջ. ընծայելով ազգին համար զամենայն որ ունէին, ո՛րն իր հարստութիւն, ո՛րն իր տաղանդ, որն իր ազդեցութիւն, եւ ամենքն իրենց աշխատութիւն. եթէ գիտնա՜ր թէ ինչպէս արհամարհեցին դժվարութիւնք ու վտանգ. եթէ գիտնար թէ լաւ եւս համարեցան զոհել իրենց շահն ու անձը, քան թէ նշանախեց մը զոհել ազգային ծրագիրէն. եթէ գիտնա՜ր թէ ի՜նչ սուրբ հայրենասիրութեամբ վառուած էին առանց որ եւ է փառքի կամ համբաւոյ ակնկալութեան ո՛չ այժմ, ո՛չ առ յապագայն, եթէ գիտնա՜ր ինչ որ ես գիտեմ, խղճմտանքին մէջ պիտի դողար այդ դատապարտութիւնն արտասանելով:

Միւս առարկութիւնը օտարէն կուգայ մանաւանդ, զի չկայ Հայ մը՝ որ զայդ առարկութիւնը կարենայ ընել. ա՛յն է թէ՝ ինչ որ ձեր Պատրիարքը ազգին խնդիրը՝ կոչեց, այն իր հնարած խնդիրն էր, եւ ազգը չունէր մասնակցութիւն: Այդ օտարը չէ՛ լսած Հայոց ազգին անվերջանալի աղաղակը այնքան տարիներէ ի վեր. եւ չէ լսած սոյն այս Երեսփոխանական ժողովին յանուն Ազգին ինձի յանձնած պաշտօնը՝ զոր եւ կրկնեց ասկէ քիչ ժամանակ առաջ:

Եւ արդ՝ ահա յայտնեցի ձեզի թէ ի՛նչ ձեւով եւ ի՛նչ բառերով ներկայացուցի Հայոց խնդիրն Եւրոպայի, եւ զոր կ’ամփոփեմ հոս սապէս. Հայոց վարչութիւն Հայաստանի մէջ առանց քաղաքական փառասիրութեան զոր երբէք չենք ունեցած եւ չենք կրնար ունենալ, մեր Վեհափառ Սուլթանին հովանաւորութեանը եւ վեհապետական իշխանութեանը ներքեւ: Դո՛ւք, ազգային երեսփոխաննե՛ր, ըսէ՛ք, դուք որ բոլոր ազգին քուէովն ընտրուած՝ կը զգաք ի ձեր սիրտ բաբախել սի՛րտն ազգին, ըսէ՛ք, ազգին խնդիրը չէ՞ այն որ ներկայացուցի:

Ըսէ՛ք, պիտի ներէի՞ք ինձ որ լուռ մնայի. ըսէ՛ք, պիտի ներէի՞ք որ այնպիսի պարագայի մէջ ուր Թուրքիոյ քրիստոնեայ ժողովրդոց բաղդը պիտի վճռուէր, ձեր Պատրիարքը անհո՞գ կենար. ըսէ՛ք, պիտի ներէի՞ք եթէ նոյն իսկ անյոյս եւ անապաւէն չդիմէի ազգաց ժողովին՝ գէթ անոր համար որ Եւրոպա գիտնայ՝ թէ Հայոց ազգ մըն ալ կայ Արեւելքի մէջ: Ըսէ՛ք, պիտի ներէի՞ք դուք եւ պիտի ներէին ինձ մեր Նախնեաց հոգիք, Հայկէն մինչեւ վերջինն մեր Լեւոն. Լուսաւորիչէն մինչեւ ի վերջինն Ներսէս՝ ի շարս մեր ազգաշէն եւ ազգասէր կաթողիկոսաց, ըսէ՛ք, պիտի ներէի՞ն եւ պիտի ներէի՞ք եթէ խոչ եւ խութ առ ոտն հարկանելով մի նչեւ Եւրոպա չհասցունէի ազգին աղաղակը. Ըսէ՛ք, ըսէք ձեր հանդիսաւոր քուէովը, ըսէ՛ք ձեր միաձայն քուէովը, զի միաձայն միայն կրնայ ըլլալ քուէն այս պարագայիս մէջ. Ըսէ՜ք, եւ ձեր քուէն թո՛ղ պատասխանէ այդ անհեթեթ եւ ազգուրա՜ց առարկութեան [25]:

Եւ սակայն ո՞ւր է կորուստը, ո՞ւր է այնքան աշխատութեանց եւ ջանից ապարդիւն մնալը, ո՞ւր է անյաջողութիւնը, ո՞ւր է դժբաղդութիւնը, ո՞ւր յուսահատութիւն: Վասն զի՝ առաջին անգամ Հայոց ազգին անունն անցաւ հանդիսաւոր դաշնադրութեանց մէջ՝ ա՞յդ է կորուստը. վասն զի՝ այդ դաշնադրութեամբք հարստահարութենէ ազատեցան Հայերը՝ ա՞յդ է դժբաղդութիւնը, վասն զի՝ Հայոց ապագային սերմունքը դրուեցան, ա՞յդ է մեր ջանից ապարդիւն ելնելը. եւ վասն զի՝ Եւրոպայի ժողովուրդներն ու տէրութիւնները ճանաչցան ու սիրեցին Հայ ազգը, ա՞յդ է անյաջողութիւնը. եւ վասն զի՝ այս վայրկենիս որ կը խօսիմ ձեզի այս ազգային բեմին վրայէն, թերեւս մեծ եւս բեմերու վրայէն հարցումներ կ’ուղղին Եւրոպայի կառավարութեանց՝ Հայոց նկատմամբ, ա՞յս է մեր լքումն ու յուսահատութիւն:

Տեա՛րք երեսփոխանք. ըսի արդէն թէ մեր խնդիրն անմիջապէս եւ կատարելապէս չէ՛ իրականացած, եւ ասոր համար պարտք համարեցայ բողոքել հոս տէրութեանց դեսպանաց քով, եւ ի Պէրլին լիազորաց քով: Բողոքը տկարին իրաւունքն է, եւ շատ անգամ յումպէտս կը գործածուի նա. այլ ո՛չ այս պարագային մէջ, զի արդիւնքն իսկ տեսնուեցաւ վերջին վայրկենին, յօդուածին խմբագրութեանը մէջ: Այո՛, մեր խնդիրն ամբողջապէս չէ կատարուած, այլ մե՛ծ է արդէն ի՛նչ որ ստացանք դաշնադրութեան այն յօդուածով. եւ մեծ է՝ ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ զայս եւ ես քան զայլ ոք աւելի նուազ՝ Անգղիոյ մասնաւոր պաշտպանութիւնը:

Մեք չենք յուսացած մեր զօրութեանը վրայ այդ պաշտպանութեան տալուհամար այն ուղղութիւնը՝ զոր կրնանք փափաքիլ մեր ազգային խնդրոյն կատարմանը նկատմամբ. այլ իրողութիւնք զօրաւորագոյն են քան զամենայն՝ եւ վճռաբար կը հրամայեն նոքա տէրութեանց քաղաքականութեան:

Անգղիոյ մեծ ազգին քաղաքականութիւնը՝ որուն յայտնի են շահերը, նպատակն ուհամակրութիւն, կրնայ ի սկզբան այնպիսի ձեւ ուոգի մը զգենուլ՝ որ իր յաւիտենական կղզին մշանջենաւորապէս պատող ովկիանոսին պէս ինքն իրեն դէմ մարտնչելով՝ թէ եւ չյոգնի, չպարտասի, այլ՝ զի պէտք է յաջողի, հա՛րկ պիտի զգայ վերջապէս նոր ոգի ունոր ձեւ առնուլ:

Իսկ մենք, Տեա՛րք երեսփոխանք. մենք յարատեւենք մեր սկսած գործին մէջ: Այսպիսի գործեր ո՛չ մէկ օրուան մէջ, ո՛չ մէկ մարդու ձեռքով կրնան կատարուիլ: Պատրաստուինք մեր ապագային: Նախ՝ չկենանք հոս, Հայաստա՛ն երթանք. Հայաստա՛ն ղրկենք ինչ որ ունինք ազգին մէջ իր բանիբուն, տաղանդաւոր, ազգասէր, ուսումնասէր եկեղեցականներ. Հայաստա՛ն երթան մեր դաստիարակներ, ուսուցիչներ, մեր այնքան վառվռուն երիտասարդներ. Հայաստա՛ն երթան մեր արուեստագէտներ, վաճառականներ. Հայաստա՛ն երթան այնքան դժբաղդ պանդուխտներ. ո՛չ եւս պիտի ըլլայ հոն սով, սրածութիւն. ո՛չ եւս հարստահարութիւն. ոչ եւս կենաց եւ ընչից եւ պատուոյ առեւանգութիւն. ո՛չ եւս աշխատութեան խափանում: Ուղիներ պիտի բացուին. ջրանցքներ պիտի շինուին. գործարաններ պիտի կառուցուին. Անգղիոյ դրամատէրք հո՛ն պիտի երթան իրենց դրամը գործածելու. թող երթան մեր դրամատէրք ալ, ընկերութիւններ կազմեն այս օրուընէ. ընկերութիւններ՝  ամեն քաղաք եւ գիւղ դպրոցներ հաստատելու համար. ընկերութիւններ՝ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատելու համար ընկերութիւններ՝ գործարաններ հաստատելու համար. Հնդկաստանէն, Հայաստանէն, Անգղիայէն, Թուրքիայէն, Ռուսիայէն, Աւստրիայէն ու մինչեւ Պարսկաստանէն միանան ձեռք ձեռքի տան բոլոր Հայերը, եւ այն ատեն՝ թերեւս ես ալ ցաւագար ուանբուժելի հիւանդութեամբ վարակելալ, ի գերեզման իջած ըլլամ արդէն. այլ տեսնելով այսքան ազգային միասիրտ, միահոգի աշխատութեան գեղեցիկ արդիւնքները, տեսնելով պսակուած մեր այսօրուան բոլոր յոյսերը, հոգիս պիտի խայտայ գերեզմանիս մէջէն եւ պիտի ընդգրկէ մեր սիրելի Նախնեաց հոգիները…:



[1]            «Ծագումն Հայկական Խնդրոյ» («Ռազﬕկ» լրագիր, Փիլիպէ, 1907. Տ. եւ «Երկրի Ձայնը» շաբաթաթերթ, Թիֆլիս, 1907, 26-29):

[2]            Գործ Դիւանատան Վեհափառ Հայրապետի աﬔնայն հայոց Տ. եւ Տ. Գէորգայ Դ-ի, 1878, թ. 5:

[3]            «Երկիր Ձայնը» շաբ. 1907 29:

[4]            Թարգմանութիւն Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքարանի:

[5]            Գործ Դիւանատան Գէորգ Դ. կաթողիկոսի, 1878 թ. 5:

[6]            «Ծրագիր Կազմակերպական Կանոնագրի Օսմանեան Հայաստանի», հրատ. Պատրիարքարանի, Կ. Պօլիս, 1878, եր. 8-16:

[7]            «Le Haïasdan» («Հայաստան» երկշաբաթաթերթ), Լոնտոն, 1889, №3-4: Տպուած է աղաւաղումներով, որ ﬔնք, տարաբախտաբար, ﬕջոց չունեցանք ուղղելու:

[8]            Այս վանքերէ ոմանք Հայաստանի Քրիստոնէութեան դառնալուն առաջին դարերուն մէջ հիմն ուած են, երբ այսպիսի հաստատութիւններ ﬔծ ընդունելութիւն կը գտնէին, որով յաւէտ կամ նուազ կարեւոր եկեղեցական աբանութիւններ պարունակող այդ վանքերն յաւէտ կամ նուազ ընդարձակ հողային կալուածներ ստացած են: Այս վանքերը, թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ կառավարութեան յափշտակութեանցը ﬕշտ ենթակայ եղած ըլլալնուն հակառակ, կրցած են ցարդ բաւական մշակելի հող եւ եկամուտ պահպանել, դպրոց, տպարան, հիւրանոց եւ ուրիշ ազգային հաստատութիւններ հոգալու համար. իրենք ազգային նախնի աւանդութեանց վառարան մնալով ﬕշտ:

[9]            Տես, Պ. տը Ռէնեիի վիճակագիրն Եգիպոսի:

[10]          Տես, Թունուզի եւ հետեւեալ երկիրներուն համար, Պ. Մօռ Պլօքի Քաղաքական Տնտեսութեան Տարեցոյցն:

[11]          Մի քանի ամ յառաջ Պատրիարքարանի կատարած վիճակագիրը հաստատած է թէ Կոստանդնուպօլսոյ մէջ 30. 000 պանդուխտ Հայ կայ:

[12]          Տէր հաﬕմաստ է աբբայ բառին. յայտ է թէ Հայ քահանաներն ամուսնացեալ են ըստ վաղեﬕ սովորութեան եկեղեցւոյ:

[13]          Ծրագիր Կազմ. Կանոնագրի Օսմ. Հայ. եր. 18-34:

[14]          «Le Haïasdan» («Հայաստան»), Լոնդոն, 1889 15-16:

[15]          A. Schopoff–  Les Réformes et la Protection des Chrétiens en Turquie, 1673-1904, Paris 1904, p. 308-309:

[16]          Ն. Տ:

[17]          «Annuaire Diplomatique de l’Empire de Russie pour l’annѐe 1878, St. Pet., 1878 p. p. 475-476, 497-498, 506-507:

[18]          Անգլիայի լիազօր:

[19]          Ռուսական լիազօր:

[20]          Այսինքն Բ. Դուռը:

[21]          Թիւրքական լիազօր:

[22]          Իշխան Բիսմարկ:

[23]          Թարգմանութիւն Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանի:

[24]          Պաշտօնական հրատարակութիւն Պատրիարքարանի, հանդերձ ֆրանսական թարգմանութեամբ, Կ. Պօլիս, 1878:

[25]          Ազգային ժողոﬖ յետ ատենաբանութեանս ﬕաձայնութեամբ ﬔրժեց սոյն օտարոտի առարկութիւնը: